Մտահոգ Արցախի հզորացմամբ ու վերաբնակեցմամբ, գործեց որպես Արցախի պետական համակարգի մեկ մասնիկ
Գլխավոր » Գաղափարական » Մտահոգ Արցախի հզորացմամբ ու վերաբնակեցմամբ, գործեց որպես Արցախի պետական համակարգի մեկ մասնիկ

Մտահոգ Արցախի հզորացմամբ ու վերաբնակեցմամբ, գործեց որպես Արցախի պետական համակարգի մեկ մասնիկ

Artsakh Roots Investment կազմակերպությունը հիմնվել է 2010 թվականին, նպատակ ունենալով ԼՂՀ Քաշաթաղի և Նոր Շահումյանի շրջաններում տնտեսական զարգացում ապահովել։ Կազմակերպության պատասխանատու, ՀՅԴ Բյուրոյի նախկին անդամ Բենիամին Բչաքճյանի գրառումը․

Այսպէս, իր սիրելի հայրէնիքէն հազարաւոր քիլոմեթրներ հեռաւորութեան, լուր ու անշշուկ, մեզմէ առհաւէտ հեռացավ՝ դաշնակցական անկեղծ զինուոր, Արցախի նուիրեալ, մեր սիրելի Մասիսը։

Գլխագիր ՀԱՅ, որ Արցախեան ազատագրական պայքարի առաջին իսկ օրերէն իր ճիտին պարտքը սեպեց ու անշեղ հաւատքով եւ անսակարկ նուիրումով օժանդակեց ու իր ձեւով մասնակացութիւնը բերաւ այդ պայքարին։

Եթէ պատերազմական առաջին տարիներուն այդ օժանդակութիւնները սահմանափակուած էին անմիջական կարիքներու, ինչպէս դեղորայք, պահածոներ եւ այլ պիտոյքներու ապահովումով, ապա 1994էն ետք, յարաբերաբար աւելի խաղաղ պայմաններում, «Արցախի Օժանդակութեան Մարմին»-ի ճիգերով այդ օժանդակութիւնները դարձան աւելի կազմակերպուած ու հետեւողական։ Սակայն շուտով համոզում դարձաւ որ միայն օգնութեամբ երկիր չի կառուցուիր ու յառաջացաւ «Արցախի Վերաշինութեան ու Վերաբնակեցման Մարմինը-Արցախ Ֆոնտը» իսկ աւելի ուշ Արցախի պետականաշինութեան ներդրումային ծրագիրներուն մէջ սփիւռքի կարողականութիւնը ներգրաւելու նպատակով, սփիւռքի տարփեր գաղութներէ գործարարներ համախմբելով, կազմուեցաւ ԱՐԻ-ն (Artsakh Roots Investment) բաժնետիրական ընկերութիւնը։ Հայկական իրականութեան մէջ եզակի երեւոյթ, որ կարողացաւ դժուար պայմաններու մէջ փոխադարձ վստահութեան միջավայր ստեղծել ու հանրային ու մասնաւոր ոլորտներու փոխշահաւէտ գործակցութիւնը իրականացնել։

Մասիսի ներդրումը այս աշխատանքներուն մղումին, ծրագրումին ու գործադրութեան մէջ հիմնական ու վճռորոշ եղաւ։

Ան իր անկոտրում կամքով, անսակարկ նուիրումով ու հետեւողական աշխատանքով յարգանք պարտադրեց ու վստահութիւն ներշնջեց իր շրջապատին։

Հաւաքական աշխատանքի կուռ հաւատացող՝ երբեք առաջ չմղեց իր սեփական «ես»ը, ընդհակառակը իր անուղակի հարցադրումներով քաջալերեց մտքերու բախումը ու անկէ բիւրեղացած եզրակացութիւնները։

Իր կարգապահութեամբ օրինակելի գործելաոճ մը փոխանցեց գործակիցներուն։

Հաշուէքննիչի բծախնդրութեամբ հաշուետւութիւն ներկայացուց թէ նուիրատուներուն թէ ներդրողներուն ու Արցախի պետական կառոյցներէն համառօրէն պահանջեց նոյն բծախնդրութեամբ ներկայացնեն տարուած աշխատանքներուն կամ ներդրումներուն հաշուետւութիւնը, ամէն անգամ յիշեցնելով որ թափանցիկութիւնն է որ կ՛ապահովէ վստահելի գործընկերութիւնը։

Գործեց անձայն, լուսարձակներէն խուսափելով, սակայն մանաւանդ ծանր ու յուսալքիչ պայմաններուն իր անշեղ լաւատեսութեամբ ու հանձնառութեամբ եղաւ մղիչ ուժը իր շրջապատին։

Մեծ գուրգուրանքով մօտեցաւ երիտասարդութեան ու յատուկ հոգածութիւն ցուցաբերէց անոնց նկատմամբ, հաւատալով որ անոնց պատասխանատւութիւն փոխանցելով աշխատանքները որակական մեծ աճ կ՛արձանագրեն։ Հայրական մօտեցումով, եղաւ անոնց ուսուցիչն ու խորհրդատուն։ Վարակիչ էր իր հանձնառու ու անսակարկ նուիրումը, ազնւութիւնն ու պարկեշտութիւնը։

Արցախ հայրենիքի պատմամշակութային արժէքներու ծանօթացման շրջապտոյտներ կազմակերպեց, քաջ գիտնալով որ այդ արժէքները անուրանալի հետք պիտի թողուն իւրաքանչիւրի մօտ։

Մտահոգ Արցախի հզորացմամբ ու վերաբնակեցմամբ, գործեց իբրեւ Արցախի պետական համակարքի մէկ մասնիկը, գործակիցը, հետաքրքրուած Արցախի պետականաշինութեան ամէն մարզերով

Գիւղատնտեսութիւն

Անասնապահութիւն

Արեւային ջերուցման համակարք

Բնակարանաշինութիւն

Դպրոցաշինութիւն

Մշակութային կեդրոն

Ընկերային կենսամակարդակի բարձրացում

Հիւանդանոցի նորոգութիւն

Ունէր պատկերացում ու ծրագիր իւրաքանչիւր մարզի ու թէեւ պատկառելի են իրականացուած ծրագրերու թիւը սակայն ըստ իրեն անոնք կաթիլ մըն են ծով կարիքներուն։

Մնայուն հեւքի մէջ էր աւելին ընելու ու կարծես կանխատեսելով դաժան օրերը, ժամանակին դէմ կռուելով կարքախօսի վերածած էր «Վաղը ուշ է» արտայայտութիւնը։

Անակնկալի եկաւ երբ, Արցախի իշխանութիւնները ուզեցին զինք պարգեւատրել Արցախի օժանդակութեան իր մեծ ներդրումին համար։ Քաղաքավարութեամբ մերժեց, առարկելով որ այդ հաւաքական աշխատանքի արդիւնք էր ու ազգային պարտաւորութիւնը գնահատման կարիք չունի։

Արցախի հայաթափումը, ինչպէս բոլորին, վստահաբար ծանր ազդեց նաեւ Մասիսի վրայ, սակայն իր ներաշխարհին մէջ մղեց ամէն տեսակի յուսախաբութիւնն ու յուսալքութիւնը։

Անոնք որոնք բախտը ունեցան զինք ճանչնալու ու հետը գործակցելու Մասիսի մէջ համատեղուած գտան մարդկային վեհ արժանիքներն ու արաքինութիւնները, ան մեզ թողեց արժէքներով լի ժառանգութիւն, հավատ, նուիրվածութիւն ու քաղցր յուշեր, որոնք այսօր առավել քան երբեք մեզ կը պարտաւորեցնեն շարունակել իր սկսած ուղին։

Սիրելի Մասիս մինչեւ վերջին վայրկեանը մեզ անտեղեակ պահեցիր քու անցուցած տագնապներէդ ու տպաւորութիւնը թողեցիր որ քո երիտասարդական եռանթով Business as usual գործը ընթացքի մէջ է։ Հիմա որ կ՝երթաս միանալու ԱՐԻ-ի նախագահ Սուրէնին վստահ որ վերէն հսկելու ես ու հետեւելու յառաջիկայ մեր քայլերը։

Յիշատակդ անթառամ սիրելի Մասիս։

1