Մինսքի խմբակի համանախագահութեան վերականգնման հարցին մէջ` յոյս եւ մտավախութիւն
Գլխավոր » Լրահոս » Մինսքի խմբակի համանախագահութեան վերականգնման հարցին մէջ` յոյս եւ մտավախութիւն

Մինսքի խմբակի համանախագահութեան վերականգնման հարցին մէջ` յոյս եւ մտավախութիւն

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով տեղակալ Քերըն Տանֆրիտ 18 յունիսին «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ բացառիկ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարեց, որ հակառակ այն իրողութեան, որ Ուքրանիոյ դէմ պատերազմին պատճառով Միացեալ Նահանգներ խզած են Ռուսիոյ հետ իրենց յարաբերութիւնները, սակայն Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ պատրաստ են շարունակելու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին մէջ համագործակցութիւնը` յանուն խնդիրի խաղաղ եւ տեւական լուծման:

Ռուսական կողմի պատասխանը չուշացաւ: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով 24 յունիսին Պաքուի մէջ յայտարարեց. «ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի նախաձեռնութեամբ դադրեցուցած է իր գործունէութիւնը»: Ան 8 ապրիլին Մոսկուայի մէջ իր հայ պաշտօնակիցին հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին արդէն յայտարարած էր. «Չեմ գիտեր, ինչ պիտի ըլլայ Մինսքի խմբակին ճակատագիրը, որովհետեւ մեր այսպէս կոչուած ֆրանսացի եւ ամերիկացի գործընկերները իրենց ռուսատեաց պոռթկումին մէջ Ռուսիոյ առնչուած ամէն ինչ ջնջելու ձգտելով` ջնջած են նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի եռանախագահութիւնը` յայտարարելով, որ այդ ձեւաչափով մեզի հետ պիտի չհաղորդակցին»:

Եթէ Ուաշինկթըն եւ Փարիզ, Լաւրովի պնդումին համաձայն, դադրեցուցած են համանախագահութեան գործունէութիւնը եւ հիմա ետ քայլ կը կատարեն, ապա ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափի վերականգնումը այժմ կախեալ է Մոսկուայի որոշումէն: Այդ ձեւաչափի վերականգնումը միայն Լեռնային Ղարաբաղի հարցին չ՛առնչուիր, որովհետեւ այդ ձեւաչափը կրնայ դառնալ այն կամուրջը, որուն միջոցով Ուաշինկթըն-Մոսկուա յարաբերութիւնները կրնան ի վերջոյ վերականգնիլ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով գրասենեակը նաեւ 28 յունիսին «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց. «ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահը այսօր զրուցած է իր գործընկերներուն հետ` քննարկելու համար Լեռնային Ղարաբաղի ապագան: Ցաւալի է, որ ռուս համանախագահը չընդունեց հրաւէրը. մենք անհամբեր կը սպասենք Մինսքի խմբակի շարունակական աշխատանքին»: Ուաշինկթըն այդպիսով դրական ու բարի կամեցողութեան պատգամ մը յղեց Մոսկուային, որուն ընկալումէն կախեալ է ամէն բան:

Պէտք է ընդունիլ, որ ամերիկեան կողմի նախաձեռնութիւնը անակնկալ մը չէր, այլ ամերիկեան վարչակազմին սկիզբէն յայտարարած նպատակին համահունչ է: Արդարեւ, 19 յունուար 2020-ին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն ծերակոյտին մէջ այդ պաշտօնին իր հաստատման վերաբերեալ լսումի նիստէն ետք ծերակուտական Էտ Մարէյի հարցումին իր գրաւոր պատասխանին մէջ նշած էր. «Պաշտօնին վրայ հաստատուելու պարագային- ես պիտի խթանեմ Միացեալ Նահանգներու ներգրաւուածութիւնը` գտնելու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի մնայուն լուծումը, որ պիտի ապահովէ Լեռնային Ղարաբաղի անվտանգութիւնը եւ պիտի օգնէ կանխարգիլելու նոր պատերազմի բռնկումը», աւելցնելով, որ ասիկա կ՛ենթադրէ Միացեալ Նահանգներու` Մինսքի խմբակի ձեւաչափով ներգրաւուածութեան աշխուժացում եւ լրացուցիչ դիւանագիտական աշխատանք` երրորդ կողմերու հետագայ միջամտութիւնը կանխարգիլելու համար:

Ռուսիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Սալիվըն ուրբաթ, 29 յունուար 2020-ին իր կարգին յստակ դարձուց, որ իր երկրին նպատակը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ձեւաչափի լիարժէք վերականգնումն է, երբ յայտնեց. «Միացեալ Նահանգները կը համագործակցին Ռուսիոյ կառավարութեան եւ այս պարագային նաեւ Ֆրանսայի կառավարութեան հետ` իբրեւ Մինսքի խմբակի համանախագահ, եւ մենք կ՛ուզենք շարունակել այս հարցերու շուրջ մեր համագործակցութիւնը»:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն, սակայն, իր վարչակազմին այս նպատակի իրագործումը մեծապէս դժուարացուց, երբ ապրիլ 2022-ի կիսուն Միացեալ Նահանգներու Այոա նահանգին մէջ իր արտասանած մէկ խօսքին մէջ իր ռուս պաշտօնակիցը «բռնապետ» կոչեց, իսկ Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ զինուորական գործողութիւնը «ցեղասպանութիւն»` այդպիսով Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափէն հրաժարելու ոսկի առիթ մը ընծայելով Մոսկուայի, որուն նախընտրած թիւ մէկ ձեւաչափը բնականաբար, 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ` Հայաստան-Ռուսիա-Ազրպէյճան ձեւաչափն է: Ռուսիան Մինսքի խմբակի ձեւաչափը մինչեւ հիմա կ՛ընդունէր` նկատի ունենալով, որ ատիկա Լեռնային Ղարաբաղի հարցի խաղաղ լուծման համար միջազգային միակ լիազօրուած ձեւաչափն է:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա 22 յունիսին իր կարգին յայտարարեց. «Կը կասկածիմ Քերըն Տանֆրիտի յայտարարութեան անկեղծութեան: Եթէ Ուաշինկթընն ու Փարիզը իսկապէս կարեւոր կը նկատէին Մինսքի խմբակի միջնորդական իւրայատուկ ձեւաչափը, ապա անոնք իրենք իրենց պիտի չարտօնէին անտեսել բոլոր մասնակից պետութիւններուն կողմէ հաստատուած լիազօրութիւնը»:

Ան այդպիսով կ՛ակնարկէր պրիւքսելեան Հայաստան-Եւրոպական խորհուրդ-Ազրպէյճան ձեւաչափին, որ վստահաբար կը վայելէ Ուաշինկթընի լռելեայն աջակցութիւնը եւ պատասխան քայլ մըն է Ռուսիոյ 9 նոյեմբեր 2020-ին կատարած ինքնագլուխ քայլին: Այս բոլորին մէջ պէտք չէ նկատի ունենալ, որ ներկայ կացութեան մէջ Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափին վերականգնումը իր միջազգային միակ լիազօրուած ձեւաչափը ըլլալու հանգամանքով ամրապնդուած փոխզիջումնային լուծում մըն է, ինչ որ հայկական կողմին համար յուսադրիչ է:

Միւս կողմէ` կարելի չէ չմտահոգուիլ այն լուրով, որ Ռուսիոյ Ազգային պահակագունդի մասնայատուկ ուժերը Խերսոնի մէջ ուքրանացի հրամանատարի մը տան մէջ յայտնաբերած են փաստաթուղթեր, որոնք կ՛ապացուցեն, թէ ԵԱՀԿ-ի պաշտօնատարները կը գործակցին Ուքրանիոյ գաղտնի սպասարկութեան հետ: Այդ փաստաթուղթերու շարքին են Ռուսիոյ Խրիմի, Ռոստովի, Սմոլենսքի, Պելկորոտի եւ Վորոնեժի շրջաններուն մէջ ռուսական բանակի ստորաբաժանումներու տեղակայման վայրերու ձեռագիր յատակագիծեր:

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափի վերականգնումը կրնայ մօտալուտ չըլլալ, սակայն Խերսոնի մէջ յայտնաբերուած փաստաթուղթերու լոյսին տակ ստեղծուած է այն մտավախութիւնը, որ Ռուսիան 3 յուլիսին Եւրոպական խորհուրդի հետ համաձայնագիրներուն իր մասնակցութիւն դադրեցնելէն ետք, ԵԱՀԿ-ի նկատմամբ ալ նոյնպիսի որոշում մը որդեգրէ, ինչ որ Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափի վերականգնումը շատ աւելի երկար ժամկէտով պիտի յետաձգէ եւ այդպիսով աճեցնէ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի 9 նոյեմբերեան կամ պրիւքսելեան ձեւաչափով լուծման վտանգը:



ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

arfd.am

1