Փաշինեանական ընտրարշաւը եւ մեր երկրի սուր ճգնաժամը
Արագածոտնի Որդինե՛ր և Դուստրե՛ր,
Կը դիմեմ ձեզի, քանի որ շատ յստակօրէն Պր. Փաշինեան ձե՛զ ընտրած կը թուի ըլլալ որպէս յառաջիկայ «արտահերթ ընտրութիւններ» ու մեկնարկային փորձագետինը։ Այդ իսկ պատճառոով, դուք առաջինն էիք երէկ, որ լսեցիք Պր. Փաշինեանի — այսինքն՝ Նոյեմբեր 9-ի ամօթալի համաձայնագիրը ստորագրած և մեր հայրենական հողերը թշնամիին յանձնած իշխանաւորի՛ն — ընտրական լոզունգաշարը։ Պարզ խօսքով, ձեր վրայ է, որ կը փորձուի քաղաքական ապակողմնորոշումի այն փաթեթը, զոր Պր. Փաշինեան պիտի տանի քաղաքէ քաղաք և մարզէ մարզ ինքզինք (որպէս վարչապետ) վերարտադրելու վճռական ծրագրով։ Դուք էք առաջին թիրախը պարտութեան դաշտէն մղուող իշխանական այս ռազմավարութեան։
Ընտրական հանրածանօթ խաղ մըն է ասիկա, որ ներկայիս կը խաղացուի — հերթական աղաւաղումներո՛վ — իշխանութեան դիրքերուն կառչած այս քաղաքագէտներուն կողմէ։ Առաջին քայլ՝ հրապարակային շռընդալից ելո՛յթ՝ ընտրազանգուածի մէկ շերտին առջև պետական մեծ թմբկահարութեամբ։ Երկրորդ քայլ՝ տեսագրութեան և քարոզաճառի հանգամանաւոր հրապարակո՛ւմ Վարչապետի կայքէջին իսկ վրայ և այնպիսի «ձևակերպուած» խօսոյթով, որ — վե՛րջ – Արագածոտնը անցաւ Փաշինեանի կողմը։ Արագածոտնը գրաւուած է։ Արագածոտնը անքակտելի մասն է այսուհետև Փաշինեանի «ժողովուրդ»ին։
Ժողովուրդ ջան, կ՚ըսէ ան բազմիցս, դուք էք որոշողը…Դուք էք, որ կ՚որոշէք և Վարչապետն է, որ կը գործադրէ։ Առաջ ալ դուք էիք որոշողը։ Ըսել կ՚ուզեմ ՝ պատերազմէ՛ն առաջ։ Եւ քանի որ դուք էիք որոշողը, դուք էք նաև պատասխանատուն իշխանութեան կողմէ գործուած ամէն ձախաւերութեան։ Ամէն սխալի։ Ամէն պարտութեան և հայրենիքին սրտէն պոկուած ամէն հողային զիջումի՝ զոր իշխանութիւնը փաթաթած է ձեր և երկրի վզին…Վարչապետական «խոնարհամտութիւն»ը – որ կ՚արտայայտուի բազում լպրծուն կրկնութիւններով — իր յստակ և եղերական ենթատեքստը ունի Փաշինեանական փիլիսոփայութեան մէջ։ Եւ ամէն երևութական «առատաձեռնութիւն» իր կողմէ (բնականաբար) ունի իր սուղ գինը, վճարելի՝ ընտրողներուն կողմէ…Եւ երբեք չկասկածի՛լ՝ որ ամէն նման ապառիկ խոստում ունի իր կանխիկ փոխարժէքը, որ վարչապետական հռետորաբանութեամբ պարտադրուելու է Հայաստան երկրի անզօր քաղաքացիին…
Եւ ինչպիսի՜ աննման գոհարներ կան Փաշինեանական այս փաթեթին մէջ, որոնցմով ան կը փորձէ երկրի քաղաքացին անզգալաբար լծել «իմ-քայլական» արկածախնդրութիւններուն։ Թշնամի՞։ Ի՞նչ թշնամի։ Ո՞վ է ստեղծեր այդ սին գաղափարը։ Պր. Փաշինեան չի գիտեր, թէ ե՞րբ և ինչպէ՞ս ստեղծուած է այս կեղծ դասակարգը։ Չի գիտեր, քանի որ յայտնապէս ծանօթ չէ հայոց պատմութեան։ Բայց գիտէ միայն մէկ բան, որ պէտք է բացուին «տարածաշրջանի կոմունիկացիաների և ճանապարհների» ցանցերը և ինք պատրաստ է նաև մեր երկրի անվտանգութեան այդ վերջին դարպասներն ալ յանձնելու թշնամիին «կոմունիկացիա» անուան տակ։
«Մենք պէտք է յուսալի երկաթուղային կոմունիկացիա և ցամաքային կապ ունենանք Ռուսական Դաշնութեան և Իրանի հետ», կ՚ըսէ ան՝ բացայայտօրէն անտես առնելով այն փաստը, որ Իրանի հետ մենք արդէն ունինք այդ գործօն կապը և մեր վիզը Ազրպէյճանի «հոգատարութեան» յանձնելով չէ, որ ստացուելու է Ռուսաստանի հետ յուսալի մեր ճանապարհը…
Փաստը այն է, որ այս իմաստակութիւններու ետին մեծ տգիտութիւն մը կամ մեծ անպատասխանատւութիւն մըն է, որ կը փորձէ ծածկել վարչապետութեան այս թեկնածուն։ Ան գաղափար չունի, թէ ի՞նչ թշնամիի հետ է իր գործը։ Ան գաղափար չունի, թէ որո՞ւն դէմ է Հայաստանի գոյութեան կռիւը. որո՞ւն հետ կը բանակցի ինք. որո՞ւն հետ կը դաշնակցի. որո՞ւն հետ վաւերագրեր կ՚ըստորագրէ և իսկապէս գաղափար չունի, թէ որո՞ւն կը ծառայէ որպէս պետութեան վերին գործադիր։ Ան իր հրահանգը կ՚ըստանայ «ժողովուրդ»էն, որ Փաշինեանական յատուկ խօսոյթի տուեալներով՝ չունի ինքնութիւն, չունի հասցէ, չունի անուն։ Եւ մանաւանդ տեղ չունի բազմակարծութեան։ Վերացական և միապաղաղ մէկ ենթադրեալ զանգուա՛ծ՝ որուն կամքը Պր. Փաշինեանն է միայն, որ իրաւունք ունի բանաձևելու և որուն դատաստանը ինքն է միայն, որ գիտէ։ Եւ այդ ենթակայական և շինծու «ժողովուրդ»ի անունով ինչե՜ր կրնայ խոստանալ ան նոյն այդ «ժողովուրդ»ին…
Դուք կ՚անդրադառնա՞ք, ժողովուրդ ջան, կ՚ըսէ ան, որ «ագրեսիվ» ուժեր կան մեր երկրին մէջ, որոնք կրնան շատ վտանգաւոր ըլլալ։ Անոնք կրնան արիւն հեղել Արագածոտնի փողոցներուն մէջ։ Այլ խօսքով, թշնամիէն պէտք չէ վախնալ, բայց այս «ագրեսիվ» ուժերէն պէտք է անպայման ձերբազատուիլ…Ալ համը փախցուցին։ Եթէ մենք՝ իշխանութիւնս չպատժէ զանոնք, «ժողովուրդ»ն է, որ այդ գործը պիտի կատարէ…Դուք փառք տուէք իշխանութեան, որ մինչև հիմա քաղաքացիական բախումներ տեղի չունեցան…(որպէս թէ այդ բանին պատիւը երթար իշխանութեա՜ն և ոչ ՝ Ընդդիմութեան)։ Իսկ ի՞նչ արտառոց երգեր են ասոնք, ժողովուրդ ջան։ Ֆաշիզմի ի՜նչ ուրուականներ կրնայ իր երևակայութեան մէջ ապրեցնել Հայաստանի գործադիր իշխանութեան դիրքերը զբաղեցնող քաղաքական գործիչը։
Եւ յանկարծ՝ սպրդասացութի՛ւն մը՝ որ մեր աչքերուն առջև կը գլտորի տողընդմէջ։ «Թշնամի»ի գաղափարը աստիճանաբար ջնջելու ձևը ո՞րն է…հարց կու տայ ան։ Եւ կը պատասխանէ՝ «Առաջ գնալու ձևն այն է, ինչ այսօր գտնւում է քննարկումներու փուլում»…Ի՞նչ քննարկումներ են ասոնք, ժողովուրդ ջան։ Դուն տեղեա՞կ ես անոնց բնոյթին և ընթացքին։ Գիտե՞ս, թէ որո՞ւն հետ է, որ տեղի կ՚ունենան անոնք և ի՞նչ օրակարգով։ Մենք տեղեակ չենք։ Բայց չէ՞ որ դուն ես որոշողը։ Դուն ես պատասխանատուն։ Դուն ես, որ պիտի վճարես վերջին գինը։ Պր. Փաշինեանը միայն քու կամքդ է, որ կը գործադրէ…
Այս աճպարարութիւնը արդիւնք տուաւ 2018-ին, երբ գոյութիւն ունէր ժողովրդային շարժման ստեղծած բարոյական լիազօրութիւնը։ Այդ բարոյական դրամագլուխի (կապիտալ) պաշարները լայնօրէն չարաշահելով՝ այս խմբակը ինքզինք վերածեց խոհրդարանական մեծամասնութեան մը, որ նաև դարձաւ մեծ պատուհաս մը երկրի գլխուն։ Շատեր համոզուած են, որ այս բոլորին ետին կար քաղաքական մեծ մեքենայութիւն մը։ Համաշխարհային ուժերու կողմէ ձևաւորուած մէկ ծաւալուն դաւադրութի՛ւն։ Ես չեմ ուզեր մտնել այդ զազրելի ոլորտներէն ներս։ Կ՚ուզեմ միայն ըսել, որ այսօր կանգնած ենք ճակատագրական դարձակէտի մը վրայ։ Մեր անկախ պետականութեան գոյութիւնն է պատմութեան նժարին վրայ և ժամանակը չէ ժամանակավրէպ փորձարկումներու։ Մեր երկիրը բարոյական իրաւունքը չունի նոյն մոլորութեան զոհ երթալով վտանգելու երկրին վերջին գոյախարիսխները։
Իմ թախանձագին մաղթանքն է, որ իմ հայրենակիցները մէկդի շպրտեն քաղաքական բարոյալքումի յետին նշոյլը իրենց կեանքերէն և կանգնին ոտքի որպէս մեր հայրենիքի քաղաքացիական հպարտ ու պահանջատէր հասարակութիւնը և բարձրաղաղակ ՈՉ ըսեն այս կոթողական սուտին։ Մեզի վայել չէ զոհ երթալ այս պարտուած ուժի քաղաքական սուտին երկրորդ անգամ։ Ամօթ մեզի, եթէ մեր երկիրը այս դառն բաժակը ստիպուի անգամ մը ևս կուլ տալ։
Այս ընտրական խառնապուրը պէտք է մերժուի վերջնականապէս։ Ոչ Արագածոտնը և ոչ ուրիշ մարզ Հայաստանի մէջ պէտք է թոյլատրեն, որ Փաշինեան զիրենք գործածէ որպէս իր շախմատային խաղատախտակը։ Նոր Կտակարանի այս նորելուկ մեկնաբանը, որ նաւթի ու պղինձի մասին քառակուսի անմտութիւններ կ՚առաջարկէ Արագածոտնի հանրութեան, տեղ չի կրնար ունենալ Հայաստանի քաղաքական դաշտէն ներս։ ԱՆ ՊԷՏՔ Է ՄԵԿՆԻ ՄԻԱՆԳԱՄ ԸՆԴՄԻՇՏ։ Ասիկա կուսակցական խնդիր չէ։ Ասիկա ազգային լինելիութեան հրամայական է այս կէտին վրայ։ Ան պէտք է դադրի մեր երկրի քաղաքականութեան կենսական դաշտը զբաղեցնելէ։ Անոր գոյութիւնը իշխանութեան դիրքերուն վրայ ամէն օր աւելի անհակակշռելի կը դարձնէ հայ անկախ պետականութեան տարերային գահավէժը։ Արթննա՛նք։
Կարօ Արմենեան
Մարտ 21, 2021