Լիբանանահայ օժանդակութեան Պէզիքեան ծրագիրը ընթացք առաւ. Ալեքքօ Պէզիքեան կը պարզաբանէ ծրագիրին նպատակը
ՀՅԴ զինանշան ՀՅ Դաշնակցության Արցախի Կենտրոնական Կոմիտեի պաշտոնական կայքէջ
Գլխավոր » Հատուկ նախագծեր » Արցախը Լիբանանին » Լիբանանահայ օժանդակութեան Պէզիքեան ծրագիրը ընթացք առաւ. Ալեքքօ Պէզիքեան կը պարզաբանէ ծրագիրին նպատակը

Լիբանանահայ օժանդակութեան Պէզիքեան ծրագիրը ընթացք առաւ. Ալեքքօ Պէզիքեան կը պարզաբանէ ծրագիրին նպատակը

Լիբանանահայ օժանդակութեան Պէզիքեան ծրագիրի գործադիր վարչութիւնը հաղորդագրութեամբ մը տեղեկացուցած էր, որ երեքշաբթի, 18 օգոստոս 2020-ին, կարիքաւոր ընտանիքներու դրամական նպաստներ տրամադրելով, գործնականօրէն ընթացք առած է Լիբանանահայ օժանդակութեան Պէզիքեան ծրագիրը: Նշենք, որ նշեալ օժանդակութեամբ, տնտեսական եւ ընկերային դժուար կացութեան մատնուած 3000 հայ ընտանիքներու պիտի տրամադրուին նիւթական նպաստներ:

Այս առիթով «Վանայ ձայն» ձայնասփիւռի կայանը Ալեքքօ Պէզիքեանի հետ ունեցաւ հարցազրոյց մը, որուն ընթացքին ան բացատրեց ծրագիրին մտայղացումը, նպատակը, վարչութեան կազմութեան ընթացքը, աշխատանքներուն լծուելու եղանակը եւ արդէն նպաստները տրամադրելու աշխատանքին մեկնարկը:

Ալեքքօ Պէզիքեան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդարանին եւ անոր անձնակազմին, վարչութեան անդամներուն, բարեսիրական եւ առողջապահական կազմակերպութիւններուն, հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն եւ բոլոր կամաւորներուն: Ան տեղեկացուց, թէ ծրագիրը Լիբանանի տնտեսական տագնապի եւ անկէ յառաջացած դժուարութիւնները յաղթահարելու նպատակով սկսած է: Անիկա մշակուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի գահակալութեան 25-ամեակին առիթով. արդէն որոշ աշխատանքներ այլ ձեւաչափերով սկսած էին 4 օգոստոս 2020-էն` Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն առաջ: Ան աւելցուց, որ Լիբանանի տնտեսական դժուարութիւններուն բերումով եւ դրամատնային համակարգին կողմէ սահմանափակումներու պատճառով մեծ գումարներ ստանալու, ամերիկեան տոլարով դրամատնային փոխանցումներ կատարելու հարցեր եղած են, սակայն անոնք կրցած են օրինական միջոցներով համաձայնութիւն գոյացնել Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան հետ` անոր ճշդած սակով արտերկրէն ուղարկուած ամերիկեան տոլարը ստանալ լիբանանեան թղթոսկիով:

Ալեքքօ Պէզիքեան շնորհակալական խօսքեր ուղղեց Լիբանանի մէջ գործող հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն, որոնք իրենց կարելիութիւնները ի սպաս դրած են Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդարանի եւ Պէզիքեան ծրագիրի Գործադիր վարչութեան տրամադրութեան տակ:

Ան շարունակելով իր խօսքը ըսաւ. «Ազգիս ծառայած եմ լուսարձակներէ հեռու ըլլա՛յ Եւրոպայի, ըլլա՛յ Հայաստանի, ըլլա՛յ Լիբանանի մէջ: Նաեւ մեր կրօնական հաստատութիւններուն ուղղութեամբ: Ասոր համար ալ ինքզինքիս թոյլ կու տամ ակնկալելու մեր ժողովուրդի այն խաւէն, որ հնարաւորութիւնը ունի, մասնակցելու օժանդակութեան աշխատանքներուն` իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ: Գործունէութիւն քննադատելը դիւրին է: Երբեմն դժբախտաբար ըսի-ըսաւի մակարդակով անհիմն խօսակցութիւններ կը լեցնեն մարդոց ժամանակը: Գործի կարիք կայ հիմա Լիբանանի մէջ. կոչ կ՛ուղղեմ կամաւոր ձեւով մասնակցելու կարիքաւորներու օժանդակութեան, որուն անհրաժեշտութիւնը կայ մանաւանդ այս պայթումէն ետք: Ինչպէս որ մեր սերունդը իբրեւ ազգային գործի զինուոր պատրաստուած է, եւ կը շարունակենք այդպէս ալ մնալ, ամէն անհատ իր խղճին ունկնդիր թող մտածէ, թէ ի՛նչ կրնայ ընել ներկայ պայմաններուն մէջ` հասնելու համար իր հայրենակիցին, փոխանակ այս կամ այն կազմակերպութեան գործունէութիւնը քննադատելու: Քննադատելը շատ դիւրին է: Երբ մէկը որեւէ գործ չ՛ըներ, չի քննադատուիր. մինչդեռ երբ մարդ կ՛աշխատի, բնականաբար կը սխալի. հետեւաբար ակնկալութիւնս է, որ յարգանքով վերաբերինք այն ընտանիքներուն հանդէպ, որոնք կարիքաւոր են, եւ կարենանք օգտակար ըլլալ անոնց: Ինչպէս նաեւ ինծի ծանօթ թէ անծանօթ բարեկամներուս կոչ կ՛ուղղեմ անպայման մասնակցելու օժանդակութեան տարբեր ծրագիրներու:

«Մեր ժողովուրդը ճգնաժամի մէջ է` այս մէկն ալ պիտի յաղթահարենք: Մեր երախտագիտութիւնը պէտք չէ մոռնանք նաեւ Լիբանանի նկատմամբ: Ամէնէն դժուար օրերուն, երբ մեր հայրերը, մեր որբերը Լիբանան հասան, լիբանանցիները իրենց կարելիութեան մէջ օժանդակեցին անոնց: Ես հպարտ եմ լիբանանցիութեամբ. մինչեւ այսօր ունինք Լիբանանի մէջ մեր եկեղեցիները, մեր կուսակցութիւնները, մեր կառոյցները եւ մեր բացառիկ իրաւունքներն ու ազատութիւնները: Որեւէ երկրի մէջ նման իրաւունքներ չունինք իբրեւ հայութիւն»:

«Խնդրեցիք, որ ձեր որակումը ըլլայ ազգային զինուոր փոխան ազգային բարերարի. հետեւաբար ասկէ մեկնելով բարոյական ի՞նչ նշանակութիւն ունի այս օժանդակութիւնը ձեզի համար եւ ի՞նչ ունիք ըսելիք լիբանանահայութեան» հարցումին պատասխանելով Ալեքքօ Պէզիքեան հաստատեց. «Լիբանանահայութեան հիմնական մէկ բան կրնամ ըսել. մենք` իբրեւ հայութիւն, վարժ ենք պայքարելու, դիմագրաւելու դժուարութիւնները: Պիտի շարունակենք. լիբանանահայութիւնը սփիւռքի սիրտն է. մարմին մը առանց սիրտի չի գործեր, գոյութիւն չ՛ունենար: Հետեւաբար սփիւռքի բոլոր գաղութները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի պետութիւնը կամ անոնք, որոնք կրնան օժանդակութեան հասնիլ, պէտք է անյապաղ իրենց ներդրումը ունենան այս առաջադրանքին ընդառաջ: Կը գործէ արդէն Լիբանանահայութեան վերականգնումի միացեալ մարմինը, որուն հաշիւի համարը յայտարարուած է արդէն:

«Իւրաքանչիւր ընտանիքին տրուելիք նիւթական նպաստը, որ նախատեսուած էր 200.000 լիբանանեան ոսկի (ամսական դրութեամբ, հինգ ամսուան վրայ երկարող), պայթումին պատճառով աւելցուցինք գումարը: Իւրաքանչիւր ընտանիք երկու ամսւան համար պիտի ստանայ 500.000 լիբանանեան ոսկի:

«Յաջողութիւն կը մաղթեմ լիբանանահայութեան, որ սփիւռքի ամէնէն կեդրոնական գաղութն է. երբ կ՛ունենանք հզօր սփիւռք, կ՛ունենանք հզօր հայրենիք. կ՛ունենանք հզօր հայրենիք, կ՛ունենանք հզօր սփիւռք. եւ հզօր սփիւռքը կ՛ունենանք հզօր լիբանանահայութեամբ»:

aztagdaily.com

1