Սեպտեմբերեան դժնդակ օրեր
Գլխավոր » Լրահոս » Սեպտեմբերեան դժնդակ օրեր

Սեպտեմբերեան դժնդակ օրեր

«Սահմանները կապանքներ չեն, շղթաներն էլ կը փշրուեն։ Արցախը շարունակելու է պայքարը… »
(Ստեփանակերտ, Սեպտեմբեր 2, 2022)

Սպասուածը եղաւ. Արցախի համար պատմական օրը Երեւանի մէջ համեմատաբար աննկատ եւ հպանցիկ անցաւ:

Մեր խօսքը՝ Սեպտեմբերի առաջին օրերուն, Արցախի անկախութեան հռչակման տօնը նշող հաւաքներուն, քայլերթներուն եւ յայտարարութիւններուն մասին է, որ անշեղօրէն եւ հպարտութեամբ նշուած է ամբողջ 30 տարի, մինչեւ…:

Սեպտեմբերեան իւրայատուկ «վերամուտ» մը, պանծալի վերյուշ մը, որ դժբախտաբար երկու տարէ ի վեր ինկած է 44-օրեայ պատերազմին ստեղծած ողբի մրմունջին տակ:

Պաշտօնական հաղորդագրութեանց մէջ, զգալի էր, թէ ամբոխահաճ ոճը կը գերակշռէր թափանցիկութիւնն ու ճշմարտութիւնը:

Բացակայ էր միասնականութիւնը, որուն ցայտուն օրինակներէն մէկն էր «Դիմադրութիւն» շարժումին կազմակերպած հաւաքը:

Ոչ մէկ յուսադրիչ շարժում եւ ընթացք:

Վարչապետը կը շարունակէ խոնարհիլ եւ յիշել Արցախի պաշտպանութեան համար «մեր հայրենակից նահատակներ»-ը, սակայն նաեւ զուգահեռ գիծի մը վրայ ամէնայն խորհրդապահութեամբ եւ գաղտնապահութեամբ կը ստորագրէ (կամ բերանացի կ’որդեգրէ) ազգային վտանգ հանդիսացող եւ ահազանգային կացութիւն ստեղծող զիջումի փաստաթուղթեր:

Արցախի նախագահն ալ յայտնեց, թէ կը խոնարհի նահատակներուն պայծառ յիշատակին ու հպարտ հարազատներուն առջեւ։ Իսկ Լաչինի միջանցքի նոր երթուղիին մասին խօսելով, ոչ մէկ մատնանշում կատարեց Բերձորի, Աղաւնոյի եւ Սուսի մասին, որոնք քանի մը օր առաջ իբրեւ նորագոյն նուէր տրուած էին Ատրպէյճանի:

Այսուհանդերձ, յուսադրիչ էր Ստեփանակերտի Վերածնունդ հրապարակին վրայ կազմակերպուած հանրահաւաքը, որուն աւարտին կարդացուեցաւ ուղերձ մը, մանրամասնօրէն ներկայացնելով այժմու ողբերգական եւ ահազանգային վիճակը:

Կ’արժէ կանգ առնել Արցախի թեմի Առաջնորդ Վրթանէս Եպիսկոպոս Աբրահամեանի մէկ տպաւորիչ արտայայտութեան վրայ. «Արցախը մի դրախտային այգի է, իսկ մենք նրա մշակները։ Շատերն են ուզում տիրանալ մեր այգուն։ Այսօր այն կարկտահարուել է, սողանքների պատճառով տրոհուել ու փոքրացել՝ իր հետ տանելով այգու երիտասարդ մշակներից շատերին։ Այգին այսօր հիւանդ է, խնամքի կարիք ունի, յենարանի կարիք ունի, եւ մենք, որպէս կենդանի մշակներ, մեր միասնական ջանքերով պիտի վերակենդանացնենք Հայոց Արա թագաւորի հիմնած այգին»:

Շատ աւելի զգայացունց եւ ազդեցիկ էին պաստառներուն վրայ գրուած խօսքերը, որոնք կ՛ահազանգէին, թէ եթէ կորսնցնենք Արցախը, հասած կ՛ըլլանք Հայոց Պատմութեան վերջին էջին, անշուշտ նաեւ լռութեամբ կ’աղաղակէին երեք բանալի բառեր՝ ՄԻՈՒԹԻՒՆ, ՊԱՅՔԱՐ, ՅԱՂԹԱՆԱԿ, որոնք շուտով կարելի է գործի լծել, մէկդի դնելով հինն ու նորը, սեւն ու սպիտակը, յատկապէս թօթափելու համար 44-օրեայ պատերազմին վիհը:

«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական

1