Մոնթրէալի մէջ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի կազմակերպած ժողովրդային հաւաքին զեկուցեց ՀՀ Ազգային ժողովի պատգամաւոր Քրիստինէ Վարդանեան

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական միութեան, Չորեքշաբթի, 21 Մայիս 2025-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի «Ահարոնեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ ժողովրդային հաւաք, որուն ընթացքին զեկոյց տուաւ Հայաստանէն ժամանած ՀՀ Ազգային Ժողովի Հայաստան խմբակցութեան եւ Դաշնակցութեան պատգամաւոր Քրիստինէ Վարդանեան, ներկայութեամբ Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տէր Գառնիկ Ա. Քհն. Գոյունեանի, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Րաֆֆի Տօնապետեանի, Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի, Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Խորէն Տիմիթեանի, Մոնթրէալի «Միհրան Փափազեան» կոմիտէի անդամ Դալար Լեհիմճեանի, Լաւալի «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Հրանդ Թաշճեանի, միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու եւ հայրենիքի իրավիճակով շահագրգռուած հայրենակիցներու:
Պատգամաւորին հակիրճ կենսագրականը ներկայացուց ՀՅԴ ԳԵՄ-ի Գանատայի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Թալիա Ճապրայեան, որմէ ետք պատգամաւորը հանդէս եկաւ Հայաստանի տիրող իրավիճակին, մեր ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրներուն ու այս հանգրուանին մեր գործունէութեան դաշտին ու գործելակերպին մասին զեկոյցով:
Վարդանեան նախ անդրադարձաւ Հայաստան-Ատրպէյճան, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն եւ խաղաղութեան պայմանագրին, յայտնելով որ այն բացարձակապէս հայկական շահերէն չէ բխած, այլ բառացիօրէն կը հետապնդէ Ատրպէյճանի ու Թուրքիոյ շահերը, յատկապէս երբ այն չի ներառեր մեր գերիներուն հարցը, Հայաստանի սահմաններու պաշտպանութեան հարցը, Արցախի ժողովուրդին վերաբերող որեւէ հարց, յատկապէս Արցախ վերադարձի իրաւունքի հարցը, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հակամարտութեան հիմքը կը կազմէ, այլ կը ներառէ պահանջներ՝ ի վնաս Հայաստանի: Պատգամաւորը յիշեց նաեւ դաշնակից երկիրներու՝ յատկապէս Ռուսիոյ եւ Իրանի հետ պետական մակարդակի յարաբերութիւններու վատթարացումը, ապա Եւրոպական միութեան անդամակցելու գործընթացի ոչ մէկ յառաջխաղաց կայանալը:
Հայաստանի ներքին իրավիճակին անդրադառնալով պատգամաւորը անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ ղեկավար իշխանութեան կողմէ հրահրուող հայատեացութեան, որուն թիրախն է յատկապէս արցախահայութիւնն ու հայկական շահերը հետապնդող կազմակերպութիւններն ու անձնաւորութիւններ, ինչպէս նաեւ Հայ եկեղեցին, սակայն միեւնոյն ժամանակ ըսաւ, թէ բացայայտ է վերջին շրջանին Հայաստանի ժողովուրդին կողմէ անվստահութեան դրսեւորումը իշխանութեան հանդէպ, ինչ որ ներկայ իրավիճակի փոփոխութեան յոյս կը ներշնչէ, միեւնոյն ժամանակ պատգամաւորը յայտնեց, թէ ճանապարհը հեշտ չէ, կան բազում մարտահրաւէրներ:
Անդրադառնալով մեր մարտահրաւէրներուն, նախ ըսաւ. «Մենք ունենք մի իշխանութիւն, որը ունի թշնամական անմիջական աջակցութիւն ու ամէն գնով փորձում է պահել իշխանութիւնը», ապա ընդդիմադիր դաշտին ակնարկելով պատգամաւորը յայտնեց, թէ մենք կը դիմագրաւենք հրապարակային փոխադարձ մեղադրանքներու եւ վիրաւորանքներու գործընթաց, սակայն 2026-ի ընտրութիւններուն ընդառաջ հակամարտութիւնը բնականոն ընթացք է: Ան վստահեցուց, թէ այս փուլի աւարտին, որքան ալ շարունակուին այս մեղադրանքները, միեւնոյնն է, բոլոր կողմերը լաւապէս կ’ըմբռնեն, թէ յառաջիկայ հանգրուանին պարտաւոր են համագործակցելու, աշխատելու եւ պայմանաւորուելու, յանուն մէկ նպատակի:
Գալով այս հանգրուանին եւ 2026-ի ընտրութիւններուն ընդառաջ մեր կատարելիք գործունէութեան, Վարդանեան յայտնեց, թէ պայքար ունինք տանելիք՝ յատկապէս հանրութեան հետ կապերու սերտացման գծով, արտախորհրդարանական ուժերու հետ համագործակցութեան հարցով, որոնցմէ մէկն է օրինակի համար Բագրատ Սրբազանի առաջնորդած շարժումը, յատկապէս այսօրուան դրութեան պարագային, որով Հայաստանի տիրող իշխանութիւններուն հանդէպ անվստահելիութեան մթնոլորտը ենթահող կը պատրաստէ հաւանական փոփոխութեան:
«Փոփոխութիւնը հաւանական է, եթէ ընդդիմադիր դաշտի դերակատարները արդիւնաւէտ մարտավարութիւն որդեգրեն՝ ճիշդ մարտավարութիւն, ճիշդ հիմեր, ճիշդ գործողութիւններ, որով կը կարողանանք հասնել յաջողութեան: Հայաստանում յառաջիկայ ամիսներն ու յառաջիկայ տարին որոշիչ է լինելու, ամէն իմաստով, Հայաստանի համար, հայ ժողովուրդի համար, ազգային կառոյցների նաեւ Սփիւռքի համար, սա գոյաբանական ու անկիւնաքարային է բոլորիս համար, դրա համար է, որ ուժերի գերլարում է պէտք էս յառաջիկայ շրջանում, որովհետեւ իրականում հնարաւոր է այդ փոփոխութիւնը, բայց դա հնարաւոր է մի պարագայում, եթէ բոլոր ուժերը ուղղուած լինեն էդ փոփոխութեան:
Հարկ է աչքի առաջ ունենալ գլխաւոր նպատակ ու էդ նպատակի շուրջ լինի համագործակցութիւն: Հիմա Հայաստանում ջրբաժան է ազգայինի ու ապազգայինի, եւ կը յաղթի այն կողմը, ում նեարդերը աւելի ամուր կը լինին եւ ում համար էս դաժան պայքարին յաղթելը կը լինի գերնպատակ», եզրափակեց Վարդանեան
Նշենք, որ Քրիստինէ Վարդանեան եղած է ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական միութեան եւ անոր Կեդրոնական վարչութեան անդամ: 20 Յունիս 2021-ին «Հայաստան դաշինք» խմբակցութեան ցուցակով ընտրուած է ՀՀ Ազգային ժողովի պատգամաւոր։ Ան անդամ է ԱԺ-ի արտաքին յարաբերական մնայուն յանձնաժողովին, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Եւրոապական Միութիւն խորհրդարանական գործընկերութեան յանձնաժողովին: 2022 թուականէն ի վեր կը վարէ ՀՅԴ Հայաստանի հանրային կապերու գրասենեակի համակարգող պատասխանատուի պաշտօնը:
Սոնա թիթիզեան Կէտիկեան
Լուսանկարները՝ Մայք Թաշճեանի