«Ռատիօ Վատիկան»-ի Հայկական բաժանմունքն ու «Ազդակ»-ը կը շարունակեն համագործակցիլ
Գլխավոր » Լրահոս » «Ռատիօ Վատիկան»-ի Հայկական բաժանմունքն ու «Ազդակ»-ը կը շարունակեն համագործակցիլ

«Ռատիօ Վատիկան»-ի Հայկական բաժանմունքն ու «Ազդակ»-ը կը շարունակեն համագործակցիլ

«Ազդակ»-ի խմբագրատուն այցելեցին եւ տնօրէնութեան հետ տեսակցեցան Հայ կաթողիկէ համայնքի   Պէյրութի Թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան եւ «Ռատիօ Վատիկան»-ի հայկական բաժանմունքի տնօրէն Ռոպեր Աթթարեան:

Խորհրդակցութիւնը կը վերաբերէր տեղեկատուական խնդիրներուն, հայկական իրադարձութիւններուն «Ռատիօ Վատիկան»-ի լուսաբանումներուն: Ռոպեր Աթթարեան հաստատեց, որ «Ռատիօ Վատիկան»-ի հայկական բաժինը մեծապէս նկատի կ՛ունենայ «Ազդակ»-ի հրապարակումներն ու նիւթերը եւ զանոնք իբրեւ աղբիւր կ՛օգտագործէ իր լրատուութիւններու ընթացքին: Փոխադարձաբար «Ռատիօ Վատիկան»-ը «Ազդակ»-ին համար կը նկատուի կարեւորագոյն սկզբնաղբիւր հայկական հարցերու գծով  քահանայապետին թէ ընդհանրապէս Վատիկանի որդեգրած կոչերուն եւ յայտարարութիւններուն համար:

Խօսակիցները վերահաստատեցին երկու լրատուամիջոցներուն միջեւ համագործակցութիւնը շարունակելու անհրաժեշտութիւնը:

1