Անփոխարինելին
Գլխավոր » Լրահոս » Անփոխարինելին

Անփոխարինելին

Հայաստանի Հանրապետութեան հիմանդրութեան 60 ամեակի տօնակատարութեան այս օրերուն, երբ այնքան իրաւամբ կ’ընդգծուի մեր մամուլին կողմէ, թէ Մայիսեան Դիւցազնամարտը եւ, իբրեւ անոր բնական հետեւանք, Անկախութեան հռչակումը հայոց պատմութեան ամէնէն ճակատագրական շրջադարձը կկազմէ, աւելի ամբողջական պատկերացումը ունենալու համար կատարուած համազգային նուաճումին, անհրաժեշտ է միշտ ի մտի ունենալ եւ տեւաբար ընդգծել նաեւ այլ նոյնքա՛ն պարզ, բայց էական ճշմարտութիւններ:

Այս տարրական ճշմարտութիւներէն առաջինը այն փաստն է, որ 1918 Մայիս 28էն առաջ, միջազգային հանրային կարծիքին, միջազգային իրաւագիտութեան եւ միջազգային դիւանագիտութեան ակնոցով ոչ հայ ազգ գոյութիւն ունէր, իբրեւ քաղաքական ինքնուրոյն միաւոր, եւ ոչ Հայաստան, իբրեւ հայկական ազգային որոշակի հողամաս:

Հայկական հարցը, աշխարհակալ պետութեանց պաշտօնական շրջանակներուն աչքին, ազգային-քաղաքական դատի մը բովանդակութիւնը չունէր, իբրեւ այդպիսին, այլ կը ներկայանար իբրեւ Օսմանեան կայսրութեան մէջ կրօնական փոքրամասնութեան մը կամ շատ-շատ ազգագրական ուրոյն տարրի մը իրաւիճակին պատկերով, իսկ Հայաստանը «կրօնական փոքրամասնութիւն» հայութեան հայրենիքը չէր կազմեր, այլ կը կազմէր Օսմանեան կայսրութեան կամ Անատոլուի «Արեւելեան նահանգները»:

Աշխարհակալ պետութեանց կամ միջազգային դիւանագիտութեան կողմէ Հայկական Հարցը կ՛ըմբռնուէր իբրեւ «Արեւելեան նահանգներու բարենորոգութեանց» խնդիր, որ էութեանը մէջ ուրիշ բան չէր, բայց եթէ հայ եւ ընդհանրապէս քրիստոնեայ տարրի ֆիզիքական անվտանգութեան եւ մարդկային տարրական իրաւանց ապահովութիւն, ընդդէմ քիւրտ եւ չերքէզ անիշխանական վայրենաբարոյ տարրերու, օսմանեան պետական կառոյցի շրջագիծին մէջ:

Ահա այս սահմաններուն մէջ է, որ աշխարհակալ պետութիւնները, միջազգային դիւանագիտական սադրանքներու ճամբով, ի չարս այլոց, նաեւ հայ կրօնա-ազգագրական փոքրամասնութեան կնճիռը կ՛օգտագործէին ի նպաստ իրենց քաղաքական ու տնտեսական շահերուն եւ ազդեցութեան գոտիներու ձեռքբերման՝ Օսմանեան մահամերձ կայսրութեան թողօնի բաժանման հեռանկարին առջեւ, ոչ թէ իբրեւ քաղաքական, ազգային-ազատագրական հերթականորէն լուծելի դատ, այլ գերազանցօրեն մարդասիրական, «քաղաքակրթական» յանձնառութեան մը բեմադրութեան յարմարաւէտ առարկայ:

Հայաստանը Հայաստան, հայութիւնը ուրոյն ազգ եւ Հայ Յեղափոխութիւնը ազգային-ազատագրական շարժում էր միայն մեզի՛ համար: Այս բոլորը միջազգային իրաւունքի առարկայ չէին եւ միջազգային դիւանագիտութիւնը, պաշտօնապէս ոչ մէկը կը ճանչնար եւ ոչ ալ միւսը, իբրեւ այդպիսին:

Հոգ չէ, թէ սկզբնական շրջանին միայն 12 հազար քառ. քլմ. հողային փոքրիկ տարածութեան մը վրայ (ո՛չ իսկ մէկ տասներորդ մասը հայոց պատմական հայրենիքին), առնուազն 600 տարուան գերութենէ ետք, առաջին անգամ ըլլալով, միջազգային իրաւունքի եւ միջազգային դիւանագիտութեան չափանիշներով, Հայաստանը Հայաստան, հայ ժողովուրդը ազգային ինքնօրեն միաւոր, հայկական հարցը ազգային-քաղաքական դատ եւ հայ jեղափոխութիւնը ազգային-ազատագրական ճշմարիտ շարժում իբրեւ ճանչցըւեցաւ քաղաքական ու դիւանագիտական բովանդակ աշխարհին կողմէ, միայն ու միայն 1918 Մայիսեան Դիւցազնամարտէն ետք եւ բացառաբար անո՛ր հետեւանքով:

Իբրեւ ճշմարտութիւն ընդգծելի երկրորդ կէտը այն է, որ մինչ Մայիսեան Դիւցազնամարտէն առաջ Հայաստանը հայ ժողովուրդին համար մեծ երազ մըն էր, իսկ օտարին համար լոկ աշխարհագրական հասկացողութիւն, Մայիսեան Դիւցազնամարտէն ետք, Հայաստանը հայ ժողովուրդին համար վերածուեցաւ փոքր իրականութեան մը, «իւր քաջ որւոց սուրբ արիւնով» սահմանագծուած, իբրեւ ժամանակին հետ մեծնալու եւ իր բնական տարածքին յանգելու սահմանուած մեկնակէտ ու պատուանդան, իսկ օտարին համար Հայաստանը մէկ օրէն միւսը զգեցաւ ազգային-քաղաքական նկարագիր եւ հայ ժողովուրդը դարձաւ ազգային-քաղաքական ուրոյն միաւոր, իբրեւ սեփական հայրենիքի տէր պետական ազգ:

Այս փաստէն ետք եւ այս փաստին բերումով այնուհետեւ այլեւս հայ ժողովուրդի ճակատագրին եւ Հայ Դատին տէր կանգնեցաւ ո՛չ թէ օտարը, միսիոներական հովերով այլ նոյնինքն հայ պետութիւնը, իբրեւ հայ ազգի քաղաքական ու իրաւական կամքի մարմնաւորում ու կենդանի արտայայտութիւն: Եւ ուսանելի շատ բան կայ այն իրողութեան երկուքուկէս տարուան շատ կարճ կեանքի ընթացքին Հայաստանի հողային տարածութիւնը հնգապատկուեցաւ, ընդգրկելով բովանդակ Արեւելեան Հայաստանը իր 1914-ի սահմաններով (շուրջ 60 հազար քառ. քլմ. տարածութիւն), եւ Հայ Դատը միջազգայնօրեն իր արդար լուծումը ստացաւ Սեւրի դաշնագրով եւ Ուիլսնեան սահմանագծումով:

Չորրորդ, առանց Մայիսեան Դիւցազնամարտի իրագործման, ոչ Հայաստան գոյութիւն պիտի ունենար, ոչ հայ անկախ պետականութիւն պիտի ստեղծուէր եւ ոչ ալ Հայ Դատ պիտի լուծուէր Սեւրի պարտամուրհակի շրջագիծին մէջ: Եւ, ինչ որ ամէնէն ծանրակշիռն է, այսօր Հայ Դատի լուծման ամէն կռուանէ ու հնարավորութենէ, անխուսափելի կորստեան ենթարկւելու չարաշուք դատակնիքով…

Հինգերորդ, այսօր հայ ժողովուրդին առջեւ դրուած է, իբրեւ քաղաքական դատ եւ ազատագրական պայքարի առարկայ, ոչ թէ Հայաստանի  ստեղծումը, իբրեւ ազգային հողամաս, ինչպես էր պարագան երէկ, այլ Հայաստանի ամբողջացումը, փոքր եւ պատմա-բնական սահմանները, ամբողջ հայութիւնը իր մէջ ամփոփելու եւ անոր բնականոն զարգացումը ապահովելու անհրաժեշտ հնարաւորութիւններով:

Աւելի՛ն. Այսօր հայ ժողովուրդին առջեւ բարձրացող հարցը ոչ թէ հայ անկախ պետութեան ստեղծումն է ոչինչէն, այլ Հայաստանի պետական անկատար անկապութիւնը կամ ինքնավարութիւնը կատարեալ կամ ամբողջական անկախութեան վերածելն է, միջազգային իրաւունքի հանրաճանաչ չափանիշներուն ու ընբռնումներուն հիմունքներով, ազգային ազատ ինքնորոշման սկզբունքով: Հայ ժողովուրդի հայրենազուրկ, այլ կենսական տարածութեանց միացումն ու ամբողջացումը գերազանցօրէն գերիշխան հայ պետականութեան մը հովանիին տակ:

Վեցերորդ, աւելի քան վեց հարիւր տարուան մեր գերութեան դառնադառն փորձառութիւններէն ետք, անցեալ շուրջ վաթսուն տարուան իրականութիւնը, Հայաստանի կենդանի՛ իրականութիւնը, մի անգամ ընդմիշտ կուգայ վերընդգծելու մեծ ճշմարտութիւն մը,- հայրենիքի անփոխարինելի կենսականութիւնը ազգի մը գոյութեան, գոյատեւման ու բնականոն զարգացման համար, ի չարս այլոց, նաեւ հա՛յ ժողովուրդին համար:

Հայրենիք՛ն է, հայրենի հո՛ղն է, — ո՛րքան ալ սահմանափակ իր տարածութեամբ, պետութի՛ւնն է. պետական կառոյցի գոյութիւնն է, — ո՛րքան ալ թերի ազգային առումով եւ միջազգային իրաւունքի ու քաղաքական մտածողութեան ընդհանուր օրինաչափութիւններով, նախապայմանն ու ակնաղբիւրը ամէ՛ն բանի, ազգային ընդհանրական ամէ՛ն բարիքի ու վերափոխութեան:

Փաստօրեն վաթսուն տարին (ո՛չ իսկ վաթսուն) բաւեց, որպէսզի հայ ժողովուրդին համրանքը առնուազն եռապատկուի իր հայրենի հողին վրայ, մինչ վեց հարիւր տարուան գերութեան մեր դարերուն հայութեան համրանքը իր հայրենի սեփական հողերուն վրայ ոչ միայն չաւելցաւ ոչ իսկ միաւորով, այլեւ նուազեցաւ հարիւրապատիկ:

Աւելի՛ն. վեց տասնամեակի ինքնուրոյն ու հայօրէն համախումբը կեանքը, համայնական ճիգն ու ջանքը բաւեցին, որպէսզի հայ ժողովուրդը իր ըստ ամենայնի յետամնաց ու յետընկած Հայաստանը վերածէ աշխարհի ամէնէն յառաջադէմ երկիրներու շարքին իր պատուաբեր տեղը գրաւած հարազատ հայրենիքի, մշակութային, գիտական եւ ճարտարարուեստական ճակատներու վրայ հաւասարապէս:

Հոս, այս մարզին մէջ եւս հայ ժողովուրդին առջեւ ցցուածը լրացման, ամբողջացման, կատարելագործման, ծաւալման հարց մըն է եւ ոչ թէ վերըստեղծման, վերականգնման, վերսկսման, գուպար մը, ի խնդիր ամբողջական հայ ժողովուրդի եւ հայ հայրենիքի կենսագործման ու բնականոն զարգացման:

Ինչ-որ Մայիսեան Դիւցազնամարտով սկսաւ, շուրջ վաթսուն տարիէ ի վեր կը շարունակուի հայ ժողովուրդին կողմէ, այս անգամ իբրեւ խաղաղ աշխատանք, շինարարական ու ստեղծագործական իւրօրինակ Սարդարապատ, հակառա՛կ իրարու կամ պատմական պայմաններու բերում դեռ շարք մը աննպաստ, նոյնիսկ երբեմն ժխտական ու ջլատիչ պայմաններու, յատկապէս ստալինեան չարաղէտ տիրապետութեան օրերուն:

Ամէն հայ, ո՛ւր որ ալ գտնուի, մասնաւորաբար նորահաս մեր սերունդները միշտ ի մտի պիտի ունենան եւ երբեք պիտի չմոռնան, որ ներկայ Հայաստանը, շուրջ երեք միլիոն հայ բնակիչով, անփոխարինելի խարիսխը, անխորտակելի պատուանդանը կը կազմէ մեր գոյութեան, պատուանդա՛նը Հայ Դատի եւ Հայ ժողովուրդի լուսաւոր ապագային, որպէս անգնահատելի ժառանգութիւնն ու շարունակութիւնը Հայաստանի Անկախ Հանրապետութեան:

Բնական ու փաստական հետեւանքի ճամբով, այո, ներկայ Հայաստանը, իբրեւ անփոխարինելի նուաճում, պարգեւն է Մայիսեան Դիւցազնամարտին եւ այդ Դիւցազնամարտով իմանալի ենթահողը ազգային մեր լինելութեան:

Ի՛նչ որ Մայիսը տուաւ մեզի իբրեւ անկրկնելի յաղթանակ, ոչ մէկ Նոյեմբեր կրնայ խլել հայ ժողովուրդէն եւ հայոց պատմութենէն ո՛չ միայն իբրեւ պայծառ իրականութիւն, այլեւ իբրեւ համազգային տեսլական:

Թ. Տարի. 4 Յունիս 1978, թիւ 20 (395)
Ազդակ-Դրօշակ շաբաթօրեակի խմբագրական
Ս. Զէյթլեան
1