Վե՛րջ Պարտուողականութեան
Իրաւացիօրէն կարելի է հարց տալ, թէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահմանագծում ու սահմանազատում կատարելու նպատակով յանձնախումբ նշանակելու մասին համաձայնութիւնը կ՛արժէ՞ր այսքան կարեւորել: Եղածը աշխատանքային թուղթ մըն է, կ՛ըսէ Նիկոլ Փաշինեան, որ տակաւին չէ վերջնականացած, բայց հարիւր տոկոսով Հայաստանին ի նպաստ է: Վրայի «յաւելուած» մակագրութիւնն ալ սխալմամբ գրուած պէտք է ըլլայ: Սխալմամբ թէ իրաւամբ, ինչի՞ յաւելուած է այս գրութիւնը: Ուրիշ, աւելի կարեւոր համաձայնութեան մը նախագիծ գոյութիւն ունի՞, որուն գործադրութեան համար հարկ տեսնուած է յաւելուած մը կցել:
Ահաւասիկ հարցեր, որոնք թեր ու դէմ կարծիքներու, ցոյցերու, բողոքներու, արդարացումներու, թոհուբոհին մէջ անպատասխան մնացին: Եթէ հրապարակուած գրութիւնը ընթացիկ, աշխատանքային թուղթ մըն է, ինչո՞ւ անոր պատրաստութիւնը գաղտնի պահուած է: Բովանդակութեան ժամանակաւոր գաղտնիութիւնը կրնայ հասկնալի ըլլալ, բայց նման ընթացակարգի մը գոյութիւնը ինչո՛ւ գաղտնի պահուի նոյնիսկ Հանրապետութեան նախագահէն ու արտաքին գործերու նախարարութենէն:
Ձեռնածութեան ու սուտի գարշահոտը չէ՞ք շնչեր: Արդեօք Հայաստանի ու Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութեան ընդունման առաջնորդող գործընթացի մը չի՞ վերաբերիր կատարուածը: Հարցականով կ՛արտայայտուիմ ստոյգ տեղեկութեան բացակայութեան պատճառով: Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութեան ընդունումը կ՛ենթադրէ… Արցախը Ազրպէյճանի մաս համարել: Եթէ ընդունեցինք երկու դրացի երկիրներու հողային ամբողջականութիւնը, կը մնայ սահմանագծում կատարել եւ սահմանազատման շուրջ համաձայնութիւն գոյացնել: Ու… վերջնականապէս ազատիլ Արցախ կոչուած փորձանքէն, որ թոյլ չի տար խաղաղ ապրելու, բարգաւաճելու ու վայելելու բարի դրացնութեան բարիքները:
Եթէ բարգաւաճման դանդաղ ընթացքը, աղքատութիւնը, եկամուտներու անբաւարարութիւնը վերագրենք Արցախի պատճառով Հայաստանին պարտադրուած սահմանափակումներուն, Արցախի զոհաբերումը խոստացուող բարիքներուն դիմաց նուազագոյն չարիք է: Ասիկա կրնանք համարել ընչազուրկներու ակնկալութիւնը: Ունեւորները եւս անմասն չեն մնար գալիք բարիքներէն, որովհետեւ հաղորդակցական բոլոր ուղիներու բացուելէն ետք, անարգել առեւտուր կրնան ընել, աժան գիներով, բոլոր հարեւաններուն հետ: Բոլորին ձեռնտու, եդեմական պարտէզի նմանողութեամբ Հայաստան:
Հրաժարած ու արտակարգ ընտրութեան նախապատրաստուող իշխանութիւն մը, որուն վարչապետը, վարչապետի տեղեկալներն ու նախարարները ժամանակաւոր պաշտօնակատարներ են, չեն կրնար ժողովուրդին կողմէ պատուիրակուած համարուիլ: Իրենք միայն ընթացիկ հարցեր կարգաւորելու կոչուած են: Սահմաններու հարցը, մնայուն խաղաղութիւնը, հաղորդակցական միջոցները ընթացիկ հարցեր չեն: Այդ հարցերը ո՛չ միայն կարեւոր են, ո՛չ միայն կենսական են, շատ աւելին են` Հայաստան անուանումով երկրի մը, պետութեան մը հետագայ գոյութիւնը կը պայմանաւորեն: Հայ մարդերը խաղաղ, առողջ, բարգաւաճ ու երջանիկ ապրելու իրաւունք ունին: Այդ իրաւունքը նուաճելու համար հայ ըլլալն ալ պայման չէ: Իսկ հայ մարդոց կազմակերպ հաւաքականութիւնը` պետութիւն կազմած հայ ազգը նոյն իրաւունքները չունի՞:
Ոչ ոք իրաւունք ունի խաբուսիկ ու ժամանակաւոր բարօրութեան համար ծախու հանելու հայ ազգին ու անոր հայրենի պետութեան առհաւական ժառանգութիւնը: Ժառանգութեան պահպանումը կ՛ենթադրէ պայքար ու զոհաբերում: Յանուն պայքարած ու իրենց կեանքին իսկ գինով զոհուած հերոսներուն, վերջ տուէ՛ք պետութեան կործանումին առաջնորդող պարտութիւններու շղթային ու լուսաւորեցէ՛ք իր իրաւունքներուն տէր կանգնող, դիմադրող հայութեան պայծառ ճակատը:
Տիգրան Ճինպաշեան
aztagdaily.com