Խաղաղութեան ժամանակաշրջանը աւարտած Է
Գլխավոր » Լրահոս » Խաղաղութեան ժամանակաշրջանը աւարտած Է

Խաղաղութեան ժամանակաշրջանը աւարտած Է

2 դեկտեմբեր 2022-ին Հայաստանի Ազգային ժողովը գումարեց արտահերթ նիստ մը: Արտահերթ նիստը հրաւիրուած էր Ազգային ժողովի ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութեան կողմէ, քննելու ու հաստատելու համար խմբակցութեան կողմէ առաջարկուող յայտարարութիւն մը, որ կը պատասխանէր Ազրպէյճանի խորհրդարանի վերջերս տարածած յայտարարութեան, որ արցախեան տագնապին ու Հայաստանի հետ դիմառնութեան վերաբերեալ կը պարունակէր խեղաթիւրումներ եւ սխալ վերագրումներ:

«Հայաստան» խմբակցութիւնը տրամադիր էր յայտարարութիւնը ի հարկին փոփոխութեան ենթարկելու, եթէ ըլլային առաջարկներ իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան կողմէ, որպէսզի յայտարարութիւնը միաձայնութեամբ որդեգրուի Ազգային ժողովին կողմէ:

Յայտարարութեան նախագիծը յանձնուեցաւ «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան, որ քննելէ ետք զայն, վերադարձուց սրբագրութիւններով: Որո՞նք էին կատարուած սրբագրութիւնները: Արցախի Հանրապետութիւն եզրը փոխարինուած էր Ղարաբաղի հայութեամբ, Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը` Ղարաբաղի ժողովուրդի իրաւունքներով, իսկ Արցախի անվտանգութեան Հայաստանի Հանրապետութեան յանձնառութիւնը` ջնջուած: «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութիւնը կը գտնէր, որ, թէեւ յայտարարութեան բազմաթիւ կէտեր ընդունելի էին, սակայն իրենց կողմէ սրբագրուած կէտերը կը պարունակէին «ռիսկեր», որոնք կրնային խանգարել բանակցութիւններու ընթացքը: Կը հետեւի, որ Հայաստան կը մասնակցի բանակցութիւններուն առանց իր կողմէ յստակ պահանջի: Յայտարարութիւնը ի վերջոյ չընդունուեցաւ:

Նախորդ նման յայտարարութեան մը առիթով, «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ը չէր մասնակցած ընդդիմութեան հրաւիրած արտակարգ նիստին, խափանելով նիստին կայացումը` մեծամասնութեան չգոյութեան պատճառով: Այս անգամ իշխող ուժի պատգամաւորները մասնակցեցան նիստին, քննարկեցին յայտարարութիւնը, վիճեցան, այսինքն` երկխօսութիւնը թէեւ ձախողած, կայացաւ: Անոնք չյանդգնեցան դէմ քուէարկել յայտարարութեան, այլ խափանեցին անոր ընդունումը` չմասնակցելով քուէարկութեան: Սա թերեւս յառաջդիմութիւն կարելի է համարել, համեստ ու մասնակի յաղթանակ մը ընդդիմութեան համար:

Ազրպէյճանի հետ բանակցութիւնները, որոնք մինչեւ տարեվերջ պիտի յանգէին համաձայնագիրի ստորագրութեան, արգելակներ կը դիմագրաւեն: Ազրպէյճան կը բազմացնէ ռազմաշունչ ու առաւելապաշտական յայտարարութիւնները, կը սպառնայ ու ընդհատ կրակելով, սպառնալիքին իրական ըլլալը կը հաստատէ: Ալիեւ քաղաքական պատշաճութեան սահմաններն իսկ չի յարգեր` Հայաստանի մասին արտայայտուելով արհամարհական եզրերով: Ծայրայեղական նման կեցուածքի մը յանդիման, Հայաստան տակաւին կը շարունակէ իր խաղաղասիրական ընթացքը, կուլ տալով յաջորդական վիրաւորանքները:

Տարօրինակ է, որ Հայաստանի ու հայութեան իրաւունքներուն մասին կը յիշեցնեն օտարները: Ֆրանսայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Ռուսիայէն կը հնչեն ձայներ, որոնք Հայաստանի ու Արցախի իրաւունքներուն մասին արդարութիւն կը յանձնարարեն: Երբ Ֆրանսայի Ազգային ժողովը արդարացի լուծման համար հայանպաստ բանաձեւ կը քուէարկէ, հակասական, չըսելու համար անհասկնալի չէ՞ Հայաստանի Ազգային ժողովի վախը` գէթ իրերը իրենց անունով կոչելու:

Հայաստանի իշխանութիւնները մինչեւ ե՞րբ պիտի շարունակեն չընդունիլ, որ «խաղաղութեան ժամանակաշրջանի» քաղաքականութիւնը ձախողած է: Կառավարութիւնը հակասելով թէ՛ նախընտրական յայտարարութիւններուն եւ թէ՛ կառավարական ծրագիրին, յառաջ տարաւ Հայաստանի ու Արցախի կենսական շահերուն հակասող քաղաքականութիւն մը, միամտաբար կարծելով, թէ իր յանձն առած ցաւագին զիջումները պիտի մղեն թշնամին չափաւորելու իր պահանջները: Ընդդիմութիւնը զգուշացուցած էր, որ նման կամաւոր զիջումները պիտի թարգմանուին իբրեւ տկարութեան եւ անզօրութեան նշան, պիտի շահագործուին թէ՛ Ազրպէյճանի, թէ՛ Ռուսիոյ եւ թէ՛ վերջինը բանակցային գործընթացէն դուրս մղելու նպատակով բանակցութիւններուն նպաստելու յայտ ներկայացուցած արեւմտեան տէրութիւնները:

Հայաստան այժմ կը գտնուի կոտրած տաշտակի առջեւ: Քաղաքական ընթացքի արմատական փոփոխութիւն մը անյետաձգելի անհրաժեշտութիւն է: Ընդդիմութեան պայքարը այդ անհրաժեշտ փոփոխութիւնը իրականացնելու համար է: Համոզուած, որ իշխանութիւնը պիտի չյանդգնի ընդունելու, որ իր վարած քաղաքականութիւնը կ՛առաջնորդէ անելի, ընդդիմութիւնը կը պահանջէր իշխանափոխութիւն իրականացնել: Հայրենասիրական հարազատ զգացումներով տոգորուած իշխանութիւն մը ի՛նք պէտք է նախաձեռնէր այդ փոփոխութեան: Սակայն շատոնց յայտնի դարձած է, որ իշխանութեան պահպանումը փաշինեանական խմբաւորման համար գերիվեր է Հայաստանի ու Արցախի գերիշխանութենէն:

Լաւ ժամանակներու յոյսը պէտք չէ մարի: Ուշ կամ կանուխ, կա՛մ իշխանութիւնները իրենց ընթացքը պիտի փոխեն, կա՛մ հեռանան ասպարէզէն: Փոփոխութեան հասնելու համար պայքարի բոլոր ձեւերն ալ արդարացի են: Եթէ ցոյցերով չյաջողեցաւ, խորհրդարանական պայքարով կրնայ յաջողիլ: Հիմնական նշանակէտը ժողովուրդի իրազեկումն է, անոր արթնացումը, գիտակցումը` հայրենի եզերքի պահպանման համար համախմբման:

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

aztagdaily.com

1