«Ազդակ»ի Խմբագրական. Այսօրուան Առաջադրանքին Սահմանդրական Հիմքը
Գլխավոր » Լրահոս » «Ազդակ»ի Խմբագրական. Այսօրուան Առաջադրանքին Սահմանդրական Հիմքը

«Ազդակ»ի Խմբագրական. Այսօրուան Առաջադրանքին Սահմանդրական Հիմքը

Արտախորհրդարանական ընդդիմադիր զանգուածը յայտնաբար յաջողած է իրավիճակ ստեղծել։ Նոր սահմանադրութիւնն ու նոր ընտրակարգը նոր գործառոյթներ եւ նոր յաւելեալ իրաւական ազդեցիկութիւն ապահովելու նախադրեալներ կը յուշէին խորհրդարանական ընդդիմութեան, որ զուտ թուաբանական առումով այս փուլին չնպաստեց, որ ակնկալուած չափով կայանայ։

Այսօրուան պատահարները եթէ մէկ կողմէ խորհրդարանական ընդդիմութեան անազդեցիկ վիճակի հակազդեցութեան հետ որոշ աղերսներ կը փոխանցեն, այնուամենայնիւ հիմնականին մէջ համակարգային գործնական փոփոխութեան ուշացումի պատճառով կուտակուած դժգոհութիւններու ենթահողի կտրուկ դրսեւորումներ են։

Դրականը այս բոլորին մէջ կրնայ ըլլալ այն, որ հանրապետութեան տարբեր շրջաններուն մէջ դրսեւորուած բողոքի գործողութիւնները կրնան խթան հանդիսանալ համակարգային գործնական փոփոխութիւններու առարկայացման։

Ամէն ինչ ունի անշուշտ հետեւողական եւ հանգրուանային կշռոյթ։ Համակարգային իրաւական փոփոխութիւնը անհրաժեշտ էր իրականացնելու համար անոնց գործնականացումը։ Բարեկարգումները, ընկերային-տնտեսական բարելաւման համար ծրագիրներու արդիւնաւէտութիւնը, աղքատութեան յաղթահարման դէմ պայքարի իրողական արդիւնքներ ձեռք բերելը, հակամենաշնորհային դրութեան բանեցումը. տակաւի՛ն՝ փտածութեան դէմ պայքարի, ներդրումային վստահելի դաշտի կայացման, ընկերային արդարութեան հաստատման ճիգերը կրնային թափ հաւաքել նաեւ նախորդ սահմանադրութեան օրով, այնուամենայնիւ յաւելեալ ժողովրդավարացման, լիազօրութիւններու բաշխման, միանձնեայ իրաւասութիւններու վերացման եւ հակակշիռ հիմնարկներու ստեղծման համար անհրաժեշտ էր նորացնել սահմանադրութիւնը, փոխել կառավարման համակարգը։

Իրաւական փոփոխութենէն ետք եւ գուցէ անոնց առընթեր կ՛ակնկալուին (կ՛ակնկալուէին) այդ բոլոր ոլորտներուն վերաբերեալ բարեփոխումներու իրականացումները փուլ առ փուլ։ Ի հարկէ, կային որոշ յառաջընթացներ։ Հիմա համակողմանիօրէն կը շեշտուի թէ՛ պետական եւ թէ՛ հասարակական մակարդակներով այդ խնդիրները յաղթահարելու արագ, արդիւնաւէտ քաղաքականութեան կիրարկումը։

Ձեւակերպուած առաջադրանքը` նախագահի հովանաւորութեամբ քաղաքական հիմնական ուժերու մասնակցութեամբ երկխօսութեան սեղանի շուրջ համախմբուելու առումով, ամէնէն կառուցողական ճանապարհն է հանգուցալուծման գործընթացի մեկնարկի։

Ճիշդ այս պատճառով ալ արտախորհրդարանական ընդդիմադիր շարժումը, որ յամենայն դէպս ներկայացուած է նաեւ խորհրդարանին մէջ իր հաւաքած բողոքարկու զանգուածի յենարանով, բարեփոխոխումներու թղթածրար պատրաստ ունենալու անհրաժեշտութեան առջեւ կը գտնուի, եթէ անշուշտ միայն դէմքի փոփոխութեան պահանջով եւ ատով իսկ ստեղծուելիք անորոշութեամբ չի պայմանաւորեր այս ամբողջ գործընթացին իր մօտեցումները։

Մէկ նրբութիւն եւս այս առաջադրանքի ձեւակերպման մէջ ինքզինք զգալի կը դարձնէ. այն, որ ընդդիմութիւն_իշխանութիւն լարուած իրավիճակներու պարագային նոր սահմանադրութեամբ իսկ ճշդուած իրաւադրոյթով հանրապետութեան նախագահը կ՛ընկալուի իբրեւ գլուխը պետութեան, իբրեւ անաչառ, անկուսակցական եւ բացառապէս ազգային ու պետական շահերով առաջնորդուող պետութեան բարձրագոյն պաշտօնեայ։

Նախագահին շուրջ համախմբուելու եւ հակաճգնաժամային բանակցութիւններու սկսելու ու հարցերուն բացառապէս երկխօսութեամբ լուծում բերելու առաջադրանքի ձեւակերպումը այս իմաստով իսկ կ՛ընդգծէ նոր սահմանադրութեան իրաւական եւ բարոյական նշանակութիւնները։

Սահմանադրութիւնը մեր բոլոր գործընթացներուն հունաւորման համար գերակայ փաստաթուղթն է։ Անոր հիման վրայ պիտի շարունակեն ընթանալ մեր բողոքի գործողութիւնները, պետական բարձրագոյն պաշտօններու ստանձնման ընթացակարգերը եւ ճգնաժամի պահուն սահմանադրութեամբ ճշդուած նախագահի լիազօրութիւններուն բերումով անոր շուրջ համախմբուիլը եւ հանգուցալուծման առաջնորդուիլը։

aztagdaily.com

1