Հ.Մ.Ը.Մ.ի Երիտասարդական Ա. Համագումարը իր աշխատանքները կատարեց Աթէնքի մէջ
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպութեամբ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի Շրջանային Վարչութեան հիւրընկալութեամբ, Ուրբաթ՝ 10 Մայիսի առաւօտեան ժամը10:00ին, Աթէնքի «Նովոթել» պանդոկի ժողովասրահին մէջ ընթացք առաւ միութեան երիտասարդական առաջին համագումարը` մասնակցութեամբ միութեան 17 շրջաններէ 18-30 տարիքի 39 երիտասարդ-երիտասարդուհիներու, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան եւ Յունաստանի Շրջանային Վարչութեան անդամներու:
Երկօրեայ համագումարին բացումը կատարուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Յառաջ նահատակ» քայլերգով, որմէ ետք ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին Շուշիիազատագրման կռիւներուն եւ ընդհանրապէս արցախեան պայքարի ճակատներուն զոհուած ազատամարտիկներուն եւ հայկական բանակի զինուորներուն յիշատակը:
Այնուհետեւ, համագումարը կազմեց իր դիւանը եւ համագումարին աշխատանքներուն քարոզչութեամբ զբաղող յատուկ յանձնախումբը: Բացման խօսքով հանդէս եկաւհիւրընկալ` Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի Շրջանային Վարչութեան անդամ Մարլեն Տաքէսեան:
Ան ողջունեց աշխարհի զանազան շրջաններէն Աթէնք եկած երիտասարդները եւ շեշտեց, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի համար երիտասարդութիւնը եղած է ու կը մնայ մնայուն ուշադրութեանառարկայ: Հ.Մ.Ը.Մ.ի մէջ նկարագիր կը կերտուի, անհատականութիւն կը դարբնուի հաճելի եւ օգտակար մթնոլորտի մէջ:
Համագումարի աշխատանքներուն անդրադառնալով` Տաքէսեան յոյս յայտնեց, որ երիտասարդները իրենց քննարկումներով ու առաջարկներով նոր թարմութիւն եւաշխուժութիւն կու տան միութեան համահայկական աշխատանքներուն:
Ապա՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան խօսքը ուղղեց ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան: Ան ըսաւ, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100ամեակի փառաւոր տօնակատարութիւններէն ետք, միութիւնը երկրորդ 100ամեակի իր առաջին քայլը կ’առնէ երիտասարդական աննախընթաց համագումարով: Մինչեւ օրս միութիւնը կը գործէ սկաուտական եւերիտասարդական թեւերով ու մեծաթիւ շարքերով: Սակայն, երբ այդ շարքերը հասնին երիտասարդութեան փուլին, եւ աւելի ճիշդը` 18-30 տարեկանին, ինչ-ինչ պատճառներովանոնք աշխատանքի դաշտ չեն գտներ իրենց դիմաց, հետզհետէ կը հեռանան միութենէն եւ հետագային քիչերն են միայն, որոնք տարիներ ետք կը վերադառնան եւ վարչականպատասխանատուութիւններ կը ստանձնեն:
«Հետեւաբար անհրաժեշտութիւնը զգացուեցաւ ստեղծելու միջավայր մը, ուր երիտասարդ Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ կարենան իրենցգործունէութիւնը շարունակել, աշխատանքի կարելիութիւններ ստեղծել եւ իրենց կապուածութիւնը պահել միութեան հետ»,- նշեց ան: Շարունակելով՝ Գառնիկ Մկրտիչեանյայտնեց, որ համագումարին գաղափարը ծնաւ նաեւ այլ մտահոգութենէ մը` մեր երիտասարդ տղաքն ու աղջիկները կանուխէն պատրաստել համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական հարցերուծանօթացման եւ քննարկման: Ի վերջոյ, այսօրուան երիտասարդները վաղուան մեր պատասխանատուներն են, եւ միութեան Պատգամաւորական ժողովի մակարդակովարծարծուած խնդիրները քննելը, անոնց մասին կարծիք յայտնելը եւ ապա համագումարին ճամբով այդ կարծիքները մինչեւ Պատգամաւորական Ժողով հասցնելը, անկասկած, օգտակար փորձառութիւն է:
Մկրտիչեան շեշտեց, որ երրորդ եւ հիմնական նպատակը այս համագումարին օրուան հարցերը, մանաւա՛նդ երիտասարդութիւնը յուզող հարցերը, նոյնինքներիտասարդութեան ակնոցով քննելն է եւ այդ հարցերուն նոր եւ արդիական լուծումներ գտնելն է:
Գառնիկ Մկրտիչեան հարց տուաւ, թէ ո՞ւր է այսօր հայ երիտասարդութիւնը այս բոլորին մէջ: Մեր միութիւններուն մէ՞ջն է, շո՞ւրջն է, թէ՞ մեր կեանքին գլխաւոր բացական է: Իսկի՞նչ կ’ընենք մենք, իբրեւ Հ.Մ.Ը.Մ., իբրեւ շրջաններու միաւորներ, գաղութներ, դպրոցներ եւ եկեղեցիներ, ազգ ու պետութիւն, հայ երիտասարդութիւնը հաւաքական մեր կեանքինմէջ ներգրաւելու համար:
Ապա՝ Մկրտիչեան աւելցուց.- «Մինչեւ օրս մեր որդեգրած միջոցները սկսած են իրենք զիրենք սպառել: Նոր իրականութիւնները կը թելադրեն նոր մօտեցումներ: Ազգային-միութենական մեր կառոյցները կորսնցուցած են երբեմնի իրենց գրաւչութիւնը: Անցեալի գործունէութեան դրամագլուխը սկսած է մաշիլ: Միութենականութիւնը դադրած էժառանգական յատկանիշ մը ըլլալէ: Զաւակները անպայման չեն հետեւիր իրենց ծնողներու օրինակին, որովհետեւ դաստիարակութիւն հասկացողութիւնը փոխուած է եւհարցում մը սկսած է ինքզինք պարտադրել, թէ` աւանդական մեր արժէքները այլեւս որքանո՞վ կը համապատասխանեն նոր սերունդի մտահոգութիւններուն, պայմաններուն եւսպասումներուն: Երիտասարդութիւնը նորութիւն եւ արդիականութիւն կը փնտռէ իր շուրջ: Այս բոլորը իրականութիւններ են, որոնց մասին անպայման պէտք է խօսիլ, ապածրագրել, որոշել եւ գործի անցնիլ նախկինէն աւելի արագ կշռոյթով, դաստիարակութեան եւ քարոզչութեան արդի մօտեցումներով, տեղեկատուական արհեստագիտութեամբ,կառուցային ժամանակակից յարմարութիւններով եւ մեր շրջապատին աւելի լայնօրէն բացուելու քաղաքականութեամբ»: