Միացեալ Հայաստանի գաղափարը իտէալ եւ ուժի աղբիւր միաժամանակ
Գլխավոր » «Դրօշակի»-ի խմբագրական » Միացեալ Հայաստանի գաղափարը իտէալ եւ ուժի աղբիւր միաժամանակ

Միացեալ Հայաստանի գաղափարը իտէալ եւ ուժի աղբիւր միաժամանակ

«Անդրկովկասի քաղաքական ամբողջութեան լուծումով եւ Վրաստանի ու Ադրբեջանի անկախութեան հռչակումով ստեղծուած նոր կացութեան հանդէպ, Հայոց Ազգային խորհուրդը իրեն յայտարարում է հայկական գաւառների գերագոյն ու միակ իշխանութիւն։ Որոշ ծանրակշիռ պատճառներով թողնելով մօտիկ օրերում կազմել Հայոց Ազգային Կառավարութիւն, Ազգային խորհուրդը ժամանակաւորապէս ստանձնում է կառավարութեան բոլոր ֆունկցիաները հայկական գաւառների քաղաքական եւ վարչական ղեկը վարելու համար»։

Ստորագրութիւն՝ «Հայոց Ազգային Խորհուրդ, 1918, Մայիս 30»։

Ահաւասիկ Հայոց պետականութեան ծնունդը աւետող յայտարարութիւնը, ուր, բնականաբար, ոչ մէկ խօսք կար սահմաններու մասին։ Կը խօսուէր միայն «հայկական գաւառների» մասին` առանց նոյնիսկ նշելու այդ գաւառները, թողելով, որ նորաստեղծ պետութեան ղեկավարութիւնը, օգտագործելով յարափոփոխ պայմանները եւ միջազգային իրադրութիւնը, իրականութիւն դարձնէ այն, ինչ որ անհրաժեշտ է մեր մանուկ պետութեան լինելիութեան եւ բարգաւաճումին համար։
Տարի մը վերջ արդէն` 1919 մայիս 28ին, մեր պետութեան կառավարութիւնը Հայաստանը կը հռչակէ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ։ Քանի մը ամիս վերջ ՀՅ Դաշնակցութեան 9րդ Ընդհանուր ժողովը կ’որդեգրէ այդ բանաձեւը` իբրեւ ծրագրային առաջադրանք-նպատակ։ Այս մէկը անփոփոխ կը մնայ մեր ծրագրին մէջ մինչեւ այսօր` Սեւրի դաշնագրի եւ Ուիլսընի իրաւարար վճիռի իրաւական բաղադրամասերով։

Անկախութեան սերունդի տեսլականը իրականութեան վերածելու կարելիութիւնը ստեղծուեցաւ Արցախեան շարժումով, Արցախի ազատագրումով եւ պետականութեան ստեղծումով։ Եթէ Շուշիի ազատագրումը խորհրդանիշը համարենք ատրպեճանական լուծէն Արցախի ազատագրումին, դժուար չէ եզրակացնել, որ ատիկա լուրջ եւ շօշափելի քայլ մըն է Միացեալ Հայաստան ստեղծելու ճամբուն վրայ։ Փաստօրէն, Արցախի ազատագրումով հողահաւաքի գործընթացը ճամբայ ելած պէտք է համարել։
Արդարեւ, Միացեալ, Ազատ եւ Անկախ Հայաստանի իտէալը ոչ միայն գաղափարական, այլ նաեւ շեշտակիօրէն քաղաքակա՛ն արժէք է։ Մեր պետութեան համար անիկա ունի ռազմավարական նշանակութիւն, եթէ, անշուշտ, ՀՀ իշխանութիւնները քաջութիւնը ունենան զայն որդեգրելու։

Ո՞րն է, սակայն, այս իտէալին քաղաքական-ռազմավարական արժէքը։

Առաջին`Սեւրի դաշնագրով Հայաստանի նորաստեղծ պետութիւնը օրինական ճանաչման կ’արժանանար ազգերու միջազգային ընտանիքին կողմէ, իսկ Ուիլսընի իրաւարար վճիռը իր կարգին կը յստակեցնէր Հայաստան-Թուրքիա սահմանագիծը։ Իրաւարար վճիռները (բոլոր նման վճիռները) միջազգային օրէնսդրութեամբ ունին պարտադիր բնոյթ խնդրոյ առարկայ երկու (կամ աւելի) կողմերուն համար։ Այն պահէն, երբ տուեալ կողմերը կը համաձայնին դիմելու իրաւարար վճիռի, սկիզբէն իսկ կ’ընդունին այդ մէկուն իրաւացիութիւնը եւ պարտաւոր են գործադրելու զայն։

Երկրորդ` Արեւմուտքը (օրին՝ դաշնակիցները) օրինական առումով մասնակից եւ յանձնառու եղած է թէ՛ Սեւրի դաշնագրի տրամադրութիւններուն եւ թէ՛ Ուիլսընի իրաւարար վճիռին նկատմամբ։ Այդ յանձնառութիւնը անժամանցելի է օրինականօրէն։ Հայկական կողմին, ՀՀ պետութեան համար կը մնայ զայն անժամանցելի համարել նաեւ քաղաքականօրէն, եթէ ցուցաբերուի համապատասխան կամքը։ Այս կէտը կենսական է, որովհետեւ Արեւմուտքը, մասնայատուկ կերպով Եւրոպական միութիւնը եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, հայ ժողովուրդին պարտական են վերոնշեալ յանձնառութեան բերումով։ Պաշտօնական Երեւանը իր արտաքին յարաբերութեանց օրակարգի սեղանին անպայմա՛ն պէտք է դնէ պարտապանութեան այս հարցը, որովհետեւ ատիկա հենքն իսկ է մեր պետականութեան լինելիութեան։ Մեր կողմէ այս հարցի օրակարգի վրայ պահուիլը մեզմէ կը վանէ նաեւ այն անհարկի ճնշումները, որոնց կ’ենթարկուի մեր երկիրը ամէն քայլափոխի, Արեւմուտքէն ըլլայ ատիկա թէ հիւսիսէն։ Հայաստանով ու տարածաշրջանով շահագրգիռ ուժերը ոչ միայն «պահանջ» չեն կրնար ունենալ մեզմէ, այլեւ իրենք են, որ պիտի դրուին պարտապանի դիրքերուն։ Հայաստանը կարիքը ունի իր կենսական (ու արդա՛ր) տարածքին, այն տարածքին, որմով կը բնութագրուի Միացեալ Հայաստանը, որպէսզի կարենայ գոյատեւել ու բարգաւաճիլ։

Երրորդ`վերանկախացած Հայաստանի պարագային Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի վարչակարգը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գաղափարին մէջ կը տեսնէր միայն ու միայն ատոր բարոյական բաղադրամասը, եւ նոյն այդ ճանաչումը մաս չէր կազմեր վարչակազմի արտաքին քաղաքականութեան։ Յաջորդող երկու նախագահներու` Ռոպերթ Քոչարեանի եւ Սերժ Սարգսեանի պարագային ճանաչման հարցը ոչ միայն մաս կազմեց երկրի արտաքին քաղաքականութեան, այլեւ հարստացաւ «հետեւանքներու վերացում» հասկացութեամբ, որ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ հայութեան բազմամակարդակ ու արդար պահանջատիրութեան դիւանագիտական բանաձեւումը՝ իր բոլոր բաղադրամասերով։ «Հետեւանքներու վերացում» տարազը նաեւ ամրագրուեցաւ ցեղասպանութեան համազգային հռչակագրով (յունուար 2015)։ Ն. Փաշինեանի իշխանութեան օրով ցարդ «հետեւանքներու վերացումի» գաղափարը հնչեղութիւն չէ ստացած միջազգային հարթակներու վրայ։ Ոչ միայն այդ, այլեւ վերջերս նոյնիսկ փորձ կատարուեցաւ 2015ի համահայկական հռչակագրին մէջ ամրագրուած «Յիշում ենք եւ պահանջում» տարազը փոխարինել միայն ու միայն… «Յիշում ենք»ով։

Այս վարքագիծը կը յանգեցնէ հայկական դիրքերու տկարացումին։ Փաստօրէն, այսօր Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Լաւրովի յուշումով Արցախի կապակցութեամբ բանակցութիւններու սեղանին դրուած է տխրահռչակ «փուլային» տարբերակը, որ էապէս անընդունելի է ՀՅ Դաշնակցութեան համար։ «Փուլային» տարբերակին սեղան բերուիլը ինքնին հետեւանք է մերօրեայ պաշտօնական Երեւանի դիւանագիտական միտքին մօտ Միացեալ Հայաստանի գաղափարի բացակայութեան։
ՀՅ Դաշնակցութեան համար, կը կրկնենք, Արցախի ազատագրումը Միացեալ Հայաստան կերտելու ճամբուն վրայ գոյութիւն ունեցող փուլերէն մէկն է։ Մենք խնդիր ունինք առաջին հերթին տիրութիւն ընելու Սեւրով եւ նախագահ Ուիլսընի վճիռով ամրագրուած մեր իրաւունքներուն։ Այս ընելով` իր տրամաբանական պարունակին մէջ զետեղած կ’ըլլանք նաեւ ազատագրուած Արցախին տիրութիւն ընելու մեր վարքագիծը, որովհետեւ, ինչպէս ըսինք, Արցախի ազատագրումը մենք կը համարենք կենսական քայլ մը, փուլ մը Միացեալ Հայաստան ստեղծելու մեր ճիգերուն մէջ։

Հետեւաբար դժուար չէ նկատել, որ Միացեալ Հայաստանի իտէալը ոչ միայն գաղափար, այլեւ ուժի անսպառ աղբիւր է մեր երկրի լինելիութեան, կենսունակութեան եւ բարգաւաճումին համար, եթէ մեր պետութիւնը ցուցաբերէ անհրաժեշտ կամքը։
Պաշտօնական Երեւանը պարտաւո՛ր է ցուցաբերել այս կամքը` ի խնդիր մեր ազգի ու պետութեան ապագային։

Վաչէ Բրուտեան

«Դրօշակ», թիվ 5 (1639), մայիս, 2020 թ.

1