Երբ թաւշեայ․․․ բռնիշխանութիւն կը կիրարկուի
Գլխավոր » Լրահոս » Երբ թաւշեայ․․․ բռնիշխանութիւն կը կիրարկուի

Երբ թաւշեայ․․․ բռնիշխանութիւն կը կիրարկուի

«Կեանքիս երկար տարիներ անցուցած եմ ընդդիմութեան մէջ, եւ կը նախընտրեմ այդ դերը»:

Էլընըր ՌուզվԷլթ (1884-1962, Ա․Մ․Ն․-ի նախագահ Ֆրանքլինի կողակիցը)

Ընդդիմութիւնը երկրի մը յառաջդիմութեան բազկերակն է։ Հաւանաբար այս կարճ ու կտրուկ հաստատումը անակնկալի բերէ ընթերցողը, սակայն խորքին մէջ քաղաքական կեանքի զարգացումներուն մօտէն հետեւողին համար, յստակ է, թէ ինչպիսի պայմաններու տակ կը ներկայացնենք «ընդդիմութիւն» հասկացողութիւնը։

Որեւէ քաղաքակիրթ միջավայրի, շրջանակի, կուսակցութեան կամ երկրի մէջ, շնորհիւ իմաստուն եւ հաւասարակշռուած ընդդիմութեան է որ կարելի կ՛ըլլայ վերատեսութեան ենթարկել եւ սրբագրել ղեկավարութեան մը իշխանութեան սխալներն ու թերացումները:

Ընդդիմութիւնը երբեք իշխանութեան թշնամին չէ, այլ անոր սխալներուն դէմ կանգնող հոսանքը, որուն ընդմիշտ կարիքը կայ։ Աւստրիացի հոգեբան Զիկմունտ Ֆրէօյտ առարկայական եւ հոգեբանական խոր վերլուծումներով բացատրած է ընդդիմութիւնն ու ընդդիմադիրները, մատնանշելով, թէ ընդդիմադիր ճակատները իբրեւ ծայրայեղական ներկայացնելը դուռ կը բանայ չարաշահութեան եւ աւելին՝ թշնամութեան եւ գարշանքի վերածուելու աստիճանի ատելութեան։

Ֆրէօյտի դրացի հանճար մը՝ գերմանացի Վոլֆկանկ Ֆոն Կէօթէ, նմանօրինակ հաստատում մը կատարած է, շեշտելով, թէ ընդդիմութեան մը գոյութիւնը արդիւնաբեր է։ Մեր կարգին, շեշտենք ընդդիմադիրներուն ՇԻՆԻՉ դերակատարութիւնը:

Սակայն բուն հարցը՝ իշխանութիւն-ընդդիմութիւն յարաբերութեան գործընթացն է։ Կարելի է ստեղծել այնպիսի մթնոլորտ մը, ուր կատարուի առողջ վիճաբանութիւն եւ նոյնիսկ գործակցութիւն։ Ժամանակակից աշխարհին մէջ ասիկա չնաշխարհիկ պտուղ չէ:

Նման գործընթացին մէջ, ղեկին վրայ գտնուողն է, որ ըլլալով երկրին տէրն ու տիրականը ՝ կրնայ ամէն քայլափոխի քննադատուիլ, նոյնիսկ ամենադոյզն, երկրորդական սեպուող հարցի մը պատճառով։ Հետեւաբար, տրամաբանական է, որ ղեկին վրայ գտնուողը աւելի զգոյշ քաղաքականութիւն կիրարկէ, բաղդատած ընդդիմութեան, որովհետեւ, ի վերջոյ, իշխանութեան արարքներն են որ կը տնօրինեն երկրին ընթացքը, ճակատագիրը՝ տուեալ ժամանակամիջոցին։ Կրկնենք ընդդիմադիրներուն շինիչ դերին կարեւորութիւնը:

Անդրադառնանք «երազային» պարագայի մը։ Արաբական աշխարհի պատմութեան անցած ամենէն արտառոց ղեկավարներէն՝ Լիպիոյ նախագահ Մուամմար Քազաֆի, իր յաճախակի եւ կրկնութիւններով ծանօթ զրոյցներուն մէջ ըսած է, թէ իր շրջապատի երկիրներուն մէջ, սպանութիւններ եւ ռմբահարումներ գործող ընդդիմութիւնը բոլորովին կը տարբերի յառաջացած երկիրներու մէջ գործող ընդդիմութենէն։ Արդեօք Հայաստանի մէջ մօտեցա՞ծ ենք նմանօրինակ քաոսային կացութեան, այդ ալ՝ իշխանաւորներուն նախաձեռնութեամբ։

Աւելի քան քառասուն օրէ ի վեր, գրեթէ ամենօրեայ դրութեամբ բողոքի խաղաղ հաւաքներ եւ ցոյցեր կը կատարուին, յատկապէս Երեւանի մէջ։ Հակառակ գործի լծուած ապահովութեան ուժերու խոստումին (անոնց թիւն ու յարձակելու ախորժակը հաւանաբար կրկնապատիկն է հայոց սահմանապահ բանակի գումարտակներուն), խոշտանգումներն ու հալածանքները կը շարունակուին եւ կը սաստկանան ընդդէմ խաղաղ ցուցարարներուն, որոնք հետզհետէ սկսած են համոզուիլ, որ «Թաւշեայ յեղափոխութենէն» ծնունդ առած իշխանութիւնը վերածուած է թաւշեայ բռնիշխանութեան, պարզ խօսքով՝ թաւիշը փոխարինուած է վարչապետին ճօճած մուրճով:

Ահազանգայինը այն է, թէ ոստիկաններուն հետ կը գործակցին մեծ թիւով կասկածելիներ, որոնք զինուորական համազգեստ ալ չեն կրեր եւ խաղաղ ցուցարարներուն շարքերէն ներս թափանցելով, կը դիմեն խոշտանգումներու եւ խռովութիւններու յարուցման։ Կ’ըսուի, թէ անոնք իշխանութեան կողքին կանգնող, անոնց հետ գործակցող եւ շահակից՝ կարգ մը օլիկարքներու թիկնապահներն են…:

Այլապէս, ինչպէ՞ս բացատրել, որ ցոյցերը, Արցախը Ատրպէյճանի կազմին մէջ տեսնել մերժողները գրեթէ 40 օր կը շարժէին ընդհանրապէս խաղաղօրէն, բացի մէկ քանի գրգռիչ արարքներու հակադարձութենէ, մինչդեռ ոստիկանութիւնն էր «ոչ-համաչափ ուժ գործածողը»…:

Կայ ողբերգութեան մէկ այլ երեսը. ՔՊ-ական իշխանութիւնը Փետրուարի վերջերուն մարդկային իրաւունքներու պաշտպանի պաշտօնէն հեռացուց իր անաչառութեամբ եւ իշխանաւորներու սխալները համարձակօրէն քննադատող, բացայայտող Արման Թաթոյեանը, եւ պաշտօնի կոչեց վարչապետ Փաշինեանի մէկ նոր ուսապարկը դառնալու պատրաստակամ «փափկասուն տիկին» մը՝ Քրիստինէ Գրիգորեանը, որ ահաւասիկ բացայայտ կողմնակալութեամբ իրաւունք կու տայ խաղաղ ցուցարարը բռնարարքներու ենթարկող ոստիկանին: Ալ ի՜նչ խօսք առողջապահութեան ասպարէզէն անտեղեակ… առողջապահութեան նախարարուհիին եւ ՔՊ-ական այլ պատգամաւորներու մասին, որոնք վարչապետին ճպոտին շարժումներուն անսալով՝ կը պաշտպանեն ոստիկաններուն խժդժութիւնները, երբ ժողովուրդն ու ամբողջ աշխարհը իրականութիւնները կը տեսնէ իրենց պարզագոյն տեսքով ու անիմաստ կերպով ոստիկանը կը տեսնէ թշնամիի դերով: Եւ այս անտարբերութեան ոեւ կողմնակալութեան դիմաց, Դիմադրութիւն կը ստիպուի բողոքի նամակ յղել Եւրոխորհուրդի մարդկային իրաւունքներու յանձնակատարին…

Զարմանալի՞ է, որ հիմա աւելի յաճախ կը յիշուի 1 Մարտ 2008 թուականը, երբ նմանօրինակ քաղաքացիական խռովութիւններու հետեւանքով արիւն հոսեցաւ Երեւանի կեդրոնական հրապարակին, յատկապէս Ալեքսանդր Միասնիկեանի արձանին մօտակայքը: Քանի մը օրէ ի վեր, Ֆրանսայի հրապարակին վրայ, կառավարական շէնքերու մօտ, ու քիչ մը ամէն կողմ նմանօրինակ պայթուցիկ կացութիւն ստեղծուած է։

Բայց նաեւ… ինչո՞ւ զարմանալ, երբ իշխանութեան հասնելէն կարճ ատեն ետք, «Մարտի մէկի բոլոր ծալքերը բացայայտուած են» գոռացող Փաշինեանը մինչեւ այսօր ալ ո՛չ մէկ բացայայտում կատարած է, ինչպէս որ ոչինչ բացայայտուած է 44-օրեայ պատերազմի ծալքերէն…: Պատերազմին արձանագրուած պարտութեան ու կորուստներուն «պատասխանատուն (այսինքն՝ յանցաւորը) ես եմ» յայտարարողը՝ վաղը կրնայ նաեւ խոստովանիլ, թէ իր մատն ալ խառն էր 1 Մարտի դէպքերուն, եւ իր համակիրները շարունակեն հպարտանալ, թէ անոր «մանտաթ» տուած են, պատրաստ են շարունակել մտային կուրութիւնը՝ անոր եւ գործակիցներուն պատճառած բոլոր պատուհասներուն, խուլ եւ կոյր ձեւանալ Արցախի եւ Հայաստանէն մասնիկներու կորուստին դիմաց:

Մայիս 2018-ին «թաւշեայ յեղափոխութիւն», իսկ այժմ «թաւշեայ բռնիշխանութիւն»։

ՀԱՅՐԵՆԻՔ – Պոսթըն
Խմբագրական

hairenikweekly.com

1