Կարսի անկումը

… Հազարաւոր զօրք եւ տասնեակ հազարաւոր ժողովուրդ մէկէն ինքզինքնին շրջապատուած տեսան թշնամիներով: Թուրքերը, ինչպէս կ’ակնկալուէր, հրապարակային ջարդ չկազմակերպեցին, այլ ոչխարհի հոտի նման բազմահազար բազմութիւն քշեցին դէպի քաղաք: Ձորի ամերիկեան որբերուն եւ պաշտոնեաներուն համեմատաբար չդիպան, թէեւ շէնքերուն կէսէն աւելին մինչեւ վերջին մազը կողոպտեցին:
Ժամը 3-ին կարգը վերահաստատուած էր: Գարադաղ եւ Ալեքսանդրեան փողոցներուն կարեւոր կէտերուն վրայ թեթեւ թնդանօթներ տեղաւորուեցան եւ պահակախմբերն ամբողջ քաղաքն առին հսկողութեան տակ: Դեռ մինչեւ այժմ, մեզ անհասկանալի պատճառով մը՝ զօրավար Բէկ-Փիրումեանին սպայակոյտը կը մնար անվտանգ: Թէեւ քաղաքէն դուրս, Ձորի մուտքին քովը՝ թշնամիի ուղիղ ճամբուն վրայ, եւ օղակին մէջ, բայց ժամերով ո’չ ոք վնաս տուաւ հոն գտնուողներուն: Մէկ-երկու անգամ, մէկ-երկու զինուորներ թռուցիկ այցելութիւններ տալով, առանց ոչինչ ըսելու հեռացան՝ երեւի պատկան տեղերուն զեկուցում տալու: Հազիւ ժամը 4-ին հասարակ սպայ մը քանի զինւորներով եկաւ եւ հայոց հրամանատարական կազմը հոն հաւաքուած մօտ 100 հոգին պաշտոնապէս պատերազմական գերի վերցուց: Թէեւ թուրք սպան յայտնեց, թէ Գարաբէքիր փաշան անձամբ պիտի տեսնուէր զօրավոր Բէկ-Փիրումեանի ու գնդապետ Վէքիլեանի հետ եւ, այդ նպատակով ալ, այս երկուքը կառքով մինչեւ կայարանը տարաւ, բայց խեղճերը ետ եկան առանց թուրք հրամանատարին հետ տեսնուելու պատուին արժանանալու: Յայտնաբար այս քայլով Գարաբէքիր նպատակ ուներ անարգելու հայ հրամանատարը:
Այստեղ ինկած պատերազմական գերիներուն մէջն էին զօրավարներ Բէկ-Փիրումեան, Արարատեան եւ Ղազարեան, գնդապետներ՝ Ալ. Վէքիլեան, Վ. Տէր-Առաքելեան եւ Շաղուբաթեան, խնամատարութեան նախարար, բժիշկ Ա. Բաբալեան, նահանգապետ Ղօրղանեանի օգնական Չալխուշեան, Միշա Արզումանեան, Կարսի քաղաքագլուխ Համազասպ Նոհրատեան, բժիշկ Կարապետ Ղազանճեան, Կարսի քաղաքային ինքնավարութեան նախագահ, իրաւաբան Մարգարեան եւ շրջանային դատարանի նախագահ համբարձում Մելքումեան: Ըստ գնդապետ Վէքիլեանի վկայութեան, «ժամը 4-ին սպայակոյտը բարձրացրեց սպիտակ դրօշ: Գերի ինկան 5-րդ գունդը, Կարսի բերդապահ գնդի մի գումարտակը, բերդային հրանօթային զօրամասերը եւ դեզիրտիրներ (դասալիքներ) զանազան գնդերից: Թշնամու ձեռքին ինկաւ 2 լեռնային թնդանօթ, 100-ի չափ սպայ, 2000-ի մօտ զինուոր եւ բերդային հրանօթներն ամբողջովին, ազգաբնակչութիւնից գերի ընկաւ մօտ 7000 հոգի: Նոյեմբերի 1-ին դեռեւս տաճիկները Մազրայից վերադարձնում էին փախչող ժողովրդի խմբերը: Հոկտեմբեր 3-ին տաճիկները Կարսում կոտորեցին մօտ 2000 հոգի նրանցից, որոնք չէին գտնւում պահակների հսկողութեան տակ, այլ ցրուած էին քաղաքում, տների մէջ»:
Կ’ենթադրուի, թէ հոկտեմբեր 30-ին մեր ճակատի կորուստը՝ սպանուած եւ վիրավոր՝ եղեր է 20-25 սպայ եւ 1000-1500 զինուոր:
Զօրավար Յովսեփեան, տեսնելով կացութեան ծանրութիւնը, հոկտեմբեր 30-ի ժամը 12-ին (ժամանակի պարագան ստուգուելու կարիք ունի) զինուորական խորհուրդ կը հրաւիրէ Նօվօ Դրօիցկօէ գիւղը, ուր եւ կը յայտնէ Կարսի անկումը: Նիստին կը մասնակցեն զօրավար Յովսէփեան, Սեպուհ, գնդապետներ Ղօրղանեան, Միրիմանեան, Հասան-Փաշաեան եւ Տիգրան Բաղդասարեան: Սեպուհ կը դժուարանայ հաւատայ տրուած լուրին, բայց վերջիվերջոյ, կ’ստիպուի համոզուիլ, թէեւ մինչ այդ, իբր թէ, կ’առաջարկէ, որ իր եւ Յովսէփեանի համհարզները Մազրա երթան՝ ստուգելու: Ըստ սպայ Վաղարշակ Քէենտէրեանի, ճիշտ այս ժամանակ Հեծելազօրաց փոխգնդապետ Վէքիլեան գալով, կ՝ըսէ զօրավար Յովսէփեանին, թէ զօրավար Բէկ-Փիրումեան կը պահանջէ, որ ան անմիջապէս վերցնէ իր ամբողջ ուժերը եւ գրաւէ Վէզինքէօյ՝ թեթեւցնելու Կարսի վիճակը: Այս տեղեկութիւնը մէկ կողմեն՝ կը հաստատէ Սեպուհի կասկածը, եւ միւս կողմէն՝ հակասութիւն կ’ստեղծէ մէր արդեն տուած տեղեկութիւներուն հետ: Նախ՝ մենք գիտենք, որ հեծելազօրաց փոխդնդապետ Վէքիլեան ժամը 11-ին Վէզինքէօյի ճակատէն Կարս գնաց, ապա ուրեմն դժուար թէ մէկ ժամէն նա Բէկ-Փիրումեանին զեկուցած, հրահանգ ստացած եւ Նօվօ Դրօիցկօէ հասնել կարողանար: Երկրորդ, մենք նորեն տեսանք, թե ինչպէս գլխաւոր սպայակոյտը, տեսնելով զօրավար Ղազարեանի ճակատի վիճակին հետեւանքով Կարսի համար ստեղծուած ծանր կացութիւնը, հեռախօսով պահանջէր էր Յովսէփեանէն յառաջանալ մինչեւ Վէզինքէօյ, եւ վերջինս խոստացեր էր ժամը 12-ին գործողութիւն սկսել:
Վերջապէս, Կարսի նահանգային պահեստի ոստիկանապետ Հրաչի վկայութեան համաձայն, յիշեալ խորհրդակցութեան ժամանակ ինք եւ նահանգապետ Ղօրղանեան հոն են հասած եւ մանրամասն տեղեկութիւներ տուած քաղաքի նոր կացութեան մասին: Յամենայն դէպս, պարզ է, որ զօրավար Յովսէփեանի եւ Սեպուհի պատասխանատվութիւնը տասնապատիկ ծանրացեր է: Երբ ա’լ ամէն կասկած կը փարատի Կարսի գլխին եկածին մասին, հերթը կ’ուգայ նոր ընելիքին:
Գնդապետ Միրիմանեանի զորամասը կը պահէր իր ամբողջ ճակատը: Սեպուհի կանոնաւոր զօրամասը, թողնելով Այղըր լճի դիրքերը, անվտանգ եկաւ եւ կեդրոնացաւ Օլշանքա եւ Նօվօ Վարանցօվքայի շրջակայքը: Զօրավար Ղազարեանի, գնդապետ Շաղուբաթեանի եւ բերդային ուժերու ազատուած մասերը եկան ու խառնուեցան գնդապետ Միրիմանեանի ճակատին: Տեսարանը սրտաճմլիկ էր: Զօրքերին մէկ կարեւոր մասը կա’մ բնիկ կարսեցի էր եւ կա’մ ընտանիք ունէր հոն: Կարելի՞ է լսել Կարսի անկման լուրը եւ հաշտուել կատարուած իրողութեան հետ ու կամովի ենթարկուիլ ճակատագրի անսիրտ խաղին: Մինչեւ հիմա եղած կորուստներուն վրայ ամենքը նայեր էին իբրեւ ժամանակավոր երեւույթներ: Կարսի անկումը տարբեր էր նախորդ բոլոր անկումներէն ու պարտութիւններէն: Հազարաւորներ պատրաստ էին մեռնել եւ երբէ’ք չհաշտուիլ հեռուն նահանջելու գաղափարին հետ: Ի՞նչ շահ ապրել առանց ընտանիքի. ահա’ կարեւոր հարցը զօրավար Յովսեփեանի եւ բրիգադայի պետ Սեպուհի խորհրդակցութեանը:
Մեր հաւաքած տեղեկութեանց համաձայն, ներկայ րոպէին երկու ճակատապետներուն տրամադրութեան տակ գտնուած զօրքին մեծագոյն տոկոսը կ’առաջարկէ եւ կը պահանջէ՝ առանց ժամանակ կորցնելու դիմել հակայարձակման եւ Կարս վերագրաւել, քանի թշնամին ամրացած չէ հոն: Շատերն ասիկա հաւանական կը գտնէին, նկատի ունենալով, որ այժմ թուրքերը զբաղուած կ’լլան թալանով եւ վերցուած տեղերեն ուսումնասիրելով: Բայց այս՝ զուտ ռազմագիտական տեսակէտ է: Կարսի պահակային գումարտակը եւ Եղիշէ Զաքարեանի կամաւորական վաշտն ամբողջութեամբ կարսեցիներ էին, բերդային ուժերու մեծ մասը եւ միւս գունդերուն մէկ կարեւոր տոկոսը նոյնպէս Կարս քաղաքէն կամ շրջանէն էին: Գոնէ ասոնց համար ռազմականէն աւելի զուտ սրտի եւ հոգւոյ կրակի տեսակէտը նշանակութիւն ունէր այդ րոպէին: Մեզ կը հաւաստիացնեն նոյնպէս, որ մոտ 1000 հոգի Կարսի զանազան հիմնարկութիւններէն նոյնպէս կազմակերպուած պատրաստակամութիւն կը յայտնեն հակայարձակմանը մասնակցելու: Առաջարկուած ծրագիրը հետեւեալն էր. Սեպուհի բրիգատը եւ Սմբատի կամաւորական զօրամասը պիտի բռնէին աջ թեւը եւ շարժուէին Չախմախի ու Գերեզմանոցի ամրոցներուն ուղղութեամբ՝ գրաւելու Լօրիս Մէլիքով, Բուչգիեւ ամրոցները: Միրիմանեան պիտի շարժուէր Մազրայի խճուղիի եւ Ռիձեւսկի ամրոցի ուղղութեամբ՝ գրաւելու Գարադաղ ամրոցը: Կարսեցիները եւ զանազան կամաւորները Ձորի խճուղիով պիտի փորձէին մտնել քաղաք: Ոմանք, որպէս ականատեսի, կը պնդեն, թէ Սեպուհ, բոլորովին գործնական եւ միաժամանակ, անհրաժեշտ համարելով այդ, կ’առաջարկէ զօրավար Յովսէփեանին, որ անմիջապէս անցնին գործի, բայց վերջինս, մեծապէս կասկածելով դրական արդիւնքի, կը մերժէ, որով եւ Սեպուհն ալ, ամբողջ պատասխանատւութենէն վախնալով, տեղի կ’ուտայ: Ուրիշներ, ինչպէս սպայ Վաղարշակ Քէնտէրեան, կը պնդեն, թէ առաջարկ չէ եղեր Սեպուհի կողմէ, այլ վերջինս եւ զօրավար Յովսէփեան, երբ համոզուէր են, որ Բէկ-Փիրումեանի սպայակոյտը գերի է ինկած, բոլորովին յոյսը կտրելով Կարս վերագրաւելու հնարաւորութենէն, կը մտածեն կերպ մը պահել նոր գրաւած դիրքերը մինչեւ իրիկուն՝ հնարավորութիւն տալով թշնամիի ձեռքէն ազատուած ժողովուրդին քաշուելու եւ յետոյ, նախ՝ Միրիմանեանի եւ ապա՝ Սեպուհի զօրամասերը շարժել դէպի Գըզըլ Չախչախի առաջին դիրքէրը, Բաշգէտիկլար եւ Շահնալար: Սպայ Գնդունին ալ կը պնդէ, թէ հակայարձակման առաջարկը եղեր է փոխգնդապետ Բաղդասարեանի կողմէ, բայց մնացեր է անհետեւանք: Վերջնական իրողութիւնն այն է, որ բոլոր ցանկութիւններուն եւ ակնկալութիւններուն հակառակ, նահանջը կը կատարուի, եւ հազարաւոր մարդիկ՝ արցունքոտ աչքերով եւ այրուած սրտերով կը համաձայնին իրենց արենակից-սրտակիցները թողնել թուրքերուն ձեռքը եւ երթալ՝ իրենց կեանքերը փրկելու համար: Սառն է իրողութիւնը, եւ մարդ ակամայից կը հարցնէ. «Եթէ այդ օրը Դրօ մասնակցէր Յովսէփեանի եւ Սեպուհի խորհրդակցութեանը, անհաւանական չէ, որ հակայարձակումը փորձուէր, եւ ինչու՞ չհաւատալ, որ շատերու հաւատքը իրականանար: Բախտը մէր դէմն էր եւ անյոյսերու ու վախկոտներու տեսակէտներն աւելի կշիռ ունէին: Կարսի անկման առթիւ եղաւ հետեւեալ պաշտօնական կոչը.
«Քաղաքացինե’ր: Կարսն ընկել է: Մեր զօրքերն անկարող դիմանալու թշնամու գրոհին, կռուից յետոյ մեծ մասով նահանջել են դէպի Փարկիտ: Կարսում մնացած փոքրաթիւ զօարամսէրն անձնատուր են եղել: Քաղաքը եւ ամրութիւններն անցել են տաճիկների ձեռքը: Այս ահաւոր իրողութեան առաջ կառավարութիւնը հարց է տալիս ձեզ, քաղաքացինե’ր, ուզո՞ւմ եք կռուել արշաւող թշնամու դէմ, կամենո՞ւմ եք պաշտպանել ձեր հայրենիքի անկախութիւնը, ժողովրդի կեանքը, ձեր նամուսը: Ի՞նչ եք մտածում դուք: Կառավարութեան համար այս հարցին երկու պատասխան չկայ. նա վճռել է կռուել մինչեւ վերջին հնարաւորութիւնը, մինչեւ մահ: Լաւ է մեռնել պատուով, քան ոչխարի պէս կոտորուել տաճիկի ձեռքից: Լաւ է մահ գտնել դիրքերում, քան թէ տեսնել հայրենիքի խորտակումը:
Քաղաքացինե’ր, փորձութեան այս սարսափելի ժամին մոռացէ’ք անձնական գործ եւ ամբողջ էութեամբ նուիրուեցէ’ք երկրի պաշտպանութեանը: Պատերազմը պէտք է լինի համաժողովրդական: Ամէն հայ զէնքը ձեռքին պէտք է պաշտպան կանգնի Հայաստանի ազատութեան: Մա’հ կամ ազատութի’ւն, այս է այսօրուայ նշանաբանը:
1920 հոկտեմբեր 31, Երեւան
ՀՀ կառավարութիւն»:
«Հայ-Տաճկական պատերազմը Հայ սպայութիւնը Շատախ»
Վահէ Արծրունի / Երեւան 2002