Միջազգային գործիքակազմի ներդրումի բուն շարժառիթը
Գլխավոր » Լրահոս » Միջազգային գործիքակազմի ներդրումի բուն շարժառիթը

Միջազգային գործիքակազմի ներդրումի բուն շարժառիթը

Արլինկթընեան բանակցութիւններուն մասին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւններու պաշտօնական լրահոսներուն բովանդակութեան մէջ չկայ էական տարբերութիւն: Հիմնական բաժինը այն է, որ խաղաղութեան ծրագիրի կէտերէն ոմանց շուրջ գոյացած է համաձայնութիւն, իսկ որոշ կէտերու շուրջ` ոչ:

Սակայն մինչեւ արլինկթընեան բանակցութիւններ բազմաթիւ նիւթեր կային Մոսկուայի մէջ ըլլալիք հանդիպման նախապատրաստութիւններուն մասին: Ուաշինկթընի միջամտութիւնը յանկարծակի էր եւ Մոսկուայէն առաջ անցնելու յստակ քայլ:

Կեդրոնանանք Ուաշինկթընի յայտարարութեան վրայ: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին համաձայն, կողմերը կեդրոնացած քննարկումներէ ետք էական յառաջընթացի հասած են բարդ խնդիրները լուծելու հարցով: Երկու կողմերն ալ անկեղծ հաւատարմութիւն դրսեւորած են յարաբերութիւններու կարգաւորման ու երկու երկիրներուն միջեւ երկարատեւ հակամարտութեան դադրեցման:

Պլինքընի համաձայն, ե՛ւ Հայաստանը, ե՛ւ Ազրպէյճանը սկզբունքօրէն համաձայնած են որոշակի պայմաններու եւ աւելի լաւ կը հասկնան մէկզմէկու դիրքորոշումները չլուծուած հարցերու վերաբերեալ: Ամերիկացի նախարարը ըսած է, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն առաջարկած է վերադառնալ իրենց մայրաքաղաքներ, իրենց կառավարութիւններուն հետ խորհրդակցիլ այն մասին, որ յաւելեալ բարի կամքի, ճկունութեան եւ փոխզիջման պարագային համաձայնութիւնը հասանելի է: Կողմերը պիտի շարունակեն ստանալ Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնն ու մասնակցութիւնը այս բոլորի իրականացման համար:

Ամերիկեան յառաջընթացի լաւատեսական շեշտը հակակշռուած է կողմերու տարածած յայտարարութիւններուն մէջ: Հետեւող յայտարարութիւնները երկու կողմէն կը խօսին կէտերու մասին, որոնց շուրջ կարելի չէ եղած համաձայնիլ:

Ուաշինկթընի միջնորդական աշխուժութիւնը ընդգծող երեւոյթներ են Արլինկթընի հանդիպումները: Հանդիպումներու տեւողութիւնը եւս ցոյց կու տայ Միացեալ Նահանգներու ներգրաւուածութեան աստիճանաչափը:

Խնդիրը անշուշտ յառաջընթացէն կամ տեսանելի համաձայնութենէն աւելի կանխելն էր Մոսկուան: Այդ մրցավազքին միացաւ նաեւ Պրիւքսելը. երէկ յայտարարուեցաւ, որ 14 մայիսին, Պրիւքսելի մէջ նախատեսուած է հանդիպում, այս անգամ առաջին դէմքերու մակարդակով:

Պաշտօնական Ուաշինկթընի յայտարարութիւններուն մէջ կը խօսուի ամերիկեան աջակցութեան եւ մասնակցութեան մասին: Շարունակուող գործընթացին Միացեալ Նահանգները կ՛ըսեն ներկա՛յ:

Առ այժմ ի տարբերութիւն նախկին ոճին, ռուսական պաշտօնական արձագանգները աւելի մեղմ են: Նախագահի բանբերը կը յիշեցնէր, որ միակ պայմանաւորուածութիւնը եռակողմ փաստաթուղթերն են, իսկ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը կը յորդորէր սպասել հանդիպումներու արդիւնքներուն:

Տարակարծութիւնները յայտնաբար կը վերաբերին Արցախի կարգավիճակին, «անքլաւ»-ներուն եւ սահմանազատման ու սահմանագծման գործընթացին: Զանգեզուրի միջանցքի մասին յանկերգելու պարտականութիւնը Պաքուէն փոխանցուած է Անգարային, յատկապէս երբ Հայաստան Արցախ կենսաճանապարհին վրայ Պաքուն տեղադրեց անցակէտ, որ ի դէպ նախատեսուած չէ նոյեմբերեան յայտարարութեան մէջ: Պարզ է ուղերձը: Բանալ Նախիջեւան- Ազրպէյճան ճանապարհը` ճանապարհ ճանապարհի դիմաց կամ անցակէտ անցակէտի դիմաց տրամաբանութեամբ: Թէեւ պաշտօնական յայտարարութիւններուն մէջ ակնարկ չկայ, սակայն մեկնաբանական նիւթերուն մէջ կ՛արծարծուի միջազգային գործիքակազմի ներդրումի անհրաժեշտութիւնը Արցախի ուղղութեամբ:

Միջազգային գործիքակազմը կ՛ենթադրէ երկու ուղղութիւն: Առաջինը բանակցային գործընթացի վերագործարկման` Ստեփանակերտ-Պաքու յարաբերակցութեամբ: Երկրորդ, անվտանգութեան ապահովման առումով` դէտերու, խաղաղապահութեան եւ կամ այլ առաքելութիւններով: Միջազգային գործիքակազմի առաջադրանքը ռուսական գործօնի հակակշռում կ՛ենթադրէ, եթէ ոչ դուրս մղում:

Արցախը շրջափակելով, անցակէտ տեղադրելով եւ ընդհանրապէս նոյեմբերեան յայտարարութիւնը խախտելով, ըստ էութեան Պաքուն Ուաշինկթընին եւ Պրիւքսելին խաղաթուղթ կը տրամադրէ եւ ենթահող կը հարթէ շեշտելու միջազգային գործիքակազմերու ներդրման անհրաժեշտութիւնը:

14 մայիսին, պրիւքսելեան հանդիպումներուն առընթեր Թուրքիոյ տարածքին տեղի կ՛ունենան համապետական ընտրութիւններ: Ընտրութիւններէն ետք չի բացառուիր նոր շրջափուլ Անգարայի արտաքին քաղաքականութեան մէջ: Այդ փոփոխութիւնը կրնայ նկատուիլ նաեւ Անգարա- Մոսկուա յարաբերութիւններուն մէջ:

«Ա.»
aztagdaily.com

1