Երբ կամքը կայ, միջոցը միշտ կը գտնուի

Օրեր առաջ, Պլումպըրկ գործակալութիւնը, աղբիւրներ վկայակոչելով, հաղորդեց, որ ամերիկեան ճնշման տակ՝ թրքական դրամատուներ Turkiye Halk Bankasi AS,TC Ziraat Bankasi AS եւTurkiye Vakiflar Bankasi TAO, որոշած են ռուսական «Միր» վճարային քարտերու համակարգէն հրաժարիլ, ինչ որ գնահատուեցաւ շրջադարձ՝ Ռուսիոյ դէմ արեւմտեան պատժամիջոցներու նկատմամբ թրքական երկերեսանի քաղաքականութեան մէջ։
Ասիկա կը կոչուի սանձելու քաղաքականութիւն։ Եթէ Թուրքիա եւ իր դրամատուները չսանձուին, կրնան հետեւիլ աւելի ազդու միջոցառումներ։ Արդար է թէ անարդար՝ Թուրքիան սանձելու ամերիկեան միջոցառումը մեծապետական քաղաքական եւ տնտեսական պայքարի կանոններուն մաս կը կազմէ։
Ամերիկա այսպէսով Ռուսիոյ ճգնաժամէն Թուրքիոյ նպաստաւորման անցք մը կը փակէ, անշուշտ սահմանափակելով «Միր» քարտերով Թուրքիա դիմած ռուս քաղաքացիներու ազատութիւնը։ Մենք միտք չունինք այս պատմութեան մէջ խորանալու, թէեւ անիկա հետաքրքրական է։ Մեր նպատակն է ցոյց տալ, որ եթէ կայ նպատակ, մտադրութիւն, քաղաքական կամքը՝ կամեցողութիւնը, միջոց կը գտնուի ինչ որ արդիւնք ապահովելու համար, իսկ մարդային իրաւանց մասին ճառող Արեւմուտքը ցանկացած պահուն կրնայ խօսքէն գործի անցնիլ եւ արդիւնք ապահովել։
Այս կարելիութիւններուն մասին էր որ մենք կ’ակնարկէինք «Ինչպէ՞ս փրկել Հայաստանը» խորագրուած մեր յօդուածին մէջ, պահանջելով ապահովել ՌԱԶՄԱՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՀՈՎԱՆՈՑ՝ Հայաստանը զերծ պահելու թրքական ներգործուն աջակցութեամբ լկտիացած ատրպեճանական նախայարձակումներէն եւ ռազմական ոճիրներէն, ամերիկեան բացատրութեամբ՝ if there is a will, there is a way։
Ասիկա փորձաքար է՝ անշահ շատախօսութիւննե՞ր են, թէ՞ լուրջ քայլերու դիմելու պահանջ դնելու տրամադիր են մեզի բարեկամ ամերիկացի գոնկրէսականները։ Եթէ այո՛՝ բարի, պէտք է խօսքին հետեւի գործը, եթէ ոչ, կը նշանակէ, որ մեր քաղաքական լծակները՝ Հայ դատի գրասենեակներն ու յանձնախումբերը, հայկական նմանատիպ մարմինները հարկ է որ հզօրացնեն ճնշման միջոցները՝ պահանջուած արդիւնքը ապահովելու համար։
Ժամանակը սուղ է։ Արդարացիօրէն պիտի հարց տայ ուշիմ ընթերցողը. իսկ ՀՀ իշխանութիւննե՞րը, դեր չունի՞ն։ Իրականութեան մէջ կը կասկածինք, որ անոնք իրենց անփառունակ իշխանութիւնը պահելէ զատ այլ նպատակ ունին, հետեւաբար՝ իշխանութիւններու օրակարգը չի համընկնիր պետականութիւն պահելու եւ ազգի ակնկալիքները բաւարարելու մեր գիծին։
Կը նշանակէ, որ մենք զիրենք դրական գործօն չենք նկատեր այս երկար, եւ ճիգ, եռանդ, նուիրում ու անկոտրում հաստատակամութիւն պահանջող պայքարին մէջ, որուն կէտ նպատակը շա՜տ աւելին է, քան իրենց յայտարարած 29․800 քառ․ քլմ․ի սահմանափակումէն։
Մեր իտէալը անկախ, կենսունակ հայոց պետականութիւնն է, որ անհնար է ա՛յն սահմաններով, որոնք աւելի քան հարիւր տարի առաջպարտադրուեցան մեր ազգին։ Խորհրդային-թուրք համակամութեամբ գծուած այդ սահմանները, որոնք միջազգայնօրէն անվաւեր են եւ ցարդ ընդունելի նկատուած են յետխորհրդային ՀՀ-ի բոլոր եկող-գացող իշխանաւորներուն համար, լոկ կցորդ պետութիւն մը կը բաւարարեն, բայց ո՛չ երբեք անկախ Հայաստանը, արժանի՝ իր պարզած Եռագոյն դրօշին ու անոր տակ մարտնչող հայ քաջարի, անձնազոհ զինուորին։
Զինուորն ու իր բարձրագոյն սպայական կազմը, քաղաքական իշխանութիւնն ու անոր ուղեգիծը ցարդ չեն համապատասխանած իրարու։ Վերջին պատերազմին պարտութեան ներքին եւ ցարդ չպատմուած ծալքերը պէտք է բացայայտուին, որպէսզի ըմբռնուի նախորդ հաստատումի խորութիւնը։
Չենք կրնար խարխափելով շարունակել, իսկ բացայայտումները իրականութիւն դարձնելու համար, պէտք է ժամանակ, զոր պարտաւոր ենք ապահովել միասին, այս հանգրուանին, փուլին, ինչպէ՛ս կամենաք։
ԶԱՒԷՆ ԼԻՅԼՈԶԵԱՆ
arfd.am