Միացեալ Նահանգներու զեկոյցը Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի հայկական մշակութային ժառանգութեան աւերածութիւններուն մասին
Գլխավոր » Լրահոս » Միացեալ Նահանգներու զեկոյցը Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի հայկական մշակութային ժառանգութեան աւերածութիւններուն մասին

Միացեալ Նահանգներու զեկոյցը Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի հայկական մշակութային ժառանգութեան աւերածութիւններուն մասին

2022-ի Ապրիլին Ա.Մ.Ն.-ի պետական բաժանմունքի կրօնական ազատութիւններու միջազգային յանձնաժողովի տարեկան զեկոյցը Ատրպէյճանի մէջ 2021-ին կրօնական ազատութեան պայմանները ընդհանուր առմամբ գնահատած է բացասական միտումներով՝ դիտարկուող խնդիրի շրջանակ ներառելով նաեւ Արցախի (Լեռնային Ղարաբաղ՝ ըստ փաստաթուղթի) կրօնական եւ մշակութային ժառանգութեան արժէքներու պահպանութեան հարցերը (աւերածութիւնները, ոչնչացումներն ու պատմական փաստերու խեղաթիւրումը), որոնք աւելի մտահոգիչ դարձած են 2020 Նոյեմբերին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կնքուած հրադադարին իբրեւ արդիւնք Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ (https://www.uscirf.gov/annual-reports):
Թէեւ ատրպէյճանական մամուլը վերջին օրերուն ջանք չի խնայեր խեղաթիւրելու զեկոյցին ողջ բովանդակութիւնը՝ տարածելով ապատեղեկատւութիւն), այնուամենայնիւ, զեկոյցին հրապարակուած ինչպէս հակիրճ, այնպէս ալ ամբողջական նիւթին մէջ մանրամասն նշուած են Ատրպէյճանի կողմէ հայկական մշակութային արժէքներու աւերածութիւններուն ե անոր շուրջ պետական քաղաքականութեան դրսեւորումները, անդրադառնալով թէ՛ պատմութեան, թէ՛ մեր օրերուն:

Մասնաւորապէս, Ա.Մ.Ն.-ի կրօնական ազատութիւններու միջազգային յանձնաժողովի տարեկան զեկոյցի առանցքը Caucasus Heritage Watch-ի (https://caucasusheritage.cornell.edu/) արբանեակային պատկերներու փաստագրումներն են, որոնք կը վկայեն հայկական երկու գերեզմանոցներու, մզկիթի, քանի մը եկեղեցիներու աւերումներուն մասին, որոնք թէեւ իբրեւ միջազգային յանցագործութուն արդէն փաստագրուած են (Ե.Խ.Խ.Վ. բանաձեւեր, Հաագայի արդարադատութեան միջազգային դատարան), այնուամենայնիւ անպատժելի են նոյնինքն Ատրպէյճանի կողմէ։

Թէեւ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը 2020-ին յայտարարեց, որ երկու զինուորի մեղադրանք պիտի յառաջադրուի հայկական գերեզմանաքարերը ոչնչացնելու համար, սակայն իշխանութիւնները կը հրաժարին այդ դէպքերուն վերաբերեալ որեւէ տեղեկութիւն հրապարակելէ։

Զեկոյցը փաստագրած է CHW-ի արբանեակային լուսանկարներու հաւաստիացումով Յունիս եւ Սեպտեմբեր ամիսներուն տեղի ունեցած հայկական մշակութային եւ կրօնական վայրերու ոչնչացումները եւ ներկայացուցած, որ շինարարութեան պատճառով անոնք այսօր եւս կը գտնուին վտանգի տակ։ Զեկոյցը անդրադարձած է վերջին շրջանին միջազգային կարեւոր ատեաններէն հնչող եզակի նախադէպերուն՝ կարեւոր համարելով թէ. Արդարադատութեան միջազգային դատարանի դեկտեմբերեան որոշումը, որմով յորդորուած

էր Ատրպէյճանին «ձեռնարկելու բոլոր անհրաժեշտ միջոցները՝ կանխելու եւ պատժելու վանտալութեան եւ պղծման գործողութիւնները, որոնք կը վերաբերին հայկական մշակութային ժառանգութեան, ներառեալ… եկեղեցիները եւ այլ պաշտամունքային վայրերը, …գերեզմանատուները», եւ թէ՛ Ե.Խ.Խ.Վ. քանի մը բանաձեւերուն «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման հետ կապուած»։ Զեկոյցը՝ մէջբերելով Ե.Խ.Խ.Վ. բանաձեւին կարեւոր հատուածները՝ վերահաստատած է անոնց նշանակութիւնը. յատկապէս. «6-շաբաթեայ պատերազմի ընթացքին մշակութային ժառանգութեան միտումնաւոր պատճառուած վնասը, ինչպէս նաեւ Շուշիի (Սուրբ Ամենափրկիչ տաճարի) միտումնաւոր գնդակոծութիւնը եւ այլ եկեղեցիներու եւ գերեզմանատներու ոչնչացումը կամ վնասումը հակամարտութեան ընթացքին եւ անկէ ետք»։

Ա.Մ.Ն. Պետական բաժանմունքի 2021-ի միջազգային կրօնական ազատութեան մասին զեկոյցը իբրեւ միջազգային եզակի նախադէպ առաջին անգամ կը փաստէ Ատրպէյճանի կողմէ հայկական յուշարձաններու շարունակական ոչնչացումը: Մասնաւորապէս, անիկա կը քննադատէ Արցախի քրիստոնէական ժառանգութեան, հայկական ինքնութիւնը ժխտելու Ատրպէյճանի «աղուանականացման» քարոզչութիւնը։ Այս ամէնուն հետ կապուած կազմակերպութիւնը առաջարկած է Ա.Մ.Ն.-ի կառավարութեան ֆինանսաւորում յատկացնելու Ա.Մ.Ն. Միջազգային զարգացման գործակալութեան (USAID) եւ Պաքուի մէջ Ա.Մ.Ն. դեսպանատան՝ Լեռնային Ղարաբաղի եւ յարակից տարածքներուն մէջ պաշտամունքի վայրերը եւ կրօնական կամ մշակութային այլ վայրերը վերականգնելու, պահպանելու եւ պաշտպանելու համար։

Զեկոյցը, դատապարտելով հայկական եկեղեցիները աղուանականացնելու ատպէյճանական քաղաքականութիւնը, իբրեւ օրինակ մէջբերած է Մայիս 4-ին Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան այն յայտարարութիւնը, որմով ատրպէյճանական կողմէն ֆինանսաւորուող Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ տաճարի վերակառուցումը պէտք է «համապատասխանէր բնօրինակ ճարտարապետական ոճին», բայց իբրեւ արդիւնք պարզ դարձաւ, որ տաճարը նոյնպէս կը վերագրուի «աղուանական» ժառանգութեան։ Զեկոյցը կը նշէ, որ հայկական կողմը համոզուած է, որ նման յայտարարութիւններով փորձ կը կատարուի թաքցնելու եկեղեցւոյ հայկական արմատներն ու կառուցուածքը, ներառեալ բնօրինակ գմբէթը: ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին ուղղուած նամակին մէջ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վահրամ Դումանեանը մեղադրած է Ատրպէյճանը աշխուժօրէն «պատմական փաստերու կեղծման քաղաքականութիւն» իրականացնելու մէջ՝ երբ գրաւեալ տարածքներու հայկական մշակութային ժառանգութեան վայրերը կը հռչակեն «կովկասեան-աղուանական»։

Ա.Մ.Ն.-ի պետական բաժանմունքը զեկոյցին մէջ մտահոգութիւն յայտնած է նաեւ 2020-ի Նոյեմբերի հրադադարէն ետք հայ ուխտաւորներու՝ Դադիվանք այցելութեան հետ կապուած խնդիրներուն եւ փաստած, որ դժուարացած է հայ ուխտաւորներուն այցը ամբողջ տարուան ընթացքին, իսկ Փետրուար եւ Ապրիլ ամիսներուն ուխտաւորներու երկու խումբերուն արգիլուած է մուտք գործել վանք։
Յատկապէս ուշագաւ է այն, որ զեկոյցը անդրադարձած է ոչ միայն պատերազմի ընթացքին եւ անկէ ետք հայկական մշակութային արժէքներու ոչնչացման դէպքերուն, այլեւ ներկայացուցած է Նախիջեւանի ոչնչացումները։

Յունիսին The Art Newspaper-ը հրապարակեց զեկոյց մը՝ օգտագործելով արբանեակային պատկերներ, որոնք կը մանրամասնէին Նախիջեւանի Ագուլիսի միջնադարեան հայկական եկեղեցիներու աւերածութիւններուն մասին: Եկեղեցիները առկայ եղած են 1977-ին առնուած նկարներուն մէջ, սակայն կը բացակային 2016-ի եւ 2019-ի պատկերներէն: Անոնցմէ են Սուրբ Ստեփանոսը, Սուրբ Թովման, Սուրբ Քրիստափորը, Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչը, Սուրբ Աստուածածնի Մեծ Անապատը եւ Սուրբ Յակոբ Հայրապետը։

1