Սպասելով 5 օգոստոսին

19 Յուլիսին Թեհրանի մէջ տեղի ունեցաւ Սուրիոյ հակամարտութեան լուծման Ասթանայի ձեւաչափի երաշխաւոր երկիրներ՝ Ռուսիոյ, Իրանի են Թուրքիոյ նախագահներ Վլատիմիր Փութինի, Իպրահիմ Ռայիսիի եւ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանի վեհաժողովը։ Այդ ժողովի բացման ընթացքին արտասանուած երեք խօսքերուն ալ ընթացքին Էրտողանի դէմքի խոժորութիւնը աւելի քան խօսուն էր։ Արդարեւ, իրանեան եւ ռուսական կողմերը յստակ ու աներկբայ «կարմիր լոյս» վառեցին հիւսիսային Սուրիոյ մէջ քիւրտերուն դէմ զինուորական նոր գործողութիւն մը շղթայազերծելու անոր ծրագիրին դէմ։
Վեհաժողովի բացման նիստէն առաջ Իրաքի գերագոյն հոգեւոր պետ Աաթոլլա Ալի Խամենէի Թուրքիոյ նախագահին հետ իր հանդիպումի ընթացքին յայտնեց, որ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ որեւէ զինուորական յարձակում «Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ պիտի վնասէ եւ ի նպաստ ահաբեկիչներուն պիտի ըլլայ»։ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նասեր Քենաանի իր կարգին 20 Յուլիսին վերյիշեցուց Խամենէի կեցուածքը՝ յայտնելով.- «Իրանի Սուրիոյ դէմ զինուորական յարձակումին նկատմամբ դիրքորոշումը յստակ է, եւ Թեհրանի մէջ պաշտօնատարները թրքական կողմը զգուշացուցին Սուրիոյ դէմ հաւանական որեւէ յարձակումի վնասներէն»։
Սուրիոյ հիւսիսը թրքական զինուորական նոր գործողութիւնը մերժող ռուսական դիրքորոշումը արդէն բազմիցս յայտարարուած է եւ վստահաբար Փութին զայն անգամ մը եւս յիշեցուց Թեհրանի մէջ Էրտողանի հետ իր հանդիպումին ընթացքին։
Ռուս-իրանեան համահունչ կեցուածքներն ու ճնշումը եկան աւելնալու այդ յարձակումը մերժող՝ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ քիւրտերու հովանաւոր Միացեալ Նահանգներու կեցուածքին վրայ։ Այդ անբարենպաստ ընդհանուր մթնոլորտը Էրտողանի ստիպեց գործողութեան շղթայազերծումը յետաձգել։ Ան Իսլամական հանրապետութեան մայրաքաղաքին մէջ գումարուած վեհաժողովէն մէկ օր ետք տողատակի յայտարարելով, որ Անգարա ետքայլ կը կատարէ.- «Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ զինուորական նոր գործողութեան թղթածրարը պիտի մնայ մեր օրակարգին վրայ, մինչեւ մեր ազգային անվտանգութեան առնչուող մեր մտավախութիւններուն չքացումը»,այլ խօսքով՝ առայժմ պիտի չշղթայազերծուի։
Հետագային, Էրտողանի դէմքին վրայ յստակ կերպով երեւցող լուռ դժգոհութիւնը իր արտայայտութիւնը գտաւ թուրք պաշտօնատարներու կողմէ։ Օրինակ Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն 27 Յուլիսին յայտարարեց.- «Ոչ ոքէ արտօնութիւն պիտի խնդրենք հիւսիսային Սուրիոյ մէջ զինուորական գործողութիւն կատարելու համար, եւ ստիպուած չենք ատոր ժամկէտը ոեւէ մէկու յայտնելու։ Այս գործողութիւնը որեւէ ատեն կրնանք շղթայազերծել, ըստ մեր դէմ ապահովական վտանգներու մեր գնահատումին»։
Թրքական «Միլլիէթ»-ը նոյն օր հաղորդեց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն թրքական «Թի.Վի.100»-էն պատասխանելով ահաբեկչութեան դէմ պայքարին վերաբերող հարցումներուն՝ Միացեալ Նահանգներն ու Ռուսիան մեղադրած է այդ պայքարին մէջ անկեղծ չըլլալու մէջ։
«ՔԱԿ-ն ու այլ ահաբեկչական կազմակերպութիւնները կը շարունակեն իրենց սադրանքները։ Մենք միշտ կ’ըսենք, որ ահաբեկչական կազմակերպութիւնները սպառնալիք են թէ՛ Իրաքի, թէ՛ մեզի համար։ Իրաքի կառավարութիւնը չի կրնար յաջողութեամբ պայքարիլ ահաբեկչութեան դէմ։ Եթէ տեղական վարչակարգը չկարողանայ պայքարիլ ահաբեկիչներու դէմ, մենք ատիկա պիտի ընենք», ըսաւ Չաւուշօղլու։
Թրքական դիւանագիտութեան պետը ընդգծեց, որ Ռուսիան եւ Միացեալ Նահանգները պէտք է տէր կանգնին Սուրիոյ առնչուած իրենց խօսքին։ Անոնք պէտք է ահաբեկիչները դուրս բերէին տարածքէն, սակայն ատիկա չեն ըրած։
Ան ըսաւ, որ Միացեալ Նահանգները տակաւին կը շարունակեն սպառազինութեան մատակարարմամբ աջակցիլ ահաբեկիչներուն եւ պէտք է այս վերաբերեալ բացատրութիւն տան։
«ՔԱԿ-ը եւ Ժողովուրդներու պաշտպանութեան ջոկատները երկուքիդ ալ (Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ) կ’օգտագործեն», աւելցուց ան։
«Մենք տեսանք, թէ ինչպէս անոնք կը պայքարին ՏԱՀԵՇ-ի դէմ։ Մենք գիտենք, թէ ինչպէս զանոնք օդանաւով հասցուցած են Աֆղանիտսան։ Ատիկա անկեղծ չըլլալու նշան է։ Ահաբեկիչը ահաբեկիչ է։ Ժողովուրդներու պաշտպանութեան ջոկատներուն ու ՔԱԿ-ի միջեւ տարբերութիւն չկայ։ Միացեալ Նահանգները ատիկա բոլորէն լաւ գիտեն։ Անոնց ըրածը անընդունելի է», եզրափակեց Չաւուշօղլու։ Իրաքի մատնանշումը պատահական չէր, որովհետեւ Անգարան այդտեղ եւս ահաբեկչութեան դէմ պայքարի շղարշով ծածկուած ախորժակներ ունի։
«Յաջան շունը խածան չըլլար», կ’ըսէ արածը։ ՆԱԹՕ-ի երկրորդ մեծագոյն բանակի տէր երկրին կողմէ ՆԱԹՕ-ի ամէն մակարդակի վրայ մեծագոյնը եղող երկիրին՝ Միացեալ Նահանգներու հասցէին այսքան կարծր խօսքն ու մեղադրանքը ուշագրաւ է։ Սակայն անիկա աւելի անզօրութեան ու ջղաքրքրութեան արտայայտութիւն է։ Միւս կողմէ՝ Անգարան նոյնքան դժգոհ է իր նոր «սիրեցեալ» Ռուսիայէն, ինչ որ թերեւս որոշ չափով «սփոփանք» է հին ու պաշտօնական «կողակիցին»՝ Ուաշինկթընի համար, եթէ վերջինս անոր կարիքը կը զգայ, ինչ որ քիչ հաւանական է։
Թուրքիան կ’ուզէ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ քիւրտերու ներկայացուցած գլխացաւէն ձերբազատուիլ, սակայն նկատի ունենալով, որ Ռուսիան եւ Միացեալ Նահանգներ՝ իւրաքանչիւրը իր յատուկ պատճառներով ատոր դէմ է, կը զգուշանայ ինքնագլուխ, առանց արտօնութեան գործելով՝ Սուրիոյ մէջ անոնցմէ որեւէ մէկուն հետ բախում ունենալ։
Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ Թուրքիա-Ռուսիա բախում մը՝ այդպիսով Ուքրայինայի կողքին Ռուսիոյ հետ նոր ճակատի մը ստեղծումը եւ ռուս-թրքական յարաբերութեան մէջ մեծ սեպի խրումը մեծ գոհունակութիւն պիտի պատճառէր Ուաշինկթընի։ Արաբական այդ երկիրին մէջ ՆԱԹՕ-ի երկու մեծագոյն զինուորական ուժերուն՝ Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ բախում մըն ալ, իր կարգին մեծ բերկրանք մը պիտի ըլլար Մոսկուայի համար։
Ներկայ կացութեան մէջ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ վերջերս արձանագրուող թրքական ուժերու կողմէ Ռուսիոյ հովանաւորութիւնը վայելող Սուրիոյ բանակի դիրքերուն մօտիկ վայրերու ռմբակոծումն ու ռուսական կողմէն մատի թափահարումը՝ պատասխան օդային հարուածները ընդամէնը վերոնշեալ թրքական դժգոհութեան եւ ռուսական հաստատ դիրքորոշման «գործնական արտայայտութիւն»-ն են կամ լաւագոյն պարագային ռուսական կողմի վճռակամութեան լրջութիւնը քննելու թրքական փորձ ու այդ լրջութիւնը հաստատելու ռուսական կողմէն պատասխան քայլ միայն։
Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ այդ «հարց ու պատասխան»-երուն կողքին նշանակալից է նաեւ հիւսիսային Իրաքի մէջ թրքական ոտնձգութիւնը՝ 20 Յուլիսին Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի Տահուք նահանգի Զախօ գաւառի Պարխ գիւղին մէջ գտնուող ամարանոցի թրքական հրետանիին կողմէ բուռն ռմբակոծումը, որուն պատճառով 8 քաղաքայիններ զոհուած էին եւ 23 ուրիշներ վիրաւորուած, բոլորն ալ` քաղաքային զբօսաշրջիկներ։
Այդ օրէն ի վեր, իրաքեան հակաթուրք ցոյցերու կողքին՝ հիւսիսային Իրաքի մէջ թրքական տարբեր դիրքեր յարձակումի կ’ենթարկուին. անոնց վերջինները արձանագրուեցան 27 Յուլիսին, երբ Նինուէ նահանգի Պաաշիքայի մէջ «Զլիքան» ռազմակայանը եւ Մուսուլի մէջ թրքական հիւպատոսարանի մերձակայքը անծանօթ զինեալ խմբաւորման մը կողմէ հրթիռակոծման ենթարկուեցան։ Ուշագրաւ է, որ նշեալ յարձակումները երբեմն կը կատարուին նաեւ ականուած անօդաչու թռչող սարքերու օգտագործմամբ՝ ինչ որ մտածել կու տայ իրանեան գործօնի մասին։
Ըստ երեւոյթին, Թեհրանի մէջ եռակողմ վեհաժողովի ընթացքին թրքական բանակին հիւսիսային Սուրիոյ մէջ նոր գործողութեան շղթայազերծումը մերժող իրենց միացեալ ու հաստատ դիրքորոշումէն ետք, Մոսկուան ու Թեհրանը նաեւ գետնի վրայ դերերու բաշխում մը կատարած են. Ռուսիան ստանձնած է հիւսիսային Սուրիոյ մէջ թրքական ոտնձգութիւններուն հակադարձելու պարտականութիւնը, իսկ Իրանը ստանձնած իր հովանաւորութիւնը վայելող աշխարհազօրայիններու միջոցով՝ հիւսիսային Իրաքի մէջ Անգարայի զինուորական քայլերուն հակադարձելու պարտականութիւնը։
Այժմ պէտք է սպասել 5 Օգոստոսին, Սոչիի մէջ սպասուող Փութին-Էրտողան հանդիպումին, որուն ընթացքին Թուրքիոյ ղեկավարը վստահաբար դարձեալ պիտի փորձէ համոզել Մոսկուան։ Կը հաղորդուի, որ հանդիպումի ընթացքին պիտի քննարկուի Ուքրայինայի մէջ ռուսական ուժերուն դէմ օգտագործուող թրքական «Պայրաքտար» անօդաչու թռչող սարքերուն նկատմամբ «Ռուսիոյ հետաքրքրութիւնը»։ Յստակ չէ, թէ «հետաքրքրութիւն» ըսելով ի՞նչ պէտք է հասկնալ. Քրեմլին պիտի բողոքէ՞, պիտի սպառնա՞յ, թէ՞ պարզապէս Իրանէն անօդաչու թռչող սարքեր ստանալու համար համաձայնութիւն կնքածին նման պիտի փորձէ նաեւ թրքական «Պայրաքտար»-ներ ստանալու շուրջ համաձայնութիւն գոյացնել։ Այդ հարցին նկատմամբ ռուսական կողմին «հետաքրքրութեան» բաւարարումը հիւսիսային Սուրիոյ մէջ թրքական զինուորական թէկուզ սահմանափակ գործողութեան մը շղթայազերծման համար «կանաչ լոյս» ստանալու համար բաւարար պիտի ըլլա՞յ։ Սպասենք ու տեսնենք։
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
«Հայրենիք»