Հայ Դատը Կ՛ամրապնդէ Կրօնական Փոքրամասնութեանց Հարցերով Քոնկրեսական Ղեկավարին Հետ Կապերը

Շարունակելով ամրապնդել Քոնկրեսին մէջ Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ ու այլ փոքրամասնութեանց հարցերով զբաղող քոնկրեսականներուն հետ կապերը, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Ռաֆֆի Համբարեան վերջերս հանդիպում մը ունեցած է Նըպրեսքայէն հանրապետական ներկայացուցիչ Ճեֆ Ֆորթընպերիի հետ, Քոնկրեսի անոր գրասենեակէն ներս։
Ֆորթընպերի ներկայիս ստանձնած է Միջին Արեւելքի կրօնական փոքրամասնութեանց քոնկրեսական համախմբումի համաատենապետի պաշտօնը։
Քոնկրեսականը համահովանաւորներէն մէկն է Քոն-կրեսին ներկայացուած Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող բանաձեւին, նաեւ անդամ է Ներկայացուցիչներու տան ազդեցիկ Յատկացումներու յանձնախումբին եւ շարք մը այլ մարմիններու:
«Հայ Դատը հպարտ է, որ շինիչ գործակցութեան հիման վրայ սերտ յարաբերութիւններ կը մշակէ քոնկրեսական Ֆորթընպերիի հետ», կ՛ըսէ Ռաֆֆի Համբարեան՝ աւելցնելով, որ Ֆորթընպերի յատկանշական դերակատարութիւն ունի Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան եւ օժանդակութիւններու սահմանումներուն առնչուող որոշումներուն մէջ։
Յիշեցնենք, որ Մարտ 2016ին, քոնկրեսականներ Ֆորթընպերիի եւ Աննա Էշուի ջանքերով կարելի եղաւ ապահովել վաւերացումը թիւ 75 բանաձեւին, որուն մէջ ցեղասպանական արարք կը նկատուէր «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման կողմէ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն եւ եզիտիներուն դէմ կատարուած հալածանքն ու սպանդները: Ան նաեւ ջատագոված է Իրաքէն եւ Սուրիայէն տեղահան եղած գաղթականներուն եւ յատկապէս հայերուն յաւելեալ աջակցութեան ապահովումը:
Առաջին անգամ 2004ին քոնկրեսական ընտրուած Ճեֆ Ֆորթընպերին զօրավիգ է Հայաստանին, Միացեալ Նահանգներու հայ գաղութին եւ ձայնակից է Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու մասին նախագահ Տանըլտ Թրամփի ուղղուած կոչերուն:
asbarez.com