Փառք ու Պատիւ մեր Արցախի զինուորներուն
Այս վերջին 30 տարիներուն ընթացքին, մեր ժողովուրդը պատերազմի վիճակի մէջ գտնուեցաւ եւ կը գտնուի մինչեւ այսօր:
Եղաւ այսօր 30 երկար տարիներ, որ մենք ամէն շաբաթ, ամէն օր, ամէն Ժամ կը լսենք, որ սահմանի վրայ մեզմէ մէկը նահատակուեցաւ:
Մեր տարիքին երիտասարդներ եւ աւելի կրտսերներ: 16 տարեկանէն մինչեւ 70 տարեկան:
Երբեք չի սխալինք: Այս պատերազմը չի տեւեց միայն 1988-էն 1994, ոչ ալ տեւեց միայն 4 օր, 2016 թուականին:
Ան կը տեւէ 1988-էն մինչեւ այսօր:
Մինչեւ այսօր հայ զինուորներ կը նահատակուին սահմանին վրայ:
ԱՅՍ ՎԻՃԱԿԸ ԱՆԸՆԴՈԻՆԵԼԻ Է:
Մենք իբր Ֆրանսահայ երիտասարդներ, ամէն տարի կը հանդիպինք Արցախի երիտասարդներուն հետ:
Անոնց հետ կապեր կը ստեղծենք, լսելով անոնց ցաւալի, բայց փառասէր պատմութիւնն ու կեանքը:
Կը փորձենք նաեւ ընկերվարական եւ ժողովրդավարական արժէքներ փոխանցել:
Գիտնալով որ մեր առջեւը կանգնած են վաղուան զինուորները, կը փորձենք քանի մը կատակներով ճոխացնել իրենց առօրեան:
Որովհետեւ իրենց կեանքը դիւրին չէ, ոչ ալ արդար: Ընդհակառակը:
Ինչպէ՞ս կրնանք խաղաղ ժողովուրդի մը պատերազմ ստիպել:
Ինչպէ՞ս կրնանք ազատ ժողովուրդի մը բանտարկել:
Ինչպէ՞ս կրնանք անկախութիւն պահանջող ժողովուրդի մը չարտօնել:
Հայ ժողովուրդին պահանջները չեն փոխուած 1988-էն մինչեւ այսօր:
Մենք կ‘ուզենք խաղաղութիւն, ազատութիւն եւ անկախութիւն, եւ պատրաստ ենք մեռնելու այս նպատակին համար:
Փառք ու Պատիւ մեր Արցախի զինուորներուն:
Արցախը խաղաղ է, Արցախը ազատ է, Արցախը անկախ է,
Եւ Արցախը մերն է։
Վիգէն Հիթայեան
haiastan.fr