Վիեննայի մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Դատի ժամանակակից հարցերու «Haytadology» խտացեալ դասընթացը
Գլխավոր » Երիտասարդական » Վիեննայի մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Դատի ժամանակակից հարցերու «Haytadology» խտացեալ դասընթացը

Վիեննայի մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Դատի ժամանակակից հարցերու «Haytadology» խտացեալ դասընթացը

Անցնող շաբաթավերջին, հակառակ Վիեննայի գաղութին փոքրաթիւ ծաւալին, Գերմանիայէն, Աւստրիայէն, Ֆրանսայէն, Հոլանտայէն, Լեհաստանէն աւելի քան 50 երիտասարդներ մասնակցեցան Հայ Դատի ժամանակակից հարցերու եռօրեայ Դասընթացքին, որ կը կրէր «Haytadology» խորագիրը: Դասընթացքը կազմակերպուած էր Աւստրիոյ ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ, Հայաստանի դեսպանատան կից գտնուող «Հայաստան» սրահին մէջ:

Շատ լաւ կազմակերպուած, խտացեալ բարձրորակ այս դասընթացքը հասաւ իր թիրախին. հայ երիտասարդին առաջին այս հանգրուանին փոխանցել էական, տարրական գիտելիքներ`Հայ Դատի ամբողջ թղթածրարին գծով, նպատակ ունենալով Եւրոպա ապրող հայ երիտասարդին «զինել» պէտք եղած տուեալներով, կազմաւորել զայն, որպէսզի ան, հայ թէ օտար շրջանակներու մէջ կարենայ ճշգրիտ ձեւով, ինքնավստահ ու վաւերական հիմնաւորումներով արծարծել ու խօսիլ Հայ Դատի առնչուող որեւէ նիւթի մասին, տիրապետելով անոր:

Եռօրեայ դասընթացքները, որոնք ընթացան առաւօտեան ժամը 9-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 9, ընդգրկեցին հայոց ժամանակակից պատմութեան, հայոց Ցեղասպանութեան, Արցախեան հակամարտութեան ու խաղաղ կարգաւորման բանակցային գործընթացին, եւրոպահայ համայնքի դիմագրաւած մարտահրաւէրներու, քարոզչական-յարաբերական մարզի, Հայաստան-Եւրոպական կառոյցներ յարաբերութիւններու, Հայ Դատի ներկայի հոլովոյթին, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութեանց, Հայ Դատի գծով ԱՄՆ-ի մէջ վերջերս արձանագրուած իրադարձութիւններուն առնչուող զեկուցումներ, ապա որոնց շուրջ տեղի ունեցան հաւաքական քննարկում-զրոյցներ եւ աշխատանքային գործնական տարբեր վարժութիւններ:

Վերոյիշեալ նիւթերը փոխանցեցին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յովսէփ Տէր Գէորգեան, ՀՅԴ գործիչ Հրաչ Վարժապետեան, ՀՅԴ Վարանդեան Առանձնակի Կոմիտէի ներկայացուցիչ Գէորգ Յակոբճեան եւ Հայ Դատի Պրիւքսէլի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան, իսկ առցանց իր մասնակցութիւնը բերաւ Ուաշինկթընի Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատուներէն Արամ Համբարեան:

Դասընթացքի աւարտին իւրաքանչիւր մասնակիցի յանձնուեցաւ մասնակցութեան հաստատագիր:

Երիտասարդներուն հաստատումով իսկ, այս դասընթացքը եղաւ արդիւնաւէտ, օգտակար եւ ուսանելի, ինչ որ ողջունելի է հարկաւ ու ապագայի նկատմամբ գօտեպնդող: Միւս կողմէ, դասընթացքը եկաւ հաստատելու, որ Եւրոպայի մէջ հասակ կ՛առնեն գիտակից, հաւասարկշռուած, ուսեալ, համաշխարհային անցուդարձերէն տեղեակ ու հայկական ժամանակակից հարցերով հետաքրքրուած եւ յանուն ազգային ընդհանրական մեր շահերուն աշխատելու պատրաստակամ երիտասարդներ:

Նման համարձակ ու խոստումնալից նախաձեռնութիւններ ոչ միայն օգտակար են, այլեւ` կենսական եւրոպահայութեան համար: Պատրաստել յանձնառու հայ երիտասարդը կը նկատուի Հայ Դատի հիմնական պարտականութիւններէն մէկը, մանաւանդ այն պահուն, երբ յատկապէս Եւրոպայի տարածքին հայութեան դիմաց սկսած է հետզհետէ առաւել սաստկանալ թրքական-ազերիական հակահայ բացայայտ արշաւը:

arfd.am

1