Յիշելով Եւ Պահանջելով…Սրբազան Օրը
Օր, ամիս, թուական… 28 Մայիսը իւրայատուկ է եւ այդ նկարագրականէն աւելի դուրս եկող, գրեթէ երեք տարուայ տեւողութիւն ունեցող հասկացողութիւն մըն է:
Դարեր շարունակ անկախութէնէ զրկուած Հայաստանի Հանրապետութեան մը մասին է, որ կը խօսինք 28 Մայիսը նշելով եւ ժամանական դրութեամբ 24 ժամերու մասին չէ, որ կ՛անդրադառնանք:
28 Մայիսը իմաստն է սքանչելիքի, քաջագործութեան եւ հրաշքի: Ապրիլեան ցեղասպանութիւնը կը շարունակուէր: Հայաստանի արեւմտեան շերտը փուլ եկած էր ստեղծելով անցեալի հայոց պատմութիւն մը, որ ցայսօր կը բնորոշուի Արեւմտահայաստան անուանումով: Մուշը, Վանն ու Արտահանը ինկած էին, սակայն այսքանով բաւարարուած չէր Թուրքիան, որուն համար այլ «մետաքսեայ ճամբայ» մը՝ համաթուրանական քարտէսը սկսած էր բնորոշուիլ տարածաշրջանէն ներս: Մնացած էր Հայաստանի արեւելեան շրջանի համեմատաբար փոքր հողաշերտը, որուն համար ան կը կարծէր թէ 1918-ի այդ օրերուն ճիշդ թայմինկն էր վերջնական յարձակողականը կատարելու եւ համաթուրանական ճեպուղին բանալու Եւրոպայէն մինչեւ ծայրագոյն արեւելք:
Կովկասեան բարձրավանդակի տարածաշրջանէն ներս, այնպիսի կացութիւն մը ստեղծուած էր, հայորդիին համար գոյատեւելու, «լինելու կամ չլինելու» ժամանակը եկած էր:
Զա՞նգ…չէ այլ ահազա՛նգ: Կենաց ու մահուան ղօղանջ: Հայորդին ոչ թէ՛ պիտի մղէր Ղարաքիլիսէի, Բաշ Ապարանի եւ Սարդարապատի հերոսամարտերը, այլ պիտի պայքարէր յաչս հայոց եւ անոր պատմութեան գոյատեւման:
Դիւրին է պատմական դէպքերն ու դէմքերը խեղաթիւրել: Սակայն, ի վերջոյ միայն գրիչներն ու խօսքերը չեն, որ կը նկարագրեն պատմութիւնը, այլ իրադարձութիւնները, պատմութեան անցած դէպքերը, որոնք կարելի է ամէնայն նենգութեամբ անհիմն, անհեթեթեթ, սին եւ սնոտի մեկնաբանութիւններու եւ վերլուծումներու տանիլ:
Արի եւ մարտունակ հայորդիին կերտած եւ իրագործած հրաշքը շարունակուեցաւ:
Հայաստանը յայտարարուեցաւ անկախ Հայոց Ազգային խորհուրդին կողմէ, Մայիս 28, 1918-ին: Եւ դեռ հազիւ շաբաթ մը անց, այդ համաթուրանական երազներով տոգորուած եւ կլանուած, Հայաստանն ու հայորդին աշխարհի քարտէսէն եւ պատմութէնէն բնաջնջել համարձակող Էնվերներու եւ Թալաաթներու Թուրքիան Հայաստանի հանրապետութիւնը ճանչցող առաջին երկիրներէն մէկը եղաւ, ստորագրելով Պաթումի հաշտութեան դաշինքը: Այդ ոլորտէն ներս է, որ Հայասըտանի հանրապետութիւնը կրցաւ ինքզինք պարտադրել, միջազգային դիւանագիտութեան, դաշնակիցներու կողքին բուռն պայքար մղելով, շարունակ արտայայտուելով եւ ստորագրելով Սեւրի պատմական դաշնագիրը, որուն ընդմէջէն Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի ընդգծած սահմաններով, յաւելեալ շունչ պիտի քաշէր Հայաստանը, վերստին տիրանալով Արեւմտահայաստանին, նաեւ Սեւ Ծովուն վրան ալ տարածաշրջան ունենալով:
Այս տարի, այդ դաշնագրին հարիւրամեակն է, հայոց արդար պահանջատիրութեան, հայ դատի լուծման վերջնական հանգրուանն է, որ կը նշուի…:
28 Մայիսը նաեւ կը խորհրդանշուի երկուքուկէս տարիներուն ընթացքին, անկախ Հայաստանի հողամասին աստիճանական հայացումով, անշուշտ նաեւ Կարսի շրջանի վերագրումով:
Համայնավարական խլրտումներ, թուրք-թաթարական յարձակումներ, բուռն ճակատամարտներ եւ իշխանութեան յանձնում Խարհրդային Միութեան:
Հոս չէ աւարտը՝ 28Մայիսին: Այլ հայապահպանում, հայ դատ, Արցախի ազատագրում, վերանկախացում եւ դեռ…:
«ՀԱՅՐԵՆԻՔ»ի Խմբագրական