Մեծանուն հայը – Մուշեղ Իշխան (1913 – 1990թթ)
ՀՅԴ զինանշան ՀՅ Դաշնակցության Արցախի Կենտրոնական Կոմիտեի պաշտոնական կայքէջ
Գլխավոր » Լրահոս » Մեծանուն հայը – Մուշեղ Իշխան (1913 – 1990թթ)

Մեծանուն հայը – Մուշեղ Իշխան (1913 – 1990թթ)

Մուշեղ Իշխան ծնած է 1913-ին, Սիվրի Հիսար, անշուք գիւղաքաղաք մը՝ Անգարայի նահանգին մէջ։ Թուրք դահիճին եաթաղանը խլած է կեանքը նաեւ նորածին մանուկին ծնողքին, անոր վիճակելով Ցեղասպանութենէն վերապրողներու կեանքի դաժան պայմանները։

Մանկութեան առաջին 4-5 տարիները անցուցած է աքսորի սարսափներուն մէջ, նոր աչք բացող երեխայի անգիտակցութեամբ։ Դամասկոսի մէջ ան յաճախած է կաթողիկէ, աւետարանական եւ առաքելական վարժարաններ։ Ի վերջոյ սակայն, 1928-ին վկայական ստացած է Հայոց Ազգային վարժարանէն։

Այնուհետեւ, արհեստ սորվելու ձախող փորձերէ ետք, Մ. Իշխան յաջողած է ինքզինք «նետել» Կիպրոսի Մելգոնեան վարժարանը, ուր մնացած է դպրոցական երկու տարեշրջան, աշակերտելով Յակոբ Օշականի։ Իր ինքնակենսագրականին մէջ Իշխան կը գրէ, որ «ուսուցիչներէս միայն իր անունը կը յիշատակեմ, որովհետեւ իր անունին հմայքն էր զիս հոն քաշողը եւ իր գրական ըմբռնումներն ալ հետագային խոր ազդեցութիւն ունեցան իմ կազմաւորմանս վրայ»։

Մելգոնեանի ընթացքը առանց աւարտելու, 1930ին, երբ ան արձակուրդի կու գայ Պէյրութ, կը դառնայ գիշերօթիկ սան՝ Շանթի եւ Աղբալեանի նոր բացած Հայ Ճեմարանին։ Հինգ տարուան ուսանողական շրջանէ մը ետք, ան կը դառնայ ուսուցիչ՝ նոյն հաստատութեան մէջ։

Բարձրագոյն ուսման երազը 1938ին զինք կը տանի Պելճիքա, ուր ան երկու տարի կը հետեւի Պրիւքսէլի համալսարանի մանկավարժական եւ գրականութեան ճիւղերուն։ 1940ին, փախուստ տալով Համաշխարհային Բ. պատերազմի արհաւիրքներէն, Իշխան կը վերադառնայ Պէյրութ եւ իր կեանքը բոլորանուէր կերպով կը մատուցէ հայ նորահաս սերունդներու դաստիարակութեան աշխատանքին՝ իբրեւ ուսուցիչ պաշտօնավարելով Ն. Փալանճեան ճեմարանին մէջ, որուն փոխտնօրէնի պաշտօնը կը վարէ հիմնադիրներուն մահէն ետք։

Բազմավաստակ դաստիարակ, գրագէտ, գրականագէտ, մանկավարժ–դասախօս եւ հայ մշակոյթի սպասարկու Մ. Իշխան գրել սկսած է 16-17 տարեկանին։ Առաջին բանաստեղծութիւնը տպուած է «Հայրենիք» ամսագիրին մէջ։

1932-էն անդին, ուսուցչական պաշտօնին կողքին, հաւատարիմ իր գրողի կոչումին, ան քանի մը տարին անգամ մը հրատարակած է բանաստեղծութեան եւ արձակ գործերու նուիրուած հատորներ, հետեւեալ յաջորդականութեամբ. «Տուներու երգը» (1936), «Կրակը» (1938), «Հայաստան» (1946), «Կեանք ու երազ» (1949), «Երեք մեծ հայեր» (1952), «Հացի եւ լոյսի համար» (1956), «Ողջո՜յն քեզ, կեանք» (1958), «Ոսկի աշուն» (1963), «Տառապանք» (1968), «Մեռնիլը որքան դժուար է» (1971), «Արդի հայ գրականութիւն» Ա. Բ. եւ Գ. հատորներ (յաջորդաբար՝ 1973, 1974 եւ 1974), «Մնաս բարով մանկութիւն» (1974), «Սպասում» (1977), «Սառնարանէն ելած մարդը» (1979), «Թատերախաղեր» (1980), «Իմ ուսուցիչներս» (1984) եւ «Արեւամար» (1986)։

Հայ մշակոյթի սպասարկու ըլլալու իր հանգամանքին կողքին, Մ. Իշխան եղած է գաղափարի անխոնջ նուիրեալ մը։ Ան պատանեկութեան տարիներուն անցած է ՀՅԴ շարքերը եւ հետագային վարած պատասխանատու պաշտօններ։

Միաժամանակ, ան ունեցած է հրապարակագրական վաստակաշատ գործունէութիւն։ Աշխատակցած է ՀՅԴ մամուլին եւ գրական թերթերուն։ Հիմնադիրներէն էր Ճեմարանի «Ակօս»ին։

1941-1951 եղած է խմբագիր «Ազդակ» օրաթերթին եւ Շաբաթօրեակին։ Ժամանակ մը մաս կազմած է «Բագին»ի խմբագրութեան։ Իբրեւ բեղուն գրիչ, ան մինչեւ իր մահը գաղափարական, ազգային–ազգագրական եւ մշակութային յօդուածներով աշխատակցած է դաշնակցական մամուլին։

1974-75 տարեշրջանին Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Ամերիկայի մէջ տօնուած է Մուշեղ Իշխանի կրթական եւ գրական գործունէութեան քառասնամեայ յոբելեանը։

1988-ին Մ. Իշխանի ծննդեան 75ամեակին առիթով, Ամերիկահայոց Միջազգային քոլեճը մեծարանքի հանդիսութեամբ մը, հայ մշակոյթի բազմամեայ նուիրեալին շնորհած է Պատուոյ դոկտորայի տիտղոս։

1988-էն ասդին հեղինակին խոր գոհունակութիւն առթող իրողութեամբ մը, Մ. Իշխանի գործերը տեղ գտան նաեւ հայրենի մամուլին մէջ, իսկ թատերական գործերէն քանի մը հատը բեմադրուեցան հայրենի բեմերուն վրայ։ Մինչեւ իսկ հրատարակութեան յանձնուած էր գործերէն մաս մը, երբ Մուշեղ Իշխան առ յաւէտ իր աչքերը կը փակէր 12 Յունիս 1990ին, արեւմտեան Պէյրութի իր բնակարանին մէջ, սիրտի տագնապի մը իբրեւ հետեւանք։

Մուշեղ Իշխանի յուղարկաւորութեան պաշտօնական արարողութիւնը կը կատարուի Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, այնուհետեւ անոր դագաղը Պուրճ Համուտի մուտքէն ուսամբարձ կը տարուի մինչեւ Տորա, ապա՝ Պուրճ Համուտի ազգային գերեզմանատուն։ Անոր մարմինը կ՛ամփոփուի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պանթէոնին մէջ։

Մուշեղ Իշխանի Բանաստեղծութիւններէն

Հայ Լեզուն Տունն Է Հայուն…
Հայ լեզուն տունն է հայուն աշխարհիս չորս ծագերուն,
Ուր կը մտնէ ամէն հայ իբրեւ տանտէր հարազատ,
Կ՛ըստանայ սէր ու սնունդ, սրտի հպարտ ցնծութիւն
Եւ բորեանէն ու բուքէն հոն կը մնայ միշտ ազատ։
Քանի՜ դարեր եւ քանի՜ ճարտարապետ հանճարներ
Աշխատեցան անոր տալ վեհութիւն, գեղ ու պերճանք,
Քանի՜ գեղջուկ բանուորներ տքնեցան տիւ եւ գիշեր,
Որոնք թաղուած են հիմա մոռացութեան մութին տակ։
Մշտանորոգ ու միշտ հին՝ ան կը տեւէ դարէ դար,
Իր ճրագները՝ միշտ լոյս, իր օճախին հուրը՝ վա՛ռ,
Բարիքներով անսպառ լեցուն ամբարն ու մառան։
Հո՛ն է միայն, որ կրնայ գտնել ամէն հայ կրկին
Խաժամուժին մէջ օտար կորսնցուցած իր հոգին,
Անցեալն անհուն եւ ներկան, նոյն իսկ մթի՜ն ապագան…

1