Յայտարարութիւն ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի
ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէն կը դատապարտէ Արցախի ղեկավարներուն դէմ սուտ մեղադրանքներով ընթացող Պաքուի դատավարութիւնները։ Բռնի դատավարութեան ընթացքը յստակ է։ Ապօրինի կերպով ու անմարդկային պայմաններով բանտարկուած Արցախի ղեկավարներուն դէմ՝ շինծու մեղադրանք է որ կը կատարուի։ Առ այդ, կը դատապարտենք Արցախի պետականութեան ղեկավարները պատանդ բռնած ատրպէյճանական իշխանութիւններու այս ընթացքը։
Մենք կը մնանք զօրակից Արցախին, Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին եւ կոչ կ՚ուղղենք միջազգային հանրութեան, որ հաշուետուութեան կանչեն Ատրպէյճանի իշխանութիւնները՝ մարդկային իրաւունքներու ոտնահարումներուն համար եւ երաշխաւոր հանդիսանան Պաքուի մէջ պատանդ բռնուած հայ քաղաքական բանտարկեալներուն ազատ արձակման։
ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէ
Յունուար 20, 2025