Ողբերգութիւնը եւ մենք շաղկապուած դաւադիրներ ենք
Մենք ողբերգութիւնը սովորաբար կը համարենք դժբախտութիւն, բան մը, որ պարզապես կը պատահի մարդուն հետ, օրինակի համար դժբախտ արկած, պատահար, մահացու հիւանդութիւն, կամ իրավիճակ (բնական աղէտ, երկրաշարժ
կամ ահաբեկչութիւն), այսինքն բան մը, որ մեր վերահսկողութենէն դուրս է:
Բայց եթէ ողբերգութիւնը կ՚ընկալենք որպես դժբախտութիւն, ապա մենք էական թիւրիմացութեան մէջ ենք:
Պահ մը մտաբերենք յունական երեսունմէկ գերազանց անժամանցելի ողբերգութիւնները. Իւրաքանչիւրը կը վերահաստատէ մէկ բան, որ ողբերգութիւնը անվերահսկելի դժբախտութեան հետ կապ չունի: Յունական այս ողբերգութիւնները հանգամանօրէն ցոյց կու տան, թէ ինչպես մենք կը համագործակցինք, թերեւս անգիտակցաբար, մեզի հետ պատահած աղէտին հետ:
Ողբերգութիւնը կը պահանջէ մարդկային որոշակի մեղսակցութիւն մեզ ոչնչացնող աղէտին հետ:
Այսինքն խօսքը սեւ ճակատագրի մասին չէ, աստուածներու անքննելի, սակայն կասկածելի կամքէն բխող խաւարի մասին չէ, ոչ ալ աղէտալի մարգարէութեան: Ողբերգութիւնը կը պահանջէ մեր իսկ
համաձայնութիւնը այդ ճակատագրին հետ:
Այլ կերպ ըսած, սա մեզմէ կը պահանջէ ազատութեան բաւական մեծ չափանիշ` սեփական կամքի որոշակի չափանիշ:
Եւ մենք իբրեւ հաւաքականութիւն եւ իբրեւ հայ (անհատ մարդ) կը գտնուինք հոն ուր ենք այսօր հոս՝ մեր մեղսակցութեամբ կը լիագործենք ողբերգութիւնը, կը փակենք մեր էջի պատմութիւնը մեր իսկ ձեռքերով։
Ողբերգութեան հետ մենք դաւադրակիցներ ենք, մեր բոլոր ճիգերը, լարած ճակատագրի հետ միասին, կը դաւադրենք մենք մեր դէմ: Այսինքն՝ ճակատագիրը մեզմէ կը խլէ մեր ազատութիւնը որպեսզի մեր սեւ ճակատագիրը թափէ մեր գլխուն: Իսկ մենք միաժամանակ ե’ւ գիտենք ե’ւ չենք գիտակցիր որ լիաթոք լծուած ենք
այս դաւադրակցութեան՝ առանց հասկնալու, որ բառացիօրէն կ՚երթանք դեպի վերացում, ոչնչացում: Ինչպէ՞ս կարելի է ե՛ւ իմանալ, ե՛ւ չիմանալ որ մենք մեր ձեռքերով կը սպաննենք մենք մեզ: Այո, դժուար է, բարդ է, չըսելու համար անտանելի է ընդունիլ մեր մեղսակցութեան միտքն ու փաստը։
Սակայն այդպիսին է մարգարէութեան բարդ գործառույթը ողբերգութեան մէջ։
Հասկնալու համար, պահ մը նայինք մենք մեզի, հայ մարդուն , այսօր, դիտենք, թէ ինչպէս ես ու դուն, մենք, որ կը հաւատանք, որ ունինք լիարժէք ազատութիւն ու ազատ կամքի անկաշկանդ զգացողութիւն, բայց կը քայքայուինք, կը մաշինք, կ՚ոչնչանանք ճակատագրի ուժով: Հիմա զայն կը գործադրենք օրէնքի ուժով։ Սակայն երջանիկ ենք, որ մենք ենք տէրը մեր ինքնաքանդումին, մեր ինքնաոչնչացումին։
Այս փորձութեան հետ կապուած, այս մահացու փորձառութեան, որուն մէջ թաթախուած ենք, կայ նուրբ պահ մը, որ մեզմէ կը խուսանաւէ. այն որ մեր գոյութիւնը պարզ պատճառականութեամբ չէ որ կ՚որոշուի: Ո՛չ, ճակատագիրը մեզմէ ուղիղ կը պահանջէ գիտակցուած մեղսակցութիւն ճշմարտութիւնը վեր հանելու համար:
Ողբերգութեան մէջ մխրճուած կերպարներս՝ մենք անկամ խաղալիքներ, մեքենաներ չենք: ճշմարտութիւնը ունի իր գինը, իսկ մեր շարժը խաբուսիկ ինքնաճանաչումէն եւ անկաշկանդ ազատութեան պատրանքէն անդին, դէպի ճշմարտութիւն, շատ սուղ պիտի նստի մեր վրայ. շուտով գալիք ողբերգութիւնը կը մերկացնէ մեզ, մեր անփառունակութիւնը կը շպրտէ մեր երեսին։
Ճշմարտութիւնը կը հրամցնէ ցաւագին բան մը՝ մենք ներգործելու, իրադրութեանց վրայ ազդելու ոչ մէկ հնարաւորութիւն ունինք այլեւս , ոչ իսկ մասնակի: Ճշմարտութիւնը ցոյց կու տայ մեր ինքնասէր ու ինքնաբաւ ըլլալու սահմանափակումները՝ մեր ինքնորոշման ծայր եզրերը, մէկ խօսքով մեր խոր կախուածութիւնը:
Ողբերգութիւնը մեր առջեւ կը դնէ մէկ կողմէ ազատութեան եւ միւս կողմէ անհրաժեշտութեան բարդ յարաբերութիւններու ամբողջ ծրարը: Մենք եւ մեր անհատական ազատութիւնը անընդհատ փորձութեան կը մատնուիք, այսօր այդ փորձութեան դիմաց պարտուած ենք, այս պահուն ներկայի եւ ապագայի որոշման հարցերուն մէջ բռնուած մեր ճակատագիրը մեզի կը յիշեցնէ մեր անցեալը. Այդ անցեալէն փախուստ չունինք, ինչքան ալ փորձենք սրբել, մաքրել եւ ծուռ հայելիով տեսնել այն բոլորը, որ կը կոչուի անցեալ՝ ցեղասպանութիւն, հայրենիքի կորուստ, մահ ու սարսափ, այսօր բարեկամ դիտարկուող թշնամի թուրքը, մեր միւս բարեկամները, դաւաճանները… մէկ խօսքով անցեալը։
Ողբերգութիւնը սեղանին կը դնէ այն, ինչ որ կը խեղէ մեր էութիւնը եւ մեզ կը մղէ դէպի անցեալ. անցեալ, որ մենք կը մերժենք ընդունիլ կամ իւրացնել կարճաժամկէտ ապագայի, մեր մշտական նիւթական ծարաւի պատճառով: Այդպիսին է անցեալի ծանրութիւնը, որ իր ցանցին մէջ կը խճճէ մեզ:
Կասկած չունենանք, անցեալի ծանրութիւնը անկասկած կը փլի գալիքին վրայ: Անցեալը հերքել, կը նշանակէ ոչնչանալ:
Այդպիսին է ողբերգութեան հրամանը։
Ժամանակը կը թեքի եւ կը շրջուի ողբերգութեան պահին մէջ, ուր կ՚ապրինք դուն եւ ես հիմա. ժամանակը դուրս կու գայ իր համաստեղութենէն, մինչ ժամանակի գծային ընկալումը՝ անցեալէն դէպի ապագայ հոսքը, ետ կը շպրտուի: Անցեալը այլեւս անցեալ չէ, ապագան ինքն իր վրայ կը ծալլուի, իսկ ներկան կը չոքի անցեալի եւ ապագայի կորացումներու բեռան տակ։
Ողբերգութիւնը սովորաբար միջ–ժամանակներու արուեստն է, վերացող հին աշխարհի եւ գալիք նոր աշխարհի միջեւ տարածութիւն մը:
Այսօր հայերու ժամանակը խախտուած է: Հոս այս պահուն, այլեւս զուգակցում չկայ, շաղկապը կորսուած է, վերածուած է անջատումի:
Ողբերգութիւնը պումըրանկի նման կառուցուածք մըն է, երբ մեր դէպի դուրսի աշխարհ գործողութիւնները մեզի կը վերադառնան մահացու արագութեամբ։ Ժամանակին մենք խնդիր լուծող էինք, հիմա մենք ենք խնդիրը։ Որոշները մեզմէ ամէն ինչ կ՚ընեն գտնելու համար այն կեղտն ու փտածութիւնը, որ կը քանդէ մեր ազգային, մշակութային ու քաղաքական համակարգը, կը թունաւորէ մեր ջուրերը, մահ կը բերէ մեր մայրերուն, զինուորներուն, երիտասարդներուն եւ երեխաներուն։
Բայց կեղտը մենք ենք։ Կեղտը այն ղեկավարն է, որ լոյս աչքով ողբերգութեան դաւադրակիցն է, կեղտը մենք ենք, որ կը հանդուրժենք այդ կեղտը, կը սորվինք ապրիլ այդ կեղտի հետ եւ բռնել սպանդանոցի ճամբան։ Բռնակալ մը ունինք այսօր, որ նստած է մեր բազկերակին, ան որոշած է չլսել, չտեսնել, չզգալ այն՝ ինչ որ կայ իր աչքին առջեւ, իր բերած ողբերգութիւնը։
Բայց մենք ալ բռնակալներ ենք: Մենք եւս կը նայինք, բայց չենք տեսներ: Հինգ հազար մեր նահատակ զինուորները կը խօսին մեզի հետ, բայց մենք չենք լսեր:
Չենք յուզուիր, չենք զգաստանար, չենք գժուիր, միայն թէ մեր ապագան լոլիկահարուստ ըլլայ։
Եւ մենք կը շարունակենք մեր անվերջ ինքնասիրահարուած արդարացում-
ները ընկերային ցանցերու վրայ մեր յայտերով:
Ողբերգութիւնը մեզի կը յուշէ, որ մեր ցաւազրկիչ կենցաղը ապագայ չունի։ Պէտք է տեսենք իրականը, պէտք է լսենք իրականը: Մեր կուրութիւնը, մեր խլութիւնը, մեր համրութիւնը պատիժ են, թերեւս այս անզգամութիւնը երբ հասնի իր ծայրը, կարենայ առաջնորդելու մեզ դեպի խորաթափանցութիւն։
Պէտք է բանալ մեր ականջները և վերջ տալ այս մահերգին, ուր միայն կը լսուի «ես, ես, ես, ես եմ, իմս, իմս, ես, ես եմ, իմս է» բառերը։
Ամօթը կ՚ապրի մեր աչքերուն մէջ: Սակայն խնդիրը այն է, որ մեր բռնակալը ամօթ չի զգար։ Քաղաքական մեր այրերը մեզ կը մոլորեցնեն սուտ ամօթանքով, կեղծ խոնարհութեամբ, բեմադրուած արցունքներով եւ սուտ ներողութիւններով: Բայց մենք եւս ամօթ չունինք: Մենք նաեւ փոքր, անամօթ բռնակալներ ենք մեր յարաբերութեանց մէջ: Մինչեւ վերջ կը պնդենք, որ մեր անտարբերութիւնը, մեր անգործութիւնը մեր ընտանիքի փրկութեան համար է:
Մենք ենք եւ մեր այլասերումը : Դէմ դիմաց։
Այս պահուն որոշ է մէկ բան՝ մենք պարտուած ենք։
Ողբերգութիւնը դրան սեմին է։
Սիւզան Խարտալեան