Թրքական յենարաններ Լիբանանի մէջ
Գլխավոր » Լրահոս » Թրքական յենարաններ Լիբանանի մէջ

Թրքական յենարաններ Լիբանանի մէջ

Լիբանանեան հեռատեսիլի կայանի յայտագիրին յաջորդած գրգռիչ ելոյթը կարելի է համարել անմիջական հակազդեցութիւն: Հետեւաբար` ոչ ծրագրուած սադրանք յառաջացնելու նախապատրաստուած մարտավարական քայլ:

Խնդիրը այս պարագային ընկերային ցանցերու վրայ շատ արագ բռնկումն է եւ հետզհետէ նաեւ այդ թեմաներու շահարկումը հոգեւոր -հասարակական կեդրոններու կողմէ:

Այս արդէն կը նշանակէ, որ պարարտ հող ձեւաւորուած է Թուրքիան հարուածող որեւէ տեղեկատուական քայլի դիմաց վայրագ հակայարձակում կազմակերպելու:

Նման ենթահողի ձեւաւորուած ըլլալուն մասին բազմաթիւ նախադրեալներ դրսեւորուած էին արդէն: Բաւական ետ երթանք եւ յիշենք, թէ ինչպէս Անգարան առաջինը ինքնառաջադրուեցաւ մաս կազմելու հարաւային Լիբանանի մէջ միջազգային խաղաղապահ ուժերու տեղակայման որոշումի գործադրութեան: Այնուհետեւ, կրթական հաստատութիւններու վերանորոգութիւն, հիւսիսի թիւրքմէն ազգաբնակչութեան բացայայտ հովանաւորչութիւն կատարելու բազմաթիւ օրինակներ, Լիբանանի մէջ թուրք դեսպանի մագոգային այցելութիւններ, հարաւի մէջ դարմանատուներու կառուցում: Ակադեմական մակարդակի վրայ տարբեր համալսարաններու հետ պայմանաւորուածութիւններ` արխիւային համատեղ աշխատանքներ իրականացնելու, թուրք դասախօսներու գործուղում: «Անատոլու» լրատու գործակալութեան Պէյրութի մասնաճիւղի բացում, թրքերէն դասընթացքներու յայտարարութիւն եւ ուսանողներու հաւաքագրում: Հաւաքագրում նաեւ օսմանցիներու շառաւիղներուն` քաղաքացիութիւն շնորհելու փաստով, եւ փայլուն ուսանողներու դիմաց Թուրքիոյ տարբեր համալսարաններուն դռներու բացում:

Առաջին անգամ ըլլալով ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան կազմակերպած քարոզչական քաղաքակիրթ բողոքը կ՛արժանանար Թուրքիոյ դեսպանի անվտանգութեան կցորդներու եւ անոնց կողմէ գործուղուած տարրերու բռնի հակազդեցութեան: Այնուհետեւ, ապրիլ քսանչորսեան ձեռնարկներէն ետք, պատերուն վրայ յամեցած Թուրքիոյ ժխտողական դիմագիծը բացայայտող կարգախօսերուն ջնջումը պահանջող թուրք դեսպանին բողոքագիր` յղուած Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութեան:

Այս բոլորը նախանիշ էին, որ Անգարան որոշած է հակազդել իրեն դէմ կատարուող իւրաքանչիւր քարոզչաքաղաքական գործողութեան:

Շրջադարձային նշանակութիւն ունեցաւ Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահին ուղերձը` Մեծն Լիբանանի հիմնադրութեան 100-ամեակի նշումներու ազդանշանը տուող: Այնտեղ իրերը կոչուեցան իրենց անուններով: Նախագահը ոչ միայն ընդգծեց օսմանեան կայսրութեան ջարդարար դիմագիծն ու սովամահութեան կանխամտածուած ծրագրաւորումը, այլ նաեւ շեշտեց այս բոլորին մասին իրազեկել հանրութիւնը, նոր սերունդը:

Անգարան հակազդեց բարձրագոյն դիրքերէ: Թուրք դեսպանին պարտականութիւն տուաւ այցելելու Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարին, բողոքելու եւ պետութեան դիրքորոշումը վերանայելու` պատմական նման գնահատական կատարելու առումով:

Իրավիճակ փոխուած էր: Անգարան արդէն Լիբանանի մէջ յենարան ունէր նման բարձրաձայնումներ կատարելու, բողոքելու, սրբագրութիւն պահանջելու: Յենարանները ընկերային ցանցերու վրայ երեւցող լուտանքային գրականութիւն մշակողները չէին անշուշտ: Աթաթուրքի արձանի կանգնեցումը ծրագրողներն էին, թրքական մշակոյթը Լիբանանի մէջ տարածողները, նորօրեայ օսմանցիները, քաղաքացիութիւն ստացողները եւ յատկապէս Լիբանանի տնտեսութեան մեծ դռներէն մուտք գործած տնտեսուժի ներկայացուցիչները:

Անգարայի համար հիմա պահն է նաեւ լիարժէք շահարկելու կրօնական գործօնը: Ցեղասպանութեան իսլամ-քրիստոնեայ յարաբերակցութիւնը ուրիշ ձեւով կը ներկայացուի` լուսարձակի տակ բերելու համար քրիստոնեայ հայերու կիրարկած «դաւաճանական քաղաքականութիւն»-ը օսմանեան կայսրութեան իսլամ ղեկավարութեան դէմ: Դասական թէզերն են` նորացուած տեսքերով, որոնք կամովին կը ներկայացուին լիբանանեան տարբեր շրջանակներու կողմէ:

Կան անշուշտ տարածաշրջանային-աշխարհաքաղաքական դրդապատճառներ: Թեհրան-Անգարա յարաբերութիւններու ելեւէջներէն սկսեալ մինչեւ սիւննի զանգուածին վրայ ազդեցութիւն բանեցնելու արտաքին քաղաքականութեան պարունակին մէջ տարբեր արաբական պետութիւններու հետ մրցակցութեան եւ շահերու բախման երեւոյթներու դրսեւորումները: Այս բոլոր գործընթացներուն մէջ հայկական գործօնը, ի շարս այլ թեմաներու, շահարկման նիւթ է:

Խնդիրը տարածաշրջանային հնչեղութիւն ու տարողութիւն ունի եւ հայկական գործօնը թիրախաւորելու նպատակ չի հետապնդեր միայն: Իբրեւ լիբանանահայութիւն, սակայն, գործ ունինք հակառակորդի հետ, որ լիբանանեան քաղաքական եւ հասարակական դաշտերուն վրայ ձեռք բերած է որոշակի ազդեցիկութիւն: Համահայկական օրակարգերու մշակման եւ հետապնդման մեր աշխատանքներուն մէջ այս հանգամանքները նկատի ունենալով նոր ռազմավարութեան եւ աշխատանքի նոր ոճի որդեգրման անհրաժեշտութիւն կը զգացուի:

«Ազդակ»-ի խմբագրական

1