Ժամանակը հայոց օգտին պտտելու բանաձեւը
Պետականութեան չափ արժէքաւոր ժառանգութիւն մըն ալ թողած է Հայաստանի Հանրապետութիւնը (1918-20) ազգի եւ հայրենիքի վերականգման համար։ Այդ ժառանգութիւնը կոչուած է Սեւրի դաշնագիր եւ անոր առնչուած Իրաւարար վճիռ, զոր դաշնագրի ստորադիր պետութիւնները յանձնարարած էին Մ․Նահանգներու օրուան նախագահ Վուտրօ Ուիլսընին։
Այս տարի հարիւրամեակն է դաշնագրին եւ վճիռին, որոնց շուրջ ալ պէտք է զրուցենք յատկապէս այս օրերուն, երբ վարչապետ Սիմոն Վրացեանի բնորոշումով՝ ԽԱՐԽԱՓՈՒՄՆԵՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻՆ թէ՛ Երկրի, թէ՛ Արտերկրի մէջ։
Գոյութենական տագնապը պատած է մեզ ազգովին՝ որ ըստ ամենայնի մէկ կողմէ աշխարհագրական-քաղաքական-ռազմական է Երկրէն ներս, իսկ անկէ դուրս եթէ ոչ թեւաթափութեան, ապա սպասողականութեամբ եւ հակազդողի հոգեբանութեամբ բնորոշուող յամեցող ԿՐԱՒՈՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ։
Երկրէն ներս թէ անկէ դուրս հանրութեան լայն շերտերը մասնակից չեն այս պատմակերտ ժամանակահատուածի ոգորումներուն։ Հանրութեան փոքր այլ գործօն հատուածներն են ներազգային թէ արտաքին պայքարներու դիրքերուն վրայ, որոնք՝ շեշտուած պառակտուած վիճակ կը մատնեն քիչ մը ամէն բանի շուրջ։ Բացառութիւնը՝ առնուազն երեւութապէս, սահմանին կանգնած հայոց բանակն է, որ հերոսական ճիգերով, աջակից ունենալով հայ գիտական ստեղծագործ միտքը, իր շուրջ համախմբած կը պահէ հանրութիւնը՝ ներսը թէ դուրսը, քանի դեռ յաղթական է եւ տեղի չի տար արտաքին ռազմական եւ քաղաքական ճնշման։
Այս շարժապատկերի շարունակութիւնը վճռորոշ պիտի ըլլայ ազգի ու հայրենիքի համար։ Եւ մենք ունինք դիպաշարի շարունակութիւնը ապահովող ընտրանքներ, որոնք կա՛մ մեզի պիտի բարձրացնեն համաշխարհային քաղաքական բեմին վրայ անկա՛խ դերակատարութեան մակարդակին, կա՛մ մինչեւ սպառինք, պիտի շարունակենք այլոց ճշդած օրէնքներով մասնակցիլ խաղերու, որոնք անպայման չէ, որ մեզի շահաւէտ են։ Վկա՛յ՝ պատմութիւնը։
Սեւրը եւ անոր առնչուած Իրաւարար վճիռը օրին նոր լուսաբացի յոյս ներշնչեցին Հայ ազգին։ Արդարեւ, թանկ վճարած ենք անոնց համար․ մէկուկէս միլիոն սրբացուած նահատակներու եւ անոնց նախորդած չսրբացուած՝ բայց այնուամենայնիւ նահատակ բիւրաւոր նախնիներու ծով արիւնը գծեց Աւետեաց Երկրի արեւմտեան սահմանները։
Այսօր՝ վերը նշուած փոքրաթիւ գործօն զանգուածն է որ առաւելագոյնը հետաքրքրուած է Սեւրով ու Իրաւարար վճռով։ Ասիկա մտահոգիչ է, պէ՛տք է մտահոգէ մեզ, որ իմա՛ստ եւ առաքելութիւն կը գտնենք ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ՀԱՅՈՒԹԵԱՄԲ գաղափարին մէջ, ազգային իմաստէն եւ առաքելութենէն ալ անդին, շրջանային եւ համաշխարհային, ՔԱՂԱՔԱԿՐԹԱԿԱ՛Ն ՄԱԿԱՐԴԱԿՈՎ։
Հարցումը, որուն պէտք է պատասխանենք՝ յատկապէս Արտերկրի հայութեան պարագային, ինչո՞ւ պէտք է Հայ մնալ, երբ աւելի հեշտ է օտար միջավայրին մէջ ձուլուիլ եւ նոյնանալ, ի՞նչ կ᾿աւելցնէ Հայ մնալը կամ կը պակսեցնէ, եթէ իբրեւ անհատ, ընտանիք, տոհմ, կարող ենք շարունակել գոյութիւն ունենալ, բարգաւաճիլ, բարօր եւ «անհոգ» կեանք վարել, ո՛չ հայկական վարժարան պահել, ո՛չ եկեղեցի, ո՛չ մամուլ, ո՛չ ակումբ, գիր-գրականութիւն, մշակոյթ առնուազն մշտարծարծ պահել․․․ Իմա՞ստ ունի որեւէ ջանք, եթէ նպատակ չունի․ խօսքը հաւաքականութեա՛ն մասին է։
Պէ՛տք է գաղափարական հիմնաւորում ունենայ այն հսկայ ջանքը, որ Արտերկրի մէջ կառոյցներ ստեղծելով սկզբնաւորեցին հայրենահանուած ազգի առաջին եւ երկրորդ սերունդները։ Եւ այդ գաղափարական հիմնաւորման մէջ է որ պիտի իմաստաւորուի Սեւրը եւ Իրաւարար վճիռը։ Ճիշդ է, թանկ է հայրենիքը, անոր ազատութիւնը, անկախութիւնը, զարգացումը, վերելքը, որուն համար հազարամեակներու պատմութեան ընթացքին միլիոնաւոր մարդիկ մարտնչած են, արիւն հեղած, քրտինք թափած։ Հայրենիքը, անոր ազատութիւնը, անկախութիւնը եւ մնացածը ԱՐԺԷՔ պէտք է ունենան նաեւ ապագայի համար, մասնաւորապէս անոնց, որոնք իրենց կեանքը Արտերկրի մէջ դասաւորած են եւ ապահոված, ապահովուած կը նկատեն իրենց սերունդներու ալ ապագան։
Ճգնաժամերը, անկախ անհատի կամքէն ու համոզումներէն, շահերէն, թերեւս թելադրեն վերանայիլ սեփական կեանքի դասաւորումը, ապագայի նկատառումները։ Նման պարագաները կրնան վաղանցուկ ըլլալ, եթէ հզօր հիմնաւորումը պակսի, գաղափարական շաղկապը գոյութիւն չունենայ։ Վերջապէս՝ հայրենիքը զգացականութենէ անդին կեանքին եւ իր պահանջներուն առնչուած պիտի ըլլայ, այնքան կենսական ու անշրջանցելի ներկայի եւ ապագայի համար, որ հայ մարդը գիտա՛կցօրէն վերադառնայ իր արմատներուն, տրամաբանութիւն գտնէ կայացած համակարգի մը մէջ դասաւորած հանգիստ եւ ապահով կեանքէն հրաժարելուն մէջ, եւ միանայ երթին՝ ի՛ր նմաններուն հետ, գիտակցօրէն եւ վճռական։
Դժուար է պատկերացնել․ մտաւոր թէ կազմակերպական ահագին ճիգ ու աշխատանք կը պահանջէ ոչ թէ փոքրաթիւ գործօն, աշխոյժ տարրը նորովի շարժման մէջ դնելը, այլ հաւաքականութիւն վերակազմելը եւ աշխատանք հունաւորելը։
Սեւրը եւ Իրաւարար վճիռը աւելի՛ բանալի դերակատարութիւն ունին այսօր․ յիսնամեակ մը առաջ իրողութիւնները տարբեր էին, այսօր՝ տարբեր։ Երէկ եթէ շեշտը Ցեղասպանութեան ճանաչման վրայ դնելը միտք ունէր Սփիւռքի մէջ, զայն վերապրած սերունդի ժառանգները կը շարժէր, այսօր սրբացուած նահատակ ժողովուրդի արեան հատուցումը, հայրենիքի եւ ազգի ամբողջացումը պիտի ըլլայ Արտերկրի մէջ ազգը համախմբող գաղափարական առանցքը։
Եւ ասիկա սկիզբն է․ պիտի բանաձեւել քաղաքակրթական դերակատարութեան այն հեռանկարը, զոր միացեալ հայութեամբ միացեալ Հայաստանը կը պատրաստուի ստանձնել մերձաւորարեւելեան թէ համաշխարհային թատերաբեմին վրայ, որ թէ՛ նպաստէ սեփական հայրենիքի տեւական խաղաղութեան, կայունութեան, զարգացման եւ բարգաւաճման, թէ՛ մօտ ու հեռու հարեւանութեան մէջ սերմնաւորէ արդարութեան եւ խաղաղութեան արժէքները, խթանէ ներդաշնակութիւնը, զարգացումը եւ բարգաւաճումը։
Ներկայ դրութեամբ ազգովին կը մնանք աքցանուած եւ սպառնալիքի տակ, Երկիրը մէկ տեսակ, Արտերկիրը այլ։ Այս աքցանը, մեր ֆիզիքական մարմինը թէ հոգեւոր աշխարհը ամէն օր արիւնող իրականութիւնը պարտաւոր ենք փշրել անդարձ կերպով։ Ատիկա հնարաւոր է կեդրոնանալով էական անհրաժեշտութեան կարիքները բաւարարելու միջոցով։ Այդ ճամբուն սկիզբը թերեւս խիստ դժուար պիտի ըլլայ, սակայն անխուսափելի է, միշտ մտքի ծայրն ունենալով՝ որ ԵԹԷ 10 ՕԳՈՍՏՈՍ 1920-ԻՆ ՍԵՒՐԸ ՍՏՈՐԱԳՐԵԼՈՎ ԱՒԵՏԻՍ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ ԵՒ ԻՐ ՍԵՐՈՒՆԴԸ ԱՆՄԱՀԱՑԱՆ, ՆՈՅՆՔԱՆ ԵՒ ԱՒԵԼԻ ԱՐԺԷՔԱՒՈՐ Է ՍԵՒՐԷՆ ԲԽԱԾ ԻՐԱՒԱՐԱՐ ՎՃԻՌԻ ԿԵՆՍԱԳՈՐԾՈՒՄԸ, ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄԸ։
Սեւրը եւ անոր հետեւած ԱՄՆ նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի Վճիռը իրաւականէն անդին, քաղաքակա՛ն պէտք է դասել։ Մեր նախորդ սերունդները զայն կոչեցին ՊԱՐՏԱՄՈՒՐՀԱԿ, այսինքն՝ ստորադիր պետութիւններու պարտքը Հայ ազգին, զոր պէտք է գանձել, ներկայացնելով զայն իրենց՝ ստորադիրներուն։
Հայ ազգը ժամանակ չունեցաւ պարտքը պահանջելու․ անկախութիւնը բրտօրէն ճզմուած էր արդէն։ Ճզմողներէն մին՝ Թուրքիան, ստորադիր պետութիւն էր, պարտամուրհակը ստորագրած էր․ միւսը՝ կարմիր դարձած Ռուսիան, չէր մասնակցած Ա․ համաշխարհայինին յաջորդած դասաւորումներուն, հետեւաբար՝ դուրս կը մնար անկէ։ Պարտուած, անկախութիւնը կորսնցուցած Հայ ազգը անմասն մնաց հետագայ խաղէն, բարեբախտաբար պահելով ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ։
Նկատողութիւն մը․ այսօր քաղաքական անպաշտօն քննարկման սեղանի վրայ է՝ թիկունքը Թուրքիոյ տուած Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան հաստատումը, Նախիջեւանի հարցը, ստեպ՝ մինչեւ Կուր-Արաքս յառաջանալու յորդոր կը հնչէ։ Մինչդեռ Սեւրը եւ Իրաւարար վճիռը օրակարգի լուսանցք կը նետեն Ատրպէյճանն ու իրեն առնչուած մնացած խնդիրները, անոնք իրենց հրատապութիւնը կը կորսնցնեն, 1918-ի թրքական արշաւանքը Պաքուի նաւթահորեր ու հետեւած արդիւնքները՝ սկսելով Ատրպէյճան պետութեան կազմաւորումէն, մոլախոտի նման արմատէն կը չորցնեն, պատմութեան ընթացքէն դուրս կը նետեն, կ᾿արժեզրկեն։
Այնպէս չէ, որ երազային բան մըն է պատմութեան հունը ազգային՝ հայրենական մեր շահերուն ի նպաստ շրջելու գաղափարը․ կա՛յ անժամանցելի իրաւունքը՝ պարտամուրհակը, կա՛յ ազատ, անկախ ստորադիր Հայաստան պետութիւնը, կա՛յ ապրող եւ կենսագործող հայ ժողովուրդ, որուն մէկ փոքր հատուածը կը նպաստէ Երկրին։
Երազայինը կամ դժուարը այս գործին մէջ Երկիր-Արտերկիր ներքին ամրացումն է եւ արդիւնաբերող ազգ-մեքենան բանեցնելը։ Գոյութիւն ունեցող ազգային դրուածքը՝ Հայաստան պետութիւն առանցքով, անցած երեսուն տարուան մէջ թուլցուց Արտերկիրը, անոր ինքնագործ ուժականութիւնը, անկախութիւնը կախման մէջ դրաւ զինք պետութենէն, որ բնականաբար իր օրակարգը պիտի ունենար, ընձեռած առաւելութիւններուն կողքին պիտի ունենար բացասական ազդեցութիւն։
Այս դրութիւնը չարդարացուց ինքնիրեն․ պետութիւնը ինքնակազմակերպման եւ արդիւնաւորման լուրջ հարցեր ունեցաւ, որոնք չեն աւարտած մինչեւ օրս։ Թէեւ Եռամիասնութեան մասին խօսուեցաւ՝ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք, անոնք չըլլալով համարժէք միաւորներ, իւրաքանչիւրին ունեցած առաւելութիւնները նուազագոյն չափով օգտագործուեցան, իսկ ահա՝ բացառող-խանգարողները գերիշխող դարձան, մինչեւ երկփեղկումներ։ Ազգային օրակարգի պահանջը, արդիւնաւէտութեան շահը պիտի բացառէ կցորդ, հետեւորդ ըլլալը, վերջին խօսքը մէկուն կամ միւսին վերապահելու, հետեւաբար մասնակցութիւնը ձեւական դարձնող այս դրութիւնը հաշուարկներուն մէջ պիտի շրջել։ Խօսքը մասնաւորեցնելով Արտերկրին մասին, դերակատարութիւնը պիտի վերաբանաձեւել, ըստ այնմ՝ գործով եւ արդիւնքով ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԾԱՆՐՈՒԹԻՒՆ, ԿՇԻՌ գոյացնել։
Ինչ խօսք, որ Արտերկրի ներկայ տագնապները, արտակարգ իրավիճակներ դիմագրաւելու պատրաստուած չըլլալը, ճակատագրի եւ ճակատագրական որոշումներու մէջ թոյլ կողմ ըլլալը եթէ կազմակերպական է, առաւելաբար գաղափարական ալ է։ Սկսելու համար՝ գաղափարականօրէն ամէն ինչ կապած մնացինք եւ յուսացինք ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ։ Պետականամէտ կամ Հայաստանակեդրոն ըլլալը կը բովանդակազրկուի, եթէ ան նկատի չառնէ Արտերկիր, Սփիւռք իրականութիւնը։ Մենք կ᾿անտեսենք փաստը, նախաձեռնողականութեան ներուժն ուղղելով պետութեան եւ իր խնդիրներուն լուծման։ Իսկ այս վարքը որքանո՞վ կ᾿արդարացնէ ինքնիրեն, առնուազն Արտերկիր իրողութեան կենսունակութեան պահպանման եւ զարգացման առումով, փաստերը աւելի խօսուն են։ Մեծ հաշուով՝ քաղաքական լուսանցքէն դուրս կու գանք օրէ օր։
Միայն մենք չէ որ կը տեսնենք, որ ազգային ու պետական կեանքին մէջ անհաւասարակշռութենէն անդին, ազգային մեր կարողականութիւնը, մեր տեսակարար կշիռք սահմանափակած ենք Հայ դատի ոլորտի աշխատանքներով եւ ելեւմտական հնարաւորութիւններով։ Մնացածը դուրս կը մնայ այս հաւասարութենէն, ամէն ոք սեփական գիտակցութեան եւ խանդավառութեան հայեցողութեան ձգուած։ Այս իրողութիւնը շրջելն է իսկակա՛ն ԵՐԱԶԸ։ Մնացածը՝ ԱՅՍ ՄԵԾԱԳՈՅՆ ՍՐԲԱԳՐՈՒԹԵԱՆ հետեւանքը պիտի ըլլայ։
Դպրոցը, ազգային կրթութիւնը, մշակոյթը՝ իր բոլոր դրսեւորումներով, քրիստոնէական դաւանանքը, պիտի վերարժեւորենք մեր կարիքներուն եւ նպատակներուն համապատասխան։ Իսկ ներկային համեմատ յեղափոխական պիտի ըլլան անոնք․ շրջե՛լ ներկայ իրողութիւնները, նոր վիճակ ստեղծել, կենսունակութիւն ներարկել աշխարհացրիւ համրանքին եւ ողնայարով օժտել զայն, փրկե՛լ այնքան թանկագին համրանքը եւ դիմագի՛ծ տալ, ծանրակշիռ ազդա՛կ դառնալ ներազգային թէ միջազգային ասպարէզներուն վրայ։
Այս բոլորը խօսք է եւ խօսք կը մնայ, եթէ Արտերկրի համար չմշակուի ի՛ր պայմաններուն, ի՛ր կարիքներուն, ի՛ր ձգտումներուն սպասարկող աշխարհահայեցողութիւն, գաղափարական հիմնաւորում եւ կազմակերպութիւն։
Արտերկիրը պէտք է իր կեանքի առանցքը անկախաբար ձեւաւորէ։ Իսկ այդ առանցքը անիմանալի է, ազգային իմաստով անիմաստ, եթէ չի նպատակադրեր, չի ներառներ վերադարձը Երկիր։ Վերադարձ՝ ո՛չ իբրեւ փախստական, ապաստան որոնող, այլ յաղթական վերադարձ, տիրո՛ջ վերադարձ, որ կոտորուած էր, անիրաւ կերպով վտարուած էր իր հայրենիքէն։ Հայրենիքը վերանուաճած ազգի՛ վերադարձ։
Սեւրը, Ուիլսընեան իրաւարար վճիռը եթէ քաղաքական օրակարգ չեն պաշտօնական Երեւանի համար, ըսել չէ, որ Արտերկրի համար ալ պիտի չըլլան։ Ընդհակառակը։ Հայոց պետականութեան մեծագոյն նպաստը քաղաքական այդ դրամագլուխը համաշխարհային գանձատան պահեստներէն դուրս բերելը եւ իր բնոյթին համապատասխան օգտագործելն է թէ՛ ներքին կեանքը աշխուժացնելու, համրանքի համախմբելու եւ կազմակերպելու առանցք դարձնելու, թէ արտաքին քաղաքական առաւելութիւններ ձեռք բերելու համար։ Թիրախը՝ կարճ ժամանակի մէջ գաղափարապէս եւ կազմակերպականօրէն անճանաչելի ըլլալու աստիճան ՀԱՅԱՆԱԼՆ Է, անհարազատութենէն մաքրուիլը, 70-ական թուականներու յեղափոխականացման եւ քաղաքականացման կարգախօսներուն նոր շունչ հաղորդելը, տնտեսական հզօրանքը հունաւորելը, կեանքի կոչելը, մեզ հիւրընկալած հայրենիքներուն մէջ արհեստական՝ թոյլ հայապահպանումը փոխարինել կենսունակ եւ հաստատ գաղափարականով առաջնորդուող կենսակերպով։ Մէկ խօսքով սպասողականութիւնը, հարազատէն թէ օտարէն չիրականացող ակնկալութիւններու ամլութենէն ազատիլը։
Հայրենասիրութիւնը փոխարինենք հայրենատիրութեա՛մբ, կրաւորականութենէն անցնինք շարժման։ Անկախութեան ուղին նախաձեռնողականութեամբ նուաճելը զօրութեան աղբիւր է, թէկուզ դժուար, բայց անսայթաք։ Գաւառականութեան եւ հայդատականութեան մահերգները կարդացող լտպ-ներն ալ իրենց բախտին լքենք։
Եթէ պիտի յաղթահարենք Ցեղասպանութիւնը, պիտի ջնջենք կայացուած մահավճիռը, թերի եւ անբաւարար է այսօրուան մեր ըրածը։ Մեր կամքէն, մեր միտքէն, աշխատանքէն պիտի յուսալ ամէն ինչ, մնացածը ժամավաճառութեան եւ ինքնախաբէութեան բաժինն է, որմէ պէտք է միանգամընդմիշտ ձերբազատինք եւ սեփական ճակատագիրը ձեռք առնենք։
19-րդ դարու Զարթօնքը փորձառութեան մը արդիւնք էր։ Արտերկրի փորձառութեամբ զինուած պիտի ինքնակազմակերպուինք այսօր, ներշնչուելով մեր անցեալէն եւ օգտուելով անոր փորձառութիւններէն ու նուաճումներէն։
Նորը գործի մօտեցումը պիտի ըլլայ։ Ժամանակը Հայոց օգտին պտտելու բանաձեւը պիտի ըլլայ։
«Յուսաբեր»-ի Խմբագրական