Վերանկախացման եւ արցախեան պայքարի մեր ուղին.- ԶԳՈՆ, ՄԻԱԿԱՄ ՈՒ ՎՃՌԱԿԱՆ
Գլխավոր » Գաղափարական » Վերանկախացման եւ արցախեան պայքարի մեր ուղին.- ԶԳՈՆ, ՄԻԱԿԱՄ ՈՒ ՎՃՌԱԿԱՆ

Վերանկախացման եւ արցախեան պայքարի մեր ուղին.- ԶԳՈՆ, ՄԻԱԿԱՄ ՈՒ ՎՃՌԱԿԱՆ

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը Փետրուար 1988ին սկսած Արցախեան պայքարի ողջ ընթացքին ոչ միայն հետեւեցաւ, այլ ուղղակի առնչուեցաւ, յստակ ազգային քաղաքական կեցուածք դրսեւորեց ու սեփական ուղի ձեւաւորեց՝ հիմնուելով միջազգային ու տարածաշրջանային աշխարհաքաղաքական իրերու դասաւորումներուն վրայ: Մեր ուղին ուռուագծելու համար պիտի հիմնուիմ Հ.Յ.Դ. պաշտօնական դիրքորոշումներուն, յայտարարութիւններուն եւ որոշումներուն վրայ, որոնց առաջին ամփոփումը կատարուեցաւ Աթէնքի մէջ 1988ի Օգոստոսին գումարուած Հ.Յ.Դ. 24րդ Ընդհանուր Ժողովին: Սակայն, դժուար չէ դաշնակցական մամուլի հրապարակումներէն վեր հանել Հ.Յ.Դ. ուղիի էութիւնը, Արցախեան շարժման սկիզբէն մինչ այդ Ընդհանուր Ժողովը:

Խորհրդային Հայաստանի ու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ծայր առած շարժումը Հ.Յ.Դ.ին կողմէ ընկալուեցաւ իբրեւ Հայաստանին ու հայութեան դէմ 1920ական թուականներուն գործուած Ստալինեան անարդարութեան սրբագրութեան պայքար: Եւ քանի որ այդ պահանջատիրութիւնը արդիւնք էր Կորպաչեւի գլխաւորած վերակառուցման շարժման ընձեռած կարելիութիւններուն, Հ.Յ.Դ.՚ն Կորպաչեւեան շարժման մէջ տեսաւ ազգամիջեան յարաբերութիւններուն եւ ազգային հարցի մակարդակներուն վրայ կուտակուած խնդիրներուն բարւոք լուծումներ առաջադրելու հնարաւորութիւն:

Դաշնակցութեան այս ընկալումը յստակօրէն կը դրսեւորուէր բարձրաձայնուած պահանջներու ընդհանրութեան մէջ, իբրեւ Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզը Խորհրդային Հայաստանին վերամիացնելու պահանջ: Այդ պահանջն է, որ կ’ընդգծուէր աշխարհի տարբեր մայրաքաղաքներու մէջ Խորհրդային Միութեան դեսպանատուներու դիմաց կազմակերպուած ցոյցերուն: Դաշնակցութիւնը նոյն պահանջը համոզիչ կը դարձնէր նաեւ քաղաքական իր գործունէութեան համար հասանելի միջազգային ատեաններուն: Հ.Յ.Դ. Հայ դատի յանձնախումբերու ճիգերուն շնորհիւ Եւրոպական Խորհրդարանը եւս կը զօրակցի հայ ժողովուրդի Ղարաբաղեան պահանջին, որ տեղ կը գտնէր 7 Յուլիս 1988ին հրապարակուած յայտարարութեան մէջ: Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը Ղարաբաղեան հարցին լուծումը Կորպաչեւեան ներխորհրդային վերակառուցման մէջ տեղաւորելու կողքին, ունէր նաեւ մտավախութիւն, որ Ղարաբաղեան շարժումը չնետուի հակառուս ծայրայեղութեան գիրկը: Ամէն առիթով Ղարաբաղը Խ. Հայաստանին միացնելու հայութեան արդար պահանջին հանդէպ վճռական կեցուածք դրսեւորելու կողքին, Հ.Յ.Դ.ն զգոնութեան բազմասլաք կոչ եւ պահանջ առաջ կը քաշէ:

Գիտակցելով միջազգային կամ տարածաշրջանային քաղաքական թատերաբեմին վրայ տարբեր ուժերու տարաբնոյթ շահերով առաջնորդուելու փաստին եւ արտաքին կասկածելի ուժերու հաւանական միջամտութիւններուն, Հ.Յ.Դ.ն կարեւոր կը նկատէր, որ զգոն պէտք է ըլլալ, որպէսզի հակահայ հաշիւներ հետապնդող որեւէ ուժ չկարենայ խեղաթիւրել Ղարաբաղեան պահանջատիրութեան բնոյթը, զայն հակախորհրդային այս կամ այն շարժումին հարկատու մէկ մասնիկը դարձնելու մտասեւեռումով: Ներխորհրդային կամ նոյնիսկ ներ-
հայկական հնարաւոր բացասական դերակատարութեան ուղղուած էր
Դաշնակցութեան զգոնութեան միւս սլաքը, որ յանկարծ տարբեր սպառնալիքներ գործածելով, որեւէ կողմ չփորձէ ձեռնթափութեան մղէ պահանջատէր մեր ժողովուրդը, իբրեւ աւելի ահաւոր կորուստներու չենթարկուելու ջլատիչ յորդոր: Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ընդգծուած ուղերձը միշտ եղած է այն, որ միակամ ու միաճակատ մնայ հայ ժողովուրդը՝ Ղարաբաղը Հայաստանին վերամիացնելու իր պահանջին մէջ: Մէկ խօսքով, Դաշնակցութեան ուղին կարելի է բնորոշել քաղաքական արթնամիտ զգոնութեամբ, հայ ժողովուրդի միակամ կեցուածքով
եւ պայքարի անկոտրում կամքի վճռականութեամբ:

Ի վերջոյ, վերակառուցման «հաւատացող» խորհրդային ղեկավարութիւնը ապացուցեց, որ ընդունակ չէ Ստալինեան անարդարութիւնը սրբագրել, բայց նաեւ ի վիճակի չէ կասեցնել հայ ժողովուրդի արդար պահանջատիրութիւնը: Այդ անընդունակութիւնը աւելի ակնյայտ կը դառնար Կոմունիստական կուսակցութեան 19րդ համաժողովին եւ Խ. Միութեան Գերագոյն Խորհուրդի նախագահութեան արտակարգ նիստին, որուն ի պատասխան, Հ.Յ.Դ. 24րդ Ընդհանուր Ժողովի նախօրեակին, Օգոստոս 1988ին, Հ.Յ.Դ. կազմակերպական շրջանները «բուռն կերպով կը բողոքեն Խորհրդային Միութեան Գերագոյն Խորհուրդի 18 Յուլիսի հիմնովին անարդար վճիռին դէմ, որ կը մերժէ ընթացք տալ Հայկական Արցախի, Խորհրդային Հայաստանի եւ Սփիւռքի համայն հայութեան օրինաւոր եւ միահամուռ պահանջին՝ Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզը անջատելու Խորհրդային Ատրպէյճանէն եւ վերամիացնելու Հայաստանին»:

Խաժակ Մկրտիչեան

«Ազատ օր» 9 հուլիսի, 2020թ.

1