Մեր պատմափիլիսոփայութեան հրամայականը՝ ընկերային արդարութիւն եւ գաղափարական զարթօնք
Գլխավոր » Լրահոս » Մեր պատմափիլիսոփայութեան հրամայականը՝ ընկերային արդարութիւն եւ գաղափարական զարթօնք

Մեր պատմափիլիսոփայութեան հրամայականը՝ ընկերային արդարութիւն եւ գաղափարական զարթօնք

Դաշնակցութեան հիմնադիրներէն Ռոստոմը կը հաստատէ, որ «Դաշնակցութիւնը գործի կուսակցութիւն է»: Հարց տանք. Դաշնակցութեան կատարելիք գործը ի՞նչ հանգամանքներէ ելլելով կ’որոշուի: Կան յստակ եւ հիմնական ազդակներ, որոնք կ’առաջնորդեն Դաշնակցութեան գործը: Այս ազդակներէն են Դաշնակցութեան Ծրագիրը եւ Ընդհանուր ժողովներու որոշումները: Կուսակցութեան պատմութեան ընթացքին այս ազդակներու անմիջական ներգործութեամբ է, որ 130 տարիներու Դաշնակցութեան աւանդն ու գործունէութիւնը ընդլայնեցան: Տեղին է ընդգծել, որ Դաշնակցութեան կանոնագրութիւնը, կազմակերպական ուղեցոյց ըլլալէ անդին, կ’ուրուագծէ դաշնակցական մարդու գաղափարական նկարագիրը, որ իր հերթին եզակի ազդեցութիւն ունի գործելաոճի եւ անոր ուժականութեան վրայ՝ ապահովելով նպատակի եւ միջոցի շաղկապումը:

Դաշնակցութեան գաղափարաբանութեան հիմքը կը հաստատուի Ծրագիրի առաջին իսկ նախադասութեամբ. «Դաշնակցութիւնը իր էութեամբ, աշխարհահայեացքով եւ աւանդներով ազգային, ընկերվարական, ժողովրդավարական եւ յեղափոխական կուսակցութիւն է»: Եւ տրամաբանական հիմնաւորումներով կը վերլուծուին այս չորս հիմնասիւները, որով ի յայտ կու գայ Դաշնակցութեան պատմափիլիսոփայութեան հետեւեալ դրոյթը. «Մարդ անհատը, ընկերային հաւաքականութիւնները, ժողովուրդները եւ ազգերը ձգտած են ազատութեան ու հաւասարութեան եւ պայքարած են անոնց իրականացման համար: Ազատագրութեան բնական ու գիտակից այդ պայքարը կ’ընթանայ մարդուն եւ հասարակութեան կեանքի զարգացման զոյգ գործօններու՝ առարկայական եւ ենթակայական ազդակներու փոխներգործութեամբ»: Փիլիսոփայական նման իրապաշտութեամբ ալ վերոնշեալ գործօններու հաւասարազօր փոխներգործութեամբ է, որ աշխատաւոր մարդկութիւնը պիտի յաղթանակէ բոլոր անարդարութիւնները:

Դաշնակցութեան այս պատմափիլիսոփայութեան տեսական հիմնաւորման փորձը կատարած է 20- րդ դարու տեսաբան փիլիսոփաներէն Երուանդ Ֆրանգեան: Դաշնակցութեան Դ Ընդհանուր ժողովէն սկսեալ՝ այս իրապաշտ փիլիսոփայութիւնը, որ անդրանիկ Ծրագրին մէջ ալ տիրական եղած է ըստ Ֆրանգեանի, յաջորդող բոլոր Ծրագիրներուն մէջ տեղ գտած է:

Իրենց հերթին Դաշնակցութեան Ընդհանուր ժողովները իրապաշտօրէն կը վերլուծեն համաշխարհային եւ տարբեր շրջանային իրավիճակներն ու պայմանները՝ կրկին նկատի ունենալով ենթակայական-առարկայական գործօններու ներդաշնական զուգորդումը: Ա՛յս եւ ծրագրային այլ գաղափարաբանական հոլովոյթներու զուգորդումով կը մշակուի կուսակցութեան ընդհանուր քաղաքականութիւնը (քառամեակէ քառամեակ): Տրամաբանական ընթացքով կուսակցութեան շրջանային մարմինները իրենց հերթին նմանատիպ իրապաշտական մօտեցումներով, տեղական պայմաններու հաշուառումով իրենց գործունէութիւնը կը ծրագրեն ու կը ծաւալեն: Իրապաշտական այս ընկալումով է նաեւ, որ առաւել եւս կը հիմնաւորուի Դաշնակցութեան կազմակերպական ապակեդրոնացումը:

Արդարեւ, կազմակերպական շրջաններու տեղական պայմաններն ու որեւէ իրավիճակ կը տարբերին իրարմէ՝ ունենալով իւրայատկութիւններ, նրբութիւններ ու ծալքեր, որոնց առաւելապէս տեղեակ կրնայ ըլլալ ու անոնց կը տիրապետէ տուեալ շրջանի պատասխանատու մարմինը, որ գետնի վրայ կոչուած եւ լիազօրուած է գնահատականներ տալու ու ըստ այնմ աշխատանքներ ձեռնարկելու:

Եթէ ընթերցողը համոզուած է, որ մէկ կողմէն տնտեսական կացութիւնը եւ նիւթական պայմանները (առարկայական), իսկ միւս կողմէն մարդոց գիտակցութիւնը, գաղափարները, հոգեկան աշխարհը եւ խիղճը փոխկապակցուած ազդեցութիւն ունին հասարակութիւններու եւ ազգերու ապագայի ձեւաւորման մեջ՝ ի նպաստ աշխատաւոր դասակարգի յաղթանակին, ապա, նոյնիսկ հպանցիկ ակնարկ կատարելով Հայաստանի Հանրապետութեան ընկերային եւ տնտեսական ներկայ իրավիճակին վրայ, յստակ կը դառնայ անոր բեկումնային ընթացքը: Մէկ կողմէ աղքատութեան տոկոսի վտանգալից աճը, տնտեսական, գաղափարական եւ ռազմավարական խարխափումները վիճակը աւելի կը վատթարացնեն արագընթաց թափով, կ’ամայանայ այն նօսր խաւը, որ միջին կը համարուէր, եւ դասակարգային գիտակցութեան բացակայութեամբ կը խորանայ հասարակութեան բեւեռացումը։ Միաժամանակ իշխանութեան կողմէ խօսքի եւ մամուլի ազատութիւնը, այլակարծութիւնն ու բազմակուսակցականութիւնը կը համարուին «հակառակորդութիւն» պետութեան ու իշխանութեան նկատմամբ, հոգեմտաւոր արժէքները կ’անտեսուին, ազգային եւ մշակութային ժառանգութիւնը անխնամ կը մնայ՝ ի դէմս ներմուծուած դատարկ նորաձեւութիւններու: Իսկ հայ մարդը, որ «քարէն հաց հանողի» համբաւ կը վայելէր, կը դիտուի իբրեւ «տիւանին» պառկած եւ պետական նպաստ սպասող՝ աշխատանքի անընդունակ: Ահա կ’ապրինք գաղափարական լճացման եւ տնտեսական սուր տագնապներու անմիջական եզրին:

Հրամայական պահանջ մը կը ձեւակերպուի: Մեր հասարակութեան եւ ազգի արդար ու հաւասար զարգացումը ապահովելու համար մեր Ծրագրի հիմնադրոյթներու ոգին ու էութիւնը պէտք է սեփականութիւնը դարձնել հայրենի ժողովուրդին, մանաւանդ՝ անոր մատղաշ սերունդին: Միտքերը յեղափոխելու այս առաջադրանքը կ’ենթադրէ յամառ, հետեւողական ու ծրագրուած աշխատանք:

Ընկերային արդարութեան հրամայականին հետ զուգահեռաբար անհրաժեշտ է մեր բոլոր կարողութիւններով եւ ուժականութեամբ, գաղափարապաշտ մարդու բարձր նուիրուածութեամբ եւ խոր հաւատքով, հասկնալի պարզութեամբ լսելի դարձնել մեր ձայնը մեր ժողովուրդին՝ անոր սատարելու համար, որ գիտակցի իր ամբողջական իրաւունքներուն, պաշտպան կանգնի անոնց եւ պայքարի անոնց իրականցման ի խնդիր:

Ահազանգը չափազանց լուրջ է: Ժամանակը հասած է ստանձնելու մեր էական եւ արժանի դերը պետականաշինութեան սրբազան գործին մէջ: Այսօրուան ուսուցիչն ու մշակը, ընդհանրապէս աշխատաւոր, աշխատող ու աշխատասէր հայ մարդը, եթէ արժանավայել կեանք չունեցան մեր հայրենիքէն ներս, ու՞ր կը մնան ընկերվարական ժողովրդավարութեան մեր նպատակները: Ասկէ կը սկսի մեր մեծագոյն նպատակին հասնելու ճանապարհը: Մեր Ծրագիրը իր պատմափիլիսոփայութեամբ կը զգուշացնէ մեզ եւ միաժամանակ մարտի դաշտ կը կանչէ՝ մարտնչելու մեր վսեմ եւ իրատես գաղափարներուն գործնականացման համար: Ամէն պայքար իր յատուկ «զէնք(եր)ը» ունի: Ինչքան ալ առկայ ըլլայ յարմարաւէտ զէնքը, անոր գործածութեան վարժ ըլլալը էական անհրաժեշտութիւն է: Դաշնակցութեան պատմական ընթացքը ցոյց կու տայ, թէ մեր կուսակցութիւնը ժամանակի պահանջներուն համաձայն գիտցած եւ կարողացած է օգտագործել ճիշդ զէնքերը նպատակային կերպով: Թող ո՛չ ոք կասկածի Դաշնակցութեան ունեցած այդ հնարաւորութեան, պայքարի միջոցներու մշտանորոգ գոյութեան:

Ցողիկ Աշըգեան

droshak.am

1