«Եթէ Մենք Մոռնանք Եւ Անտեսենք Մեր Արժէքները, Մենք Ապագայ Չենք Ունենար». «Ղարաբաղը Հայկական Հող Է» Հաստատեց Իտալիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ճուլիօ Չենթեմերոն
Գլխավոր » Լրահոս » «Եթէ Մենք Մոռնանք Եւ Անտեսենք Մեր Արժէքները, Մենք Ապագայ Չենք Ունենար». «Ղարաբաղը Հայկական Հող Է» Հաստատեց Իտալիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ճուլիօ Չենթեմերոն

«Եթէ Մենք Մոռնանք Եւ Անտեսենք Մեր Արժէքները, Մենք Ապագայ Չենք Ունենար». «Ղարաբաղը Հայկական Հող Է» Հաստատեց Իտալիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ճուլիօ Չենթեմերոն

Հարցազրոյցը վարեց` ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ԻՍԿԷՆՏԷՐԵԱՆ

«ԱԶԴԱԿ».- Մօտաւորապէս ամիս մը առաջ, 10 ապրիլ 2019-ին, Իտալիա ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը` ոճիրին տալով իր արժանի անունը:

Ինչպէս գիտենք, առաջին անգամ չէ, որ Իտալիա կը ճանչնայ 20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութիւնը: Առաջին անգամ 2000-ին էր, երբ Իտալիա ճանչցաւ եւ դատապարտեց Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Սակայն այս տարուան Իտալիոյ որդեգրած քայլը կը տարբերի 2000-ի քայլէն, որովհետեւ Իտալիոյ կառավարութեան կոչ ուղղուեցաւ ո՛չ միայն ճանչնալու եւ դատապարտելու Հայոց ցեղասպանութիւնը, այլեւ անոր ուսերուն դրուեցաւ հարցը միջազգային բեմ բարձրացնելու պարտաւորութիւն:

Իբրեւ Իտալիոյ խորհրդարանի անդամ` ի՞նչ դերակատարութիւն ունեցաք եւ ի՞նչ քայլերու դիմեցիք Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւը խորհրդարանին ներկայացնելու համար: Ինչպիսի՞ դժուարութիւններու դէմ յանդիման գտնուեցաք եւ արդեօք ենթարկուեցա՞ք ճնշումներու:

ՃՈՒԼԻՕ ՉԵՆԹԵՄԵՐՕ.- Իտալիա խորհրդարանական երկիր է, խորհրդարանն է երկրին գերագոյն մարմինը եւ անիկա է, որ կը նշանակէ կառավարութիւնը, հետեւաբար մեր թիրախն էր խորհրդարանին կողմէ Օսմանեան կայսրութեան կատարած ոճիրը վերակոչել ցեղասպանութիւն: Արդէն իսկ, բանաձեւին որդեգրումէն անմիջապէս ետք, ապրիլ 23-ին եւ 24-ին, իտալական հեռատեսիլի զանազան կայաններ Ցեղասպանութիւնը բացատրող տեսերիզներ սփռեցին ու անոր անդրադարձան լուրերու ընդմէջէն: Հայոց ցեղասպանութիւնը իտալացի ժողովուրդին համար դարձած է ծանօթ պատմութիւն, ո՛չ միայն շնորհիւ լրատուամիջոցներուն, այլ նաեւ` վաւերագրական ժապաւէններու եւ գիրքերու, ինչպէս` Անթոնիա Արսլանի «Սքայլարք Ֆարմ» գիրքը, որ, շնորհիւ իտալացի երկու արտադրիչներու,  հանրութեան ներկայացուեցաւ «Տը լարք ֆարմ» ժապաւէնով:

Ինչո՞ւ խորհրդարանին յղեցինք բանաձեւ մը: Նախընտրեցինք աշխատիլ բանաձեւ ներկայացնելու ճամբով եւ ոչ օրէնք մը հաստատելու ճամբով, որովհետեւ օրէնքը կրնայ մերժուիլ դատարանի մը կողմէ: Այս մէկը պատահեցաւ Ֆրանսայի մէջ, երբ Ցեղասպանութեան յատուկ օրէնք մը մշակուեցաւ եւ ներկայացուեցաւ Սահմանադրական դատարան: Վերջինս սակայն մերժեց ներկայացուածը` յայտնելով, որ կարելի չէ պատահածը օրէնքի ճամբով ցեղասպանութիւն սահմանել: Բարեբախտաբար անոնք դիմեցին այլ ձեւի` ապրիլ 24-ը հռչակելով Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ոգեկոչման ազգային օր: Սակայն, ըստ իս, Իտալիոյ եւ Փորթուգալի մէջ մեր կատարածը աւելի կարեւոր եւ հեղինակաւոր է, քան` Ֆրանսայի որդեգրած քայլը, որովհետեւ այդ երկու երկիրներու խորհրդարանները պատմական փաստը ճանչցան իբրեւ ցեղասպանութիւն` ոճիրը կոչելով ցեղասպանութիւն: Այս մէկը առիթ կու տայ Հայոց ցեղասպանութեան պատմութիւնը երկու երկիրներուն կրթական ծրագիրներուն մէջ ներառելու. մենք պիտի աշխատինք այդ ուղղութեամբ` Ցեղասպանութիւնը դպրոցական գիրքերու եւ ծրագիրներու մէջ ներառելու ուղղութեամբ:

Ինչպէ՞ս հասանք այս բանաձեւի ներկայացման. ուրեմն, իբրեւ խորհրդարանի անդամներ, տարի մը ամբողջ աշխատեցանք Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանատան ու Իտալիոյ մեծագոյն քաղաքներ` Հռոմ ու Միլան հաստատուած ու ապրող սփիւռքահայերու հետ: Մեր աշխատանքը խմբային էր եւ շատ յաջող: Ամէն բան հեզասահ ընթացաւ. բոլորս լուռ մնացինք` սպասելով բանաձեւը պատգամաւորներու պալատի նախագահութեան` խորհրդարանի ստորին պալատին ներկայացնելու օրը. շարունակեցինք մնալ լուռ` մինչեւ բանաձեւի քննարկման օրը, երբ պատահեցաւ սպասուածը` Թուրքիա դիմեց լոպիիստական գործունէութեան: Անոնք դիմեցին նախարարութիւններու, արտաքին գործոց նախարարութեան եւ նոյնիսկ` երկրի վարչապետին: Սկիզբը մեծ թիւով խորհրդարանականներ վախցան` մտածելով, որ այս աշխատանքը կրնայ ժխտական ազդեցութիւն ունենալ իտալական-թրքական յարաբերութեան վրայ` մասնաւորապէս մտահոգուելով Լիպիոյ պատերազմով, սակայն ի վերջոյ պատահեցաւ մեր նախատեսածը, ու մենք հասանք մեր հետապնդած նպատակին: Բանաձեւը անցաւ ու վաւերացուեցաւ. բանաձեւը մերժողներ չեղան, սակայն նախկին վարչապետ Սիլվիօ Պերլուսքոնիի «Ֆորցա Իտալիա» քաղաքական կուսակցութեան պատկանող 43 խորհրդարանի անդամներ մնացին ձեռնպահ:

Մեր երկիրը վերածնունդի երկիր է, մեր երկիրը արժէքներու երկիր է, մեր երկիրը կրօնական ազատութեան երկիր է, ուր քրիստոնէութիւնը դարձաւ կրօն եւ ոչ օրէնք, ինչպէս էր Հռոմէական կայսրութեան օրերուն: Հետեւաբար, եթէ մենք մոռնանք ու անտեսենք մեր արժէքները, մենք չենք ունենար ապագայ:

Կարեւոր է յստակացնել, որ մենք չենք ատեր թուրք ժողովուրդը, մենք Թուրքիոյ թշնամին չենք, սակայն հարկաւոր է յստակացնել նաեւ, որ մենք Էրտողանի ու անոր կուսակցութեան բարեկամները չենք, որովհետեւ անոնք ոչ ժողովրդավարական խմբակցութիւն են եւ կը ժխտեն Հայոց ցեղասպանութեան պատմական փաստը: Հայոց ցեղասպանութիւնը  կատարուեցաւ Օսմանեան կայսրութեան օրով, Օսմանեան կայսրութիւնը ոչ եւս է, այսօր կայ Թուրքիոյ Հանրապետութիւն. ինծի համար անհասկնալի է, թէ ինչո՛ւ այս նոր հանրապետութիւնը կ՛ուրանայ ու կը ժխտէ պատահածը: Երեւակայեցէք, որ այսօր մենք ըսենք, որ ֆաշականութիւն գոյութիւն չէ ունեցած Իտալիոյ մէջ, կամ հերքենք ու ժխտենք այն իրականութիւնը, որ Իտալիա դերակատար էր հրեաներու ողջակիզման, կամ ըսենք, որ մենք ոչ ոք սպաննեցինք Սոմալիի ու Լիպիոյ մէջ մեր կատարած պատերազմներու ընթացքին: Մեր երկիրը մարդկութեան հաշուոյն սարսափելի բաներ կատարած է, մենք այդ բոլորը կը ճանչնանք ու կը դատապարտենք: Սակայն սա չի նշանակեր, որ իւրաքանչիւր իտալացի պատասխանատու է հրեայ մը կամ եթովպիացի մը սպաննելու յանցանքով:

Պատմական այս փաստերը անժխտելի են, հետեւաբար մենք կը ճանչնանք ու կը դատապարտենք այդ բոլորը: Թուրքիա դատապարտեց Ֆրանսայի որդեգրած քայլը ու յարձակողական վերաբերմունք ցուցաբերեց, սակայն Իտալիոյ հանդէպ նոյն մօտեցումը չունեցաւ` ըստ իս, որովհետեւ  թուրք ժողովուրդը կը սիրէ իտալացի ժողովուրդը, եւ երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունին առեւտրական կապեր: Ուստի, մենք կոչ կ՛ուղղենք թուրք ժողովուրդին` ըլլալու աւելի ժողովրդավար:

«Ա.».- Այսօր Իտալիոյ ուսերուն վրայ դրուեցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը միջազգային բեմ բարձրացնելու պարտաւորութիւնը. ի՞նչ քայլերու պիտի դիմէ Իտալիան:

Ճ. Չ.- Այս հարցումը պէտք է հարցնել Իտալիոյ կառավարութեան, սակայն արդէն իսկ ակներեւ է տարուած քարոզչական աշխատանքը լրատուամիջոցներու ճամբով, որոնք օրին լուրերու բաժինով անդրադարձան խորհրդարանին որդեգրած բանաձեւին, Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան ու նոյնիսկ սփռեցին Ցեղասպանութեան մասին վաւերագրական տեսերիզներ: Այս բոլորէն անկախ, ասկէ ետք, Իտալիան ներկայացնող աշխարհասփիւռ  դեսպաններ պատահածը պիտի նկարագրեն պէտք եղած ձեւով ու զայն կոչեն ցեղասպանութիւն եւ ոչ` այլ բան:

Մենք` իբրեւ խորհրդարանի անդամներ, սկսած ենք մշակութային ձեռնարկներ կազմակերպելու աշխատանքին, կը քաջալերենք զբօսաշրջութիւն ուսանող երիտասարդները, որ ճամբորդեն Հայաստան, ծանօթանան հայկական մշակոյթին ու Հայաստանի տեսարժան վայրերուն. համալսարանական լսարան մը պիտի ուղղուի Հայաստան ու այցելէ «ԹՈՒՄՕ» կեդրոն, եւ մենք պիտի աշխատինք մշակել ուսման փոխանակման ծրագիրներ: Մեր յաջորդ քայլը պիտի ըլլայ առեւտուրը, ուտեստեղէնի ներմուծումը, նաեւ` գինիի. շատ կարեւոր է մշակոյթը ներառել մեր ամէնօրեայ կեանքին մէջ:

«Ա.».- Արդեօք Իտալիա կոչ պիտի ուղղէ՞ Թուրքիոյ` անկէ պահանջելով ճանչնալ եւ հատուցել Հայոց ցեղասպանութեան համար: Ցայսօր կը շարունակուի հայոց մշակութային ցեղասպանութիւնը, տակաւին հայկական պատմական կառոյցներ ու եկեղեցիներ կ՛ենթարկուին քանդման ու անհետացման: Իտալիա` որպէս մշակութասէր երկիր, արդեօք որեւէ քայլի պիտի դիմէ՞ այս գծով:

Ճ. Չ.- Այս նիւթը տակաւին չարծարծեցինք եւ կառավարութեան օրակարգին վրայ զետեղուած չէ, սակայն քանի որ այս նիւթին մասին կը խօսիս, եւ եթէ պահանջ կայ, մենք կրնանք կառավարութենէն պահանջել, որ հետապնդէ եւ որդեգրէ պէտք եղած քայլերը: Բնականաբար դիւրին չէ, սակայն քանի որ մինչեւ հոս հասանք, պիտի շարունակենք:

«Փոլիթեքնիքօ տի Միլանօ» համալսարանը Հայաստանի մէջ կը վերանորոգէ եկեղեցի մը: Անժխտելի է ու հանրածանօթ, որ Թուրքիա քանդեց հայկական եկեղեցիներ, ինչպէս նաեւ` Թուրքիոյ կողմէ Կիպրոսի բռնագրաւուած հողերուն վրայ գտնուող կիպրական եկեղեցիներ: Մենք նաեւ ուշադրութիւն կը դարձնենք Ազրպէյճանի կողմէ որդեգրուած տարօրինակ քայլի մը. Ազրպէյճան ստանձնած է Իտալիոյ մէջ քանի մը եկեղեցիներու նորոգութեան ծախսերը` իտալացիներ ու քրիստոնեաներ սիրաշահելու նպատակով, սակայն զարմանալին հետեւեալն է. եթէ Ազրպէյճան փափաք ունի եկեղեցիներ նորոգելու, ինչո՞ւ կը քանդէ հայկական կրօնական յուշարձաններ` խաչքարեր, ինչպէս` Նախիջեւանի խաչքարերը: Կրօնական յուշարձաններ, կրօնական ճարտարապետական արուեստի կառոյցներ, անկախ անոնց պատկանելիութենէն, ըլլան անոնք եզիտիներու տաճարներ կամ  հայկական եկեղեցիներ, բոլորն ալ մարդկութեան ժառանգութիւնն են, հետեւաբար կարելի չէ ու դատապարտելի է զանոնք քանդելը: Այս տեսակի յարձակում մը վերջերս կատարեցին Թալիպանները, երբ անոնք քանդեցին Աֆղանիստանի մէջ պուտտայական արձաններ: Հետեւաբար, եթէ դուն, «Ազդակ»-ը կամ ընդհանրապէս հայկական գաղութը գիտէք հայկական յուշարձաններ, որոնք անատոլեան շրջանին կամ գրաւուած հայկական հողերուն վրայ են եւ կ՛ենթարկուին քանդման կամ պղծումի, կրնաք դիմել մեզի, եւ մենք մեր կարգին կը դիմենք կառավարութեան` պահանջելով կասեցնել քանդումը, վերականգնել քանդուած կառոյցներ եւ պէտք եղած արձագանգը բարձրացնել:

«Ա.».- Իբրեւ Եւրոպական Միութեան անդամ երկրի` ի՞նչ է Իտալիոյ կեցուածքը Թուրքիոյ Եւրոպական Միութիւն մտնելու գծով:

Ճ. Չ.- Մենք բոլորովին դէմ ենք, իմ կուսակցութիւնս եւս դէմ է, եւ մենք Եւրոպական Միութենէն պահանջեցինք, որ օրին Թուրքիոյ յատկացուցած նիւթական օժանդակութեան վերադարձը պահանջէ: Առաջին հերթին, կայ աշխարհագրական իրականութիւն, ըստ որուն,  Թուրքիա կը պատկանի ասիական ցամաքամասին, եւ ոչ` եւրոպական: Երկրորդ` Թուրքիա բռնագրաւած է եւրոպական երկրի մը հողերը` Կիպրոսի հիւսիսային հատուածը, եւ զայն կը ճանչնայ իբրեւ թրքական հող, որ անընդունելի է: Երրորդ` նախքան Եւրոպական Միութիւն մտնել ցանկալը, Թուրքիա պէտք է որդեգրէ մարդկային եւ աշխատաւորներու իրաւանց եւրոպական չափանիշներ:

Թուրքիա ուզեց մաս կազմել Եւրոպական Միութեան, երբ ֆինանսաւորումի նիւթ կար. անոնք կ՛ուզեն Եւրոպական Միութեան միանալ, սակայն չեն ուզեր յարգել եւ ենթարկուիլ այդ նոյն միութեան օրէնքներուն: Բացի այս բոլորէն` Թուրքիա յարձակում կը գործէ եւ ռազմական աշխուժ գործունէութիւն կ՛ունենայ սուրիական հողերու վրայ, որ բոլորովին անընդունելի է:

Ես նախապէս խօսեցայ ճշմարտութեան հայեցակարգի մասին, որ մեր երկիրներուն մէջ հիմնուած է յոյն եւ հռոմէացի փիլիսոփայութիւններու վրայ, որ սակայն Թուրքիոյ մէջ հիմնուած է Էրտողանի եւ Ալիեւի «փիլիսոփայութեանց» վրայ, որովհետեւ անոնք կը խօսին այլ ճշմարտութեան մը մասին, որ իրականութեան մէջ ճշմարտութիւն չէ:

Հետեւաբար մենք դէմ ենք Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան միանալու հարցին:

«Ա.».- Դուք` որպէս Իտալիոյ խորհրդարանի անդամ, խորհրդարանի նիստի մը ընթացքին անդրադարձաք 1988-ի Սումկայիթի հայոց ջարդին` հաստատելով, որ «բազմաթիւ հայեր սպաննուեցան պարզապէս այլ ցեղային պատկանելիութեան պատճառով», եւ` «անոնց ապրելու իրաւունքը ոտնակոխուեցաւ», կոչ ուղղելով Իտալիոյ` որպէս ԵԱՀԿ-ի անդամի, աշխատելու Արցախի խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը ապահովել:

Ըստ ձեզի, հաւանակա՞ն է, որ մօտ օրէն Իտալիա խօսքը ուղղակիօրէն յղէ Ազրպէյճանի` անկէ  պահանջէ կասեցնել Արցախի Հանրապետութեան խաղաղ բնակիչներուն դէմ իր ատելութիւնն ու ցեղային բռնութիւնը` ճանչնալով 1988-ին իրագործած հայոց ջարդը:

Արդեօք մօտիկ ապագային կոչ պիտի ուղղուի՞ Իտալիոյ խորհրդարանին` ճանչնալու Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը, որ ի բնէ եղած է եւ պիտի մնայ հայկական հող:

Ճ. Չ.- Ըստ իս, դատաստան մը պիտի ըլլայ յարգելու համար մարդկային իրաւունքները: Հիմա Ազրպէյճան կը դիմագրաւէ ներքին տագնապներ, որոշ ծայրայեղականութեան աճ մը նշմարելի է դարձեալ Սումկայիթի շրջանին մէջ, հետեւաբար իրավիճակը շատ կայուն չէ: Իտալիան` որպէս ԵԱՀԿ-ի անդամ, չի կրնար առանձին քայլ որդեգրել Արցախի հարցով, ուստի աշխատանքները պիտի համակարգուին այլ անդամ երկիրներու հետ միասին:

Եթէ հարցը ինձմով վերջանար, Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը վաղուց ճանչցուած կ՛ըլլար, սակայն իբրեւ միջազգային խմբակցութեան մը անդամ` մենք չենք կրնար առանձին քայլ որդեգրել:

Ըստ իս, եւ ըստ բոլոր անոնց, որոնք քուէարկեցին բանաձեւին, Ղարաբաղը հայկական հող է: Ես երբ ելոյթ ունեցայ խորհրդարանին մէջ ու խօսեցայ Սումկայիթի հայոց ջարդին մասին, անդրադարձայ նաեւ 2016-ի քառօրեայ պատերազմին` բացատրելով, որ անմեղ փոքրեր եւ տարեցներ զոհ գացին, եւ տակաւին մինչեւ ցայսօր կան խաղաղ մարդոց կեանքերը խլող հակառակորդի կողմէ կրակողներ:

Մեր նպատակն է կապեր ստեղծել Արցախի եւ մեր միջեւ, թերեւս` Ստեփանակերտի համալսարանին միջոցով կամ այլ մշակութային եւ զբօսաշրջութեան պատասխանատու մարմիններու հետ, որովհետեւ արեւմտեան Եւրոպայէն Արցախ այցելող զբօսաշրջիկներուն թիւը աճ կ՛արձանագրէ: Ես անձամբ կը փափաքիմ այցելել Ստեփանակերտ եւ դերակատար ըլլալ Իտալիոյ ու հայկական խորհրդարաններուն միջեւ բարեկամական կապեր ստեղծելու աշխատանքին մէջ:

aztagdaily.com

1