Պուրճ Համուտի աւերներու վերացման ճիգերու ծիրին մէջ
Երեքշաբթի, 4 օգոստոս 2020-ի երեկոյեան Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ պատահած պայթումին պատճառած աւերներուն եւ տխուր տեսարաններուն հետքերը ամոքելու եւ վնասուած թաղամասերու մաքրութեան աշխատանքները արդէն իսկ ընթացք առած են հայկական թէ տեղական պատկան մարմիններուն կողմէ:
Այս ծիրին մէջ ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի երիտասարդական միութեան (ԼԵՄ) Պուրճ Համուտի տարբեր մասնաճիւղերու անդամներ փութացին մասնակցելու եւ օգնելու Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան աշխատանքային բաժանմունքի գործաւորներուն կողմէ կատարուող թաղամասերու մաքրութեան ճիգերուն, յատկապէս` փշրուած ապակիներու եւ քարակոյտերու վերացման գծով:
Այս առիթով անոնք կոչ ուղղեցին շրջանի բնակչութեան ընդառաջելու Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան կոչին ու մասնակցելու տարուող աշխատանքներուն, եւ այս` շրջանը ամէնէն կարճ ժամանակամիջոցին վերականգնելու եւ բարեզարդելու նախանձախնդրութեամբ:
Նաեւ` Ուարտիէի Սկաուտներ
Նմանապէս եւ նոյն ծիրին մէջ, Պէյրութի հիւսիսային արուարձաններէն` Քոռնեթ Համրայի «Ուարտիէ»-ի սկաուտներէն կամաւորներ, իրենց կարգին մասնակցեցան նշեալ մաքրութեան աշխատանքներուն` խրախուսելով շրջանի բնակիչները, որ ընդառաջեն Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան կոչին եւ մասնակցին շրջանի բարեզարդման ճիգերուն:
aztagdaily.com