Կրթութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի քրէական խոստովանութիւնը
Երկու տարուան իշխանական մենատիրութիւնը կու գայ ապացուցելու, թէ «ԻմՔայլական»-ները պատերազմ յայտարարած են ազգային արժէքներու դէմ։ Այս պատերազմի թէժագոյն դաշտը հայրենի կրթութեան համակարգն է, ուր կը փորձեն կրթութեան ծրագիրներէն դուրս հանել ազգային բաղադրիչները՝ նենգափոխելով պատմութիւնը, արժեզրկելով պատմական դէմքերն ու դէպքերը, այլասերելով գրականութիւնն ու մշակոյթը, նսեմացնելով մեր ազգային մշակոյթը կերտող եւ հարստացնող հեղինակները։
Բնականաբար այս կրթական վարքագիծը, որեւէ վարքագծի նման, ունի եւ պէտք է ունենայ իր նպատակը։ Նպատակը նորահաս սերունդներուն այլասերումը չէ անպայման։ Այդ մէկը պարզապէս միջոց է եւ իբրեւ ենթահող կը ծառայէ աւելի թաքուն նպատակի իրագործման։
Ուստի, ո՞րն է «ԻմՔայլական»ներու թաքուն նպատակը։ Հարցումին պատասխանը վերջապէս տուաւ Կրթութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեան։
Սեպտեմբեր 16-ին երբ ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական եւ Նիկոլ Աղբալեան Ուսանողական միութիւններու կազմակերպութեամբ ընթացքի մէջ էր հայրենի երիտասարդներու եւ ուսանողներու ըմբոստութիւն մը՝ ի խնդիր ազգային կրթութեան, Արայիկ Յարութիւնեան մամլոյ հարցազրոյց մը կազմակերպեց։ Այս հարցազրոյցին, Պրն. Յարութիւնեան «ի բերանոյ քումմէ» խոստովանութիւն մը կատարեց։
Կրթութեան նախարարին խոստովանութիւնը ծանրակշիռ եւ վտանգաւոր է, նոյնիսկ համազօր՝ քրէական հակասահմանադրականութեան։ Ի տես իր կրթական «ռեֆորմներուն» դէմ բարձրացող բողոքի ալիքներուն, ջղագրգիռ դարձած Պրն. Յարութիւնեան յանկարծ խոստովանեցաւ իր «ռեֆորմներու» իսկական նպատակը։ Ան յայտարարեց.-
«Այդ բողոքները կապուած են այն մեծ ռեֆորմների փաթեթի հետ, որն իրականացւում է: Որոշ քաղաքական շրջանակների մտահոգութիւնը կապուած է այն հանգամանքի հետ, որ այս ԲԱՐԵՓՈԽՈՒՄՆԵՐԻ ԱՐԴԻՒՆՔՈՒՄ ՄԵՆՔ ՈՒՆԵՆԱԼՈՒ ԵՆՔ ՄԻ ՍԵՐՈՒՆԴ, ՈՐՆ ԱՅԼԵՒՍ ԻՐԵՆՑ ՀԵՆՔԸ ՉԻ ՀԱՆԴԻՍԱՆԱԼՈՒ, լինելու է քննադատող, վերլուծող: Իսկ եթէ քննադատող, վերլուծող ՍԵՐՈՒՆԴԸ վերլուծի այդ շրջանակների գործունութիւնը, ապա ՄԻԱՆԳԱՄԻՑ ՈՐՈՇՈՒՄ ԿԿԱՅԱՑՆԻ, որ երբեւէ որեւէ առիթով ԱՅԴ ՇՐՋԱՆԱԿՆԵՐԻՆ ՉԻ ՍԱՏԱՐԵԼՈՒ: Տարբեր շղարշների տակ, կեղծ արժէքների անուան տակ պայքար իրականացնող խմբերն ԱՅԼԵՒՍ ԶՐԿՈՒԵԼՈՒ ԵՆ ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՈՐԵՒԷ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆԻՑ: Հիմա էլ առանձնապէս շատ քիչ աջակցութիւն ունեն: Այդ դէպքում ընդհանրապէս չեն ունենալու։» (Գլխագրումները մեր կողմէ)։
Շարունակելով իր խոստովանութիւնը, Կրթութեան նախարարը այս թաքուն նպատակին մասնակից դարձուց «ԻմՔայլական» իր թիմի գործակիցներուն, աւելցնելով.-
«Ես կխնդրեմ … հրաժարականներով ինձ չվախեցնել, որովհետև ես դրանից չեմ վախենում: Ես ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԹԻՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐԻՑ ՄԷԿՆ ԵՄ ԵՂԵԼ ԵՒ ԵՄ, ես ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆ ԵՄ ՍՏԱՆՁՆԵԼ՝ ոլորտը բարեփոխելու, ես դա ներկայում իրականացնում եմ:» (Գլխագրումները մեր կողմէ)։
Ուրեմն, կրթական այս «ռեֆորմներու» իսկական նպատակն է պատրաստել ազգային պատմութենէ եւ մշակոյթէ օտարացած այնպիսի սերունդ, որ իր ստացած նոր դաստիարակութեամբ պիտի մերժէ սատարել «ազգային» շրջանակներուն եւ, այդ դաստիարակութեամբ՝ իմա՛ «ուղեղի լուացումով», պիտի վերածուի «ԻմՔայլական«ներու հաւատարիմ հետեւորդի։ Տրուած ըլլալով, որ Պրն. Յարութիւնեան նաեւ «յեղափոխութեան» առաջնորդներէն է, «յեղափոխութեան» իր թիմակիցներէն «առաքելութիւն ստանձնած» է մշակելու եւ գործադրելու այս «ռեֆորմները»
Լենինեան եւ Սթալինեան դաստիարակութեամբ այս «ուղեղը» եւ իր թիմակից միւս «ուղեղները», Արեւմտեան նիւթական թէ այլ նեցուկներուն ապաւինած, կը կապկեն իրենց պոլշեւիկ պապերուն ձախողած փորձը՝ այս անգամ նորահաս սերունդներուն միտքերը լուալու «ԻմՔայլական»ի իմաստակութեամբ։
Ինչպէս Վլատիմիր Իլիչ Լենին ըսած է, «Տուէ՛ք ինծի երեխան ութը տարուան համար եւ ան պիտի վերածուի պոլշեւիկի՝ յաւիտեան։»
Իսկ Եոսիփ Սթալինի բացատրութեամբ, «Կրթութիւնը զէնք մըն է, որուն հետեւանքները կախում ունին թէ որո՜ւ ձեռքին մէջ է այդ զէնքը եւ որուն դէմ ուղղուած է ան։»
Արայիկ Յարութիւնեանի խոստովանութեամբ, իր եւ իր թիմի նպատակն է հայրենի նորահաս սերունդները վերածել յաւիտեան «ԻմՔայլական»ներու։ Կրթութիւնը իր եւ իր թիմի ղեկավարներուն ձեռքն է, եւ այդ զէնքը ուղղուած է հայ ազգին դէմ։
Անցեալը նախաբանն է ներկային, իսկ ներկան պատմութիւնն է ապագային։ Հայաստանի անցեալը չգիտցողը եւ ներկան չհասկցողը ինչպէ՞ս կրնայ առաջնորդել երկիրը դէպի ապագայ։ Կրթական նախարարին խոստովանութիւնը կը ներկայացնէ վտանգաւոր, այլեւ քրէական կացութիւն մը, ուր ձգտումը քանդել է թէ՛ անցեալը եւ թէ ներկան։
Դժբախտաբար, ներկայ իրավիճակը հայելին է այս տխուր իրականութեան։ Եւ այս իրականութիւնը նախաբանն է երկրի գահավէժ ապագային, որուն առաջքը կարելի է առնել միայն Արայիկ Յարութիւնեանի եւ կառավարութեան հաւաքական հրաժարականով…, ու խորհրդարանական նոր ընտրութիւններով։
Սեդօ Պոյաճեան
arfd.am