Ռոստոմի յուշագիրը՝ Հայ Դատի առաջին ռեզոն-դետրը Հայոց ցեղասպանութիւնից յետոյ․Կարեն Խանլարի
Գլխավոր » Գաղափարական » Ռոստոմի յուշագիրը՝ Հայ Դատի առաջին ռեզոն-դետրը Հայոց ցեղասպանութիւնից յետոյ․Կարեն Խանլարի

Ռոստոմի յուշագիրը՝ Հայ Դատի առաջին ռեզոն-դետրը Հայոց ցեղասպանութիւնից յետոյ․Կարեն Խանլարի

Ռոստոմը (1867-1919թթ․) ՀՅ Դաշնակցութեան անունից ֆրանսերէն մի յոյժ կարեւոր յուշագիր է ներկայացրել Սոցիալիստ Ինտերնացիոնալի համաժողովին, Ստոկհոլմ, 1917թ․ ամռանը, որի մասին գրել էինք նախապէս (facebook.com/share/p/16Mo8DjrL9/): Յուշագրի մանրամասն քննարկումները ցոյց են տալիս, որ Ռոստոմի այս գրութիւնը հանդիսացել է Հայ Դատի բացատրութեան, հիմանաւորման եւ տարածքային պահանջատիրութեան համապարփակ մի փաստաթուղթ, կատարեալ մի ՌԵԶՈՆ-ԴԵՏՐ։ Յուշագրի արեւմտահայերէն թարգմանութեան մի հատուածը բերում ենք ստորեւ, ընթերցողի դատողութեանը յանձնելով․

«Անմիջական խաղաղութեան հաստատումը առաջնակարգ նշանակութիւն ունի աւերեալ Հայաստանի համար: Ան պէտք է կնքուի ռուսական ժողովրդավարութեան հռչակած երեք սկզբունքներուն (բարեփոխումներ, ճնշուած ազգերի ազատագրում, ժողովուրդների ինքնորոշման իրաւունքի իրացում — ԿԽ) հիման վրայ։ Եթէ մենք հակառակ ենք պատերազմական հարկադրանքի գաղափարին, բայց եւ այնպէս կը գտնենք որ արդար է հատուցում պահանջել մասնաւորաբար այն երկիրներու համար, որոնք աւերուած են՝ մանաւանդ մարդու իրաւունքներու եւ միջազգային դաշնագիրներու դրժումին հետեւանքով: Այդպիսի պատժամիջոց մը զգալիօրէն պիտի նուազեցնէր ապագայ պատերազմներու վտանգը։

«Հակառակ ենք նոյնպէս, ինչպէս էինք նախապէս, հողային բռնագրաւումներուն։ Եւ որովհետեւ այս սկզբունքը տարբեր մեկնաբանութիւններու տեղի կուտար, մեր կուսակցութեան ռայոնական ժողովը (գումարուած Թիֆլիս, 1917թ. 6-12 Ապրիլին) հարկ տեսաւ ընդգծելու, որ հակաժողովրդավարական կը նկատէ ոչ միայն նուաճուած երկիրներու բռնագրաւումը, այլ նաեւ ժողովուրդներու ենթարկումը իրենց նախկին բռնակալներուն։ «Ոչ կցումի» սկզբունքը պէտք չէ գործադրել անջատաբար, այլ տեսնել զայն «ժողովուրդներու ազատօրէն ինքնորոշուելու» սկզբունքին լոյսին տակ։

«Միջազգային ժողովրդավարութեան ուշադրութիւնը կը հրաւիրենք թուրքերու տիրապետութեան տակ գտնուող Հայաստանի բացառիկ կացութեան վրայ․ Թուրք ղեկավարներու ամբողջ քաղաքականութիւնը կը ձգտէր հայերու թիւը նուազեցնել իրենց հայրենիքին մէջ, եւ հոն աւելցնել մահմետական զանգուածը: Եթէ սուլթան Ապիւլ Համիտ աւելի եւս շեշտած էր՝ հայերը բնաջնջելու աւանդական քաղաքականութիւնը, Երիտասարդ Թուրքերը, միեւնոյն ուղղութեան հետեւելով, որոշեցին մէկ հարուածով աւարտին հասցնել այն գործը զոր սուլթան Սելիմ պարտադիր դարձուցած էր իր յաջորդներու համար։ Ներկայիս թուրքերու տիրապետութեան տակ գտնուող հայկական նահանգները գրեթէ պարպուած են հայ տարրերէն, եւ այժմու պայմաններուն մէջ յիշեալ սկզբունքին տառացի գործադրութիւնը մեծ անարդարութիւն պիտի ըլլար, որովհետեւ զաւթողներուն միայն կարծիքը պիտի առնուի:

«․․․ Հետեւաբար, կը պահանջենք, Որ միջազգային ժողովրդավարութիւնը իր կարելին ի գործ դնէ վերջ տալու համար հայոց դարաւոր ողբերգութեան՝ հանդուրժուած մինչեւ այսօր կայսերապաշտ պետութիւններու մրցակցութեան պատճառաւ, որ՝ Հայաստանի հողամասը վերադարձուի հայերուն, որոնք արժանի են այդ հատուցման, իրենց անցեալի մարտնչումներով, եւ որպէսզի տարագրուած մեր հայրենակիցները կարենան վերադառնալ իրենց օճախները եւ վճռել իրենց ազգային ճակատագիրը։

«․․․ Կը պահանջենք նաեւ, Որ հատուցում պահանջուի թրքական կառավարութենէն՝ պատերազմի ընթացքին բնաջնջուած հայ ընտանիքներուն՝ այն բոլոր նիւթական վնասներուն համար, զորս կարելի չէ արդարացնել մինչեւ իսկ ռազմավարական նկատումներով հատուցում՝ այն բոլոր հարստութեանց՝ փող, անասուն, ապրանք, կարասի, որ խլուած են հայերէն պատերազմի եւ տարագրութեանց ընթացքին՝ պետական գանձին, քաղաքային եւ զինուորական պաշտօնեաներուն, Իթթիհատ կոմիտէի անդամներուն, չեթայական (հրոսակային — ԿԽ) վոհմակներուն, զինուորականներուն եւ մահմետական ամբոխին կողմէ․․․»։

(Նիւթեր Հ․ Յ․ Դաշնակցութեան պատմութեան համար, ԺԲ հատոր, Բէյրութ, 2016, էջ 270-273)

1