«Միասին՝ Այնճարի համար» նուիրահաւագ
Գլխավոր » Լրահոս » «Միասին՝ Այնճարի համար» նուիրահաւագ

«Միասին՝ Այնճարի համար» նուիրահաւագ

Այնճար hայաւանը, Սփիւռքի միակ Հայկական գիւղաքաղաքը, կը գտնուի Լիբանանի Պեքաայի դաշտին մէջ: Մուսա Լեռցիները երկու անգամ գաղթականութիւն տեսած հայորդիներ, Այնճար հաստատուելէ ետք, տոկացած են իրենց առջեւ ծառացած բոլոր դժուարութիւններուն: Ապա, Մուսա Լեռցիի կամքով ու նուիրումով ճահճային այս հողատարածքը վերածած են կանաչապատ եւ կենսունակ այսօրուան գիւղաքաղաքին:

Պսակաւոր ժահրի համաճարակի, ինչպէս նաեւ Լիբանանի տնտեսական ծանր պայմաններ դիմագրաւող Այնճարաբնակ մեր հայրենակիցները անմիջական եւ շուտափոյթ օժանդակութեան կարիք ունին:

Աշխարհացրիւ խումբ մը Մուսա Լեռցի-Այնճարցիներ, հովանաւորութեամբ տարբեր երկիրներու Մուսա Լեռ Հայրենակցական Միութիւններու, մտահոգ աւանի եւ մեր համագիւղացիներու այժմու կացութեամբ, կոչ կ՛ուղղեն միասնակամ մասնակցիլ «Միասին՝ Այնճարի Համար» հանգանակութեան, ի շահ Այնճարաբնակ մեր հայրենակիցներուն:

Ձեր նուիրատուութիւնները կրնաք կատարել հետեւեալ յղումով՝ https://givebutter.com/togetherforanjar:

Հանգանակութեան հասոյթը ամբողջութեամբ պիտի փոխանցուի Այնճարի Լ.Օ.Խ.-ի «Ախթամար» մասնաճիւղի վարչութեան դրամատան հաշւոյն: Այնճարի մէջ ստեղծուած «Շտապ Օգնութեան Յանձնախումբ»-ը պիտի հոգայ կարիքաւոր ընտանիքներուն օժանդակութիւն հայթայթելու:

Կանխաւ շնորհակալութիւն ձեր մասնակցութեան:

«Չիւր բըռնըք, կանաչ թըղ դառնու»

Facebook: www.facebook.com/togetherforanjar

Instagram: www.instagram.com/togetherforanjar 

1