Լսուած ու տեսնուած բան չէ այն խեղկատակութիւնը, որ տեղի կ’ունենայ Պաքուի դատարաններուն մէջ. Լենի Պրուս
Գլխավոր » Լրահոս » Լսուած ու տեսնուած բան չէ այն խեղկատակութիւնը, որ տեղի կ’ունենայ Պաքուի դատարաններուն մէջ. Լենի Պրուս

Լսուած ու տեսնուած բան չէ այն խեղկատակութիւնը, որ տեղի կ’ունենայ Պաքուի դատարաններուն մէջ. Լենի Պրուս

«Արդարադատութեան սրահներուն մէջ, միակ արդարադատութիւնը սրահներուն մէջն է»:
Լենի Պրուս (Lenny Bruce ամերիկացի դերասան, քննադատ եւ վերլուծաբան, 1925-1966)

Լսուած ու տեսնուած բան չէ այն խեղկատակութիւնը, որ տեղի կ’ունենայ Պաքուի դատարաններուն մէջ։ Արցախէն բռնի ուժով ձերբակալուած, այսինքն՝ առեւանգուա՛ծ եւ Պաքու փոխադրուած հայ քաղաքական եւ զինուորական անձնաւորութիւններու, նաեւ պարզ քաղաքայիններու դատավարութիւնը կը ցուցահանուի արտառոց պայմաններու մէջ։

Միջազգային դատավարական ամենաթոյզն օրէնքներն անգամ մէկդի դրուած են, փաստօրէն, միակողմանի դատավարութեան մը բեմագրութիւնն է ներկայացուողը:

Միջազգային դէ՞տ, պատշաճ օրէնքներու ճամբով գործող պաշտպան փաստաբաննե՞ր… Նման բաներ չկան ալիեւեան Ատրպէյճանի բառարաններուն մէջ:

Ո՞վ է հարցնողը։ Նժարը համահաւասար չէ։ Թեքած է մէկ կողմ։ Թեքած եւ ամրօրէն փակցուած։ Կրնանք ըսել, որ նժար չկայ, այլ մէկ ափով «կշիռք»: Իսկ արդարութեան մուրճը միայն ու միայն ի սկզբանէ անհիմն կերպով «դատապարտեալ»-ը հարուածելու համար ի գործ դրուած է։

Փաստաբան, պաշտպան փաստաբան, դատախազ, ներկաներ, հրաւիրեալ ներկաներ․․․ Բոլորն ալ եկած են մէկ կողմէն։ Պարզ ու մեկին. մեր հայրենի բանտարկեալները որբ են։

Մեծ հմայք վայելող Լենի Պրուս իր օրերուն քմծիծաղով խօսած է իր երկրին մէջ տիրող (եւ դժբախտաբար մինչեւ օրս շարունակուող) անարդար արդարադատութեան մասին։ Արդեօք, որքա՞ն զայրացած պիտի ըլլար ան, ի տես Պաքուի մէջ սարքուած նուաստացուցիչ խեղկատակութեան:

Պաքուի մէջ պատահածը դիպուկ կերպով կը յիշեցնէ 70-ականներուն սկիզբներուն մեծ ցնցում յառաջացուցած՝ իտալացի ծայրայեղ ձախակողմեան բեմադրիչ Էլիօ Փեթրիի մէկ յիշատակելի ժապաւէնը՝ «Հետազօտութիւն՝ Կասկածէ վեր քաղաքացիի մը» (Investigation of a Citizen Above Suspicion – Indagine su un cittadino al di sopra di ogni sospetto): Հոն, բարձրաստիճան ոստիկանապետի մը պարտականութիւն տրուած է ոճիրի մը թղթածրարը հետազօտելու։ Ոճրագործը՝ նոյնինքն… ոստիկանն է, իսկ զոհը՝ իր տարփածուն։

Ժապաւէնին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ փոխանցելով եւ մանրամասնութիւններ տեղեկացնելով, նիւթէն շեղած եւ քիչ մըն ալ ճապաղած պիտի ըլլանք, սակայն յար եւ նման կացութեան մը առջեւ կը գտնուինք։ Այլ խօսքով, ականատես ենք բեմադրութեան մը, ուր ոճրագործը զոհեր դատելու ելած է…

Փիեթրի գործը ներշնչում առած է՝ այդ օրերու Միլանոյի մէջ տեղի ունեցած պետական , ապահովական եւ ոստիկանական բնագաւառներէն ներս անհասկնալի եւ առեղծուածային դէպքերէ: Պաքուի մէջ պատահածը՝ Իտալիոյ այդ օրերու շարժապատկերի աշխարհի՝ «Չինէ Չիթա»-ի անցուդարձերէն շատ աւելի իրապաշտ «լուռ ցաւ» է։ Երեւակայական ժապաւէն մը չէ, որ կը բեմադրուի, այլ դաժան ու դժնդակ «կեանքը ինչպէս որ է Պաքուի դատարաններէն ու բանտերէն ներս»։

Փեթրիի գործի աւարտին, Ֆրանց Քաֆքայի մէկ տպաւորիչ խօսքը կը յիշուի․ – «(Դատապարտողը) ինչ տպաւորութիւն ալ որ ձգէ մեր վրայ, ան օրէնքի ծառան է, հետեւաբար օրէնքին կը պատկանի եւ խոյս կու տայ մարդկային դատաստանէ»։

Հարցը շատ աւելի կը ծանրանայ եւ մտահոգութիւն կը պատճառէ, երբ անարդարօրէն բանտարկուած ու ամբաստանուած հայորդիներուն թիկունք չեն կանգնիր հարազատ նկատուող՝ 19 Բաղրամեան պողոտայի բազմած անձնաւորութիւնները, որոնք այլապէս կը նպաստեն ազերիներու «յաղթարշաւներուն» ու ցնորական կերպով զբաղուած են մոգական գաւազան շարժելով, կը կարծեն, թէ փոքր հպումով «խաղաղութեան խաչմերուկ» պիտի ստեղծեն:

«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական

1