Ունինք բաւական հզօր եւ կայացած կառոյց, որ կը կոչուի հայկական բանակ
Գլխավոր » Լրահոս » Ունինք բաւական հզօր եւ կայացած կառոյց, որ կը կոչուի հայկական բանակ

Ունինք բաւական հզօր եւ կայացած կառոյց, որ կը կոչուի հայկական բանակ

«Էական Է Այն, Որ Կայ Կամք, Փափաք Արցախի Տարբեր Հարցերու Լուծման Համար Աշխատելու Հայաստանի Մէջ Եւ Սփիւռքի, Որպէսզի Արցախը Դառնայ Հայ Աշխարհի Միջնաբերդը, Անխորտակելի Վահանը Եւ Հայ Մարդուն Հպարտութիւնն Ու Նոր Ապագայ Առաջնորդող Ուղին», «Ազդակ»-ին Եւ «Վանայ Ձայն»-ին Հաստատեց Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Փոխնախագահ Վահրամ Բալայեան

Երկուշաբթի, 3 սեպտեմբեր 2018-ին, տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի Հայ դատի մարմինի կազմակերպած արցախեան շարժումի 30-ամեակին եւ Արցախի անկախութեան 27-ամեակին նուիրուած ձեռնարկը, որուն ընթացքին պիտի բանախօսէ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեանը: Այս առիթով «Վանայ ձայն»-ը եւ «Ազդակ» օրաթերթը անոր հետ կատարեցին միացեալ հարցազրոյց մը, զոր ստորեւ կը ներկայացնենք:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Դուք իբրեւ բանախօս` հանդէս պիտի գաք արցախեան շարժումի 30-ամեակին եւ Արցախի անկախութեան 27-ամեակին նուիրուած Լիբանանի Հայ դատի մարմինին կազմակերպած ձեռնարկին: Ձեզի համար ի՞նչ նշանակութիւն ունին այս կարեւոր առիթները լիբանանահայութեան հետ նշելը եւ ինչպէ՞ս կը գնահատէք Արցախի Հանրապետութեան 27-ամեայ երթը:

Վահրամ Բալայեան.- Ընդհանուր առմամբ, անչափ կարեւոր է հայրենիք-սփիւռք շղթայի եւ կապերու պահպանութիւնն ու ամրապնդումը. բնականաբար սփիւռքի մեր հայրենակիցները պէտք է համապատասխան տեղեկատուութիւն ստանան, թէ հայրենիքի մէջ ի՛նչ կը կատարուի, ի՛նչ հիմնախնդիրներ կան, ինչպէ՛ս կ՛ապրի ժողովուրդը, ծանօթանան ժողովուրդի տեսլականին` ապագայի նկատմամբ: Այս տեսանկիւնէն կը կարծեմ, թէ կարեւոր է նմանօրինակ հանդիպումներ կազմակերպել թէ՛ սփիւռքի տարբեր գաղթօճախներու մէջ եւ թէ՛ մասնաւորապէս Պէյրութի մէջ, որովհետեւ ինչպէ՛ս կ՛ըսեն, Պէյրութը ոչ պաշտօնական մայրաքաղաքն է սփիւռքի, իսկ ինչ կը վերաբերի ընդհանուր առմամբ Արցախին, մեր հայրենակիցներուն պէտք է փոխանցենք, որ ընդհանրապէս 30 տարիներու ընթացքին, անկախութեան տարիներուն` ի՛նչ յաջողութիւններ ունեցած ենք, ի՛նչ կորուստներ ունեցած ենք, որոնցմէ խոյս պէտք էր տայինք եւ աւելի մեծ յաջողութիւններ արձանագրէինք: Պէտք է ըսել, որ արցախահայութեան ազգային ազատագրական պայքարը նոր փուլի բերաւ ժողովուրդը: Առաջին հերթին հայ մարդը մեծ վստահութիւն ձեռք բերաւ եւ հասկցաւ, որ ի վիճակի է իր անկախութեան, ազատութեան համար պայքարիլ ու հասնիլ յաջողութեան, նաեւ գիտակցեցաւ, որ այդ յաջողութիւնը կարելի է արձանագրել հայութեան ամբողջական ջանքերու շնորհիւ` Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի Հանրապետութեան եւ սփիւռքի: Ըսեմ նաեւ, որ 1991-1994 թուականներու ազատագրական պատերազմին մեզի համար իսկապէս կարելիութիւն ստեղծուեցաւ, որ մենք ունենանք քարտէսի վրայ հայկական երկրորդ պետականութիւն` 12 հազար քառ. քմ տարածութեամբ: Մենք կրցանք ազատագրել մեր հայրենիքի փոքր հատուած մը, բայց սա սկիզբն է հետագային նոր յաջողութիւններ արձանագրելու: Մեր հայրենակիցները պէտք է իմանան, որ մենք անընդհատ պատերազմի մէջ ենք, յարաբերական խաղաղութիւնը, որ այսօր կայ, մեզի համար խաբուսիկ պէտք չէ ըլլայ, որովհետեւ վերջ ի վերջոյ մեզ շրջապատած թշնամիները, թշնամաբար տրամադրուած երկիրները անընդհատ կը փորձեն իրավիճակէն օգտուիլ եւ ինչ-որ ձեւով արցախահայութենէն խլել այն ազատութիւնը, որ ձեռք բերինք այդ տարիներու ընթացքին եւ ընդհանրապէս հայութեան նկատմամբ կը փորձեն դաւադիր գործողութիւններ ձեռնարկել եւ թոյլ չտալ, որ հայութիւնը 21-րդ դարուն իր պատմական առաքելութիւնը իրագործէ: Այս տարիներուն մենք յաջողեցանք մանաւանդ բանակաշինութեան ասպարէզին մէջ մեծ ձեռքբերումներ ունենալ: Հայ մարդը հասկցաւ, որ իր հիմնական երաշխաւորը իր բանակն է, եւ այդ տեսանկիւնէն արցախցի ամէն մէկ ընտանիք հազարումէկ թելերով կապուած է բանակին հետ: Ընտանիք չկայ, որ բանակին մէջ ծառայողներ չունենայ: Մեր ջանքերը նպատակաուղղած ենք, որ բանակը դառնայ հասարակութեան սերուցքը, եւ կը կարծեմ, որ ոչ միայն մենք յաջողած ենք, այլեւ հակառակորդներն ալ հասկցած են, որ իսկապէս տարածաշրջանին մէջ մենք ունինք բաւական հզօր եւ կայացած կառոյց, որ կը կոչուի հայկական բանակ:

Մենք այս տարիներուն որոշակի ձեռքբերումներ ունեցած ենք, մասնաւորապէս` ապրիլեան պատերազմէն ետք բանակին նոր որակ հաղորդելու տեսանկիւնէն, որովհետեւ 2016 թուականի ապրիլեան պատերազմը ցոյց տուաւ, որ ունինք բանակին առնչուած բազում ու բազմաթիւ հիմնահարցեր, որոնք տակաւին լիովին չենք լուծած: Վերջին երկու տարիներուն այդ ասպարէզին մէջ մեծ քայլեր կատարուած են թէ՛ առաջնագծի կահաւորման տեսանկիւնէն, թէ՛ զինուորներու անվտանգութեան ապահովման տեանկիւնէն, թէ՛ ընդհանուր առմամբ նոր զինատեսակներու ձեռքբերման տեսանկիւնէն: Ըսեմ նաեւ, որ բանակաշինութեան զուգահեռ, Արցախի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան հիմնական ուղենիշը Արցախի Հանրապետութեան միջազգային իրաւական ճանաչումն է:

Ցաւօք սրտի, Արցախը այսօր բանակցային կողմ չէ, դուրս մնացած է այդ գործընթացէն, բայց ասիկա չի նշանակեր, որ մենք աշխատանք չենք կատարեր այս ասպարէզին մէջ, բարեբախտաբար Հայ դատի աշխարհասփիւռ գրասենեակներու ջանքերով մենք յաջողած ենք ինչ-որ տեղ այդ շղթան ճեղքել եւ աշխարհին հետ ունենալ որոշակի կապեր, յարաբերութիւններ, որպէսզի հասարակական քաղաքական գործիչներ առաւել շատ այլցելեն Արցախ, ծանօթանան, թէ այնտեղ ի՛նչ կը կատարուի: Ամէն մէկ քաղաքական գործիչ, որ կու գայ Արցախ, ձեւով մը կը դառնայ ոչ միայն մեր բարեկամը, այլ միաժամանակ` մեր դեսպանը, որ հնարաւորութիւն կը ստեղծէ բազմապատկելու մեր բարեկամները: 2015 թուականի Ազգային ժողովի ընտրութիւններէն մինչեւ 2016 թուականի ապրիլեան պատերազմը Արցախ ժամանած են երեք երկիրներէ պատուիրակութիւններ. հպարտօրէն պիտի ըսենք նաեւ, որ այս վերջին երկու տարիներուն շուրջ 3-4 երկիրներէ պատուիրակութիւններ ժամանած են Արցախ` սկսած Ամերիկայէն, հասած` Եւրոպա, Աւստրալիա, Հնդկաստան: Մենք հնարաւորութիւն ստացած ենք կապեր հաստատելու աշխարհի տարբեր ծայրերու քաղաքական եւ հասարակական գործիչներու հետ եւ ներկայացնել մեր դատը:

Կը կարծեմ, թէ ատիկա նպաստած է, որ ներկայ դրութեամբ Միացեալ Նահանգներու 8 նահանգներ եւ Աւստրալիոյ 2 նահանգներ ճանչնան Արցախի անկախութիւնը: Ասիկա շարունակական պիտի ըլլայ, եւ համոզուած ենք, որ ժամանակի ընթացքին նաեւ ՄԱԿ-ի կողմէ ճանչցուած երկիրները նոյնպէս պիտի ճանչնան Արցախի Հանրապետութիւնը, որովհետեւ վերջ ի վերջոյ մենք որպէս երկիր կ՛առաջնորդուինք միջազգային այն օրէնքներով ու օրինաչափութիւններով, որոնցմով կ’ապրի աշխարհը այսօր. օրինակ` մեր Ազգային ժողովի կողմէ մենք միակողմանի ընդունած ենք բազում օրէնքներ եւ միացած ենք եւրոպական այս կամ այն օրէնքներուն, որոնք թոյլ կու տան աշխարհին ցոյց տալու, որ իսկապէս մենք տրամադրուած ենք աշխարհին մաս կազմելու: Իսկապէս այստեղ ապրող մարդը ոչ միայն զինուոր է, այլ` աշխատաւոր եւ կը փորձէ իր ներդրումը ունենալ համաշխարհային քաղաքագործութեան այս կամ այն յաջողութիւններու գրանցման տեսանկիւնէն: Այս տարիներուն մենք որոշակի յաջողութիւններ արձանագրած ենք նաեւ տնտեսութեան ասպարէզին մէջ: Մենք վերջին 10 տարիներուն, 2008 թուականէն առաջ, ամէն տարի համարեա 10 տոկոս տնտեսական աճ կ՛ապահովենք. օրինակ` անցեալ տարի մեր տնտեսական աճը եղած է 15,6 տոկոս, որ աննախադէպ է եւ հնարաւորութիւն կու տայ, որ մեր տնտեսութիւնը որոշակի աշխուժութիւն ունենայ, եւ մեր արտադրած ապրանքները միջազգային շուկայ արտահանենք: Այս բոլորը թոյլ կու տան լուծելու ընկերային բազում հիմնահարցեր, որոնք ծառացած են մեր երկրի իշխանութիւններուն առջեւ: Ըսեմ, որ մանաւանդ յաջողութիւններ արձանագրած ենք հանքարդիւնաբերութեան եւ ելեկտրական հոսանքի արտադրութեան ասպարէզներուն մէջ. արդարեւ, հաստատենք, որ մէկ տարիէ մենք ելեկտրականութիւն արտահանող երկիր դարձած ենք: Մանր ու միջին գիւղատնտեսութեան ասպարէզին մէջ ունինք նոյնպէս որոշակի ձեռքբերումներ, յաջողութիւններ: Մշակող ձեռնարկութիւններու, մանաւանդ գիւղատնտեսական արտադրանքը վերջնական տեսքով սպառողներուն ներկայացնելու նպատակով վերջին տարիներուն կառուցուած են քանի մը գործարաններ, որոնք միջազգային շուկաներուն մէջ կրնան մրցունակ դառնալ: Մենք անչափ կարեւոր ձեռքբերումներ ունինք մեր ազգային մշակոյթը ամրապնդելու, զարգացնելու տեսանկիւնէն, հաւատք ամրապնդելու տեսնակիւնէն. գաղտնիք չէ, որ ամբողջ խորհրդային ժամանակաշրջանին խորհրդային իրաւակարգը եւ Ազրպէյճանը անընդհատ կը ձգտէին Արցախի մէջ հայ մարդը կտրել մշակութային ազգային հիմքէն: Մենք այսօր կրցանք ճեղքել այդ շղթան. Արցախ ապրող հայ մարդը հասկցաւ, որ հազարամեակներու ընթացքին մշակոյթ ստեղծած է, եւ այդ մշակոյթը զարգացնելու, իւրացնելու եւ աշխարհին ներկայացնելու տեսնակիւնէն մենք արձանագրած ենք յաջողութիւններ:

Մէկ խօսքով, կը փորձեմ նաեւ լիբանանահայ մեր հայրենակիցներուն ներկայացնել այն ամէնը, որ մենք ունեցած ենք: Անչափ հետաքրքրական է սփիւռքահայ մեր հայրենակիցներուն մասնակցութիւնը վերաբնակեցման քաղաքականութեան: Գաղտնիք չէ, որ մեր ազատագրուած հայրենիքի տարբեր հատուածներու վրայ, որոնք դարեր շարունակ լքեալ եղած են, այսօր կը փորձենք ստեղծել նոր բնակավայրեր. ըսեմ, որ Դաշնակցութեան կառոյցը մասնաւորապէս այս հարցին մէջ բծախնդիր աջակցութիւն ցոյց կու տայ:

ԱՌԻ ծրագիրը յաջողած է փաստօրէն ժամանակակից բնակավայր ստեղծել Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Արցախը իրարու կապող հատուածին վրայ` Արիաւանը, նմանօրինակ ծրագիրներ իրականացած են նաեւ Իշխանաձորի եւ Կովսականի մէջ: Կը փորձենք պայմաններ ստեղծել դուրսը ապրող մեր հայրենակիցներուն, մանաւանդ սուրիական պատերազմի ընթացքին մեր այն հայրենակիցներուն համար, որոնք ցանկութիւն կը յայտնեն վերաբնակիլ եւ իրենց կեանքը կապել Արցախի հետ, որպէսզի կարենան ապրիլ եւ ստեղծագործել այստեղ: Այս տեսանկիւնէն սփիւռքահայութեան օժանդակութիւնը անչափ մեծ է, որ յաջողեցաւ մայր հայրենիքի հետ երկու ճանապարհով կապ ստեղծել: Նկատի ունիմ Գորիս-Ստեփանակերտ եւ Մարտակերտ-Վարդենիս կարեւոր ճամբաները, որոնք ո՛չ միայն մայր հայրենիքի հետ կապ ստեղծելու կարելիութիւն ստեղծեցին, այլ ամբողջ մայրուղիի երկայնքով գտնուող բնակավայրերուն համար նոր հեռանկարներ ձեւաւորեցին:

Սփիւռքահայութեան ջանքերով մենք փորձ կը կատարենք այստեղ մուծել առեւտրական ծրագիրներ, տնտեսական բնոյթի ծրագիրներ, որոնք հնարաւորութիւն կու տան աշխատատեղեր բանալ կամ լուծել զոհուած ազատամարտիկներու բնակարանային հարցերը, կամ` «Սօսէ» մանկապարտէզներու ցանցը, որ այսօր ստեղծուած է Արցախի մէջ, ինչ որ նոյնպէս շատ կարեւոր է: Գոհունակութեամբ արձանագրենք, որ մէկ տարի առաջ մէկ միլիոն տոլարէն աւելի ներդրում կատարուեցաւ Ստեփանակերտի մէջ, եւ կառուցուեցաւ հոյակերտ «Սօսէ» այն մանկապարտէզը, ուր այսօր կը յաճախեն մեր բնակչութեան երեխաները: Այսօր Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւնները տրամադրուած են իրականացնելու նոր բարեփոխումներ, որոնք նպատակաուղղած են նոր թափ հաղորդելու կրթութեան, գիտութեան զարգացման, մշակութային գործընթացներուն, տնտեսական կեանքին մէջ արդարութեան գաղափարի ձեւաւորման եւ զարգացման, օրինապահ երկիր ձեւաւորելու, ասոնք հարցեր են, որոնք բնականաբար ժամանակ կը պահանջեն: Բայց ամէնէն էականն այն է, որ կայ կամք, ցանկութիւն` այդ ամէնը իրականացնելու, եւ յոյսով եմ մեր հայրենակիցներու` սփիւռքահայութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հայրենակիցներու օժանդակութեամբ այդ հարցերուն լուծումներ կու տանք, եւ Արցախը կը դառնայ հայ աշխարհի միջնաբերդը, անխորտակելի վահանը եւ կը դառնայ հայ մարդու հպարտութիւնը եւ, ընդհանուր առմամբ, նոր ապագայ կերտելու հիմնական ճանապարհը:

Հ.- Ազրպէյճան շարունակ կը խախտէ զինադուլը, բայց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները այդ մասին միայն ընդհանուր յայտարարութիւններ կը կատարեն` երկու կողմերուն հաւասարապէս կոչ ուղղելով ինքնազսպումի եւ զինադուլի համաձայնութիւնը յարգելու: Ինչպէ՞ս կը գնահատէք նախայարձակն ու զոհը նոյն նժարին վրայ դնելու այս ընթացքը:

Վ. Բ.- Ցաւօք սրտի, աշխարհը եւ տարածաշրջանը ունին իրենց շահերը, ինչ որ նոր չէ. ասով պէտք չէ զարմանանք, այլ պարզապէս պէտք է պատմութենէն դասեր քաղենք: Հասկնալի է, որ Ազրպէյճանը առատ է նաւթով, կազի մեծ հանքեր ունի եւ ան տնտեսական տեսանկիւնէն աշխարհի տարբեր երկիրներուն համար հետաքրքրութեան առարկայ է: Բնականաբար միջնորդ երկիրները, այս կամ այն հանգամանքներէն մեկնած, ցաւօք սրտի, նոյն նժարին վրայ կը դնեն մեզ: Ի հարկէ իրենք լաւ կը հասկնան, որ այս տարիներու ընթացքին նախայարձակ կողմը միշտ եղած է Ազրպէյճանը: Կը կարծեմ, որ այս տեսնկիւնէն սփիւռքը ընելիք ունի, որովհետեւ մենք սփռուած ենք աշխարհի տարբեր երկիրներ եւ հազարումէկ թելերով կապուած ենք այդ երկիրներուն հետ ու կը կարծեմ, թէ որոշ ճնշումներ պէտք է բանեցուին համապատասխան երկիրներու իշխանութիւններուն վրայ, որ ճիշդ գնահատական տրուի, եւ չոտնահարուի, Արցախի Հանրապետութեան մէջ ապրող մարդու իրաւունքները, եւ ընդհանրապէս սանձուի Ազրպէյճանը: Վերջ ի վերջոյ, մենք չենք ուզեր պատերազմ, կ՛ուզենք իսկապէս տարածաշրջանին մէջ ըլլայ խաղաղութիւն, եւ այս տեսնակիւնէն աշխատանք ունինք կատարելու:

Հ.- Մայիս 1994-ին կնքուած զինադադարի համաձայնութիւնը եռակողմ էր. զայն ստորագրած էր նաեւ Արցախի Հանրապետութիւնը: Վերջինս ուղղակի կերպով մասնակից չէ ղարաբաղեան տագնապի լուծման բանակցութիններուն : Այս իրողութեան լոյսին տակ ի՞նչ կրնաք ըսել տագնապի խաղաղ լուծման հեռանկարներուն մասին:

Վ. Բ.- Ի հարկէ զինադադարը եռակողմ համաձայնութեամբ հաստատուած է: Իբրեւ դէպքերու մասնակից ու ականտես, ընդհանուր առմամբ, ամբողջ պատերազմի ընթացքին մեր զօրքերը կրնային յաջող մարտական գործողութիւններ իրագործել ու զսպել հակառակորդը: Այն ժամանակ Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը անընդհատ կապի մէջ էր Արցախի Հանրապետութեան ղեկավարութեան հետ եւ կը խնդրէր, որպէսզի դադրեցնենք հետագայ յառաջխաղացումը, բայց ժամանակի ընթացքին, ինչո՞ւ չէ, մեր դիւանագիտութեան կողմէ թոյլ տրուած սխալներուն, դուրսի ճնշումներուն, հազարումէկ հանգամանքներու ազդեցութեան տակ մենք դուրս մնացինք այս գործընթացէն: Բայց այս չի նշանակեր, որ մենք մեր ձեռքերը ծալած ու նստած ենք: Այսօր մենք կը յայտարարենք, որ անհնարին է Արցախի հարցին լուծումը առանց այս երկրին մէջ ապրող ազգաբնակչութեան կարծիքը հաշուի առնելու. ակնյայտ է, որ նոյնիսկ վերջերս Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը խօսեցաւ եւ նշեց, որ կրնան կարելիութիւններ ըլլալ հետագային քննարկելու եւ այդ գործընթացին մէջ ներառելու նաեւ Արցախը: Ազրպէյճանը յամառօրէն կը դիմադրէ` անընդհատ ըսելով, որ Արցախը ազրպէյճանական տարածք է, եւ զայն ետ պիտի բերեն: Այս մէկը բարձրագոչ յայտարարութիւն է եւ իրականութեան հետ որեւէ առնչութիւն չունի, որովհետեւ, վերջ ի վերջոյ, 30 տարիներու ընթացքին այստեղ ծնած է սերունդ, որ ընդհանրապէս չի պատկերացներ Ազրպէյճանը: Այս տեսանկիւնէն Ազրպէյճանը կամայ թէ ակամայ պէտք է հաշուի առնէ իրողութիւնները, նաեւ հովանաւորող երկիրները, եւ ինչո՛ւ չէ, նաեւ` այն երկիրները, որոնք կը փորձեն նպաստել, որպէսզի կողմերուն միջեւ վերջնական խաղաղութիւն հաստատուի:

Հ.- 2020 թուականին Արցախի մէջ կը նախատեսուին խորհրդարանական եւ նախագահական ընտրութիւններ: Ընտրութիւններու ընդառաջ ինչպիսի՞ պատկեր կը պարզէ Արցախի ներքաղաքական կեանքը այսօր:

Վ. Բ.- Աշխուժութիւն. մէկը միւսին ետեւէն կուսակցութիւններ կը ծնին: Ընկերային տարբեր խումբեր, տարբեր գործիչներ կը փորձեն իրենց մասնակցութիւնը բերել, բայց ինծի կը թուի, որ մենք պէտք չէ ասով հրապուրուինք, որովհետեւ վերջ ի վերջոյ մէկ անգամէն կուսակցութիւն ձեւաւորելը հեշտ չէ, բայց, ամենայնդէպս մեր երկիրը ժողովրդավարական երկիր է, եւ օրէնքի շրջանակներուն մէջ թոյլ տրուած է ամէն մարդու իր հնարաւորութիւնները իրացնել: Եթէ այդ բնակիչը օրէնքի շրջանակներուն մէջ ցանկութիւն ունի երկիրը կառավարելու, ծրագիրներ իրագործելու, խնդիր չկայ: Մենք որպէս իշխանութիւն` վերջին մէկ տարուան ընթացքին ընդունելու ենք օրէնքներու համապատասխան փաթեթ, որ կը նպաստէ թափանցիկ ընտրութիւններ կատարելու, հանրապետութեան նախագահ ընտրելու եւ ձեւաւորելու նոր Ազգային ժողով: Պարզապէս իմ ամէնէն մեծ մտահոգութիւնը այն է, որ ամէն մէկ ընտրութիւն կը բերէ հասարակութեան տարբեր շերտերու միջեւ որոշակի բախումներ թէ՛ գաղափարական առումով, թէ՛ որոշակի ընկերային առումով. կը ցանկայի, որ համերաշխութեան մթնոլորտի մէջ այդ բոլորը իրագործուի: Մենք որպէս քաղաքական ուժ, ես կը ներկայացնեմ Դաշնակցութիւնը` որպէս ազգային ուժ, մենք ձգտելու ենք, որպէսզի հանրութիւնը տանինք ճիշդ ճանապարհով, որպէսզի պահպանուին մեր պետական կարգը, ժողովրդավարական հիմնարկները, եւ 2020 թուականի ընտրութիւնը դառնայ ոչ թէ հանգամանք մեզ իրարմէ բաժնելու, այլ` մեզ իրարու մօտեցնելու:

Հ.- Օրէնսդիր իշխանութիւնը կառավարութեան կարեւորագոյն մարմիններէն մէկն է: Ի՞նչ են այն խնդիրները, որոնք այսօր կը գտնուին Արցախի Ազգային ժողովին դիմաց:

Վ. Բ.- Այսօր մենք հազար ու մէկ խնդիներ ունինք. վերջ ի վերջոյ, նոր պետութիւն ենք, եւ առաջին հերթին որպէս օրէնսդիր մարմինի ներկայացուցիչներ` մենք կ՛աշխատինք ժողովուրդին ցոյց տալ, թէ գործադիր իշխանութեան գործառոյթները որո՛նք են, Ազգային ժողովի գործառոյթները որո՛նք են. հանրութիւնը մինչեւ վերջ չի պատկերացներ օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութեան ոլորտները: Հանրութեան կը փորձենք ներկայացնել իշխանութեան թեւերու բաժանման գործընթացի հնարաւորութիւնները, որ հանրութիւնը ճիշդ պատկերացում կազմէ այդ բոլորին մասին: Մենք նոր սահմանադրութիւն ընդունած ենք, կիսանախագահականէն անցած ենք նախագահական համակարգին եւ այսօր ունինք շուրջ 200 օրէնքներ, որոնք պէտք է համապատասխանեցնենք սահմանադրութեան, որպէսզի կարենանք հաշտ անցում կատարել նախագահական համակարգ: Որպէս դաշնակցական, որպէս խմբակցութիւն` մենք ժամանակին դէմ էինք նախագահական համակարգին անցնելու եւ կը գտնէինք, որ ժողովրդավարական առողջ երկրին համար խորհրդարանական համակարգը աւելի մեզ կը մօտեցնէ ժողովուրդին եւ աւելի ժողովրդավարական է: Այնուամենայնիւ, բնակչութեան մեծամասնութիւնը քուէարկած էր անոր օգուտին, եւ մենք որպէս օրինապահ քաղաքացիներ` պարտաւոր ենք առաջնորդուիլ մեծամասնութեան ցանկութեամբ:

Հ.- Որպէս վերջի խօսք եւ մաղթանք:

Վ. Բ.- Կը ցանկամ, որ ընդհանրապէս հայութեան եւ երկու պետականութիւններու դժուարին պայմաններուն մէջ ճիշդ ճանապարհի վրայ կանգնած, յառաջ մղենք մեր ազգային հիմնախնդիները` պահպանելով պետական կարգը, հզօրացնելով երկու երկիրները, որովհետեւ ապագայ տեսլականին մէջ մենք ունենալու ենք մէկ հզօր, մէկ միացեալ Հայաստան եւ, միւս կողմէ, սփիւռքահայութիւնը, որ ուշի-ուշով կը հետեւի, թէ ի՛նչ կը կատարուի հայրենիքի մէջ, իսկապէս հայապահպանութեան գործը առողջ հիմքերու վրայ դնէ. միասնականութիւնը ամրապնդուի եւ համատեղ երեք կողմերով ձեռք-ձեռքի փորձենք դիմակայել 21-րդ դարու մարտահրաւէրները:

Հարցազրոյցը վարեց`
ՀՈՒՐԻ ՓԱՓԱԶԵԱՆ-ԷՄՄԻԵԱՆ

Արտագրեց`
ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ

aztagdaily.com

1