Ռոստոմ (Ստեփան Զօրեան, 1867-1919). Հայաստանի եւ հայութեան ամբողջական ազատագրումին յեղափոխական դարբինը
ՀՅԴ զինանշան ՀՅ Դաշնակցության Արցախի Կենտրոնական Կոմիտեի պաշտոնական կայքէջ
Գլխավոր » Հասարակական » Ռոստոմ (Ստեփան Զօրեան, 1867-1919). Հայաստանի եւ հայութեան ամբողջական ազատագրումին յեղափոխական դարբինը

Ռոստոմ (Ստեփան Զօրեան, 1867-1919). Հայաստանի եւ հայութեան ամբողջական ազատագրումին յեղափոխական դարբինը

Այսօր՝ Յունուար 18-ին, կը նշենք ծննդեան տարեդարձը մեր ժողովուրդի բացառիկ ծնունդներու համաստեղութեան մէջ իր ուրոյն տեղն ու պայծառ ճակատը նուիրագործած հայ մեծ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆին, որ անմահացաւ ՌՈՍՏՈՄ անունով՝ հայոց սերունդներուն կտակելով Ազգի եւ Հայրենիքի ամբողջական ու լիիրաւ ազատագրութեան մեծագոյն տեսլականը, անոր ձեռքբերման համար գերագոյն զոհաբերութեան պատրաստ գտնուելու իր կենդանի եւ առաջնորդող օրինակը վարակիչ դարձնելով։

Ռոստոմի անձնազոհ կեանքին ու հայակերտ գործին, յեղափոխական նկարագրին ու երկաթեայ կամքին նուիրուած այս յուշատետրի իւրաքանչիւր էջը ոչ միայն Դաշնակցութեան հիմնադիր սերունդի կրտսերագոյն եւ, համեմատաբար, ամէնէն երկարակեաց ներկայացուցիչը մեծարելու առիթ է, այլեւ ու մանաւանդ հայոց սերունդներուն ազգային-քաղաքական ինքնաճանաչողութիւնը վերաթարմացնելու, խորացնելու եւ զարգացման իր հարազատ հունով յառաջ մղելու հաղորդութեան պահ է։

Ռոստոմի ծննդեան 146-րդ տարեդարձը թող նշենք լուսարձակի տակ առնելով Հայկական Յեղափոխութեան անզուգական Ուսուցիչի իր առաջնորդող օրինակը, որ գործքով, խօսքով եւ գրիչով լուսաւորեց հայ ազգային-ազատագրական շարժման դժուարին, արիւնալի՛ ուղին։ «Վնասակար տարրեր»ու դէմ 1890-ականներու վերջերուն Ռոստոմի հնչեցուցած ահազանգը մինչեւ այսօր ազգային-քաղաքական մեր վերածնունդը ներքին ցեցերէն պաշտպանելու այժմէական պատգամ է։ Ժամանակները, պայմանները եւ հրամայականները բնականաբար կը փոխուին, բայց Հայաստանի եւ հայութեան ամբողջական ու լիիրաւ ազատագրումին համար շարունակուող պայքարը այսօր ալ կը դիմագրաւէ ազգային ինքնամաքրման անհրաժեշտութիւնը, որ Ռոստոմի բառերով՝

Ամէն անգամ, երբ յեղափոխական փոքրամասնութեան անձնազոհ, տոկուն եւ անվհատ գործունէութեան շնորհիւ յեղափոխական կազմակերպութիւնը ձեռք է բերում ուժ եւ ազդեցութիւն, կեանքի մէջ ստեղծւում է հաւատ դէպի գործի յաջողութիւնը եւ հարթւում է որոշ աստիճանով յեղափոխական ուղին, ամէն անգամ էլ հասարակութեան տարբեր խաւերի մէջ իրարանցում է ընկնում։ Բայց ընդհանրութեան յեղափոխական ոգու բարձրանալուն հետ միատեղ, ամէն մի տեղից վերկացող բախտախնդիր, ամէն մի վաշխառու, կեղեքիչ, մինչեւ իսկ մատնիչներ, դաւաճաններ, մի խօսքով՝ ամէն տեսակ սողուններ, որոնք գիտեն հիանալի կերպով յարմարուել հանգամանքներին եւ ամէն տեսակ ջրերում ձուկ որսալ, ասպարէզ են դուրս գալիս իբրեւ «յեղափոխականներ» կամ յեղափոխութեան համակրող բարեկամներ։

Վնասակար են այդ սողունները այդպիսի րոպէներում, երբ փքուն խօսքեր փչելով ու փարիսեցիական ձեւեր բանեցնելով՝ շահագործում են ամբոխի դիւրահաւատութիւնը ու տգիտութիւնը։

Իսկ անտանելի են, ցաւ ու պատուհաս են դրանք յեղափոխական շարժման համար այն ժամանակ, երբ յեղափոխութիւնը կրում է ժամանակաւոր անյաջողութիւն եւ սկսում են տիրել աւելի վատթար պայմաններ յեղափոխական գործիչների համար։ Այդ ժամանակ այդ զազրալի արարածները սուս ու փուս քաշւում են իրենց բները, եւ արդէն «խոհեմութիւն», «հեռատեսութիւն», «ժողովրդավարութիւն», «միութիւն» եւ այլ դիմակների տակ դարձեալ շարունակում են խաղալ ժողովրդի հետ՝ աշխատելով մի կերպ քողարկել իրենց իսկական գոյնը։ Շարունակելով կրել «յեղափոխական», «ազգասէր» տիտղոսները, դրանք դառնում են իսկական յեղափոխական գործի ամենավնասակար խոչընդոտներ։

Այդ արարածները աղբեր են, որոնք մեծ ու փոքր կոյտերով, տեսակ-տեսակ բուրմունքներով եւ գոյներով թափուած յեղափոխական ճանապարհի վրայ՝ ապականում են յեղափոխական միջավայրը։

Ամէն մի յեղափոխական գործիչ ստիպուած է ժամանակ առ ժամանակ թողնել իր բուն գործը եւ զբաղուել այդ աղբերով, որոնք ընկնում են ոտքերի տակ եւ խանգարում իր կանոնաւոր ընթացքը։

Ժամանակ առ ժամանակ, կամայ-ակամայ նա իւր վրայ պէտք է առնի այդ զզուելի աշխատանքը՝ իմանալով հանդերձ, որ իւր ցախաւելի հէնց առաջին հարուածից այդ կոյտերը միանգամից կը բացուեն եւ կը լցնեն օդը իրենց գարշահոտութիւններով։

Արձակուած բամբասանքների, զրպարտութիւնների, ինտրիգաների մթնոլորտի միջով պէտք է դիմի յեղափոխական իսկական գործիչը դէպի իւր բուն նպատակը։

Դաշնակցութեան աւագ հիմնադրին՝ Քրիստափորի նման, Ռոստոմ եւս հայոց պատմական Գողթն գաւառէն էր. ծնած էր Ցղնա գիւղը 18 Յունուար 1867ին։ Նահապետական ու բարեկեցիկ ընտանիքի զաւակ էր եւ, անձնապէս, կեանքէն դառնանալու պատճառներ ունեցած չէր։ Բայց զգայուն հոգի ունէր եւ անսահման պաշտամունքի հասնող մարդասիրութեամբ ու այլասիրութեամբ լեցուած էր։ Անանձնական այդ հոգեկերտուածքը ծայր աստիճան հոգածու դարձուց Ռոստոմին նախ իր շրջապատին եւ, ապա, աւելի լայն ընդգրկումով, ամբողջ հայ ժողովուրդին բաժին հանուած դառն ճակատագրին նկատմամբ. ծանր տարաւ եւ բնաւ չհանդուրժեց հայութեան բաժին հանուած երեւութապէս ընկերային-հասարակական, իսկ խորքով ազգային անարդարութիւնները՝ արեւելեան թէ արեւմտեան Հայաստանի տարածքին, Ցարական թէ Օսմանեան բռնատիրութեանց կողմէ, թրքական թէ ռուսական, վրացական թէ թաթար¬ազերիական այլամերժ ազգայնամոլութեան հետեւանքով։

Ուսման անյագ ծարաւ ունէր եւ իր պատանեկան ու երիտասարդական կեանքը անխոնջ վազք մը եղաւ դէպի աղբիւրը լոյսին՝ ծննդավայր գիւղի ծխական դպրոցէն մինչեւ Թիֆլիսի Բէգլարեան մասնաւոր դպրոցն ու պետական ռէալական վարժարանը եւ, այնուհետեւ, Վարշաւայի մերձակայ Նովօ-Աղեքսանդրեան Գիւղատնտեսական Ճեմարանէն մինչեւ Մոսկուայի Պետրովսկայա Գիւղատնտեսական Ճեմարանը։ Թէեւ բնագիտական եւ ուսողական գիտութիւններու մէջ փայլուն արդիւնքի կը հասնէր, այսուհանդերձ՝ հայերէնի, հայոց պատմութեան եւ հայ մշակոյթի անյագ ծարաւը բաւարարելու ոչ մէկ պատեհութիւն կը փախցնէր։ Այդ առումով ալ, մտաւորական իր կազմաւորումով եւ աշխարհայեացքով, Դաշնակցութեան հիմնադիր սերունդին ամէնէն մարքսիստ դէմքը ըլլալով հանդերձ՝ Ռոստոմ միաժամանակ եւ անվիճելիօրէն եղաւ հայ ժողովուրդի ազգային հոգեմտաւոր ժառանգութեան ամէնէն աւելի քաջածանօթ եւ հաղորդ ներկայացուցիչը Դաշնակցութեան հիմնադիր սերունդին մէջ։

Աւելի՛ն. ուսանողական շրջանէն սկսեալ, իր մարմնական յաղթանդամ կազմուածքին համար ընկերներուն կողմէ «քոթոթ» անուանուած Ռոստոմը, խաղերու եւ զուարճանքի վրայ ժամանակ կորսնցնելու փոխարէն՝ միշտ հետամուտ եղաւ ինքնազարգացման. ինչպէս Վրացեան կը վկայէ, Ռոստոմ թէեւ շատ կարդացող չէր, բայց իր կարդացածը առաւելագոյնս մարսող ու իւրացնող էր։ Ժամանցն ու զուարճանքը, Ռոստոմի համար, երգն ու ասմունքն էին՝ հայ թէ օտար ժողովրդական երգերէն ու ասքերէն յատկապէս յեղափոխական շունչով գործերու մեկնաբանութեամբ. կենսագիրները կը վկայեն, օրինակ, որ անգիր գիտէր ու կþասմունքէր ռուսական դիւցազներգութեան դասականներէն «Թարաս Պուլպա»ն։

Պատահական չէր, հետեւաբար, որ ինչպէս Յովսէփ Տէր-Դաւթեան կը յիշատակէ Ռոստոմի նուիրուած իր յուշերուն մէջ, մահուան սնարին մէջ «պառկելուց երկու օր յետոյ, նա յիշեց Եկմալեանի «Հայր Մեր»ը եւ շարունակ երգում էր՝ պնդելով, որ «Հայր Մեր»ը ամենագեղեցիկ ներդաշնակութիւնն է։ Խնդրեց, որ գտնենք այդ հազուագիւտ հրատարակութիւնը եւ իր կողմից նուէր ուղարկենք Ընկերվարական Միջազգային Բիւրոյի քարտուղար Հիւսմանսին, որը շատ գնահատում էր հայկական եկեղեցական երգերը»։

Թէեւ ներկայ ալ չէր եղած 1890ի ամրան կայացած Հ.Յ.Դ. հիմնադիր ժողովին՝ Մոսկուայի մէջ ուսանողական բողոքի ցոյցերուն իր գործուն մասնակցութեան համար Ցարական իշխանութեանց կողմէ իր ծննդավայրը աքսորուած ըլլալով, այսուհանդերձ՝ Ռոստոմի շեշտակի դրոշմին կը հանդիպինք ոչ միայն Դաշնակցութեան կազմութիւնը նախապատրաստող խմորումներուն, այլեւ՝ Հ.Յ.Դ. պատմութեան առաջին երեսնամեակի գլխաւոր բոլոր էջերուն վրայ։

Ռոստոմի ձեռագրով էր, որ 1890ին հիմնուած Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութիւնը 1892ին վերածուեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան։

Ռոստոմի գրիչով էր, որ նորաստեղծ Դաշնակցութեան անդրանիկ Ծրագիրը իր աւարտուն տարազումը ստացաւ՝ Քրիստափորի եւ Զաւարեանի միասնական ստորագրութեամբ ճամբայ հանուած ծրագրային «Այբուբեն»ը ամբողջացնելով իբրեւ «Ընդհանուր Տեսութիւն» ու Հ.Յ.Դ. Ծրագիր։

Նոյնպէս Ռոստոմի ձեռքն է, որ կþերեւի Դաշնակցութեան Զինանշանի լուսապատկերին վրայ՝ ամրօրէն բռնելով ու միաձուլելով հայ մշակին, մտաւորականին եւ ռազմիկին ազգային ու յեղափոխական միասնութիւնը խորհրդանշող բահը, սուրն ու փետրագրիչը։

Ռոստոմի նախաձեռնութեան կամ ղեկավարման կը պարտինք, յաջորդաբար եւ թւումի կարգով՝

1) Դաշնակցութեան առաջին զինագործարանին հզօրացումը Սալմաստի մէջ։

2) Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ի հրատարակութեան ապահովումն ու կանոնաւորումը։

3) 1890-ականներու երկրորդ կիսուն Երկրի տարածքին դպրոցական ցանցի ընդարձակումն ու ուժեղացումը։

4) Նոյն ժամանակաշրջանին, Պալքաններու մէջ եւ ընդհանրապէս Օսմանեան Կայսրութեան տարածքին, յանուն ազգային ազատագրութեան, ժողովրդավարութեան եւ ընկերային արդարութեան հաստատման պայքարող շարժումներու հետ ռազմավարական գործակցութեան առաջացումը։

5) 1903-ին հայ եկեղեցապատկան կալուածներու բռնագրաւման եւ ընդհանրապէս ռուսացման հետամուտ ցարական քաղաքականութեան դէմ համաժողովրդային շարժման շղթայազերծումը եւ, այդ նպատակով, Խրիմեան Հայրիկին ուժ եւ նեցուկ տալով՝ համազգային ծառացման կազմակերպումը։ Ազգային ըմբոստացման այդ շարժումին շուտով պիտի հետեւէր Դաշնակցութեան կողմէ որդեգրումը «Կովկասեան Նախագիծ»ին, որուն դարբինը եղաւ Ռոստոմ, Արեւմտահայութեան ազգային-ազատագրումի Դատին զուգահեռ յառաջ մղելով նաեւ Արեւելահայութեան ընկերային ազատագրումի դատը՝ առաջքը առնելու համար «Առանց հայու Հայաստան» ունենալու ցարական կործանարար քաղաքականութեան։

6) 1905-ին ցարական իշխանութեան հրահրած հայ-թաթարական ընդհարումներու ընթացքին, հայ ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան գործին ընդհանուր ղեկավարումը։

7) 1907-ի Հ.Յ.Դ. Չորրորդ Ընդհանուր Ժողովին Դաշնակցութեան ներքին միասնութեան պահպանումն ու աւելիով ուժեղացած վերականգնումը՝ աջէն թէ ձախէն Դաշնակցութեան եւ ընդհանրապէս հայ ազատագրական շարժման սպառնացող պառակտումի փորձերուն եւ սադրանքներուն դէմ։

8) 1908-ին Դաշնակցութեան յարումը Ընկերվար Միջազգայնականին եւ, զուգահեռաբար, համագործակցութեան քաղաքական դաշինքի ստորագրութիւնը Օսմանեան Կայսրութեան տարածքին գործող այլազգի յեղափոխական եւ ընդդիմադիր շարժումներուն հետ՝ Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակման նախօրէին։ Նաեւ՝ Պուլկարիոյ մէջ Դաշնակցութեան Զինուորական Դպրոցին հիմնումին։

9) Նոյն շրջանին բռնկած Պարսկական Սահմանադրական շարժման եւ յեղափոխութեան Դաշնակցութեան գործօն մասնակցութիւնը՝ Ռոստոմի քաղաքական առաջնորդութեամբ եւ Եփրեմի ու Նիկոլ-Դումանի մարտական հրամանատարութեամբ։

10) Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակման հետեւած համեմատական խաղաղութեան ամբողջ շրջանին, Կարինը կեդրոն ընտրելով, Երկրի տարածքին կրթական եւ հասարակական-մշակութային կեանքի յաղթաքայլ աշխուժացումին։

11) 1913-ի Պալքանեան պատերազմի ընթացքին, Դաշնակցութեան որոշումով, հայ կամաւորականներու նշանակալից մասնակցութիւնը՝ Ռոստոմի նախաձեռնութեամբ եւ Անդրանիկի ու Նժդեհի հրամանատարութեամբ։

12) Առաջին Աշխարհամարտի բռնկումին հետ Հայ Կամաւորական Շարժման կազմակերպումին, հակառակ անոր որ Ռոստոմ ինք դէմ էր քաղաքական այդ քայլին։ Ռոստոմ կը նախընտրէր հակացարական պայքարի լծուած յեղափոխական ուժերուն հետ Դաշնակցութեան գործակցութիւնը խորացնել ու ամրապնդել։ Բայց իր իսկ քարոզած երկաթեայ կարգապահութեան սկզբունքին տէր կանգնելով, ամբողջապէս նուիրուեցաւ Կամաւորական Շարժման հզօրացման գործին։

13) Ռուսական մեծ յեղափոխութեան ամբողջ շրջանին, հայ ժողովուրդին ազգային իրաւունքներն ու պահանջները ներկայացնելու եւ պաշտպանելու, մանաւանդ Արեւմտահայաստանի ազատագրութեան դատը սահմանադրականօրէն ամրագրելու գործին մէջ անփոխարինելի եղաւ Ռոստոմի ներդրումը, որ պսակուեցաւ Պաքուի Հերոսամարտին իր ղեկավար մասնակցութեամբ ու պոլշեւիկներու ղեկավար Ստեփան Շահումեանի հետ զինակցութեան կնքումով՝ ընդդէմ թուրքեւթաթար ջարդարար ներխուժման։

Ահա՛ սոսկ թուարկումը այն ներդրումներուն, որ Ռոստոմի դրոշմով Դաշնակցութիւնը ունեցաւ հայ ժողովուրդի պատմութեան 1890-էն մինչեւ 1919 թուականի Յունուար 19-ի Ռոստոմի վաղաժամ մահը երկարող երեսնամեակին։

Ներդրումներ, որոնք Ռոստոմին դափնեպսակը կազմեցին եւ անմահութեան արժանացուցին Ստեփան Զօրեան անուն-ազգանունով ծնած եւ Հայաստանի ու հայութեան ամբողջական ազատագրութեան ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ դարբինը մարմնաւորած ՌՈՍՏՈՄը։

Ն.
«ԱԶԱՏ ՕՐ»

1