Տիրական խնդրայարոյց հարցեր

Անցնող շաբթուան ընթացքին երկու հարցեր տիրապետեցին Հայաստանի լրատուական դաշտին: Իշխանութիւնը ժամանակը հասունցած նկատեց յառաջացնելու համար 44-օրեայ պատերազմի պատճառները քննող յանձնախումբ մը, որուն աշխատանքներուն մասնակիօրէն մերժեց մասնակցիլ խորհրդարանական ընդդիմութիւնը: Երկրորդը` Ռոպերթ Քոչարեանի մամլոյ ասուլիսն է եւ անկէ բխող հարցերը:
Պատերազմի աւարտէն 16 ամիս ետք, գրեթէ մէկուկէս տարի, ստեղծուեցաւ անոր պատճառները եւ ընթացքը ուսումնասիրող յանձնախումբը: Ազգային ժողովը, վկայակոչելով սահմանադրական եւ ընթացակարգային տրամադրութիւններ, յանձնախումբը կազմեց Ազգային ժողովի պաշտպանութեան մնայուն յանձնախումբի հիմքին վրայ, անոր վրայ աւելցնելով քանի մը արտախորհրդարանական անհատներ: Պաշտպանութեան յանձնախումբը կազմուած է իշխանութեան կողմնակից պատգամաւորներու մեծամասնութեամբ: Ընդդիմութիւնը կ՛ըսէ, որ իշխանութեան գործողութիւնները քննելու գործառոյթը պէտք է վերապահել ընդդիմութեան: Մէկուկէս տարիէ ի վեր ձախողման ու պարտութեան մէջ իր պատասխանատուութիւնը մերժող իշխանութիւնը չի կրնար արդարօրէն, առարկայական կերպով քննել ու դատել իր իսկ գործողութիւնները: Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած է, բազմիցս, որ Հայաստանի ժողովուրդը դատած է ու արդարացուցած` պատերազմը վարող իշխանութիւնը` զայն վերընտրելով: Ընտրութիւն մը կրնա՞յ փոխարինել փաստերու ու իրողութիւններու անկաշառ քննարկում մը: Ընդդիմութիւնը կը կասկածի, արդարօրէն, որ քննիչ յանձնախումբի նպատակը իշխանութեան արդարացման հասնիլն է: Ու կը մերժէ մասնակցիլ նման բեմադրութեան մը, չըսելու համար` խեղկատակութեան:
Երկրորդ նիւթը Ռոպերթ Քոչարեանի մամլոյ ասուլիսն է: Շատ հարցերու մասին խօսուեցաւ այդ մամլոյ ասուլիսի ժամանակ: Հնչող հարցերուն տրուած պատասխաններուն կարելի է համաձայն ըլլալ կամ ոչ, համոզիչ նկատել կամ ոչ: Նիւթերէն մէկը կը վերաբերէր Ստամպոլեան հրովարտակի մը, որ ստորագրուած է Ռոպերթ Քոչարեանի նախագահութեան օրերուն: Այս հրովարտակով, Ռոպերթ Քոչարեան ընդունած է Հայաստանի եւ դրացի երկիրներու միջեւ գոյութիւն ունեցող սահմանները, ուրեմն նաեւ` Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութիւնը: Կը հետեւի, որ նախկին նախագահը համաձայն գտնուած է Արցախի` Ազրպէյճանի կազմին մէջ ներառման: Այսպէս մեկնաբանած էր Նիկոլ Փաշինեան Ստամպոլեան հրովարտակի արդիւնքը, որուն գիւտը նոր ըրած է կարծէք, իբրեւ իր պարտուողական ու զիջողական քաղաքականութեան համար «նախկիններու» պատասխանատուութեան նոր փաստարկ: Ռոպերթ Քոչարեան հեշտութեամբ հերքեց այս մեկնաբանութիւնը: Յաջորդ նիւթը կը վերաբերէր Պիելոռուսիոյ նախագահին անպատկառ արտայայտութեան Նիկոլ Փաշինեանի հասցէին ու Հայաստանի` Ռուսիոյ հետ միասնական պետութիւն կազմելու հարցին: Հարցումի մը պատասխանելով, Ռոպերթ Քոչարեան դիտել տուաւ, որ միութենական որեւէ գործարք հիմնուած պէտք է ըլլայ մանրակրկիտ հաշուարկներու վրայ եւ թէ պետութիւններու միջեւ համարկման (իր բառերով` ինտեկրացիայի) բազմաթիւ յաջողած ձեւեր կան: Ու տուաւ Եւրոպական Միութեան օրինակը:
Այս նիւթով իշխանական վայնասունը, հիմնուած ըսուածին խեղաթիւրման վրայ, տակաւին կը շարունակուի:
Հայաստանեան քաղաքական հաղորդակցական դաշտը կ՛առաջնորդուի, երկար ժամանակէ ի վեր, «թաւշեայ յեղափոխութենէն» ալ առաջ, նման ձեռնածութիւններով: Առաջ կը քաշուին ժամանակակից ու անցեալի դէպքերու, կեցուածքներու ու յայտարարութիւններու խեղաթիւրուած տարբերակներ եւ կը հնչեն դատապարտող մեկնաբանութիւններ, յաճախ նաեւ անպատշաճ բառամթերքի մը առկայութեամբ: Այս երեւոյթը, որ շատ տարածուած է, արգելք կը հանդիսանայ ճշդօրէն իրազեկուած ու արդարօրէն դատելու ատակ հանրային կարծիքի մը ստեղծման: Հանրային կարծիք, որ քաղաքականօրէն առողջ հասարակութեան մը ստեղծման նախապայման է:
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
aztagdaily.com