Յայտարարութիւն

Հինգ ամիսներ արդէն անցեր են 44 օրեայ Արցախեան վերջին պատերազմէն եւ 9ը նոյեմբերի տխրահռչակ յանձնւողական փաստաթուղթի ստորագրութենէն, որ կատարուեցաւ գաղտագողի: ՀՀ վարչապետը իր թեթեւ ստորագրութիւնը դրաւ այդ փաստաթուղթին տակ, չխորհրդակցելով որեւէ պետական կամ ազգային հաստատութեան հետ (ՀՀ նախագահ, Ազգային Ժողով, Սահմանադրական Դատարան, կուսակցութիւններ եւ այլն) եւ այդ ստորագրութեամբ ան ոչ միայն ոչինչ գնով Արցախը յանձնեց, այլեւ վարանումի մատնեց ամբողջ մեր ազգը, անոր մէջ սպաննելով հաւատքը, յոյսը եւ մարտունակ նկարագիրը: Վարչապետը Արցախը հայրենիքի պաշտպանութեան յաղթական վահանէն վերածեց ժողովուրդը պարտութեան մատնելու եւ անձնատուր դարձնելու միջոցի: Ան նոյնիսկ խուսաբելով պատասխանատուութենէ, փորձեց պարտութիւնը վերագրել բանակին, ընդիմադիր ուժին եւ ժողովուրդին:
Հայ զինուորը, որ երբեք չպարտուեցաւ պատերազմի դաշտին վրայ, զոհ դարձաւ անփորձ ղեկավարութեան եւ կասկածելի գործընթացներու, որոնց ակունքներուն կանգնած է հենց ինքը ՀՀ վարչապետը: Այս իշխանութիւններուն մնալու ամէն մէկ օրը պատուհաս է հայրենիքին եւ ազգին գոյութեան համար: Ուստի հոգեվարքի մէջ գտնուող այս իշխանութիւններուն կողմէ գործադրւող բռնութիւնը, սպառնալիքները, մարդու իրաւունքներու եւ ժողովրդավարութեան կոպիտ խախտումը, չեն կրնար լռեցնել յանուն հայրենիքի եւ ազգի փրկութեան ոտքի կեցած եւ պայքարի դրօշը բարձրացուցած ազգային ուժերը:
Մենք որպէս սփիւռքի մէջ ապրող, սակայն հայրենիքով շնչող եւ անոր գոյատեւման համար միշտ զոհաբերութեան պատրաստ հայութեան հատուած, կուգանք մեր անվերապահ զօրակցութիւնը յայտնելու «Հայրենիքի Փրկութեան Շարժման», ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնին եւ բոլոր ազգային ուժերուն, որոնք հայրենիքին շահերը ամէն ինչէ վեր կը դասեն:
Պրն. Փաշինեան`
դուք եւ ձեր կառավարութիւնը, որուն սատարող մնացած են միայն մեր երկրի թշնամիները՝ Թուրքեան եւ Ատրպէյճանը, օր առաջ պէտք է հեռանաք, որպէսզի տանուլ չտանք նաեւ մեր բիւր նահատակներու արեամբ փրկուած Հայաստանի ափ մը հողը:
Քուէյթի Հայ Դատի հանձնախումբ
ՀՄԸՄ-ի Քուէյթի մեկուսի մասնաճիւղ
Համազգայինի Քուէյթի մեկուսի կազմ
ՀՕՄ-ի Քուէյթի մեկուսի մասնաճիւղ
Քուէյթ 02 Մարտ 2021