Մոնթրէալի մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային հաւաք՝ «Գանատայի դաշնակցային ընտրութիւններուն ընդառաջ Հայ Դատի յանձնախումբի առաջնահերթութիւնները» թեմայով
Գլխավոր » Լրահոս » Մոնթրէալի մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային հաւաք՝ «Գանատայի դաշնակցային ընտրութիւններուն ընդառաջ Հայ Դատի յանձնախումբի առաջնահերթութիւնները» թեմայով

Մոնթրէալի մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային հաւաք՝ «Գանատայի դաշնակցային ընտրութիւններուն ընդառաջ Հայ Դատի յանձնախումբի առաջնահերթութիւնները» թեմայով

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Հայ Դատի Գանատայի յանձնախումբին, Հինգշաբթի, 15 Ապրիլ 2025-ին, երեկոյեան ժամը 8-ին, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի «Ահարոնեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ ժողովրդային հաւաք, «Գանատայի Դաշնակցային ընտրութիւններուն ընդառաջ, հայ դատի առաջնահերթութիւնները եւ յանձնախումբին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն յաղթահարման ի խնդիր՝ Գանատայի հայ համայնքին դերակատարութիւնն ու ազդեցութիւնը» թեմայով:

Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Լաւալի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամ Մարի Ժպիտ Ղազարեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները ըսաւ. «Այսօր պիտի ներկայացնենք Հայ Դատի յանձնախումբին առաջնահերթ ծրագիրները, մեր քաղաքական պարտաւորութիւնները, տեղեկանանք, թէ ինչպէ՛ս մեր համայնքը կրնայ գործօն մասնակցութիւն ունենալ գալիք ընտրութիւններուն, առաւել քննարկենք, թէ իւրաքանչիւրս ինչպէ՛ս կրնանք նպաստել հայ դատի աշխատանքներուն Գանատայի մէջ»:

Առաջին խօսք առնողը եղաւ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Սեւակ Պէլեան, որ անդրադարձաւ վերջին տարիներուն Գանատայի մէջ Հայ Դատի աշխատանքներուն եւ անոնց շնորհիւ ձեռք բերուած նուաճումներուն, Գանատայի դաշնակցային թէ նահանգային կառավարութեանց, խորհրդարաններու ինչպէս նաեւ Գանատայի քաղաքական կուսակցութիւններու մակարդակով: Ան կարեւորութեամբ յիշեց Գանատայի Արտաքին Գործոց նախարար Մելանի Ժոլիի Արցախի հարցով յայտարարութիւններուն եւ շեշտումին՝ թէ Արցախի հարցը տակաւին քաղաքական լուծում չէ ստացած, ինչպէս նաեւ վերջերս Արցախի պատերազմին անդրադարձին: Պէլեան անդրադարձաւ նաեւ Գանատայի կողմէ Ատրպէյճանի զէնք վաճառքի կասեցման որոշումին, որուն համար Հայ Դատի յանձնախումբը աչալուրջ աշխատանք տարած էր: Ան յիշեց Գանատայի քաղաքական տարբեր կողմերու մօտեցումները Գանատայի հայկական համայնքին եւ ունեցած պահանջներուն նկատմամբ, որոնք մեծաւ մասամբ դրական են, սակայն այդ մէկը կը պահանջէ հետեւողական եւ անդուլ աշխատանք բոլոր կողմերուն հետ:

Յաջորդ խօսք առնողը եղաւ Լաւալի Հայ Դատի յանձնախումբի փոխ ատենապետուհի Արեւիկ Աֆարեան, որ նախ մանրամասնօրէն բացատրեց դաշնակցային ընտրութիւններու ամբողջ գործընթացը, ապա անդրադարձաւ թէ ինչպէ՛ս եւ ի՛նչ ձեւով, որպէս հայ համայնք, կրնանք մեր պահանջներն ու ձայնը լսելի դարձնել կառավարութեան մօտ: Ան նաեւ անդրադարձաւ, թէ Հայ Դատի յանձնախումբը խորհրդարանի անդամներուն հետ յատուկ տեսակցութիւններ կ’ունենայ, որոնց կը ներկայացնէ մեր պահանջներն ու առաջադրութիւնները, որոնք իրենց կարգին, որպէս համայնքներու ընտրուած ներկայացուցիչներ, առաջ մղեն զանոնք իրենց նիստերուն եւ ժողովներուն ընթացքին: Ան կարեւորութեամբ շեշտեց, թէ եթէ մենք ձեռնածալ մնանք ու մեր ձայնը չբարձրացնենք ու ներկայութիւն չըլլանք, կարելի չ’ըլլար մեր առաջադրանքները առաջ մղել: Աֆարեան նաեւ կոչ ուղղեց մեր ժողովուրդին որ հետեւին Հայ Դատի յանձնախումբի աշխատանքներուն, ցուցմունքներուն ու կոչերուն, յատկապէս այս օրերուն, երբ ընկերային ցանցերով առաւել եւս դիւրացած է հաղորդակցութիւնը, որպէսզի իւրաքանչիւր անհատ իր լուման կարենայ բերել ի նպաստ Հայ Դատի աշխատանքներուն եւ մեր համայնքին բարգաւաճման:

Վերջին խօսք առնողը եղաւ Մոնթրէալի Հայ Դատի յանձնախումբի նախկին ատենապետ Վարանդ Եափուճեան, որ նախ յետադարձ ակնարկով մը անդրադարձաւ 50 տարի առաջ յառաջացած Հայ Դատի յանձնախումբին եւ 50 տարուան ընթացքին համայնքին ու մեր հայրենիքին ի նպաստ տարուած աշխատանքին: Ան յայտնեց, որ Հայ Դատի յանձնախումբերը միշտ ալ եղած են կապը մեր ժողովուրդին եւ Գանատայի քաղաքական դէմքերուն միջեւ, եղած են թարգմանը մեր ժողովուրդի պահանջներուն եւ կարիքներուն: Եափուճեան բացատրեց, թէ Հայ Դատի յանձնախումբերը ընտրութիւններու նախօրեակին աջակցութիւն կը ցուցաբերեն Հայ Դատի բարեկամ թեկնածուներու նախընտրական պայքարներուն, երեք միջոցներով՝ քուէարկողներու թիւ ապահովելով, դրամահաւաքի մասնակցելով եւ ընտրապայքարի քարոզչական աշխատանքներուն համար մարդուժ տրամադրելով: Ասոնց մասին սպառիչ կերպով անդրադառնալէ ետք, Եափուճեան օրինակներ մէջբերելով բացատրեց մեր համայնքին մասնակցութեան կարեւորութիւնը նման աշխատանքներու, որպէսզի ընտրուող թեկնածուներն ալ ի հարկին, իրենց զօրակցութիւնն ու աջակցութիւնը ցուցաբերեն գանատահայ հանդէպ:

Աւարտին տեղի ունեցաւ լուսաբանութիւն՝ ներկաներուն կողմէ առաջադրուած հարցումներուն:

Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան
«Հորիզոն»

1