Սփիւռքի օրակարգային վերանայման անհրաժեշտութիւնը
Խաժակ Մկրտիչեան
Ինչպէս Հայաստանն ու Արցախը, Սփիւռքը եւս այսօր կը կրէ Հայաստանի իշխանութեան վարած քաղաքականութեան պատճառով արձանագրուած այն ծանր կորուստներու եւ անձնատուութեան յայտարարագրի հետեւանքները: Ինքնարդարացման ուղիներ որոնող Հ.Հ. իշխանական վերնախաւի այն պնդումը, թէ իշխանութեան աթոռին կառչած ուժի հրաժարական տալու հարցը չունի հանրային պահանջ՝ ակնյայտ սուտ է, որովհետեւ հայ քաղաքական ու ազգային բեմին վրայ գործող գլխաւոր բոլոր ուժերը, ներառեալ սփիւռքեան, հրապարակային ու բարձրաձայն յայտնած են հեռանալու մասին իրենց կարծիքը, ատով իսկ ապացուցելով, որ ոչ միայն հանրային, այլ համազգային պահանջ կայ Հ.Հ. իշխանութիւններու հրաժարական տալուն:
Անցնող շուրջ երեք տարիներու ընթացքին Հ.Հ. իշխանութիւններու վարած աւերիչ քաղաքականութեան մասին շատ խօսուած է եւ հետեւանքները աւելի քան խօսուն են: Կանգ առնենք միայն Սփիւռքին վերաբերող հարցերուն վրայ եւ անկէ բխած սփիւռքեան օրակարգային ճշգրտումներու անհրաժեշտութեան վրայ:
ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի վերանկախացման օրէն ի վեր Սփիւռքի բոլոր կազմակերպութիւնները, գրեթէ միաձայն, որոշում կայացուցած են, թէ անկախ Հայաստանի իշխանութիւններու հանդէպ իրենց վերաբերմունքէն, իրենք միշտ պատրաստ են նպաստելու հայ պետականութեան ամրապնդման, եւ իբրեւ այդպիսին՝ ազգային նշանակութիւն ունեցող խնդիրներու գծով աջակցած են իշխանութեան ներկայացուցիչներուն: Սակայն, վերջին իրադարձութիւններու լոյսին տակ, ի յայտ եկաւ այն փաստը, որ «կարեւոր չէ, թէ ով է Հ.Հ. իշխանութիւնը, յանուն պետականութեան՝ ազգային նշանակութիւն ունեցող հարցերու գծով պիտի գործակցինք իշխանութեան հետ» սփիւռքեան այս բանաձեւը ինքզինք սպառած է, երբ նոյնինքն Հ.Հ. իշխանութիւնը դարձած է Հ.Հ. պետականութեան հիմքերը խարխլող ազդակ: Ուստի, նման իշխանութեան հետ նուազագոյն համագործակցութիւնը ոչ միայն չի նպաստեր պետականութեան ամրապնդման, այլ ուղղակի մասնակցութիւն է պետականութեան հիմքերու սասանման:
Սփիւռքեան ոչ մէկ կառոյց ի վիճակի չէ տրամաբանականօրէն հիմնաւորելու, թէ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի դիմաց հայրենի սահմանները անպաշտպան թողած, թշնամաբար վերաբերող այս պետութիւններու հետ սիրավէպ քարոզող, ամբողջ սերունդի մը բնաջնջման պատճառ հանդիսացած իշխանութեան մը հետ որեւէ գործակցութիւն կրնայ ինչ որ չափով նպաստել հայրենի պետականութեան ամրապնդման: Ընդհակառակը, նման իշխանութեան հետ չգործակցիլն ու աւերիչ քաղաքականութեան հակադրուիլն է այն ուղիղ ներդրումը, որ Սփիւռքը կրնայ ունենալ հայրենիքի փրկութեան գործին:
ՀԱՇՈՒԵՏՈՒՈՒԹԻՒՆ
Առաջին կէտով պայմանաւորուած մօտեցումով մը, տարիներ շարունակ, Սփիւռքը հլու հնազանդ հետեւած է Հ.Հ. իրերայաջորդ իշխանութիւններու կամայականութեան եւ սիրայօժար իր ներդրումը կատարած է յանուն Հայաստանին ու Արցախին: Հակառակ տարբեր տեսակի չարաշահումներու մասին հիմնաւոր կամ անհիմն փաստարկներու, Սփիւռքը հանդուրժած է Հ.Հ. իշխանութիւններու հաշուետուութիւն չտալու վարքագիծը:
Կասկած չկայ, որ հայրենազրկուածութեան դառնութիւնը ճաշակած սփիւռքահայու մղումը ազնիւ հայրենասիրութիւնն է, որուն համար անսակարկ ներդրած է իր նիւթական, քաղաքական, ֆիզիքական ու մասնագիտական կարողականութիւնը: Անսակարկ նուիրաբերումի վերջին օրինակն էր պատերազմի ընթացքին Սփիւռքին կողմէ ցուցաբերուած անվերապահ աջակցութիւնը, որ արտայայտուեցաւ լայնածաւալ ցոյցերով, քաղաքական աշխատանքով ու նուիրատուութեամբ: Հայաստանի երեսնամեայ պատմութեան մէջ, ոչ մէկ իշխանութիւն չէր վայելած սփիւռքեան նման միահամուռ աջակցութիւն: Սակայն, յաջորդող օրերը եկան աւելի շեշտուած կերպով ապացուցելու Սփիւռքի ներդրումին կապակցութեամբ հայրենի իշխանութեան հաշուետուութեան ի սպառ բացակայութիւնը, երբ տարիներու քաղաքական հսկայածաւալ աշխատանքի մը ողջ արդիւնքը զէրոյի հաւասարեցաւ, ճիգով ու աշխատանքով շէնացած տարածքներ անհասկնալի տրամաբանութեամբ թշնամիին յանձնուեցան եւ յատուկ նպատակի մը համար հաւաքուած բազմամիլիոն գումարներ գրիչի մէկ հարուածով պետական պիւտճէ փոխանցուեցան, առանց ոչ մէկ բացատրութեան ու հաշուետուութեան:
Այս եւ գալիք բոլոր իշխանութիւններուն համար հասկնալի պէտք է դարձնել, որ նոյնիսկ եթէ իրենց ձեւաւորման մէջ ըսելիք չունի Սփիւռքը, բայց անոր աջակցութիւնը պայմանաւորուած է յստակ, թափանցիկ ու հիմնաւոր հաշուետուութեամբ:
ՆԱԵՒ ԸՍԵԼԻՔ
«Արցախի բնակչութեան անունով իրաւունք չունիմ հանդէս գալու» ըսող իշխանաւորը այսօր ինքն իրեն իրաւունք տուած է ոչ միայն հանդէս գալու, այլ նաեւ որոշումներ կայացնելու ողջ ազգին անունով, պատմական ու ազգային բոլոր իրաւունքները զիջելու ծանր յանցագործութեամբ:
Իշխանակալման առաջին օրէն, ՀՀ իշխող քաղաքական ուժը, առանց համոզիչ նուազագոյն հիմնաւորումի, Սփիւռքի ամբողջ նախարարութիւն մը լուծարեց եւ աշխարհասփիւռ հայութեան հետ յարաբերելու միակ միջոցը վերածեց միանձնեայ գրասենեակի մը: Այստեղ երբեք միտք չունինք իտիալականացնելու Սփիւռքի նախարարութեան անցած ուղին, ոչ ալ նշանակուած յանձնակատարի բազում թերութիւններն ու անընդունակութիւնները թուելու: Կառուցային փոփոխութան այս անպատասխանատու քայլը ակնյայտօրէն նահանջ էր, որ դուռը լման ձեւով փակեց Սփիւռքի ըսելիքը տեղ հասցնելու քիչ թէ շատ եղած հնարաւորութեան դիմաց:
Փոխանակ, Սփիւռքի ընելիքին դիմաց, Սփիւռքի ըսելիքին, կարծիքին ու դերակատարութեան առջեւ աւելի լայն դուռեր բանալու, Հ.Հ. իշխանութիւնը եղած հնարաւորութիւններն ալ վերացուց:
Երեսնումեայ պատմութիւնը եւ մանաւանդ վերջին իրադարձութիւնները, հասկնալու դժուարութիւն ունեցող հայուն անգամ ապացուցեցին, որ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութեան ու առած քայլերուն հետեւանքները չեն սահմանափակուիր Հայաստանի սահմաններով:
Ուստի, Սփիւռքի ըսելիքին անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս անցեալին, այսօր եւս շեշտուած է: Իսկ այդ ըսելիքը եւ որոշումներու կայացման մասնակցութիւնը երբեք պէտք չէ պայմանաւորել Սփիւռքի միաւորումով, կազմակերպական նոր կառոյցներու ձեւաւորումով եւ այլ արուեստական միջոցներով: Առաջին հերթին պէտք է պնդել Սփիւռքին ըսելիքին ու որոշումներուն մասնակից դառնալու կարեւորութիւնը, զերծ մնալ Սփիւռքը տնօրինելու, պառակտելու եւ անոր դերը նսեմացնելու մտադրութենէն, իսկ Սփիւռքի մասնակցութեան աստիճանը բարձրացնելու հազար ու մէկ կազմակերպական ձեւեր կան:
hairenikweekly.com