Մեր Կորուստները. Հասարակական – Կուսակցական Գործիչ Յակոբ Մանճիկեան Իր Մահկանացուն Կնքեց

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէն խոր վիշտով կը գուժէ շրջանի վաստակաւոր ընկերներէն Յակոբ Մանճիկեանի մահը, որ տեղի ունեցաւ 18 Հոկտեմբեր 2019-ին: Ընկ. Մանճիկեան նշանակալի մասնակցութիւն ունեցած է Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանին մէջ Հ.Յ. Դաշնակցութեան կազմակերպական կառոյցի հզօրացման աշխատանքներուն եւ եղած է Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ:
Իբրեւ հիմնադիր ատենապետ՝ ընկ. Մանճիկեան ծառայած է Արեւմտեան Շրջանի Հայ Դատի Յանձնախումբին մէջ, ինչպէս նաեւ ատենապետութեան պաշտօնը վարած եւ կեդրոնական դերակատարութիւն ունեցած է Մօնթէպէլոյի Նահատակաց Յուշարձանի յանձնախումբին մէջ:
Յիշատակելի է նաեւ Ընկ. Մանճիկեանի ներդրումը Հ.Յ. Դաշնակցութեան պատմագրութեան գործին մէջ: Արդարեւ, ընկ. Մանճիկեան, իր տիկնոջ Քնար Աւետեան Մանճիկեանի հետ միասին, համահեղինակը եղած է Հ.Յ.Դ. Ալպոմ-Աթլասին, որ յետ տարիներու բծախնդիր ուսումնասիրութեան, հրատարկուեցաւ Դաշնակցութեան 100 Ամեակին առիթով:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէ
asbarez.com