Ժողովրդավարութեան ամենէն տարրական սկզբունքները ոտնակոխուած են:
Գլխավոր » Լրահոս » Ժողովրդավարութեան ամենէն տարրական սկզբունքները ոտնակոխուած են:

Ժողովրդավարութեան ամենէն տարրական սկզբունքները ոտնակոխուած են:

ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի (Ֆրանսա, Հոլանտա, Պելճիքա) լրիւ կառոյցը՝ կուսակցական շարքեր, երիտասարդական միաւորներ, խստիւ կը դատապարտեն Հայաստանի իշխանութիւններուն անպատկառ դիրքորոշումը՝ ընդդիմադիր դաշտին նկատմամբ, թէ՛ Ազգային Ժողովէն ներս՝ ԱԺ պատգամաւորներու դէմ, եւ թէ մանաւա՛նդ փողոցը՝ ցուցարարներու դէմ: Ոստիկանութեան գործադրած բիրտ ուժը՝ խաղաղ ցուցարարներու դէմ ոչ միայն դատապարտելի է, այլեւ քրէական յանցագործութիւն: Ցուցարարներու դէմ ֆիզիքական բռնութիւնը, անհամեմատ ուժի կիրարկումը, ձայնային պայթուցիկ ռումբերու օգտագործումը, որ երէկ Բաղրամեան պողոտայի վրայ պատճառեց բազմաթիւ վիրաւորներ, ոմանք՝ ծանր, պատժելի է ըստ օրինի: Ապազգային իշխանութիւնները Հայաստանը վերածած են ոստիկանական պետութեան, զոր կը մերժենք կտրականապէս: Ժողովրդավարութեան ամենէն տարրական սկզբունքները ոտնակոխուած են:

Միակ ճանապարհը իշխանափոխութիւնն է, վայրկեան առաջ ՔՊ-ական դաւադիր ու դասալիք քլանի հեռացումը:

Առ այդ, մեր ձայնը կը միացնենք Տաւուշի Թեմի Առաջնորդ Բագրատ Արք. Գալստանեանի գլխաւորութեամբ՝ «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» ժողովրդային շարժումին, անվերապահօրէն զօրակցելով անոր, եւ մեր կարգին կը պահանջենք ազգադաւ իշխանութեան այսպէս կոչուած ներկայացուցիչին՝ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը։

ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէ
12 Յունիս 2024
Փարիզ

1