Փաշինեանի թշնամին
Կը վերադառնամ նոյն կենսական հարցին ըսելու համար, որ թեկնածու Փաշինեանը արդէն իսկ կը խօսի բաց քարտերով, երբ հանգամանօրէն կը պարզէ Արագածոտնի ընտրողներուն «թշնամի»ի իր տեսութիւնը։ Եւ անշուշտ վազնիվազ իրեն կը հետևին իր երկսեռ յանկերգողները՝ ամէն օր հայ-թրքական մերձեցման նոր գոհար մը մատուցելով հանրութեան։
Ո՞վ է թշնամին, հարց կու տայ Փաշինեան ճիշտ այն պահուն, երբ մեր երկիրը նոր դուրս եկած է պատերազմի գեհենէն։ Այն իսկ պատերազմի՛ն՝ որ պարտադրուեցաւ մեր ժողովուրդին թուրքևազրպէյճանական թշնամիի զանգուածային ներխուժումով և որուն զոհ գացին հինգ հազարէ աւելի հայորդիներ և բազմահազար ուրիշներ՝ որոնց հետքը դեռ չէ իսկ գտնուած և բազմահազար ռազմագերինե՛ր՝ որոնք կը շարունակեն ենթակայ մնալ ամենէն սատիստ խոշտանգումներու։
Ով է թշնամի՞ն…հարց կու տայ, իր կարգին, մեր ժողովուրդը սահմըռկած…
Ով է թշնամի՞ն, Պր. Փաշինեան… երբ Շուշին և Արցախի մեծ մասը և մեր հայրենական ոսկի հողերը և մեր հոգևոր և մշակութային ժառանգութիւնը կը սրբապղծուին ամէն վայրկեան նոյնինքն այդ թշնամիի կրունկներոուն տակ։
Ով է թշնամի՞ն…երբ թշնամին բացէ ի բաց քարտէզներ կը հրապարակէ ցոյց տալով Զանգեզուրը իբրև անքակտելի մասը Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութեան և երբ ան իր քարտէզներուն վրայ կը թրքացնէ Երևանի փողոցներուն անունները։
Ով է թշնամի՞ն…երբ այդ նոյն թշնամին ձեզի պարտադրած է Նոյեմբեր 9-ի ամօթալի համաձայնագիրը։
Եւ դեռ ո՞վ է թշնամին…երբ թշնամին չորս ծաւալուն զօրավարժութիւններ իրականացուցած է մեր երկրի սահմաններուն վրայ յայտնօրէն պատրաստուելով նոր նախայարձակման։
Եւ ով է թշնամի՞ն…երբ թշնամին քարուքանդ ըրած է Հայաստանի և Արցախի տնտեսութիւնը, խախտա՛ծ՝ անոր ներքին – արդէն իսկ փխրուն — հաւասարակշռութիւնները և լայնօրէն փճացուցա՛ծ՝ երկրի լինելիութեան կռուանները…
Ո՞վ է թշնամին։
Կը պարզուի, որ «թշնամի»ի այս կերպարը սուտ է ըստ Փաշինեանի հերձուածին։ Ան գոյութիւն չունի։ Ան ընդամէնը գոյութիւն ունի մեր՝ մոլորածներուս մտքերուն մէջ։ Ասիկա կերպար մըն է, որ մենք և թուրքերը միասնաբա՛ր ենք ստեղծած և հետևաբար հաւասարապէս պատասխանատո՛ւ՝ այս հասարակաց մեղքին համար
Ան, որ բնաջինջ ըրաւ հայութեան մեծագոյն զանգուածը և իր թաթը դրաւ՝ Արևմտեան Հայաստանի և Կիլիկիոյ վրայ… Ան, որ յափշտակեց Կարսի, Արտահանի, Սուրմալուի, Նախիջևանի մեր հայրենական տարածքները և կը յաւակնի մնացեալին…
Այսինքն ան, որ հեղինակն է Հայոց Ցեղասպանութեան բոլոր կանխամտածուած փուլերուն՝ ան թշնամի չէ, այլ պարզապէս՝ պատմական թիւրիմացութի՛ւն մը։ Քանի մը քայլ և՛ս և արդէն պիտի ստացուի բոլշևիկեան հին մեղադրանքը, որ այս թշնամութեան ետին՝ Դաշնակցութեան խորհրդաւոր ձեռքն է, որ կը գործէ…
Ա՛ն է ստեղծած այս թշնամութիւնը։ Նոյնինքն ան՝ որ ըստ Փաշինեանի աւելի վտանգաւոր է քան թշնամին՝ ի՛նքը։Բայց կայ աւելի շշմեցուցի՛չը։ Ըստ Փաշինեանի, թշնամին պարզապէս «թշնամի» է այն չափով, որ մենք՝ հայե՛րս համարձակած ենք զայն թշնամացնել մեզի…(Հասկցա՞ք, ողորմելինե՛ր։)
Հոգեբոյժ Փաշինեանն է, որ մեր ժողովուրդի այս համատարած սուգին մէջ յանկարծ ըրած է իր չքնաղ ախտորոշումը և մենք այժմ (ի՜նչ բախտաւորութիւն) արդէն կարող ենք – Փաշինեանի պարտուած և սնանկ իշխանութեան բարեհոգութեա՜մբ — մտածելու հաւանական «դարմանում»ներու մասին։
Եւ ի՜նչ դարմանումներ…Արագածոտնի ժողովո՛ւրդ, դարձեալ դո՛ւք կը թուիք ըլլալ թիրախը «ինքնամաքրման» այս այլանդակ գործողութեան։ Փաստօրէն ձեր առջև է, որ կը բացուի փաշինեանական այս եղերազաւեշտին առաջին արարը։ Բայց նաև գիտցէ՛ք, որ այս անգամ Պր. Փաշինեանը այլ աղուն ունի աղալիք։ Դուք ընդամէնը ճակատամասն (façade) էք կառուցուող այս ապաշնորհ բեմահարթակին։
Կասկած չկայ, որ այս անգամ Պր. Փաշինեանը այլ հասցէներ ունի ի մտի։ Ան ձեզմով հետաքրքրուած է միայն այն չափով, որ ան պէտք ունի ձեր քուէներուն, զորս կը յուսայ ապակողմնորոշել, ինչպէս ըրաւ 2018-ին հնարելով իր «թաւշեայ յեղափոխութեան» քառակուսի սուտը։ Իր այս նորագիւտ գաղափարի առաջին հրապարակումը Արագածոտնի մէջ — այսինքն՝ իր ընտրական քարոզարշաւի այս սկզբնական հանգրուանին վրայ – վստահաբար նպատակ ունի, նախ և առաջ, տպաւորելու իր արտասահմանեան լսարանը։
Այժմ հարց տանք՛ թէ ո՞րն է այդ լսարանը։ Ներկայ հանրապետութեան առաջին օրերէն սկսած, ՀՀ ինքնիշխանութեան բանալիները մեր ձեռքէն կորզել ջանացող արտաքին ուժերը գործի վրայ էին գրեթէ ամէն կողմ։ Կ՚ակնարկեմ թէ՛ Արևմուտքի (և յատկապէս ԱՄՆ-ի) խորքային (deep state) ուժերու քաղաքականութեան հանդէպ Կովկասի նորանկախ հանրապետութիւններուն և թէ՛ Մոսկուայի մեծապետական ռազմավարութեան։ Բայց այս պարագային Արևմուտքն է մեր սևեռակէտը։
Ճիշտ է — և անպայման երախտագիտութեամբ պէտք է նշել — որ Արևմուտքը և յատկապէս ԱՄՆ-ը տնտեսական կարևոր օգնութիւն ցուցաբերեցին Հայաստանի և Արցախի վերականգնման գործին։ Եւ սակայն կարելի չէ չնշել, որ նոյն Արևմուտքի ռազմավարական շահերու խորքային ոլորտին մէջ գործող ուժերը — Թուրքիոյ և Իսրայէլի ամէնօրեայ միջամտութիւններով — ամէն մեքենայութեան դիմեցին ապակողմնորոշելու համար մեր հայրենիքի պետական ղեկավարութիւնը մեր ազգային հիմնահարցերու հետապնդման մարզին մէջ։ Անոնք նոյնիսկ յաջողեցան թափանցելու Սփիւռքի քանի մը կազմակերպութիւններէն ներս։ Գտան իրենց գործակիցները և դիմեցին սադրանքի բոլոր միջոցներուն խախտելու համար Սփիւռքի գաղափարական շէնքը։
Արևմուտքի գլխաւոր մայրաքաղաքներուն մէջ (և ներառեա՛լ՝ Իսրայէլի) մեղուային աշխատանքի լծուած էին անոնք Հայաստանի ռազմավարական այլընտրանքները իրենց էութենէն պարպելու, Հայոց Ցեղասպանութեան գծով մեր պահանջատիրութեան համաշխարհային պայքարը խափանելու, Արցախի ինքնորոշման դատը շնչահեղձ ընելու և մեր նորանկախ երկրի զարգացման հնարաւորութիւնները շրջափակելու։
Իր անկախութեան տիրացած Հայաստանը պէտք էր ամէն գնով զրկուէր լինելիութան իր կենսական բանալիներէն։ Հայաստանը՝ de jure անկա՛խ, բայց de facto պատա՛նդ։ Այս էր ուզուածը։ De facto՝ կախեա՛լ։
Իսկ կախեալ՝ որմէ՞…Փաթեթը, որ կը հետապնդուէր այդ օրերուն, կարևոր դերակատարութիւն կը վերապահէր Թուրքիոյ… Պէտք էր դիմել ամէն քայլի Հայաստանը «մօտեցնելու» թուրք պետութեան ուժային դաշտին։ Կը խոստացուէր կայունութիւն, խաղաղութիւն, բարգաւաճութիւն։ Կը խոստացուէր ճամբայ դէպի ծով…դէպի Տրապիզոն…Հայաստանը, սակայն, պէտք էր բերուէր ՆԱԹՈյի անդամ Թուրքիոյ իրողական ենթակայութեան տակ։
Բայց կար նաև մեծ կնճիռը, զոր հնարաւոր չէր շրջանցել։ Կար Հայոց Ցեղասպանութեան այրող վէրքը մեր ժողովուրդի վրդով յիշողութեան մէջ։ Դաշնակցութեան և այլ կազմակերպութիւններու հետևողական ճիգերով քաղաքականացած Սփիւռքը պատրաստ չէր նահանջելու այս ճակատին վրայ։ Հետևաբար պէտք էր նախ և առաջ յաղթահարել Հայոց Ցեղասպանութեան դատէն բխող մեր պահանջատիրութեան մեծ խոչընդոտը…
Այդ գործողութիւններէն մէկը 2001-ին կեանքի կոչուած Turkish Armenian Reconciliation Commission-ն էր (TARC) ԱՄՆ-ի մէջ։ Խիստ գաղտնիութեան պայմաններու մէջ ծրագրուած այս գործողութիւնը յանկարծ հրապարակ նետուեցաւ մեծ շռընդաւորութեամբ և ՀՅԴ Հայ Դատի ռազմավարութիւնը վայրկենապէս թաղելու յստակ դիտաւորութեամբ։ Այս կառոյցին մաս կը կազմէին բազմաթիւ թուրք գործիչներ Թուրքիայէն և արտասահմանէն, բայց նաև քանի մը հայազգի անուանի դէմքեր Հայաստանէն և Սփիւռքէն։
Ոչ ոք գիտէր, թէ ի՞նչ լիազօրութեամբ կը գործէր այս խմբաւորումը և հաշուետու էր որո՞ւն։ Ի՞նչ աղբիիւրներէ կը ֆինանսաւորուէր ան և կը հետապնդէր ի՞նչ օրակարգ…Եւ թէ ինչո՞ւ և ինչպէ՞ս հոն յայտնուած էին հայազգի այդ երևելիները։ Ամէն հարցում ուղղուած իրենց կը յանգէր անորոշ հռետորաբանութեան։ Ամէն հարցադրութիւն ուղղուած ՀՀ և ԱՄՆ պետական պատասխանատուներուն (թէ ի՞նչ էր կապը իրենց և TARC-ին) կը յանգէր բացարձակ հերքումի։
Յստակօրէն կը ծանուցուէր ամէնուր, որ բացուելու էր «նոր էջ» հայ-թրքական յարաբերութիւններու և Հայաստան-Թուրքիա համագործակցութեան…
Հայ Դատի պահանջատիրութիւնը յանկարծ կը դառնար ապայժմէ ստորոգութիւն (category)։ Ան կը նետուէր «հին» պատմութեան զամբիւղը։ Նոր գործիչներ նոր գործիքներով կը պատրաստուէին ստանձնելու հայ ազգային քաղաքականութեան ղեկը և խաղաղութեան աղաւնին կը պատրաստուէր իր Նոյեան թռիչքը անգամ մը ևս կատարելու…այս անգամ թրքական բռնագրաւման տակ գտնուող Արարատի փէշերուն։
Չեմ ուզեր հին էջեր քրքրել, բայց չեմ կրնար մոռնալ, թէ որքա՜ն յարգելի մարդիկ ինկան թշնամիին ծուղակը։ Ինչպիսիներո՜ւ «դասախօսութիւն»ը պէտք էր համբերութեամբ լսէինք, թէ անցա՜ծ էին հին ժամանակները… Մինչև որ կրցանք մանրակրկիտ հետազօտութեամբ և փաստաթուղթերով բացայայտել, թէ ո՞ր պետութեան միջոցներէն կը հոգացուէր այս գործողութեան պիւտճէն…և — հրա՜շք — արագօրէն վերջ դրուեցաւ այս տիտանեան սուտին։
Թուրքիայէն տեղաւորուած անդամները առաջինները եղան աճապարանքով փախուստ տուող։ Այսօր գիտենք, որ թէև վարկաբեկուեցաւ վերոյիշեալ դաւադրական մեքենան, բայց սադրանքը կանգ չառաւ։ Շուտով նորանոր ձևակերպումներ ստացաւ ան։ «Ճանապարհային քարտէզ», «Հայաստան-Թուրքիա Արձանագրութիւններ», բազմազան ծրագրեր «երկու ժողովուրդները խաղաղ գոյակցութեան համար պատրաստելու»։
Գործակալներու ամբողջ բանակ մը պատրաստելու հետևողական աշխատանքներ տարուեցան զանազան «ոչ-կառավարական» յորջորջուող կազմակերպութիւններու կողմէ (NGO)։ Թիրախաւորուած էին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման և հատուցման օրակարգերը։ Թիրախաւորուած էր յատկապէս Արցախի ինքնորոշման դատը։ Ձևակերպողները շատ լաւ կը հասկնային, թէ ինչպիսի զօդուղիներով այս երկու հիմնահարցերը կապուած էին իրարու։
Այստեղ կարևոր է ճշտում մը կատարել մատնանշելու համար այս հարցին իրական շրջանակը։ Կ՚ապաւինիմ ընթերցողի ներողամտութեան այս անհրաժեշտ ընդլայնումը կատարելու համար։Նորանկախ մեր պետականութիւնը և իր քաղաքացիները և ընդհանրապէս մեր ժողովոուրդը ամէնուրեք պարտաւոր են ճիշտ գնահատելու ներկայ բազմաբևեռ աշխարհակարգը իր էութեամբ։ Կ՚ապրինք մեծապետական շահերու բախման հոլովոյթին մէջ։
Մեր երկիրը, իր աշխարհագրութեամբ, կը գտնուի այս բախման կիզակէտին վրայ։ Մենք կ՚ապրինք այս իրականութեան մէջ։ Մենք մեր հայրենիքի լինելիութիւնը պիտի կառուցենք «պատերազմական» այս գօտիին մէջ։ Մենք այս գօտիին բնաւորութիւնը պիտի իւրացնենք արմատապէս և ատով իսկ այս գօտիին անվիճելի տէրերը պիտի դառնանք։ Ատով է, որ ի վերջոյ պիտի ձևաւորուի մեր ուժի խարիսխը այս աշխարհակարգին մէջ։
Եւ հարկ է, որ ի վերջոյ մենք՝ ինքնե՛րս կարողանանք ճշտել մեծապետութիւններու բախման կանոնները մեր տարածաշրջանին մէջ։ Ասիկա մեր ազգային գոյութենականութեան ծածկագիրը պիտի ըլլայ։ Հայ անկախ պետականութիւնը պիտի ձգտի նուաճել կարողականութեան այս իսկ մակարդակը, որպէսզի կարողանայ ապահովել իր երկարակեցութիւնը այս տարածաշրջանին մէջ և այս մոլորակին վրայ։ Եւ, անշուշտ, երկար ճամբայ ունինք կտրելիք այս մարզին մէջ։
Աշխարհակարգը «միջ-կայսերական» քաղաքականութեան կենսոլորտն (habitat) է և մենք կ՚ապրինք այդ ոլորտի իրականութեամբ։ Հայաստանի ներկայ աշխարհաքաղաքական դրուածքով՝ որպէս հայ անկախ պետականութիւն՝ ապրելու ուրիշ կարելիութիւն չէ տրուած մեզի։
Հետևաբար Հայրենիք-Սփիւռք մեր փոխ-առընչութիւնները պիտի ցոլացնեն այս իրականութեան տարերային կենսապահանջները։ Այս մարտահրաւէրն է, որ մնայուն նստուածք պիտի ունենայ մեր քաղաքական կեանքի բոլոր ոլորտներէն ներս։ Մենք այս մարտահրաւէրին է, որ պիտի ընդառաջենք ազգովին։ Ես քիչ ըսեմ, դուք շատ հասկցէք, կ՚ըսէր մեր ուսուցիչը կոչ ընելով մեր երևակայութեան։ Եթէ մեր առջև ծառացող մարտահրաւէրը, իր բնոյթով, «կայսերական» է, կը նշանակէ մեր ազգային ռազմավարութիւնն ալ իր հակադարձութեան բոլոր զէնքերով պիտի ըլլայ «կայսերական» բնոյթի և որակի։ Ան պիտի ըլլայ համապատասխա՛ն՝ մարտահրաւէրի բնոյթին։
Պիտի ըլլայ համաչա՛փ։ Աւելի՛ քան համաչափ։ Այս ճակատին վրայ, մենք պարտաւորուած ենք ճակատելու ՅԱՂԹԱՆԱԿՈՂ ՌԱԶՄԱՎԱՐՈՒԹԵԱՄԲ (winning strategy)։
Պայման է, որ մենք ազգովին ճիշտ գնահատենք աշխարհաքաղաքական փոխ-յարաբերութիւններու այս նուրբ հիւսուածքը, որպէսզի կարողանանք անսխալ զանազանել մեր թշնամին աշխարհակարգի մեծ գործօններէն, որոնք գերտէրութիւններն են։ Պիտի գիտնանք, որ գերտէրութիւնները հոգի (soul) չունին։ Անոնք ունին կլոպալ անվտանգային շահեր (global security interests), որոնցմէ անոնք չեն կրնար հրաժարիլ արդարութեան կամ բարեսիրութեան սիրոյն։ Պիտի նաև ակնկալենք, որ այդ շահերը կրնան դառնալ հայ անկախ պետականութեան ազգային գերագոյն շահերուն դէմ։
Մեր գործն է կազմակերպուիլ բոլոր այս հաւանականութիւններուն համար և ջանալ «կառավարել» ռիսքերու այս խաղադաշտը նուազագոյն վնասներով։ Մենք կը թերանանք մեր առաքելութեան մէջ, եթէ թշնամիներ փնտռենք գերտէրութիւններու ոլորտին մէջ։ Անոնք ոչ թշնամի են և ոչ բարեկամ։ Անոնք խաղադաշտ են, ուր կը վճռուի մեր ճակատագիրը։ Հետևաբար այդ դաշտին վրայ մենք պիտի ցուցաբերենք այս դաժան խաղին տիրապետելու մեր հանճարը։ Գերտէրութիւններու խաղադաշտին մէջ, բազմամակարդակ ռազմավարութեամբ գործելու այս հրամայականը պէտք չէ շփոթել թուրքևազրպէյճանական թշնամին սանձելու մեր պարտաւորութեան հետ։
Թուրքիան իր օսմանեան, երիտթրքական, քեմալական և նոր-օսմանական տարատեսակներով կը մնայ նոյն ցեղասպան, ծաւալապաշտ և ֆաշիստ պետականութիւնը, որուն աւագ առաջադրութիւններէն մէկն է հայ անկախ պետականութեան լուծարումը։ Ան մեզ բնորոշած է որպէս իր վերջնական թշնամին, նոյնիսկ երբ ան իր դիւանագիտական քոպրաներով կը ջանայ հրապուրել և ապակողմնորոշել միջազգային դիւանագիտութիւնը և շարքէ դուրս բերել ՀՀ արտաքին քաղաքականութիւնը։ Այսպէս է, քանի որ Հայաստանը Թուրքիոյ համաթրքական մեծ ծրագրին առջև ծառացող հսկայ արգելքն է, զոր անյապաղ պէտք է ենթարկել լուծարքի և առանց խտրութիւն դնելու միջոցներու միջև։ Եւ, ի դէպ, Հայաստանի տնտեսութիւնը ներսէն գրաւելու ծրագիրը այդ միջոցներէն մէկն է…
Ամբողջացնելու համար այս դաժան պատկերը, պէտք է անմիջապէս աւելցնել, որ Ազրպէյճանը Թուրքիոյ համաթրքական շահերու հեռահայեաց ձևաւորումներէն ծնած արբանեակ պետականութիւնն է, զոր Թուրքիա կրցաւ ի վերջոյ խլել Ռուսաստանի ճանկերէն։ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ի վեր, Թուրքիան, ի դէմս Ազրպէյճանի, ունի իր ռազմավարական հզօր խարիսխը Ռուսաստանի ազդեցութեան գօտիին մէջ։ Եւ շնորհիւ այդ խարիսխին, ան կրցած է լայնօրէն շրջափակել հայ անկախ պետականութիւնը և սպառնալ անոր գոյութեան։
Թուրքիոյ այս ռազմավարութեան դիմաց, Մոսկուա ունի ի՛ր ռազմավարական առաջադրութիւնները Ազրպէյճանի նկատմամբ և կը փորձէ ազրպէյճանական շահերը բաժնել Թուրքիայէն, բայց դեռ սկիզբն ենք այս բարդ և խճըճուած գործընթացին։ Առայժմ թուրքևազրպէյճանական յաղթարշաւն է Կովկասի մէջ և Հայաստանն է Մոսկուայի ձախողութիւններուն գինը վճարողը։
Նկատի առնելով այս խրթին աղիւսակը, մենք երբեք պիտի չմոռնանք, որ մեր թշնամին թուրքևազրպէյճանական երկեակն (tandem) է, որ մեծ ուժականութեամբ կը գործէ գերտէրութիւններու խաղադաշտին մէջ։ Մենք մեր թշնամիին հետ բուռն ընդհարման մէջ ենք ամէն օր ոչ միայն մեր երկրի սահմանագլուխներուն վրայ, այլև — այլ մանաւա՛նդ – աշխարհի գլխաւոր մայրաքաղաքներու ռազմաբեմին վրայ։ Թէժ պատերազմները կը տևեն օրեր միայն, մինչդեռ գերտէրութիւններու դիւանագիտական խաղադաշտէն ներս մեր առճակատումը մնայուն է և անվերջանալի։
Բայց անշուշտ, «բազում գործք արութեան գտանին գործեալ և ի մերում աշխարհիս»…պէտք է հպարտութեամբ արձանագրել, որ հայ անկախ պետականութիւնը եղած է բացառապէս պայծառատես, երբ անցեալին ամէն գնով ապահոված է մեր հայրենիքի ժողովրդագրական միատարրութիւնը։ Նոյն եզրերէն մեկնելով, Արցախի մեր ժողովուրդը իր պատմական մեծ դերին մէջն էր, երբ ծով արեան գնով մերժեց Ազրպէյճանի գերիշխանութիւնը և հաստատեց իր անկախութիւնը։ Եւ ի պատասխան Ազրպէյճանի ցեղասպանական յարձակապաշտութեան՝ հայկական զինուժը խիզախ քայլերով ազատագրեց (ստալինեան ձեռակերտ հանդիսացող) ԼՂԻՄ-ի շրջակայ հայկական պատմական տարածքները։
Այսպէս էր, որ քայլ առ քայլ մենք կը դիմէինք դէպի մեր անվտանգութեան սահմանագիծը դէմ դնելով թշնամիի շարունակական ոտնձգութիւններուն։ Յստակ էր թշնամին և յստակ էր մեր անկախ պետականութեան առջև դրուած պաշտպանական էական առաջադրութիւնը։Ի՞նչ է պատկերը այսօր։ Կասկած չկայ, որ վերջին 44-օրեայ պատերազմը բացայայտեց աղիտալի թերութիւններն ու բացերը մեր ռազմավարութեան։ Հարցո՛ւմ. թերացանք մեր դատողութեա՞ն մէջ, թէ առհասարակ կապուած էին մեր ձեռքերը։ Այս հարցումին պատասխանը հանրութիւնը առայժմ չունի։ Բոլոր երևոյթները ցոյց կու տան, որ մենք ճիշտ չէինք գնահատած թշնամին իր բոլոր ուժային ստորոգելիներով։ Ճիշտ չէինք գնահատած աշխարհակարգը «մանևրելու» (manipulate) իր կարողութիւնը։ Ճիշտ չէինք գնահատած մանաւանդ գերտէրութիւններու միջավայրը։
Մենք ահռելիօրէն սխալ գնահատական տուած էինք Մոսկուա-Բաքու փոխ-առընչութիւններու եզրերուն, որոնց լայնօրէն անդրադարձած եմ պատերազմի բովին մէջ հրապարակուած իմ այլ յօդուածներով։ Այնուամենանիւ այս բոլորը դեռ կը մնան քննելի։ Դժբախտաբար հանրութեան հասողութեան մէջ չկայ որևէ անկախ և հանգամանաւոր վերլուծում բոլոր այս հարցադրումներուն պատասխան հայթայթող։ Ցարդ փաստը այն է, որ թէ՛ գործադիր և թէ՛ օրէնսդիր իշխանութիւնները Երևանի մէջ առևանգուած են պարտութեան վարչակարգին կողմէ, որ այժմ ինքզինքին տուած է լիազօրութիւնը Ազգային Ժողովի արտահերթ ընտրութիւններու բեմը պատրաստելու՝ ինքզինք վերարտադրելու ակնյայտ մարմաջով։ Եւ այդ իսկ է հարցը։Պարտութեան վարչակարգը չէ, որ պիտի կարողանայ նոր էջ բանալ հիմը դնելով երկրի վերընձիւղման կենսական գործընթացին։
Պարտութեան վարչակարգը կը մշտնջենաւորէ մեր պարտութիւնը։ Ան այլևս հեռու է Հայաստանի Հանրապետութեան իրաւահարազատ (լեգիտիմ, legitimate) իշխանութիւնը ըլլալէ։ Ըսած ենք քանիցս, որ Նոյեմբեր 9-ի համաձայնագրով, Պր. Փաշինեան, ըստ էութեան, վերջ տուած է իր հանրային լիազօրութեան։ Ան այլևս կը խօսի մեր անկախ պետականութեան գերագոյն շահերուն խորթ լեզուով և տրամաբանութեամբ։ Զարմանալի չէ, որ ան արդէն — և բացէ ի բաց – կը խօսի թշնամիին առջև երկրին դռները բանալու հռետորաբանութեամբ հարցականի տակ դնելով անոր թշնամի ըլլալու փաստը։ Եւ զարմանալի չէ, որ թշնամին բացայայտօրէն կը սիրէ այս վարչակարգը…
Այս պարագան իսկ կը յստակացնէ, որ կը գտնուինք աննախընթացօրէն հրատապ կացութեան մը մէջ։ Կը գտնուինք մեր անկախ պետականութեան սպառնացող կենաց-մահու վտանգը դիմագրաւելու անզօրութեան վիճակին մէջ։ Որքան ատեն որ պարտութեան վարչակարգը տէրն է իշխանութեան, մենք կորսնցուցած ենք թշնամին «ճանչնալու» մեր պայծառատեսութիւնը, որմէ պէտք է հետևցնել, որ իշխանութեան մակարդակին վրայ Հայաստանը դադրած է իր ինքնութեան տիրութիւն կարենալ ընելէ։
Եւ անգամ մը ևս կը հաստատենք, որ ազգովին հասած ենք մեր անկախութեան այսօրն ու վաղը տնօրինող ճակատագրական ջրբաժանին առջև։Բանալ դարպասները Թուրքիոյ և Ազրպէյճանի առջև համազօր չէ հաշտութեան։ Համազօր չէ թշնամիին ախորժակները սանձելու։ Ան համազօր չէ մեր երկրի տնտեսութեան խցուած շնչերակները բանալու։ Ան համազօր չէ մեր երկիրը իր փակուղիէն դուրս բերելու։ Անպարկեշտութիւն է այս պիտակներուն տակ ներկայացնելու յանցագործութեան այս արարքը։
Բանալ դարպասները համազօր է մեր վերջնական հայրենազրկման։ Համազօր է մեր պարտութիւնը վերջնականացնելու։ Համազօր է վերջնական բնաջնջումի։ Բանալ դարպասները Թուրքիոյ և Ազրպէյճանի առջև առևտրական «կոմունիկացիա»ներու պատրուակով համազօրն է Հիթլերական Գերմանիոյ «վերջնական լուծում»ին (Final Solution), որ մեր անկախ պետականութեան, մեր Սփիւռքին և առհասարակ մեր հաւաքական գոյութեան վերջնական լուծարքն է։ Եւ այդ մէկը մենք չենք թոյլ տալու։ ՄԵ՛ՆՔ։ Այսինքն՝ Ա՛ԶԳԸ։ Իր բազմահազար տարիներու քաղաքական պայծառ կամքով։ Եւ առանց որևէ թաւիշի։
Կարօ Արմենեան
Ապրիլ 12, 2021