Սփիւռքի ձգտումներուն հակասող որեւէ զիջում աընդունելի Է
Գլխավոր » Լրահոս » Սփիւռքի ձգտումներուն հակասող որեւէ զիջում աընդունելի Է

Սփիւռքի ձգտումներուն հակասող որեւէ զիջում աընդունելի Է

2022 թուականին «Սփիւռքի տարի» հռչակումը եւ սփիւռքի մէջ բարեփոխումներու ձեռնարկումը մոռացութեան պէտք չէ մատնէ Հայաստանի հետ յարաբերութեան կարեւորութիւնը: Սփիւռքի վերակազմակերպման անհրաժեշտութեան շեշտումը զայն Հայաստանէն անջատելու նպատակ չի հետապնդեր: Ընդհակառակն, կազմակերպ ու գործօն սփիւռքը Հայաստանի համար կրնայ դառնալ կարեւոր յենարան մը` աղբիւր թէ՛ մասնագիտացած մարդուժի եւ թէ՛ տնտեսական ներդրումներու:

Սփիւռքի մէջ փոփոխութիւններու զուգահեռ, անհրաժեշտ է սակայն հայաստանեան հասարակութեան ընկալումին փոփոխութիւնը սփիւռքի նկատմամբ:

Ի՞նչ է սփիւռքը հայաստանաբնակ հայուն համար: Կար ժամանակ, երբ հայաստանցիները կը կարծէին, որ ամէն սփիւռքահայ հարուստ է կամ առնուազն` բարեկեցիկ: Այս ըմբռնումը պատճառ կը դառնար, որ հայաստանցին մտածէ, որ սփիւռքահայը անկարող է հասկնալու տնտեսական ու ընկերային վատ պայմաններու մէջ տուայտող Հայաստանի քաղաքացիին վիճակը: Քանի որ Հայաստան այցելելու հնարաւորութիւն ունէին յարաբերաբար բարեկեցիկ սփիւռքահայերը, Հայաստանի քաղաքացին չէր ըմբռներ, որ գրեթէ բոլոր գաղութներուն մէջ կան հարուստներ ու բարեկեցիկներ, բայց նաեւ` աղքատներ, նոյնիսկ ընչազուրկներ:

Սփիւռքէն ակնկալութիւններու չափազանցուած պահանջը մինչեւ հիմա, կարգ մը «քաղաքագէտներու» կողմէ շահագործումի նիւթ է: Կարծէք սփիւռքը եւս հայկական պետութիւն մըն է, որուն իշխանութիւնը կրնայ, երբ ուզէ, որոշումներ կայացնել եւ Հայաստանի օժանդակութեան ծրագիրներ իրագործել: Կը մոռցուի, որ սփիւռքահայերը տարբեր երկիրներու քաղաքացիներ են, ունին այդ երկիրներու քաղաքացիներուն իրաւունքներն ու պարտաւորութիւնները, իսկ համայնքին հայեցի դիմագիծի պահպանման ու պարագայաբար Հայաստանի օժանդակութեան իրենց գիտակից պարտաւորութիւնը կը կատարեն յաւելուածաբար, զոհաբերելով ժամանակ, հանգիստ ու նիւթական միջոցներ: Սփիւռքեան կառոյցները կը գործեն առաւելաբար բարերարներու կողմէ կատարուած նուիրատուութիւններու շնորհիւ եւ ընդհանուր առմամբ հեռու են նիւթական ապահովութիւն ունենալէ: Արժանին պէտք է մատուցել թէ՛ նուիրատուներուն եւ թէ՛ այդ կառոյցները կամաւոր հիմունքով ղեկավարողներուն:

Սփիւռքի մէջ ունինք զանազան ասպարէզներու մէջ յաջողած ու հռչակի տիրացած անհատներ: Արուեստներու, մարզախաղերու, գիտութեան, տնտեսութեան, ճարտարարուեստի, առեւտուրի ու այլ ասպարէզներու մէջ կան իրենց ապրած երկիրներուն մէջ յաջողած, նոյնիսկ միջազգային համբաւի տիրացած հայեր: Արդարօրէն հպարտ ենք այս բացառիկ հայերու իրագործումին համար: Նման անհատներու նեդրումը հայրենի քաղաքական, տնտեսական ու ընկերային կեանքին կարեւոր նպաստ մը կրնայ բերել Հայաստանի բարգաւաճման: Անկասկա՛ծ: Սակայն սխալ է նման անհատներու հոյլը շփոթել սփիւռքի հետ ու անոնց կամ այն հարցի մասին դիրքորոշումը թարգմանել իբրեւ սփիւռքի հաւաքական տեսակէտ: Սփիւռքը ներգործօն իրականութիւն է շնորհիւ իր ստեղծած կառոյցներուն, որոնց նկատմամբ հայրենիքը պէտք է ուշադիր ըլլայ ու լսէ անոնց փորձառութենէն բխած ձայնը:

Վերեւի մտորումները ծնունդ առին մտահոգութենէ մը: Սփիւռքի վերակազմակերպման որեւէ փորձ չի կրնար չունենալ քաղաքական ենթահող: Առաւելաբար Ցեղասպանութեան հետեւանքով կազմաւորուած սփիւռքահայ համայնքներու համար Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը, հատուցման պահանջն ու հայութեան եւ Հայաստանի ազատագրութեան համար պայքարը կը կազմեն քաղաքական ենթահողի էատարրերը:

Հայ-թրքական բանակցութիւններու առիթով, աւելորդ թող չհամարուի հայրենի իշխանութիւններուն յիշեցնել, որ սփիւռքի ձգտումներուն հակասող որեւէ զիջում, որեւէ յանձնառութիւն անընդունելի է: Թուրքիան յաճախ սփիւռքին վերագրած է իր նկատմամբ ժխտական դիրքորոշումը:

Անհրաժեշտ է ցոյց տալ, որ հայութիւնը մէկ է ու Հայաստանը համայն հայութեան հայրենիքն է:



ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

aztagdaily.com

1