Լիբանանում բնակվող հազարավոր հայեր ցույցերի միջոցով իրենց ցասումը հայտնեցի Ադրբեջանի դեմ
Գլխավոր » Լրահոս » Լիբանանում բնակվող հազարավոր հայեր ցույցերի միջոցով իրենց ցասումը հայտնեցի Ադրբեջանի դեմ

Լիբանանում բնակվող հազարավոր հայեր ցույցերի միջոցով իրենց ցասումը հայտնեցի Ադրբեջանի դեմ

Բագրատունի. «Ասիկա Սփիւռքի Մէջ Առաջին Քայլն Է Այն Համաժողովրդային Դիմադրութեան, Որ Կը Սկսի Վերատիրանալու Համար Մեր Բռնագրաւեալ Հողերուն»


Այվազեան. «Կը Շրջափակենք Ահաբեկչական Պետութեան Այս Որջը` Աշխարհին Ցոյց Տալու Համար Անոր Գործած Ոճիրները»

Երէկ երեկոյեան ժամը 6:00-ին հազարաւոր լիբանանահայեր բողոքի իրենց ձայնը բարձրացուցին Ազրպէյճանի դեսպանատան դիմաց` դատապարտելով Հայաստանի դէմ Ազրպէյճանի գործած յարձակումը, թշնամական արարքներն ու խաղաղ բնակչութիւնը ռմբակոծելու անոր արարքները:

Պուրճ Համուտի թաղերուն եւ Լիբանանի հայահոծ բոլոր շրջաններուն մէջ ժամը 5:00-էն սկսեալ կար տարբեր տեսակի եռուզեռ մը: Լիբանանահայութիւնը կը պատրաստուէր խուռներամ ուղղուելու Այն Աար եւ ահաբեկիչ պետութեան դեսպանատան դէմ բարձրացնելու բողոքի իր ձայնը` Հայաստանի դէմ անոր գործած զինուորական գործողութիւններուն, քաղաքայիններուն դէմ անոր գործած բռնութիւններուն եւ նահատակ զինուորականներուն դիակները պղծելու անոր արարքներուն դէմ:

Բազմամարդ այս ցոյցին լիբանանահայութիւնը մասնակցեցաւ իր մեծով ու պզտիկով, պատանիով ու երիտասարդով, տարեցով ու երեխաներով:

Եռագոյնի, Արցախի դրօշներու, եւ Ազրպէյճանի արարքները դատապարտող պաստառներով ցոյցը սկսաւ կանչերով, որոնք հաստատեցին, որ լիբանանահայութիւնը կը մնայ կառչած իր պայքարին եւ Հայ դատին, կը պահանջէ արդարութիւնը եւ ոչ մէկ ձեւով պատրաստ է ընդունելու, որ հայրենի հողերու զիջում կատարուի թշնամիին:

Ցոյցին ընթացքին հրկիզուեցաւ նաեւ Ազրպէյճանի դրօշը:

Ցուցարարներուն անունով արաբերէնով խօսք արտասանեց Լութֆիկ Այվազեան, որ հարց տուաւ լիբանանահայերուն, թէ ի՞նչի կը սպասեն, մինչեւ ե՞րբ պէտք է լուռ մնան, մինչեւ ե՞րբ պէտք է դիտորդի դիրքին մէջ մնան:

«Պատմական մեր թշնամին իր ոճրային սուրով վերադարձած է, զայն Հայաստանի եւ Արցախի ձեր եղբայրներուն վիզին ուղղելու համար: Պատմութեան եւ Հայաստանի հողին խորքերուն մէջ թափանցած ձեր արմատներուն դէմ անգամ մը եւս արմատախիլ դառնալու սպառնալիքներ կան` սելճուք եւ թաթար հորդաներուն թոռներուն կողմէ:

Ո՛վ մարդկային արդարութիւն, որուն դէմքին 100 տարի առաջ թքնեց հայ անուանի բանաստեղծ Սիամանթոն (Ատոմ Եարճանեան), մինչեւ ե՞րբ պիտի ենթարկուիս չարիքի ամպերէն թափող հեղեղներուն», հարց տուաւ ան:

Լ. Այվազեան իր խօսքը ուղղեց միջազգային ընտանիքին, որ պատմութեան ընթացքին անտեսած է հայոց արհաւիրքները: Ան հարց տուաւ անոր, թէ մինչեւ ե՞րբ իր շահերը աւելի գերադաս պիտի նկատէ, քան` արդարութիւնը:

«Սակայն ո՞վ է մեզի լսողը: Ի՞նչ մնացած է մեզի յեղափոխութենէն եւ ցասումէն բացի: Երեքշաբթի, 13 սեպտեմբերի առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ թշնամիները կը շարունակեն այն, ինչ որ նախապէս սկսած էին: Հայաստանի դէմ ազրպէյճանական յարձակումներ` թրքական զօրակցութեամբ, իսկ հայկական բանակի նահատակներուն թիւը աւելի քան 135 է, արդէն իսկ:

Հայաստանի մէջ այսօրուան պատահածը նոյնն է, ինչ որ կը պատահի Արցախի, Ուքրանիոյ, Քոսովոյի, Իրաքի, Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ: Այս բոլորը հեռու չեն նաեւ թուրք-յունական տագնապէն», հաստատեց ան:

Լ. Այվազեան ընդգծեց, որ այսօր այլեւս ուժի մէջ կարելի չէ նկատել հին համաձայնագիրները, եւ ժամանակն է փոխելու ուժի հաւասարակշռութիւնները եւ հաստատելու նոր քարտէսներ ու նոր համաձայնագիրներ:

«Սայքս Փիքոյի, Վերսայի, Սեւրի եւ Մոսկուայի համաձայնագիրներէն ետք, որոնց մէկ մասը նաեւ չէ գործադրուած եւ որոնք արդէն իսկ աւելի քան դար մը ծառայած են, ժամանակը հասած է Լոզանի խորհրդաժողովի 100-ամեակին, որ իր վերջին շունչը կը փչէ: Փոփոխութեան այս դարուն մարդ պէտք է իր գլուխը պահէ, իսկ հաւաքականութիւնները պէտք է իրենց գոյութիւնն ու ապահովութիւնը ամրապնդեն», շեշտեց ան:

Լ. Այվազեան յայտնեց, որ Հայաստանի մէջ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն գործածը անակնկալ չէ, որովհետեւ կը հետապնդէ հետեւեալ նպատակները.

«Ա.- Օգտագործել Ուքրանիոյ ու Կովկասի մէջ ռուսական անզօրութիւնը եւ իր դիրքերն ու միջոցները բարելաւել, ինչպէս նաեւ կամուրջներ երկարել դէպի Թուրքիա, որ իր բաժինը կը պահանջէ այն շահերէն, որոնց չէր կրցած տիրանալ 2020-ին: Բ.- Բարելաւել Արցախի շուրջ բանակցութիւններու իր դիրքը եւ փակել Հայաստանի ու Իրանի միջեւ Մեղրիի պատմական միջանցքը: Գ.- Թուրքիոյ ճամբով դէպի Եւրոպա արտահանուող ազրպէյճանական կազին սակը բարձրացնել` նիւթական եւ ռազմավարական կերպով: Այս կազը, որ Եւրոպայի մղձաւանջը դարձած է:

Ան շեշտեց, որ այս բոլոր պատճառներուն համար եւ բողոքելով Հայաստանի եւ Արցախի նկատմամբ թուրք-ազրպէյճանական զինեալ գործողութիւններուն դէմ, «այսօր հաւաքուած ենք հոս, հազարներով, շրջափակելու համար այս ոճրագործ բորենիներուն որջը, Ազրպէյճանի ահաբեկիչ պետութեան եւ մարդկութեան դէմ ոճիրներ գործած, քաղաքայիններ ու գերիներ բռնութիւններու ենթարկած բռնակալ Իլհամ Ալիեւի դեսպանատունը: Ինչպէս միշտ կը շրջափակէինք թրքական դեսպանատունը` 24 ապրիլին` Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակին ընթացքին, պիտի շրջափակենք զանոնք աշխարհի տարածքին, ուր որ հայկական գաղութներ կան, որպէսզի ցոյց տանք բոլորին անոնց ոճիրները, բացայայտենք անոնց արիւնարբու ըլլալու իրականութիւնը եւ աշխարհին յիշեցնենք, թէ չկայ իրաւունք մը, որ կը մեռնի, եթէ զայն պահանջող կայ: Մեր կամքով ու կորովով պիտի հեռացնենք Հայաստանն ու Արցախը պատած չարիքի սեւ ամպերը: Մեր կորովով ու վճռականութեամբ պիտի հեռացնենք Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կողմէ գրաւուած հայկական հողերը պատող չարիքի մութ ամպերը, որպէսզի արդարութեան արեւը դարձեալ բոցավառի:

Յաղթանա՛կ` Հայաստանի եւ Արցախի մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն:

Փա՛ռք պատմութեան ընթացքին Հայաստանի հողին, ժողովուրդին ու քաղաքակրթութեան պաշտպանութեան համար ինկած բոլոր նահատակներուն»:

Ապա ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի հետեւեալ խօսքը ուղղեց ցուցարարներուն.

«Սիրելի՛ ժողովուրդ, երիտասարդներ եւ պատանիներ, հայրենիքին համար ձեր կեանքը տուող քոյրեր եւ եղբայրներ: Մեր ժողովուրդը իր պատմութեան ընթացքին շատ պարտութիւններ կրած է, բայց մենք ապրած ենք եւ կը շարունակենք ապրիլ: Այսօր լիբանանահայութեան այս ցոյցը ազրպէյճանական թշնամիին դեսպանատան դիմաց առաջին քայլն է սփիւռքի մէջ այն համաժողովրդային դիմադրութեան, որ պիտի սկսի: Պիտի սկսի, որպէսզի դարձեալ վերատիրանանք Արցախին, որպէսզի դարձեալ վերատիրանանք Ազրպէյճանի կողմէ գրաւուած հայաստանեան հողերուն: Մեր ժողովուրդէն կ՛ակնկալենք պատրաստակամութիւն, զգօնութիւն, ինչպէս նաեւ կ՛ակնկալենք, որ պատրաստ ըլլան հայրենիքի կանչին:

Մեր ժողովուրդէն կ՛ակնկալենք, որ բոլորս մէկ` պատանիէն մինչեւ երէց, բանուորէն մինչեւ ուսանող, մինչեւ համալսարանի դասախօս, մինչեւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, ըլլանք հայութեան կողքին: Մեզի ծունկի բերողը չէ ծնած, մեզի աղաչողի դրութեան մէջ դնողը չէ ծնած, իսկ հայրենիքը յանձնողը չի կրնար շարունակել ղեկավարել մեր ժողովուրդը Հայաստանի մէջ:

Թշնամին լաւ գիտէ յաղթել, երբ ներքին թշնամիներ կան: Թշնամին լաւ գիտէ յաղթել, երբ ներքին գործակալներ կան: Մեզմէ հեռու ամէն տեսակի դաւադրութիւն, ամէն տեսակի դաւաճանութիւն, մեզմէ հեռու ամէն տեսակի հաշտութիւն:

Մենք մեր թշնամի երկիրներուն հետ կրնանք հաշտուիլ այն ատեն միայն, երբ ազատագրուի Արցախը, երբ ազատագրուին Հայաստանէն բռնագրաւուած հողերը, երբ ազատագրուի Արեւմտեան Հայաստանը, երբ թուրքը ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը: Ազրպէյճանի դեսպանատունը հոս, երեք օրէ ի վեր դատարկ է, փախած են. փախած են, որովհետեւ վախցած են: Իսկ մենք չենք վախցներ, որովհետեւ իրաւունքը մեզի է: Կը վախնայ ան, որ իրաւունք չունի: Կը վախնայ ան, որ սադրանքներով կրնայ յաջողիլ իր կեանքին մէջ:

Սիրելի՛ ժողովուրդ, ձեր այսօրուան օրինակելի այս ցոյցը սկիզբ է: Քիչ ետք աւարտելիք այս ցոյցը իր ազդեցութիւնը պիտի ունենայ սփիւռքի մէջ, Հայաստանի մեր ժողովուրդին մօտ, Արցախի մեր ժողովուրդին մօտ, եւ վստահ եղէ՛ք` Արեւմտահայաստանի մեր ժողովուրդին մօտ:

Պայքարը երկար է սիրելիներ: Յարատեւ պայքար տանողը միայն կը յաղթէ, յարատեւ պայքար տանողը միայն ոտքի կը մնայ:

Երեք հազար տարուան կեանք ունեցող մեր ժողովուրդը պիտի ապրի, պիտի ապրի, որովհետեւ դուք կաք, որովհետեւ ձեզի պէս ժողովուրդ ունինք, որովհետեւ ձեզի պէս երիտասարդութիւն ունինք:

Ապրի՛ք, հազար ապրի՛ք:

Ապրի՛ Հայաստանը, ապրի՛ մեր ժողովուրդը, ապրի՛ Արցախը, Ազատ անկախ եւ միացեալ Հայաստանը»:

Ցոյցը աւարտեցաւ «Արիւնոտ դրօշ»-ի երգեցողութեամբ:

1