Ովքե՞ր պիտի բանան հայ պետականութեան նոր դարագլուխը
Գլխավոր » «Դրօշակի»-ի խմբագրական » Ովքե՞ր պիտի բանան հայ պետականութեան նոր դարագլուխը

Ովքե՞ր պիտի բանան հայ պետականութեան նոր դարագլուխը

Այսօր ազգովին կը գտնուինք խորապէս տագնապեցնող այս հարցականին առջեւ եւ չունինք բարոյական իրաւունքը` վարանելու, տնտնալու, պատրուակներ որոնելու, քաւութեան նոխազներ յօրինելու։ Ազգին եւ պետութեան առջեւ դրուած է ղեկավարութեան վճռորոշ խնդիրը եւ զգաստութեան կը հրաւիրէ մեզ համաշխարհային վարակի այս դժնդակ պայմաններուն մէջ։ Պարզ խօսքով` հազար փաունտ կշռող «կոռիլլան» իր գարշահոտ զանգուածով նստած է մեր շեմին եւ պարտաւորիչ կը դարձնէ մեր հաւաքական պատասխանը հետեւեալ երկու հարցումներուն` ինչպէ՞ս շարժել իր տեղէն այս գերբնական սպառնալիքը, եւ ո՞վ պիտի ըլլայ զայն իր տեղէն շարժողը։

Միւս բոլոր հարցերով կրնան զբաղուիլ մեր վերապրող սերունդները իրենց այլեւայլ հայեցակարգերով։ Այսօրուան մեր գործն է վճռական լուծում բերել այս անշրջանցելի պարտաւորութեան։ Յստակ է այսօր, որ ներկայ համավարակը կը խախտէ աշխարհակարգի բոլոր ներքին հաւասարակշռութիւնները` ստիպելով, որ համաշխարհային միտքը ձեռնարկէ քաղաքակրթական համակարգի արմատական վերաքննութեան։ Միաժամանակ երբեք յստակ չէ, թէ ով կամ ովքեր պիտի առաջնորդեն համաշխարհային այս նախաձեռնութիւնը յառաջիկայ ամիսներուն եւ տարիներուն։ Համավարակը շղթայազերծած է իսկական յեղափոխութիւն մը՝ առանց յեղափոխականներու… Մեծ, տարերային, անհակակշռելի թուող մակընթացութիւն մը, որ առայժմ կը գործէ «անպատիժ» եւ կը պատուհասէ բոլորը անխտիր… Յանկարծ կ’արթննանք (որպէս մարդկութիւն) եւ կը տեսնենք, որ մեզի ծանօթ յարացոյցը (paradigm, այսինքն՝ ցարդ «մեր սորված քերականութիւնը») փոշիացած է մէկընդմիշտ, եւ մենք դրուած ենք ապրելիութեան նոր յարացոյցի մը (նոր կենսակարգի մը) ձեւաւորման հրամայականին առջեւ։

Այս կացութեան մէջ երբեմնի գերտէրութիւնները սրբուած կը թուին ըլլալ օրուան մայրուղիէն։ Անոնք այլեւս չեն խօսիր աշխարհին ղեկավարութիւն հայթայթելու իրենց պարտաւորութեան մասին։

Անոնք տրամադիր չեն մեծ յաձնառութիւններու գնով տիրութիւն ընելու աշխարհի կնճիռներուն։

Ասիկա այն ժամանակն է, երբ ամէն պետութիւն եւ ամէն ազգ մնացած է ինքն իր ճարին։ Արտաքին սպառնալիքը, որուն դէմ ամէն պետութիւն կը փորձէր պաշտպանուիլ, արդէն մտած է ներս, եւ գէթ պատմութեան այս հանգրուանին վրայ արտաքին եւ ներքին սպառնալիքները միախառնուած են եւ դարձած անզանազանելի։ Կը պարզուի, որ ազգային գերիշխանութեան կանոնը աւելի յստակօրէն կը գործէ, երբ աշխարհ ինկած է քաոսի մէջ…

Առակս կը ցուցանէ, որ ոչ միայն մեծ է մեր դիմագրաւած մարտահրաւէրը, այլ նաեւ լայն չափերով մինակ ենք մենք այս մարտահրաւէրին առջեւ։ Հետեւաբար մենք ենք եւ մեր քանքա՛րը։ Մենք ենք եւ մեր ստեղծագործական ներո՛յժը։ Մենք ենք եւ մեր վճռակամութի՛ւնը՝ «արութեան նոր գործը» (մեծ Պատմահօր բանաձեւով) կրկին կեանքի կոչելու։ Ինքն իր ճակատագրին համար պատասխանատւութիւն վերցնելու նոր հանգրուանն է, որուն առջեւ կը գտնուինք իբրեւ պետականութիւն եւ հետեւաբար պէտք է հարց տանք, թէ որոնք են այս պատասխանատուութեան ճշգրիտ եզրերը կեանքի իրական հողին վրայ։

Դժբախտաբար, քաղաքակրթական այս ճգնաժամը մենք ազգովին կը դիմագրաւենք մեր երկրի քաղաքական բեմի կոտորակուած պայմաններուն մէջ։ 2018ի իշխանափոխութիւնը յեղափոխութիւն կը խոստանար մեր ժողովուրդին՝ առանց յեղափոխութեան խարիսխ հանդիսացող անհրաժեշտ գաղափարախօսութեան եւ յստակ ռազմավարութեան։ Ժողովրդային շարժման տարերային ալիքը հսկայ մեծամասնութեամբ մը օժտեց մեր երկրի այս նոր իշխանութիւնը։ Մեծ եւ պատմական պատեհութիւն մըն էր` ասիկա իշխանափոխութիւնը իսկական յեղափոխութեան վերածելու եւ երկիրը տանելու նոր վերելքի եւ գերազանցութեան։ Մեծ պատեհութի՛ւն մը՝ կառուցելու հայ ազգային համաձայնութեան հզօր միջնաբերդը եւ հաւաքագրելու հայութեան կարողականութիւնները ամէն կողմէ։ Կասկած չկայ, որ այդ բոլորին սկզբնական դրսեւորումները մենք տեսա՛նք իշխանափոխութեան առաջին ամիսներուն եւ ողջունեցինք խանդավառութեամբ։ Փաստը այն է, որ, առանց դոյզն վերապահութեան, Դաշնակցութիւնը ինքզինք դրաւ իշխանութեան տրամադրութեան տակ եւ կարեւոր պատասխանատւութիւններ վերցուց իր ուսերուն։

Ցաւ ի սիրտ կը հաստտատենք սակայն, որ այս իշխանութեան գործի տարերոյթը (dynamics) երկիրը տարաւ բոլորովին այլ եւ յաճախ մեր երկրի Ովքե՞ր պիտի բանան հայ պետականութեան նոր դարագլուխը Կարօ Արմենեան 1 Դրօշակ Յուլիս 2020 գերագոյն շահերուն անյարիր ուղղութիւններով։ Ի՞նչ պատահեցաւ։ Վաղուան պատմաքննութիւնը շատ բան ունի ընելիք իրադարձութիւններու ծալքերը բացայայտելու տեսակէտէն։ Փաստը այն է, որ իշխանական մեծամասնութեան քաղաքական վարքագիծը արագօրէն այլասերեցաւ` հետզհետէ ծնունդ տալով ամբողջատիրական մտայնութեամբ յագեցած ներկայ վարչաձեւին, եւ իրական հողի վրայ անկիրարկելի դարձուց եռեակ իշխանութեանց տարանջատութեան գործընթացը։ Այլ խօսքով` խախտեցան հիմերը երկրի ժողովրդավարական կարգերուն։ Քաղաքական բանավէճը կանգ առաւ։ Խորհրդարանական ընդդիմութիւնը կորսնցուց իր քաղաքական արժէքը։ Արտախորհրդարանական ընդդիմութիւնը դուրս քշուեցաւ մտքերու փոխանակութեան ասպարէզէն եւ ենթարկուեցաւ քաղաքական շրջափակումի։ Եւ հսկայ մեծամասնութեամբ գործող իշխանութիւնը (փոխան ազգային համերաշխութեան) ծնունդ տուաւ պառակտուած քաղաքական դաշտի մը, որ բոլորովին անպատրաստ էր ազգային մեծ ճգնաժամը համապատասխան ներուժով դիմագրաւելու։

Ըսուի թերեւս, որ անպատրաստ էր ամբողջ աշխարհը վարակի մարտահրաւէրին դիմաց, եւ ՀՀ իշխանութիւնը կարելի չէ այպանել այդ բանին համար։ Ճիշդ է, կարելի չէ այպանել որեւէ պետութիւն «ջրհեղեղ»ի աղէտին համար, եւ այդ չէ, որ քննարկման տակ է այսօր։ Քննարկման տակ է ղեկավարութեան խնդիրը երկրի ճգնաժամերուն հակազդելու իր ստուգանիշներով։ Համավարակի առաջին օրերուն իսկ Դաշնակցութիւնը (իբրեւ արտախորհրդարանական ուժ) ձեռնարկեց կացութեան ամբողջական արժեւորման եւ ձեւաւորեց իր հակաճգնաժամային ծրագիրն ու զայն դրաւ իշխանութեան տրամադրութեան տակ։ Ան նաեւ կոչ ըրաւ իշխանութեան մէկդի դնելու քաղաքական տարակարծութիւնները եւ մէկտեղուելու համաճարակը յաղթահարելու ազգային առաջնահերթութեան շուրջ։ Խլացուցիչ էր լռութիւնը իշխանութեան ոլորտէն։ Ոչ մէկ լուրջ արձագանգ։ Ոչ մէկ փորձ՝ քաղաքական այլակարծութեան տեղ տալու։ Զայն լսելու։ Թեկուզ առարկայական հակաճառութեան սիրոյն երկխօսութեան տեղ բանալու։

Կ’արձանագրենք այս դառն փաստերը եւ կ’անցնինք մեր բուն նիւթին։

Հակառակ իրենց աղիտալի հետեւանքներուն` համաճարակները անցողակի երեւոյթներ են։ Կասկած չկայ, որ այս դաժան հոլովոյթն ալ պիտի հասնի իր անխուսափելի աւարտին։ Հարց է, թէ ան իր աւարտին պիտի հասնի իր գերյագեցման կէտին հասնելէ ե՞տք միայն, թէ՞ զայն կանխող գիտակ միջոցառումներով։ Հոս է, որ կրկին կը դրուի ղեկավարութեան խնդիրը։ Մէկ բան յստակ է այսօր։ Երկիրը կորսնցուցած է թանկագին ժամանակ։ Երկիրը մսխած է կենսական միջոցներ։ Համավարակը արդէն իսկ իր բաժինը գանձած է «կանխիկ»։ Ան այրած է ժամանակի թանկագին շերտ մը քանի մը սերունդներու կենսագրութենէն։ Աղէտը մեր տուներուն մէջն է թէ՛ այսօրուան եւ թէ՛ վաղուան հաշւոյն։

Հետեւաբար մենք կը գտնուինք երկու զուգահեռ հրամայականներու առջեւ միաժամանակ։ Մեր խնդիրն է զինուիլ կանխարգելիչ ռազմավարութեան նոր եւ ազդու զէնքերով, բայց նաեւ անյապաղ պատրաստուիլ վաղորդայնի մարտահրաւէրներուն։ Եւ այդ երկուքը անկախ չեն իրարմէ։ Անոնք այսօր իսկ կը պայմանաւորեն զիրար։ Մեր խնդիրն է այսօրուընէ սկսեալ կերտել յղացքը վերակառուցման գործին, որ պարտադիր կը դարձնէ, որ իշխանութիւնը դուրս գայ իր խոզակէն։ ՔՍԱՆՄԷԿԵՐՈՐԴ ԴԱՐԸ ՆՈՐ Է, ՈՐ ՊԻՏԻ ՍԿՍԻ, ԵՒ ՄԵՐ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆ Է ԲԱՆԱԼ ՄԵՐ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ԴԱՐԱԳԼՈՒԽԸ ԲՈԼՈՐՈՎԻՆ ՆՈՐ ՏԵՍԼԱԿԱՆՈՎ։

Հայ անկախ պետականութիւնը պիտի մտնէ նոր դարաշրջան։ Պիտի մտնէ նոր գործիքներով։ Պիտի մտնէ գոյաձեւաւորման նոր ու հզօր զինարանով։ Պիտի մտնէ նոր թափով եւ նոր համարձակութեամբ, իր կեանքի վաղուան կենսականութիւնները իրագործելի տեսնելու նո՛ր ներուժով։ Համավարակը շատ մեծ է ՀՀ քաղաքական ուժերէն ամէն մէկուն համար առանձին։ Բայց ան շատ փոքր է մեր երկրի քաղաքական ուժերու միասնական կամքին դիմաց, որ կամքն է մեր ժողովուրդին։ Նոյն տրամաբանութեամբ համավարակին յաջորդելիք խնդիրները մեծ են եւ անյաղթահարելի մեզմէ ամէն մէկուն համար։ Եւ առաջին հերթին՝ իշխանութեա՛ն։ Մենք պարտաւոր ենք կրկին լսելու Եղիշէ Չարենցի հզօր պատգամը։ Մենք պարտաւոր ենք ստեղծելու այնպիսի հաւաքական ուժ, որուն լիարժէքօրէն ստորադասուին մեր բոլոր մարտահրաւէրները։

Դաշնակցութիւնը այս հրաւէրն է, որ կ’ուղղէ իշխանութեան եւ քաղաքական բեմի բոլոր ուժերուն։ Ընթացիկ գործի (business as usual) օրերը վաղուց սրբուած են մեր կեանքէն։ Այն, ինչ ճիշտ էր երէկ, այսօր այլեւս չունի այժմէութիւն։ Այն, ինչ սխալ էր երէկ, աններելի է այսօր։ Այն, ինչ անկարելի էր երէկ, այսօր արդէն չունի գոյութեան իրաւունք։ ԵԿԱԾ Է ԺԱՄԱՆԱԿԸ ԱԶԳՈՎԻՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐԵԼՈՒ, ՈՐ ՆՈՐ ԴԱՐԱԳԼՈՒԽԸ ՄԵՆՔ ՄԻԱՍՆԱԲԱՐ ԲԱՑՈՒԱԾ ԿԸ ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՆՔ ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԻ ԲՈԼՈՐ ԽՈՉԸՆԴՈՏՆԵՐԸ, ԲՈԼՈՐ ՎԱԽԵՐԸ, ԲՈԼՈՐ ԿԱՍԿԱԾՆԵՐԸ, ԲՈԼՈՐ ՆԵՂՄՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՈՏՆԱԿՈԽ ԸՆԵԼՈՒ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՎՃՌԱԿԱՄՈՒԹԵԱՄԲ։

Ասիկա մեր հաւաքական պայմանագիրն է մեր երկրի բոլոր ներկայ եւ ապագայ սերունդներուն հետ։ Մեր պայմանագիրն է մեզի հետ` որպէս ազգի։ Մեր պատմութեան հետ եւ մեր լինելիութեա՛ն։ Ասիկա մեր ազգային ուխտն է` մեր քաղաքակրթութեան նոր գրոհը միասնաբար ճամբայ հանելու։ Թող ամէն մէկը այսօր իսկ հարց տայ ինքզինքին՝ ինք պատրա՞ստ է պատմութեան այս ձեռնոցը ասպետօրէն վերցնելու։

Կարօ Արմենեան

«Դրոշակ»-ի առաջնորդող

1