Ռուբինայի անունը արձանագրուած պիտի մնայ հայկական ազատագրական շարժումներու տարեգրութեանց մէջ
ՀՅԴ զինանշան ՀՅ Դաշնակցության Արցախի Կենտրոնական Կոմիտեի պաշտոնական կայքէջ
Գլխավոր » Գաղափարական » Ռուբինայի անունը արձանագրուած պիտի մնայ հայկական ազատագրական շարժումներու տարեգրութեանց մէջ

Ռուբինայի անունը արձանագրուած պիտի մնայ հայկական ազատագրական շարժումներու տարեգրութեանց մէջ

Ահա՛ անուն մը, որ ո՛չ մականունի պէտք ունի, ո՛չ ալ տիտղոսի՝ ճանչցուելու համար:

Մեր ազատագրական շարժման մասնակից յեղափոխական Հայուհիներու շարքին մասնաւոր տեղ մը կը գրաւէ մեր ողբացեալ ընկերուհին, որ իր աչքերը յաւիտենականութեան փակեց Ապրիլ 21-ին, Մոնթրէալի մէջ, հեռու հայրենիքէն, որուն ազատութեան նւիրած էր իր կեանքը, երիտասարդ տարիքէն սկսեալ:

Իր անունը սերտօրէն կապուած է 1905 Յուլիս 21-ի Եըլտըզի ծանօթ մահափորձին հետ, որուն նպատակն էր տարտարոս ղրկել Կարմիր սուլթան Ապտիւլ Համիտը, որուն ձեռքերը ներկուեր էին 300,000 անմեղ Հայերու արիւնով:

Այդ օրը – Ուրբաթ – Սէլամլըքի արարողութիւնը աւարտած էր եւ Եըլտըզի գազանը դւորս կ’ելլէր մզկիթէն, երբ Ռուբինայի եւ Սաֆոյի այնտեղ տարած յատուկ կառքին մէջ կը պայթէր դժոխային մեքենան: Պայթիւնի հետեւանքով կը մեռնէին 26, կը վիրաւորուէին 58 հոգի, կ ըսպաննուէին բազմաթիւ ձիեր: Մզկիթի հրապարակը կը վերածուէր ռազմադաշտի մը, ուր իրարու վրայ դիզուած էին մարդոց ու ձիերու դիակներն ու կառքերու բեկորները: Սուլթանը մզկիթի դրան առջեւ խօսքի բռնուած ըլլալըվ, ուշ կը հասնէր եղեռնափորձի վայրը եւ կ’ազատէր հրաշքով:

Սարսափահատ դահիճը այս անգամ ջարդի հրաման չէր տար: Ընդհակառակն: Արքունի քարտուղար-խորհրդական Նէճիպ Մէլհամէի նախագահութեամբ քննիչ յանձնախումբ մը կը նշանակէր, հրահանգ տալվո անոր ներողամտութեամբ վերաբերուիլ յանցաւորներուն հանդէպ:

Ամիսներ ետք Մէլհամէ իր տեղեկագիրը կը ներկայացնէր 20 Հոկտ. 1905ին: Թւորքերէն բնագրի համառօտութիւնը թարգմանուած է ֆրանսերէնի եւ հրատարակուած Պոլիս: Մեծադիր 135 էջ: Կը պարունակէ անունները 41 հայ եւ օտար (քիչ թուով) ամբաստանեալներու, նոյնիսկ անոնց՝ որ մեռած են կամ փախստական: Գրքոյկին մէջ հրատարակուած են նաեւմ մեղադրեալներու լուսանկարները:

Թիւ մէկ ամբաստանեալն է Քրիստափոր Միքայէլեան, կեղծանունը՝ Սամուէլ Ֆայն: Երկրորդը՝ Սաֆօ, բուն անունով Կոստանդին Քաչուլեան կամ Տարոսեանբ, ծանօթ նաեւ՝ Ռիփս կեղծանունով: Առաջինը մեռած Սոֆիա, երկրորդը՝ փախստական:

Թիւ 3 ամբաստանեալն է Ռուբինա Ֆայն, ծանօթ նաեւ իբրեւ Օր. Վոլֆ եւ Նադեժդա Դատալեան (փախստական):

Նկարներ որոնք հրապարակուած են Օսմանեան պտշօնական տեղեկագրին մէջ

Մէլհամէի տեղեկագիրը կ’ըսէ թէ Ռուբինա ծնած է Կովկաս. սակայն կարելի չէ եղած ստուգել իր բուն անունը: Վերը յիշուած կեղծանուններով անիկա մասնակցած է Պոլսոյ Յեղափոխական Կոմիտէի քրէական ձեռնարկներուն, կանխամտածած եւ գործադրած է Յուլիս 21ի եղեռնափորձը: Մասնաւորաբար մասնակցած է Կոմիտէի անդամներու բոլոր խորհրդակցութեան: Իբրեւ «ներշնչեալ կոյս» ինքզինքը տրամադրած է կազմակերպիչներու ձեռնարկներուն՝ նորագիրներ մտցնելու համար շարքերուն մէջ: Յեղափոխական գաղափարներ արծարծած է եւ հրահրած՝ Կոմիտէի անդամներուն գործունէութիւնը: Գործնապէս մասնակցած է պայթուցիկ մեքենաներու փորձերուն, դժոխային մեքենայի ուսումնասիրութեան եւ պատրաստութեան: Այդ մեքենան պայթեցուած է ոճիրին յատկացուած կառքին մէջ, ընկերակցութեամբ նախորդ ամբաստանեալին (Սաֆօ): Այս ոճիրները նախատեսուած են Պատժական Օրինագրքի 55-րդ յօդուածով եւ 58րդ յօդուածի թիւ 1 հատուածով:

Տեղեկագրին մէջ քանիցս յիշուած է Ռուբինայի անունը:

Մասնաւորաբար պելժիացի Էտուար Ժորիս իր հարցաքնութեան ընթացքին մանրամասն տեղեկութիւններ տուած է Քրիստափոր Միքայէլեանի (Սամուէլ Ֆայն), անոր կարծեցեալ աղջկան՝ Ռուբինա Ֆայնի եւ Վռամշապուհ Քէնտիրեանի մասին: Քիրստափոր եւ Ռուբինա կը բնակէին Պոլիս՝ Ժորիսի տան մէջ:

Տեղեկագիրը (էջ 49) կ’ըսէ թէ «Իրականութեան մէջ Ռուբինա (իրենց ուղղագրութեամբ Ռոբինա) Սամուէլի աղջիկը չէր: Ռուսիա մեծցած Հայուհի մըն էր, որ պերլինաբնակ իր ծնողաց տունը ձգելով գացեր միացեր էր հայ անիշխանականներուն:

Ըստ Ժորիսի վկայութեան, Լիփիա Ռիփս եւ կինը, Սամուէլ Ֆայն եւ իր կարծեցեալ աղջիկը, Քէնտիրեան, Սիլվիօ Ռիչչի, Կարլ Եօվանովիչ՝ Թորգոմ կոչեցեալ, Տիկին Ազգովա եւ այլ անձեր – որոնց անունը չի գիտեր – ամէն իրիկուն կը հաւաքուէին Ժորիսի սրահին մէջ, որ դրւած էր Սամուէլ Ֆայնի տրամադրութեան տակ: Այս հաւաքոյթները յաճախ կ’երկարէին մինչեւ այգածագ: Շատ չանցած Լիփա Ռիփս եւ կինը, Սամուէլ Ֆայն եւ աղջիկը 1904 Դեկտեմբերին մեկնեցան Պուլկարիա. շուտով իրենց հետեւեցաւ Քէնտիրեան»:

Քրիստափոր եւ Վռամշապուհ Քէնտիրեան Սոֆիայի մօտակայ Վիտոշի լերան վրայ կատարուած փորձի մը ընթացքին ռումբի անժամանակ պայթումին զոհ կ’երթան: Անոնց կէս ձգած գործը հերոսաբար կը շարունակէ Ռուբինա՝ Սաֆոյի (Լիփա Ռիփս) եւ կնոջ (Մարի Զայց) հետ:

Կազմակերպիչները կը հրաժարին ձեռնառումբով մահափորձ կատարելու ծրագրէն եւ կ’որոշեն դժոխային մեքենայով սպաննել Հայոց արիւնարբու դահիճը: Վիէննայէն կը գնեն ձգախէժէ անիւներով եւ մասնաւոր ձեւով յարդարուած կառք մը եւ զայն Թրիէստէի ու Պելկրատի ճամբով կը ղրկեն Պոլիս՝ Սիլվիօ Ռիչչիիհասցէին:

Այս վերջինը՝ բուն անունով Քրիս Ֆէնէրճեան քսանական թուականներուն Պոլսէն Փարիզ եկաւ: Շատ չանցած, յաղթանդամ այս հերոսը Ֆոնթէնպլոյի հիւանդանոցին մէջ մեռաւ, զոհ անողոք հիւծախտի:

Ռուբինա եւ Ռիփս ամոլը ՊՈլիս կը ժամանեն՝ կառքին ապահով այնտեղ հասնելէն առաջ: Անոնք ռուսական հիւպատոսարանէն կեղծիքով հրաւիրատոմսեր կ’առնեն եւ քանիցս իրենց կառքով ներկայ կ’ըլլան Սէլամլըք ի ուրբաթօրեայ արարողութեանց, տեղւոյն վրայ ուսումնասիրելու համար ամէն մանրամասնութիւն:

Եղեռնափորձի օրը ձգախէժէ անիւներով կառքը տարուած է Համիտիէ հրապարակը: Կառքի արկղիկին մէջ դրած էին երկաթէ սնտուկ մը, որ կը պարունակէր 80 հիլօ մելինիթ եւ երկաթի կտորուանք: Դժոխային մեքենան ունէր քլորաթ տը փոթասէ խցան մը, որ կրակ առած ատեն բաւականաչափ ջերմութիւն պիտի արտադրէր՝ պայթեցնելու համար մելինիթը, կ’ըսէ տեղեկագիրը, որ կ’աւելցնէ.

«Նախապէս որոշուած էր, որ Օր. Ռուբինա մինակը պիտի կատարէր գործողութիւնը, սակայն Ժիփս դիտել տուած էր իրեն, որ կրնար ուշադրութիւն հրաւիրել իր վրայ, մանաւանդ որ եղեռնափորձին նախորդող երկու Ուրբաթ օրերուն ինք մինակն էր գացած Սէլամլըքի արարողութեան: Այսպէսով յաջողեցաւ համոզել զայն, որ աւելի լաւ կ’ըլլար իր ալ աջակցութիւնը դաւի գործադրութեան մէջ» (էջ 51):

Ըստ Նէճիպ Մէլհամէի տեղեկագրին, Եըլտըզի եղեռնափորձին պատրաստութեան եւ գործադրութեան համար ծախսուած է 300,000 ֆրանք (ոսկեդրամ), մէջն ըլլալով կառքին գինը՝ 5000 ֆրանք, ճամբորդութիւններն ու յարակից ծախսերը:

Դժխոային մեքենային ժամացոյցը լարելէ վերջ Ռուբինա եւ ընկերները կառքէն դուրս ելլելով ազատած են եւ ապահով արտասահման մեկնած:

Եըլտըզի դէպքերէն վերջ, արտասահմանի մէջ փոթորկալից կեանք մը պիտի վիճակուէր Ռուբինա Արէշեանի: Ժընեւէն վերջ կ’երթար Նովոչերքասք, ուր բանտարկուած էին դաշնակցական գործիչներ, ինչպէս Համօ Օհանջանեան: Պիտի բանտարկուէր այնտեղ պահ մը եւ պիտի ազատէր շնորհիւ իր եղբօր՝ ռուսական սպայ Արէշեանի (ետքէն զօրավար Հայաստանի բանակին մէջ):

Յետոյ կ’երթար Սիպերիա, ուր կ’ամուսնանար աքսորական բժիշկ Համօ Օհանջանեանի հետ (յետագային վարչապետ Հայաստանի), որուն կեանքը կը բաժնէր տարագրութեան մէջ (Եգիպտոս), գործօն մասնակցութիւն բերելով ազգային, մշակութային ու կուսակցական ձեռնարկներուն:

Քանի մը տարիէ ի վեր կ’ապրէր Մոնթրէալ (Քանատա) իր միակ տղուն՝ Վիգէն Օհանջանեանի մօտ: Ութսունը անցած էր:

Իր անունը արձանագրուած պիտի մնայ հայկական ազատագրական շարժումներու տարեգրութեանց մէջ:

Հրանտ-Սամուէլ «Հայրենիք», Պոսթոն 73-րդ Տարի, Թիւ 17-853 Շաբաթ, Մայիս 29, 1971

arftroshag.blogspot.com

1