Ժողովուրդի մտաւորականութիւնը
Գլխավոր » Լրահոս » Ժողովուրդի մտաւորականութիւնը

Ժողովուրդի մտաւորականութիւնը

Նիկոլ Փաշինեանի յունուար 11-ին Մոսկուա այցելութիւնը դուռ բացաւ բազմազան հարցականներու: Հայաստանի վարչապետը կ՛երթայ Մոսկուա Ռուսիոյ նախագահին հետ հանդիպելո՞ւ, թէ՞ մասնակցելու եռաչափ` Ռուսիա, Հայաստան եւ Ազրպէյճան բանակցութեան մը: Ի՞նչ է հանդիպման օրակարգը: Արդեօք եռակողմ յայտարարութիւնը ամբողջացնող կամ օրինականացնող համաձայնագիր մը պիտի ստորագրուի՞: Գետնի վրայ կատարուած սրբագրութիւններէն դատելով -միշտ ի վնաս Հայաստանի – կարելի՞ է նախատեսել նոր կորուստները ստորացուցիչ նոր պայմաններ:

Այս հարցերը պատասխան չունին: Հանդիպման օրակարգը գաղտնի կը պահուի, չի քննարկուիր հրապարակայնօրէն: Ամէն որոշում ժողովուրդի համաձայնութեամբ կատարելու յանձնառութիւն վերցուցած վարչապետին նման վերաբերմունքը կասկածելի չի դարձներ կատարուելիքին անօրինական, գէթ ժողովուրդին կողմէ անընդունելի ըլլալը:

Մինչ այժմ, Նիկոլ Փաշինեանի վարքագիծը ժողովուրդին շռայլ խոստումներ տալով խաբելու մնայուն գործելաոճն է: Իսկ ինչ որ վարչապետը ժողովուրդ կը համարէ իր խոստումներուն հաւատացող եւ արդիւնքները անտեսող խառնամբոխն է: Ժողովուրդի այս խաւը չի քննարկեր, չի դատեր, կարելի է ըսել նոյնիսկ որ չի մտածեր: Պետական կառոյցները կը քանդուին, իշխանութիւնը կը նսեմանայ, տարածքներ կը կորսուին, երկրին անկախութիւնը կը վտանգուի. անուղղայ խումբ մը կը շարունակէ հաւատալ ու զօրակցիլ «ժողովուրդի վարչապետին»:

Կամաւոր կոյրերու այս ամբոխը տակաւ կը նօսրանայ: Պէտք չէ խաբուիլ այն խժալուր աղմուկէն, որ կը բարձրանայ ի նպաստ իր օրինականութիւնը կորսնցուցած իշխանութեան մը, որ այլեւս ոչինչ կը տնօրինէ:

Տօնական օրերու երկար դադարը ստեղծեց տպաւորութիւն, որ իշխանութեան հրաժարականը պահանջող ընդդիմութիւնը հաշտուած է կացութիւնը յեղաշրջելու իր անկարողութեան հետ: Բռնութեան չդիմելու ու իր պայքարը օրինական խաղաղ միջոցներով առաջ տանելու ընտրանքը, երկիրը յաւելեալ ցնցումներու չենթարկելու նախանձախնդրութիւնը ոմանք թարգմանեցին իբրեւ անկարողութեան գիտակցում եւ պայքարէ հրաժարում:

Հայրենիքի փրկութեան շարժումի քաղաքական պայքարը սկսած է նորանոր համակիրներ շահիլ: Ոչ անտարբեր, սակայն պայքարը ի սկզբանէ անարդիւնք համարող քաղաքացիներու մօտ սկսած է արթննալ գիտակցական մղում մը դէպի գործ` երկիրը փրկելու համար համախմբուելու անհրաժեշտութեան վճռակամութիւն մը:

Ըսած եմ արդէն, որ ազգային նպատակներու շուրջ համախմբումի գլխաւոր ճարտարապետը մտաւորականութիւնն է: «Ձայն հայրենեաց» հնչեղ անունով մտաւորականներու համախմբումը, «Մայիս 9-ի յանձնախումբը», երաժիշտներու ու երաժշտագէտներու խմբաւորումը եւ մտաւորական ու արուեստագէտ անհատ ստեղծագործողներու յայտարարուած դիրքորոշումները լաւատեսութիւն կը ներշնչեն:

Հայ մտաւորականութիւնը եղած է հայոց պատմութեան առաջընթաց անիւը դարձնողը: Ազգային արժէքներու պահպանումը, նոր արժէքներու ստեղծումը գիտնական եւ արուեստագէտ մտաւորականութեան արգասիքն է: Ազգային արժէքներու կարգին է նաեւ հայրենիքի պահպանումը, ազատութիւնն ու անկախութիւնը:

Մտաւորականութիւնն է իսկական առաջնորդը ժողովուրդին: Երբ մտաւորականութիւնը կը համախմբուի ազգային նպատակի շուրջ, երբ իր ձայնը լսելի կը դարձնէ, ժողովուրդը ուշ կամ կանուխ պիտի լսէ եւ ընդառաջէ: Որովհետեւ սա «Ժողովուրդի մտաւորականութիւնն է»:

Տիգրան Ճինպաշյան

aztagdaily.com

1